Կեանքի մէջ դժուար է գտնել լաւագոյն յատկութիւններով օժտուածը, բարձրորակը, բոլորին գերազանցողը, ազնուացեղը, միեւնոյն ժամանակ հմուտը եւ թանկարժէքը։ Խօսքս, յարգելի ընթերցող, ամուսինի մասին չէ, ոչ ալ նշանածի, ընկերոջ, կամ ղեկավարի, այլ՝ «ընտիր» բառն է ան, մեր բառարաններու ընտրեալը իր գործով եւ կեցուածքով։ Այսօր, երբ երկիրը քաղաքական երկընտրանքներու մէջ կը գտնուի, մեր վերնախաւը պէտք է որ կատարէ խոհեմ ընտրութիւններ, ներսէն եւ սփիւռքէն կը փնտռենք ընտիր միտքեր հարցեր լուծելու համար եւ «Արցախի մի շարք համայնքներում տեղական ինքնակառավարման մարմինների արտահերթ ընտրութիւններ են», ինչպէս հայկական մամուլը կը հաղորդէ, որոշեցի թերթել մեր ընտիր գրականութեան էջերը ու գրի առնել «ընտիր» բառի լուռ պատմութիւնը։ Տեսէ’ք, հակառակ իր յարգի բնաւորութեան, հակառակ իր կատարած բազում թանկագին գործերու՝ բարձրաձայն չէ ան, բեմերու վրայ, գիրքերու մէջ չի սիրեր յաճախ յայտնուիլ։ Ահա «ընտիր» բառի զուսպ պատմութիւնը, որ մանրակրկիտ որոնումներու պտուղն է։
Պարզ է «ընտիր» ածականի ստուգաբանութիւնը. կազմուած է «ընդ» նախդիրով եւ «դիր» արմատով։ Բառը նախապէս «ընդիր» էր։ Ընտրեալ մատենագիրներու եւ քերականներու խնամքին տակ մենք ունեցանք «ընտիր» բառով շինուած 50-ի չափ ածական։ Ձեզ կը վստահեցնեմ, սակաւաթիւ են այն լեզուները, որոնք կարողնային բաղադրեալ բառերու այսպիտի ընտիր հարստութիւն կը ունենալ. Ահա քանի մը օրինակ. այրընտիր, աստուածընտիր, բարձընտիր, զօրընտիր, ընտրելագոյն, ընտրելի, խոհընտիր, մարտընտիր, ցեղընտիր, քաջընտիր…։ Հայը կ’ունենայ նորընտիր պատրիարք եւ վարչապետ, կը կարդայ ընտիր երկեր, կը սիրէ խմել ընտիր գինի։ Հայը կը սիրէ նաեւ հրատարակել «ընտիր քերթուածներու» եւ «ընտիր էջերու» հատորներ, որոնք իրենց տպագրական որակով եւ ոսկետիպ զարադուն կազմով կը ներկայացնեն «ընտիր ճաշակ»՝ հրապարակ ալ կը հանուին մատչելի «ընտիր գիներ»ով։ Իսկ գրաբարախօս մեր նախնիներու հայերէնը ճոխ էր այլ արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «ընտիր ընտիր», ընտիրներու ընտիրը, «գումարել զընտիր զօրս», լաւագոյն մարտիկները ռազմի կանչել, «ընտիր անասունք», լաւ իւղ կապած կենդանիներ, «ընտիր մատենագիր», դասական հեղինակ։
Այժմ մտածենք, թէ ո՞վ էր հայոց պատմութեան ամենաընտիր դէմքը։ Հայկազնեան այրերը, պէտք է պատասխանել, կասկած չկայ, մանաւանդ երբ կը կարդանք 1873 թուականին Վենետիկի մէջ Յովհաննէս վարդապետ Թորոսեանի կողմէ լոյս ընծայուած «Ընտիր հայկազունք. Վարք եւ լուսանկար կենդանագիրք հայկազուն երեւելի անձանց» յարգի ու գեղատիպ ուսումնասիրութիւնը։ Իսկ, եթէ փնտռենք բառացիօրէն ընտիր գործ կատարած մարդ, պատմիչ Ագաթանգեղոսն է ան, քանզի «ագաթանգեղոս» անունը յունական ծագում ունի, կազմուած է αγαϑος (ագաթոս) ընտիր եւ άγγελος (անկելոս) լրաբեր, հրեշտակ բառերէ։
