Ձեր մատները շոյա՞ծ են դաշնակի մը փղոսկրեայ ստեղնաշարը՝ հաճոյք պատճառելով ունկնդիրներուն։ Կարդալէ առաջ ձեր ձեռքերը շոյա՞ծ են բանաստեղծութիւններու հատորիկ մը։ Նուրբ լաթով մը շոյա՞ծ էք ընտանեկան լուսանկարները, այնպիսի շոյանքով, որ կարծէք, թէ հին օրերու փոշին կը հեռացնէք, որպէսզի ջինջ ու անկորուստ յիշատակներ վերակենդանանան ետ դառնալոյ մի առ մի… Յարգելի ընթերցող, կեանքի քաղցր պահերը կը պարտինք բային։ Ան է որ կը մօտենայ եարի թել-թել մազերուն, քնացող մանկիկի ճակատին, կամ՝ արցունքոտուած այտերուն՝ գգուանքով, փաղաքշանքով եւ քնքշանքով։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, յոյսի եւ խաղաղութեան գաղափարներ գէթ պահ մը կը շոյեն մեր երազները եւ նահատակ զինուորներու նորածին քոյր եւ եղբայրներու ձայնը կը շոյէ վշտահար մայրերու ականջները, օգտուելով այս հաճելի առիթէն, որոշեցի փայփայել մեր ընտիր գրականութեան էջերը ու գրի առնել «շոյել» բառի հեշտալուր պատմութիւնը։
«Շոյել» բառի պատմութիւնը կարճատեւ է։ Մի՛ որոնէք զայն Աստուածաշունչի, գրաբարեան մատենագրութեան, կամ՝ միջնադարու տաղերու մէջ։ Այս բառը պոլսական կասկածելի ծնունդ ունի։ Անոր մասին միակ ակնարկութիւնը կը գտնէք Հ. Աճառեանի «Հայերէն գաւառական բառարան» աշխատասիրութեան մէջ։ «շոյել» բառը 19-րդ դարուն է, որ յայտնուեցաւ հայկական գրականութեան մէջ ու իր շռայլ պատկերներով կը շարունակէ շփացնել մեր բանաստեղծները, - երբեմն ալ, ըստ հայրենի մամուլի՝ - ազգային ժողովի անդամի կատուին։
«Շոյել» բառը այնքան նոր է հայկական գրաւոր լեզուի մէջ, որ Գրիգոր Զօհրապը 1892 թուականին Հրանտ Ասաստուրին ուղղած նամակին մէջ բակագծեալ բացատրութիւն մը կատարեց. «Ես անկումները կը սիրեմ դիտել, շոյել [փայփայել], դուն՝ բարձրացումները. ես՝ ձորն եմ, իսկ դուն՝ լեռը»։ Զօհրապը, որ Պոլսոյ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ էր, բառը անգամ մը եւս գործածեց ու անոր տուաւ քաղաքական իմաստ. «Ուսումնական Խորհուրդը կը շարունակէ գգուել, շոյել , հոտուըտալ իր սիրելի երկու ծրագիրները որոնց մէկը՝ Կրթական տեսուչներուն, եւ միւսը՝ Վարժապետանոց մը հաստատելու կը վերաբերի»։ Յակոբ Պարոնեանը «շոյել» բառը գործածեց Պոլսոյ Կրօնական Ժողովը քննադատելու համար. «Մեր Կրօնական ժողովն ըստ քմաց ուզածը կը բանադրէ, ուզածը կ’օրհնէ… Տկար գտածը, այսինքն Յիսուսի ամենէն աւելի սիրածն կը ճնշէ եւ զօրաւորն կը շոյէ»։ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց» պատմուածքի մէջ Հայրապետ էֆէնտին եւ եկեղեցականները ի՞նչ ըրին, երբ մայրաքաղաք նոր հասած «Հայաստանցի տէրտէրը» Հասան փաշայի հասցէին «արքայապիղծ յանդգնաբանութիւն» մը կատարեց։ Էֆէնտին պարտաւորուեցաւ մեծկակ թաշկինակի մը դիմել այդ խօսքերը լսած չըլլալու համար, իսկ «եկեղեցականները սկսան մօրուքնին շոյել»։ Սիամանթօն 1910 թուականին բառիս տուաւ ռազմաշունչ իմաստ, երբ զրուցեց իր սուրին հետ. «Եւ երբ քու կայծակնակերպ հասակդ շրթունքներուս կը տանիմ կամ ձեռքովս քեզ կը շոյեմ / Բարկութեանդ կայծերը, աչքերուս մէջէն, նզովքներուն է՚ն ահեղը ինձ կ՚ուղղեն»։
Եղան նաեւ օրեր, երբ «շոյել» բառը նշանակեց, - սպասելիօրէն -, ձեռքով փայփայել, օծել, եւ այն բոլոր քնքոյշ շարժումները, որոնք սէր կը պարունակեն։ Այդ քնարերգակ քերթողներէն առաջինն էր Պետրոս Դուրեանը։ Երիտասարդ տղան որոնեց հոգի, որ ունենար հետեւեալ յատկութիւնը. «Գիտէ շոյել երազներ բիւր»։ Մատթէոս Զարիֆեանը, Պոլսոյ Փրինքիփօ կղզիի թոքախտաւոր այցելուն՝ նկարագրեց ծովաշունչ անոյշ հովը. «Ի՜նչ անոյշ է հովն այս գիշեր / Իմ երեսիս… / Կարծես կարմի՜ր-կարմի՜ր վարդեր / Կը շոյեն զիս...»։ Հով մըն ալ անցաւ Արշակ Չօպանեանի սրտէն. «Կը նախանձիմ սիւքերուն, / Որ մազերդ կը շոյեն»։ Ապա բանաստեղծը, առաւօտեան զեփիւռի տուած ոգեշնչումով գրեց. «Զեփիւռը, շունչ Արշալոյսին վարդաժպիտ, / Որ իմ մազերս կու գայ շոյել մեղմագին, / Կու տայ սարսուռն համբոյրիդ»։ Մէկ այլ հիւծեալ՝ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանն ալ տողիկ մը նուիրեց նոյն զեփիւռին. «Ուր էր թէ զեփիւռիկ։ Ուր էր թէ քնարիկ, / Լինէի ես թռչնիկ, / Թռչել գալ ու շոյել / Դէմքդ գեղեցիկ»։ Ռեթէոս Պէրպէրեանը քնքոյշ օրօր մը հիւսեց այդ բառով. «Օրօր Մաննիկին։ Շոյեմ սամոյր քնքոյշ մազեր, / Թո՚ղ ոսկեղէն գան երազներ»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանին եւ Լեւոն Շանթին կը պարտինք քանի մը սիրալիր խօսքեր. «Ալիքներն իբրեւ բոցեղէն հոսանքներ կը ծփծփան եւ կարծես ճառագայթները կը շոյեն», «Եւ թարմ թրթիռներով կանացի ձայն մը, որ մարդուս հոգին կշոյէ, երբ կը յուզուի… Խենթ օր մը անցուցի։ Հոգեկան մշտական ծփում մը ներսը ծածուկ, բախտաւոր ու շոյող… Երկուքս ալ քիչ մը առաջ կը հակինք՝ մազերնիս իրար կը շոյեն»։
Արեւելքի անոյշ հովերը երբ շոյեցին Տէրեաններու, Սահեաններու եւ Էմիններու սիրտը՝ ծնունդ առին ընտիր տողիկներ։ Իրիկնային ժամերու քնքշութեան մէջ երբ երազային գեղեցկութիւն մը Վահան Տէրեանի աչքերը շոյեց ու անցաւ, ծնունդ առաւ «Տխրութիւնէ» բանաստեղծութիւնը. «Սահուն քայլերով, աննշմար, որպէս քնքոյշ մութի թեւ, / Մի ստուեր անցաւ ծաղիկ ու կանաչ մեղմիկ շոյելով»։ Տխրած Տէրեանը մերժեց լոյսը. «Ւմ ճամբան՝ անվախճան մի գիշեր, / Ւնձ շոյող ոչ մի շող չի ժպտայ»։ Համօ Սահեանը խօսեցաւ «ամենահին, ամենանոր, ամենապոեմ» մայր