Կառավարութեան բոլորովին կամայական որոշումով մը աւելի քան ինը տարիներ յետաձգած համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութիւնը վերջապէս կը կատարուի։
Երկար տարիներ սպասուած նոր կանոնագրութիւնը ակնկալութիւններէն բաւականին հեռու մնաց։ Այս իրողութիւնը հաստատելով հանդերձ, ճիշդ ալ Պատրիարքական ընտրութեան նման ընթացքով մը նախընտրուեցաւ համակերպիլ պետութեան թելադրանքին։
Զարմանքով եւ այպանելով կը տեսմնենք թէ Թուրքիոյ հայ համայնքը իր երբեւիցէ տեղեակ եղած թերութիւնները սրբագրելու համար բոլորովին անպատրաստ մնաց։ Իշխանութիւնները կը պարտադրեն մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւնները աւարտին բերել։ Բոլորս տեղեակ ենք որոշ հաստատութիւններու վարչութեանց մատնուած վիճելի ընթացքին։ Միւս կողմէ լրջօրէն կը դժուարանանք Այլընտրանքային ցանկեր պատրաստելու։ Յայտնի է որ համայնքային վարչակարգը դարձեալ գործի լծուած է սովորական դարձածը շարունակելու համար։ Ըստ երեւոյթի եթէ նոյնիսկ ցանկեր պիտի ըլլան, այդ ցանկերը հեռու են «այլընտրանքային» համարուելէ։ Բեմին վրայ կը տեսնենք այնպիսի անուններ, որոնք հեղինակն են երկար տարիներու սխալ ընթացքներուն։
Այսօր մեր առջեւ առաջին ընտրութեան համար ճշդուած է 16 Հեկտեմբեր թուականը։ Այդ օր Իսթանպուլի երկրորդ ընտրաշրջանի բնակիչ մօտ 18 հազար հայեր իրենց ձայներով պիտի ճշդեն Օրթագիւղ թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Թարգմանչաց Վարժարանի նոր վարչակազմը։ Այս պաշտօնին համար պիտի կայանայ մրցակցութիւն մը երկու խումբերու միջեւ։ Առաջինը արդէն իսկ գործող կազմին Պատրիարքարանի թելադրանքով աւելցուած քանի մը նոր անուներով ճշդուած է։ Իսկ անոնց դիմաց կայ «Կապոյտ ցանկ» անունով ներկայացող ընդդիմադիր նոր ցանկ մը։
Այստեղ բուռն մրցակցութեան ետին կայ անհատական հաշուեյարդար մըն ալ։ Իրենք զիրենք համայնքի խելամիտները համարող խմբակ մը երկար ժամանակէ ի վեր անհանգիստ էին այժմու թաղականութեան ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզի յաւակնոտ վարքէն։
Թաղականութիւնը վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին իր արձանագրած յաջողութիւններով տիրացաւ նաեւ նիւթական լուրջ կարողութիւններու։ Այս էր որ ատենապետ Շահինկէօզը դուրս բերաւ իր համեստ գործիչի կերպարէն եւ զայն դրաւ բարերարներու խմբակին դէմ նոր ուժ մը ներկայացնող անհատի մը դիրքին։ Այս էր որ անընդունելի թուեցաւ երկար տարիներէ ի վեր այդ դիրքը պահողներուն համար եւ որոշեցին գահընկէց ընել իր ձեռքբերումներով մեծ գնահատանքի արժանացած պարոն Շահինկէօզը։
Տակաւին մեր յիշողութիւններուն մէջ թարմ է հայկական մամուլի էջերուն վրայ «Արեւը այս առտու Օրթագիւղէն ծագեցաւ» խորագիրները։ Այսօր այդ բոլորը եղած են անցուկ ու մոռցուկ։
Այս պահուն Կապոյի ցանկի թեկնածուներուն համար մեծ առիթ մըն է հասարակութեան մէջ հետզհետէ ծաւալող փոփոխութեան կարիքը։ Բայց դժբախտաբար ներկայ վիճակը այդքան ալ յոյս չի ներշնչեր հիմնական ու էական բարեփոխումի մը համար։ Միայն մէկ բանը մխիթարական կրնայ ըլլալ, որն է ընտրութեան զանգուածային մասնակցութիւնը։ Եթէ նկատի ունենանք որ պոլսահայ համայնքը անցեալին միշտ ալ նախընտրած էր նախապէս ձեւաւորուած եւ համաձայնուած միակ ցանկով մը ընտրութեան երթալ, այսօր երկու ցանկերու առկայութիւնը անգամ ինքնին կարեւոր ձեռքբերում մը կարելի է համարել։
pakrates@yahoo.com