Ընկերութեան մէջ անհատը կը բնորոշուի իր ինքնութիւնով։ Մեր ծնած ընտանիքով արդէն ստանձնած կ՚ըլլանք որոշ ինքնութիւն մը։ Ակամայ կ՚իւրացնենք մեր հարազատ միջավայրէն բխող այդ ինքնութիւնը։ Անդին կայ սակայն մեր կամքով որդեգրուած ինքնութիւններ եւս։ Այս վերջինները մեր նախապատուութիւններու հիման վրայ կը ձեւաւորուին։ Կայ տակաւին անզգալաբար մեզի վերագրուած ինքնութիւններ։ Առաջինը՝ այսինքն մեր մէջը ծնած ընտանիքը, հետզհետէ քաղաքը կամ երկիրը մեր կամքէն անկախ երեւոյթներ են։ Հետեւաբար այդ առումով խտրականութեան ենթարկուիլը կը կոչուի ցեղապաշտութիւն եւ անընդունելի է տրամաբանութեան առումով։
Իբրեւ անհատ մեր որդեգրած ինքնութիւնները երբեմն կու գան մեզ բնորոշող յատկանիշի մը կը վերածուին։ Այդ ժամանակ կը գոյանայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն մը։ Ոմանք որոշ դժուարութիւններու դիմաց կը դժուարանան այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ կը դիմեն ուրացման եղանակին։ Իսկ կան ուրիշներ որոնք ընդհակառակը կը փարին այդ իւրացուած ինքնութեան եւ կը կատարեն իրենց վիճակած նուիրուածութեան պահանջները։
Այս տողերու գրուած պահուն եկած լրատուութիւնով մը վերահասու կ՚ըլլանք Թուրքիոյ բժիշկներու կաճառի նախագահ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճըի բերման ենթարկուելու լուրին։
Ան իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան չդրժեց իր ուխտը եւ յայտարարեց այնպիսի ճշմարտութիւն մը, որ յանցագործի դիրքին պիտի մատնէր երկրի բանակը։
Ֆինճանճը առանց վարանումի ընդգծեց քիտմիական կազ գործածուելու մասին մեղադրանքները, իբրեւ մասնագէտ բժիշկ։ Այդ պահուն կասկած չկայ թէ ան կրնար ենթադրել նման յայտարարութեան մը հետեւանքները։
Որքան զարմանալի է թէ Ֆինճանճըի բերման ենթարկուելէն միայն մէկ օր առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Կարօ Փայլանին կ՚ուղղուէր ինքնութեան սահմանումին մէջ դիտելու արժանի յարձակում մը։
Երբ Կարօ Փայլան կը խօսէր ալեւիներու իրաւունքներու մասին անդին իշխանութեան պատգամաւորը կ՚առարկէր ըսելով թէ «Դուն քրիստոնեայ ես։ Քեզի ի՞նչ ալեւիներու խնդիրէն»։ Արտայայտութիւն մը, որ կը փաստէ թէ այս խօսքի հեղինակը ընդունակ չէ ուրիշներու խնդիրներուն մասին եւս մտածելու եւ աշխարհի անցուդարձներու դիմաց ինքզինք սահմանած է իր պատկանելութեան ճղճիմ շրջանակին մէջ։ Ան չի պիտի հասկնայ թէ աշխարհի հեռաւոր անկիւններու մէջ մարդիկ ինչո՞ւ համար հեռուստաէկրաններու դիմաց իրենց մազերէն թնջուկ մը կտրելով կը զօրակցին Ժինա Ամանիի։
Համաշխարհայնացումը՝ իր հաղորդակցութեան դրութիւններով աշխարհը վերածած է գիւղի մը։ Արդարեւ զարգացած մարդու միտքը չի կրնար սահմանափակուիլ իր նեղ ինքնութեան կաղապարին մէջ եւ զգօն կը դառնայ բոլոր դէպքերու կամ եղելութիւններու հանդէպ։
Կարօ Փայլան ճիշդ ալ այս գիտակցութիւնով կը պաշտպանէ ալեւիներու իրաւունքները երբ ինք կապ չունի այդ կրօնին հետ։
Խնդիրը պարզապէս զարգանալու եւ տգէտ մնալու հակասութիւնով կը ներկայանայ։
Մենք այս պահուն կը յիշենք մարդիկ, որոնք Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին որքան դիւրաբեկ ըլլալը նկատի ունենալով Կարօ Փայլանին խորհուրդ կու տային միայն հայկական խնդիրներու մասին արտայայտուիլ եւ մնացեալ նիւթերու շուրջ լռութիւն պահել։ Ահաւասիկ պատկանելութեան գիտակցութեան բացակայումի օրինակ մը։
Մարդկային պատասխանատուութիւնը պիտի պահանջէ ամէն տեսակ բռնութեան դէմ համագործակցութիւն անկախ անհատի ինքնութենէն։