ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Իշխանափոխութեան փոխարէն յեղափոխութիւնն է հարկաւոր

Համայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու նոր վար­չա­կազ­մե­րը ճշդե­լու ուղղուած ընտրու­թիւննե­րուն առա­ջին փու­լը կա­յացաւ նա­խորդ կի­րակի։

Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ եւ յա­րակից Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի վար­չութիւ­նը ստանձնեց Սար­գիս Չե­թին­քա­յայի գլխա­ւորած ընդդի­մադիր խմբա­կը։

Իս­թանպու­լի երկրորդ ընտրա­տարած­քին մէջ գրան­ցո­ւած են 18 հա­զարի շուրջ ընտրող­ներ, որոնցմէ մօտ 15 հա­զարը անու­շա­դիր մնաց այս ընտրու­թեան հան­դէպ։ 3428 ընտրող­ներ իրենց քո­ւէնե­րը գոր­ծա­ծեցին 5 թա­ղերու մէջ տե­ղադ­րուած 18 սնտուկնե­րու մի­ջոցաւ։

Ընտրու­թեան կար­գա­դիր յանձնա­խումբը այս առա­ջին փոր­ձով վե­րահա­սու եղաւ որոշ թե­րու­թիւննե­րու։ Նա­խապէս տար­բեր թա­ղերու մէջ Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան մաս­նակցող մօտ 150 հա­մայնքա­յին իրենց անուննե­րը չկրցան գտնել նոր անո­ւանա­ցան­կե­րուն մէջ։

Իսկ ի՞նչ կը խոս­տա­նայ կա­տարո­ւած իշ­խա­նափո­խու­թիւնը։ Ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ ու­շագրաւ գրա­ռում մըն էր «Ոչ թէ իշ­խա­նափո­խու­թեան, այլ յե­ղափո­խու­թեան կը կա­րօտինք» նա­խադա­սու­թիւնը։

Իս­կա­պէս ալ Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի առու­մով իշ­խա­նափո­խու­թիւնը խնդիր­նե­րու լուծման հա­մար բա­ւարար մի­ջոց մը չէ։ Կը կա­րօտինք ար­մա­տական փո­փոխու­թիւննե­րու։ Ներ­կայ դրու­թիւնը եթէ պի­տի շա­րու­նա­կէ մեր խնդիր­նե­րու հա­մար իբ­րեւ լու­ծում բա­րերար­նե­րու նո­ւիրա­տուու­թեան, կը նշա­նակէ թէ անե­լէն դուրս չենք եկած։

Ինչպէս որ Թուրքիոյ վար­չա­կար­գի օրի­նակին մէջ պա­լատա­կան­նե­րը չեն նկա­տեր ժո­ղովուրդի մատ­նո­ւած աղ­քա­տու­թիւնը, նոյնպէս հայ հա­մայնքի հո­գեւոր կամ աշ­խարհա­կան իշ­խա­նաւոր­ներն ալ չեն նկա­տեր հայ հա­սարա­կու­թեան մատ­նո­ւած տնտե­սական սնան­կա­ցու­մը։

Եկե­ղեցին դիւ­րաւ յա­ւելումներ կ՚ընէ ծի­սակա­տարու­թիւննե­րու սա­կերուն։ Նոյնպէս դպրոց­նե­րու ար­ձանագրու­թեան ըն­թացքին պա­հան­ջո­ւած գու­մարնե­րը բա­ւակա­նին բարձր է ժո­ղովուրդի մե­ծամաս­նութեան կա­րողու­թիւննե­րուն դի­մաց։ Միւս կող­մէ գաղտնիք չէ թէ ու­նինք նաեւ մեր դպրոց­նե­րու պա­հան­ջա­ծէն շատ աւե­լի բարձր սա­կերով իրենց զա­ւակ­նե­րը օտար վար­ժա­րան ար­ձա­նագ­րող ծնող­ներ։

Նման երե­ւոյթ մը ի զօ­րու է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի պա­րագա­յին։ Այս հաս­տա­տու­թիւնն ալ բժշկա­գիտա­կան ծա­ռայու­թե­նէ աւե­լի հիւ­րա­նոցա­յին սպա­սարկման ու­շադրու­թիւն դարձնե­լով, դադ­րած է իր պատ­մա­կան առա­քելու­թե­նէն։ Կը փոր­ձէ մրցիլ այն յա­տուկ հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն հետ, որոնք աչ­քի կ՚իյ­նան իր ծա­ռայու­թե­նէ աւե­լի իրենց հի­ւան­դա­սենեակ­նե­րու կա­հոյ­քով եւ այլ յատ­կութիւննե­րով։

«Ազ­գին տու­նը», կամ «Գթու­թեան յարկ» կո­չումնե­րը հա­մարեա բո­լորո­վին իմաս­տազրկո­ւած են հայ ան­հա­տի դի­մաց։

Ինչպէս առող­ջա­պահու­թեան մէջ, նոյնպէս ալ ըն­կե­րային խնդիր­նե­րու դի­մաց դար­մա­նու­մը կը սկսի ախ­տա­ճանա­չու­մով։ Յստակ է որ նախ­քան ճշգրիտ ախ­տա­ճանաչ­ման կա­րելի պի­տի չըլ­լայ սխալ­նե­րու ճիշդ լու­ծումներ գտնել։

Բո­լորս գի­տենք որ պոլ­սա­հայ հա­մայնքը բա­ւական վի­ճելի վար­չութիւննե­րու ձեռ­քը մնա­ցած էր։ Ընտրու­թիւննե­րը նոր շունչ, նոր ոգի կրնան պար­գե­ւել, բայց որ­քան ատեն որ խնդիր­նե­րը իրենց էական պատ­ճառնե­րով ըն­կա­լելու մէջ թե­րանանք, լու­ծումներն ալ դա­տապար­տո­ւած են թե­րի մնա­լու։