Ոսկեդարուն երբ խումբ մը ընտիր թարգմանիչներ Աստուածաշունչը հայոց բարբառի վերածեցին, քանի մը ընտիր բառ եւ արտայայտութիւն անոր էջերու մէջ տեղ գտան, ինչպէս՝ «Յընտիր շիրմաց մերոց թաղեա զմեռեալդ քո», «Երինջ ընտիր մարմինով», «Ընտիր այգի» եւ «Ընտիր ընտիրք երիվարաց»։ Իմաստասէր, քերական, բանասէր, թարգմանիչ, եկեղեցական-հասարակական գործիչ, Գլաձորի համալսարանի եւ Ծործորի վանքի ականաւոր դէմք Յովհաննէս Երզնկացի Ծործորեցի վարդապետը 1320-ականներուն երբ կը մէկնաբանէր Մատթէոսի Աւետարանի 24։10 հատուածը, բացատրեց, թէ «ինչպէս ոսկին կրակով կը զտուի, մարդոց հոգիներն ալ՝ նեղութեամբ, որպէսզի ընտիրները երեւան»։
Հայկական գրականութեան մէջ «ընտիր» բառի գործածութիւնը խիստ հազուագիւտ է։ Ընտիր էջերու մէջ փնտռեցէք զայն։ Ձեր աշխատանքը, աւաղ, պիտի մնայ ո’չ լիակատար։ Ի՞նչ է պատճառը։ Ի՞նչու այս բառը, որ գեղեցիկ է եւ ծառայասէր, մնաց երկչոտ։ Զուսպ մնալը, կը զգանք թէ, ընտիր ըլլալու արտացոլումն է։
Միջնադարուն,«ընտիր» բառը քանի մը փայլատակում ունեցաւ։ Անոր գեղարուեստական հնագոյն հնչիւնը կը պարտինք Ը. դարու երաժշտուհի Խոսրովիդուխտին, որ իր Վահան Գողթնացի եղբօր նահատակութեան կսկիծով 737 թուականին յօրինեց «Զարմանալի է ինձ» գովքը։ Երգի առաջին եւ չորրորդ տուներու վերջատողերուն սգաւոր քոյրը շշնջաց. «Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յԱստուծոյ… Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յազատաց»։
Ստեփաննոս Օրբելեանը երբ գրի կ’առնէր Սիւնիքի պատմութիւնը, նկարագրեց Նորավանքը, թէ ան զարդարուած է «աննման սպասքներով, ոսկիի եւ արծաթի մեծարժէք գանձերով եւ ընտիր մետաքսեղէնով»։ «ընտիր» ածականը յայտնուեցաւ միջնադարեան քանի մը տաղի մէջ. «Կատարեալ սուրբ եւ ընտիր պատարագ», անանուն հեղինակ, «ԶԼուսաւորչին հաւատն ընտիր», Մինաս Թոխաթցի, «Ընտիր զինուոր սուրբ Գաբրիէլ», Դաւիթ Սալաձորցի, «Այգիս վայելչազարդ՝ ընտիր որթովք բողբոջեալ ծաղկովք», Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան։ Մարտիրոս Խարասարցի տաղասացը, որ կենսուրախ երգերով յայտնի է, գովաբանեց ընտիր գինին ու բացատրեց, թէ, ամէն տարիքի հայ պէտք է որ խմէ զայն. «Ճերմակ մօրուք շատ ալեւոր / Մանուկ ընտիր եւ ձիաւոր / Յայնժամ ամէն սէր միաւոր. / Անոյշ խմենք, քաղցր եւ յորդոր»։
