Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու նիւթը պոլսահայ օրակարգի առաջնագծին վրայ է։ Ընտրութեան առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ 16 Հոկտեմբերին Օրթագիւղի նոր թաղականութիւնը ճշդելու համար։ Նոր կանոնագրութեան համաձայն Իսթանպուլի երկրորդ ընտրաշրջանին հայ բնակիչները բացի Օրթագիւղէն Սամաթիոյ, Գումգաբու Մայր եկեղեցւոյ, Ֆերիգիւղի եւ Ենիգիւղի եկեղեցիներու մէջ ալ պիտի կրնան գործածել իրենց քուէները։ Ընտրութեան պիտի մասնակցին երկու խմբակներ՝ սպիտակ եւ կապոյտ ցանկերու մէջ համախմբուած ձեւով։
Սպիտակ ցանկը կը գլխաւորէ այժմու թաղականութեան ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզ։ Անոր ցանկին մէջ տեղ գտած են նաեւ Պատրիարքարանի շրջանակներէն թելադրուած նոր անուններ։
Այլընտրանքային «Կապոյտ ցանկ»ին կը զօրակցին Պետրոս Շիրինօղլու եւ Տիգրան Կիւլմեզկիլ։
Օրթագիւղի թաղականութիւնը թէեւ ընդմիշտ գնահատուած էր իր վարչութեան շրջանին ապահոված ձեռքբերումներուն պատճառաւ։ Սոյն ձեռքբերումները պատճառ դարձան որ յատկապէս թաղական խորհուրդի ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզ մեծ յաւակնութիւններ ոնենալով իշխանութիւն ձեռք բերէ համայնքէ ներս։ Վարքագծի այս շեղումը տեղի տուաւ բազմաթիւ քննադատութիւններու, որոնք այժմ առաւելութիւն կը դառնան «Կապոյտ ցանկ»ի թեկնածուներուն համար։
«Ակօս»ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինք իր կենդանութեան օրով մեծ ջանք վատնած էր համայնքային ունեցուածքը միասնական սնտուկի մը մէջ համախմբելու եւ պահանջներու համաձայն բոլոր հաստատութիւններու բաժին տրամադրելու համար։
Հասարակութեան կողմէ հաւաստի ու արդար գտնուած այս եղանակը յամառօրէն մերժուեցաւ յատկապէս մեծ եկամուտի աղբիւրներ ունեցող վարչութիւններու կողմէ։ Այս վերջինները իրենց հաստատութեան հարստութիւնով փորձեցին փոքր թագաւորութիւններ կազմել եւ իրենց ցանկացած կարիքաւոր հասատատութիւններու շնորհքներ պարգեւել։
Այս պայմաններու մէջ «Կապոյտ ցանկ»ի թեկնածուները պիտի օգտուին այս շեղ վարքի հասարակութեան մէջ ստեղծած դժգոհութենէն։ Արդարեւ այսօր իրենց քարոզարշաւը կը հիւսեն բոլոր հաստատութիւններուն արդար ու հաւասար մերձանալու խոստումով։
Որքան որ ընտրութեան թուական մը չէ յստակացած, նման որոնումներ ի զօրու են նաեւ արդէն միայն երկու անդամով ներկայացող Պէյօղլուի թաղականութիւնն ալ գահընկէց ընելու համար։ Իրենց վիճայարոյց գործունէութիւնով կասկածներու ենթարկուած հաստատութիւններու շարքը կարելի է ընդլայնել։ Սակայն այժմու պոլսահայ համայնքը իբրեւ հասարակութիւն կ՚ապրի յուսալքութիւն մը՝ որու հետեւանքով այդ վիճայարոյց կառոյցներու մէջ իշխանափոխութիւն ապատովելու համար հրապարակ իջնող թեկնածուներ կը բացակային։
Այնպէս թէ այսպէս ընտրութիւնները եթէ ոչ յստակ յաղթանակներ, բայց գոնէ որոշ բարելաւումներ կը խոստանան յառաջիկայ շրջանի առումով։