բնութեան հետ ու շնորհակալ եղաւ անոր. «Դու փոխ ես տուել իմ այս ձեռքերը, / Որ ես վարսերիդ զմրուխտը շոյեմ»։ Աւետիք Իսահակեանը անգերեզման նահատակ զինուորի մօր սրտին սփոփանք տալու նպատակով ըսաւ. «Սարի մարմանդ հովն է շոյում / Ճակտի փունջը մարալիդ»։ Եղիշէ Չարենցը 1936-ին Արուսին խոստովանեցաւ. «Սոնետ ես դու / Մարդու համար արդի։- / Թոյլ տուր քնքոյշ շոյեմ / Շրթունքներով իմ թոյլ / Թաւշէ թերթերը քո»։ Բայց օրեր եղան ըմբոստացաւ Չարենցը։ Չենք գիտեր, թէ «շոյել» բա՞ռն էր պատճառը, թէ՝ բանաստեղծը. «Ես չե՛մ էլ ուզում, որ դուք ինձ շոյէք, դուք չէ՛ք որ պիտի սնէք իմ հոգին»։
Ապա բառը խաղաղեցաւ ու դարձաւ քնարական։ Վարդգէս Բաբայեանը 1980-ականներուն զայն զգաց ճիշդ իր դէմքին վրայ. «Ուռենու շիւերն ամէն մի քայլիս շոյում են դէմքս այնպէս քոյրօրէն»։ Հերմինէ Աւագեանը 14 Հոկտեմբեր 2020 թուականին հիասթափուած՝ ծնկաչոք լռեց Շուշիի հեռացող պատկերին առջեւ, ապա դողդողացող մատներով գրեց. «Շուշի։ Ես գալիս եմ քեզ մօտ գլխաբաց, / որ անձրեւներդ / շոյեն արցունքներս»։
Պահ մը հեռանանք գրական տողերէն ու լսենք, թէ հայրենի մամո՞ւլը ինչ տեղ կը տրամադրէ «շոյել» բային։ Հազուագիւտ։ Շատ անգամ՝ քաղաքական եւ քննադատական։ Ահա երկու օրինակ. «Չի կարելի հայի վրայ գնալ զէնքով… Հային կարելի է ոչնչացնել «գլուխը շոյելով»։ Իսկ մէկ այլ լուրը, կենսաթոշակառու քաղաքացի Գրիշա Պետրոսեանի խօսքն է՝ ուղղուած Ազգային ժողովի անդամներուն. «Փոխարէն մեր աւանդները հատուցեն, զբաղուած են կատու շոյելով»։
«Շոյել» բառը շիկնոտ է։ Կը խուսափի ակնյայտ ստեղծագործութիւններու մէջ տեսնուելէ։ (Ան խուսափեր էր նաեւ բաղադրեալ բառեր եւ դարձուածքներ տալէ եւ ստուգաբանական բառարաններէ) Իր գգուանքը ցոյց տալու համար ան կը սպասէ որ իջնէ արեւը, տիրէ լռութիւն, ճիշդ այն ժամը, երբ վառ են հոգիները ու ջերմ են սիրտերը, ապա ձեռքի, շրթունքի թեթեւ հպումով մը կը յայտնուի ան։
«Շոյել» բառը երկու անգամ օծեց մեր ականջները։ Այսօր այս երգերով հրաժեշտ կու տամ ձեզի։ Առաջինը ռազմական երգերով յայտնի Գուսան Հայկազունի «Լուսաշող կարօտ» ստեղծագործութիւնն է. «Սիրելիս ես քեզ տեսնել եմ ուզում, / Սիրտս քո առաջ բացել եմ ուզում, / Քեզ հետ անկաշկանդ խօսել եմ ուզում, / Թել թել մազերդ շոյել եմ ուզում»։ Իսկ տասնամեակ մը առաջ երիտասարդ երգիչ Էրիք Կարապետեանը դպաւ անոր՝ հեռացած սիրոյ արցունքոտուած շունչ էր այդ երգը.
Երբ չկաս, իմ խոհերն են անձայն…
Ետ արի ու քո շունչը ինձ բեր։
Տե’ս, երկինքը ինձ հետ հաւասար,
Անձրեւում է, գոռում է մի բառ։
Թող որ լինեմ քամի
Ու սէրս քեզ հասնի։
Թող քեզ շոյեմ կրկին
Ու քեզ փարուի իմ հոգին։