Իր կեանքը հայկական լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան նուիրած Միքայէլ Նալբանդեանը բացատրեց, թէ դպրոցն է ամենաընտիր տեղը. «Լսարանն է այն / Ընտիր տեղը, / Ուր արմատ կարձակէ / Գիտութեան ծառը»։
1908 Մարտ ամսոյն մէջ Դանիէլ Վարուժանը ստացաւ անակնկալ նուէր մը՝ Արշակ Չօպանեանի նոր լոյս տեսած երկերը։ Կանտի համալսարանի ուսանողը իսկոյն, երախտագիտական խոր զգացումներով, 22 Մարտ, Կիրակի յետմիջօրէին, գրադարանի բարձրաձեղուն ու լուսաւոր ընթերցասրահի մէջ, շնորհակալական նամակ մը գրի առաւ. «Սիրելի պ. Չօպանեան, Ձեր քերթուածներն ընդունեցայ շնորհակալութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Ձեր ընտիր քերթուածներուն մէջ ընտրութիւն մ՚ընել ինծի դժուար եղաւ… / Ընդունեցէք յարգանքներս եւ հիացումներս, միշտ սիրով Դ. Վարուժան»։
«Ընտիր» բառը զարմանալի բան նախընտրեց տեսնուիլ գիրքերու երեսի վրայ, բայց՝ ո’չ անոնց էջերուն մէջ եւ տողերէն ներս։ Հայկական գրատպութիւնը հարուստ է «ընտիր» բառը շապիկին վրայ կրող հատորներով։ Հայկական գրադարանները ունին հարիւրաւոր «Ընտիր երկեր» եւ «Ընտիր քերթուածներ»։ Այժմ ձեզի ներկայացնեմ այդ գիրքերու նախահայրե՞րը՝ քանի մը հնատիպ ընտիր օրինակ. Պոլիս՝ «Նարեկ… համեմատութեամբ հնագոյն եւ ընտիր ընտիր ձեռագիր օրինակաց», «Ծաղկաքաղ բարոյական ընտիր պատմութիւններէ», «Նոր երգարան… ազգային ընտիր երգերու», «Ընտիր խորհրդածութիւնք երեւելի հեղինակաց», Վենետիկ՝ «Ընտիր Հայկազունք», «Ընտիր քերթուածներ», Պագու՝ «Ընտիր առակներ», Զմիւռնիա՝ «Ընտիր աղջիկ մը», Թիֆլիս՝ «Հայնէի ընտիր մտքեր»։
1936 թուականին «ընտիր» բառը մտաւ ապակի շիշի մէջ՝ պարգեւատրուեցաւ միջազգային երեք ոսկի մետալով՝ մեծ պատիւ բերելով Խորհրդային Հայաստանին։ Խօսքս, յարգելի ընթերցող, կը վերաբերի Երեւանի կոնեակի գործարանի մէջ 1936-էն ի վեր մշակուող, 42% թնդութիւն եւ 1,2% շաքարայնութիւն ունեցող, վեց տարի գետնափոր մարաններու մէջ հնեցուած, իր թարմ բոյրի մէջ նարինջի եւ կաղնիի կեղեւի նրբերանգներ պարունակող ոսկեսաթ փայլով ոգելից ըմպելիին, որ արժանապէս կոչուած է «Ընտիր»։ Այդ պատուական խմիչքի ազդեցութեան տա՞կ արդեօք գուսան Հաւասին «Հայաստան» երգը յօրինեց ու գովերգեց հայրենիքը։
Այսօր, երբ հայը ճակատագրական ընտրութիւններ կ’ընէ, ազգի քաջընտիր զաւակները հերոսութիւններ կը կատարեն, գեղընտիր գուսաններ կը պերճացնեն մայրենին, պատշաճ կը նկատեմ, որ ձեզի հրաժեշտ տամ Հաւասիի յիշեալ երգով.
Գեղատեսիլ լեռների մէջ երջանիկ,
Բոյ ես քաշում ազատ, անոյշ Հայաստան…
Ինձ համար աշխարհում միակ հատընտիր,
Մի հատիկ, աննման ես, անոյշ Հայաստան։