ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ակնկալութիւններ իսկական ընտրութենէ մը

Համայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը ձե­ւաւո­րող վեր­ջին կա­նոնագ­րի հա­մաձայն բա­ցուած է ընտրու­թեան սնտու­կի կղպան­քը։

Այս ծի­րէն ներս առա­ջին ընտրու­թիւնը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռաջի­կայ կի­րակի հիգ տար­բեր թա­ղերու մէջ տե­ղադ­րո­ւած ընտրա­կէտե­րու մի­ջոցաւ։

Ու­րա­խառիթ զար­գա­ցում մըն է որ ժո­ղովուրդը բա­ռին բուն իմաս­տով ընտրե­լու առի­թէ մը պի­տի օգ­տո­ւի։ Ար­դա­րեւ Օր­թա­գիւ­ղի Ծնունդ Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան պաշ­տօ­նին հա­մար իրենց թեկ­նա­ծու­թի­ւը առա­ջադ­րած են եր­կու մրցա­կից խումբեր։ Ժո­ղովուրդը այդ եր­կուքին մի­ջեւ ընտրու­թիւն կա­տարե­լու առի­թը շատ ան­գամ չէր ու­նե­ցած։ Որոշ շրջա­նակ­ներ փակ դռնե­րու ետին զա­նազան սա­կար­կութիւննե­րով կը կազ­մէին ցան­կեր եւ ժո­ղովուրդին ալ կը մնար այդ առա­ջադ­րո­ւած ցան­կը վա­ւերաց­նել։ Այս ան­գամ իրաւ ընտրու­թիւն մը կայ մեր դի­մաց, հե­տեւա­բար բուռն ընտրար­շաւ մը։ Մրցակ­ցող խումբեր սկսած են խոս­տումներ ներ­կա­յաց­նել իրենց ընտրուելու հա­ւանա­կանու­թիւնը բարձրաց­նե­լու հա­մար։ Երե­ւոյթ մը՝ որուն ընդհան­րա­պէս չէինք հան­դի­պած նա­խորդ ընտրու­թիւննե­րուն։ Շա­տերու հա­մար այս ան­սո­վոր երե­ւոյ­թը կը շա­րու­նա­կէ գլխու ցաւ մնալ։ Անոնք այս տե­սակի ընտրու­թիւնը հա­սարա­կու­թիւնը պա­ռակ­տող երե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով ըն­դունած էին եր­կար տա­րիներ։ Հասկնա­լի է այդ մտա­հոգու­թիւնը, քա­նի որ նման միացանկ, այ­լընտրան­քէ զուրկ դրու­թեան մը մէջ թէ իրենց կամ­քը կը գոր­ծադրէին եւ թէ հա­սարա­կու­թեան կը ներ­կա­յանա­յին իբ­րեւ ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած կազ­մեր։

Այս ան­գամ այս է որ իրա­ւացի կը դառ­նայ։ Օր­թա­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ ապա­գայ թա­ղակա­նու­թիւնը ար­դա­րօրէն պի­տի յայ­տա­րարէ իր ընտրո­ւածու­թիւնը։

Շատ բնա­կան է որ ընտրու­թիւննե­րու նա­խօրէին քա­րոզար­շաւնե­րը մերթ ընդ մերթ վե­րածո­ւին ցե­խար­ձա­կումնե­րու։ Թուրքիոյ հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ խօս­քը որոշ կշիռ ու ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող անուն մը եղած է Հայկ Արսլա­նեան։ Անոր մա­մու­լին փո­խան­ցած հրա­պարա­կու­մը քար­ոզարշա­ւին բնա­կան ցե­խար­ձա­կումնե­րուն դի­մաց որոշ հա­ւասա­րակշռու­թիւն մը ապա­հովե­լու առու­մով ալ շատ մեծ նշա­նակու­թիւն կ՚ու­նե­նայ։ Ան այսպէ­սով թէ կան­խեց հա­ւանա­կան անար­դա­րու­թիւններ եւ թէ բա­ցայայ­տօ­րէն պար­զեց իր ան­կողմնա­կալու­թիւնը։ Այլ խօս­քով ան­գամ մը եւս փաս­տեց իրեն վե­րագ­րո­ւած բա­րեխղճու­թեան իմաս­տը։ Իրո­ղու­թիւն է թէ ներ­կայ դրու­թիւնը Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի առու­մով որոշ ձեռքբե­րումնե­րու դի­մաց պե­տու­թեան պար­տադրած մի­ջամ­տութիւնն է։ Այս ըն­թացքին մէջ նախ­քան պե­տու­թեան դէմ բո­ղոքե­լը ստի­պուած ենք մեր սխալ­նե­րուն մա­սին անդրա­դառ­նա­լու։ Մենք ենք որ պե­տու­թեան մա­տու­ցե­ցինք այս առի­թը։ Գո­յացու­ցինք անար­դար հա­մակարգ մը եւ ապա երբ օրա­կար­գի եկաւ այդ սխա­լը սրբագ­րե­լու նիւ­թը, այս ան­գամ ալ ամ­բողջ ու­ժով փոր­ձե­ցինք սխա­լը շա­րու­նա­կելու։ Սա­կայն այս դժբախտ երե­ւոյ­թին մէջ ան­գամ կա­ցու­թիւնը բա­րելա­ւելու առիթ­ներ կան եւ պար­տա­ւոր ենք այդ առիթ­նե­րը լա­ւագոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու։

Եթէ սպի­տակ ցան­կը այս ընտրու­թե­նէն յաղ­թա­նակով դուրս գայ, իր առա­ջին գոր­ծը պէտք է ըլ­լայ ան­ցեալի սխալ­նե­րու մա­սին ինքնաքննա­դատու­թիւն մը կա­տարել։ Նոյ­նը կը վի­ճակի նաեւ կա­պոյտ ցան­կին։ Անոնք ալ պար­տա­ւոր են իրենց մրցա­կից­նե­րը պար­տութեան մատ­նող սխալ­նե­րը ճիշդ գնա­հատե­լու։ Յու­սանք թէ ընտրու­թեան հե­տեւան­քը նպաս­տէ պոլ­սա­հայ հա­մայնքի ինքնավստա­հու­թեան ամ­րացման։

pakrates@yahoo.com