ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ծանր

Ծանր գործ է «ծանր»ածա­­կանի մա­­սին խօ­­սիլ, զրու­­ցել, կա­­տակել, երբ ծանր է երկրի վի­­ճակը, սահ­­մաննե­­րու վրայ իրա­­վիճա­­կը ծանր, մար­­տե­­­րը ծանր, հա­­րուած­­նե­­­րը ծանր, յան­­ցանքնե­­րը ծանր, կսկի­­ծը ծանր, ինչպէս չա­­րագոյժ ծանր մշուշ, որ կը նստի քա­­ղաքի վրայ… Ամէն հայ իրա­­ւունք ու­­նի վի­­ճակը շատ ծանր տա­­նելու, երբ վա­­ռօդի ծանր հոտ մը ու­­շա­­­թափ կ’ընէ մեզ։ Բայց այ­­սօր ըլ­­լանք անվհատ, ծան­­րօ­­­րէն բա­­նանք քա­­նի մը բա­­ռարան, պատ­­մա­­­գիրք եւ եր­­գա­­­րան, ու հասկնանք, թէ ի’նչ է այս ծան­­րութեան ար­­մա­­­տը, ապա փոր­­ձենք թե­­թեւցնել զայն՝ ապա­­ւինե­­լով ըն­­տիր բա­­նաս­­տեղծու­­թեան բու­­ժիչ յատ­­կութիւննե­­րուն, հա­­ւատա­­լով, թէ երբ ծանր ժա­­մանակ­­ներ են՝ «լու­­սա­­­բացէն առաջ խա­­ւարը միշտ ամե­­նաթանձրն է», ինչպէս հայ­­կա­­­կան հին առա­­ծը կ’ըսէ։

Շատ յստակ չէ, թէ ի’նչ է «ծանր»բա­­ռի ար­­մա­­­տը։ Հրա­­չեայ Աճա­­ռեանը հա­­մոզո­­ւած էր, թէ ան կով­­կա­­­սեան փո­­խառու­­թիւն է։ Ան ու­­նի հիւ­­սի­­­սաբ­­նակ ծա­­նօթ­­ներ, ինչպէս վրա­­ցերէն «ծո­­նա» ծան­­րութիւն, «սա­­ծոնի» կշիռք, լա­­զերէն «ծին» կշռել, եւ այլն։

Այս օտա­­րակա­­նը թե­­թեւօ­­րէն եկաւ նստե­­ցաւ մեր լե­­զուի մէջ ու սկսաւ աճիլ։ Ոս­­կե­­­դարուն, երբ հա­­յոց ծան­­րագլուխ այ­­րե­­­րը հա­­յերէ­­նի կը թարգմա­­նէին «Գիր­­քը», «ծանր»բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծեցին 42 ան­­գամ, ինչպէս «ծանր բեռ», «ծանր գի­­շեր», «ծանր լուծ», «ծանր աղ­­քա­­­տու­­թիւն»։ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչը նաեւ ըսաւ. «Անօ­­րէնու­­թիւնք իմ բարձրա­­ցան քան զգլուխ իմ, որ­­պէս բեռն ծանր ծան­­րա­­­ցան ի վե­­րայ իմ»։ Սուրբ Գիր­­քի մէջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, տեղ գտան նաեւ «ծան­­րա­­­խօս, ծան­­րա­­­ձայն, ծան­­րա­­­լեզու» ածա­­կան­­նե­­­րը, «ծան­­րութիւն» գո­­յակա­­նը եւ «ծան­­րա­­­նալ» բա­­յը։ Այ­­սօր ու­­նինք բազ­­մա­­­թիւ «ծանր»բա­­ղադ­­րե­­­ալ բա­­ռեր, 200-ի չափ։ Կ’ար­­ժէ յի­­շել անոնք, որոնք մեր օրե­­րու պատ­­մութիւնն են. ծան­­րա­­­խաւար, ծան­­րա­­­թախիծ, ծան­­րա­­­համ, ծան­­րա­­­վիշտ… Իսկ հա­­յուն պէտք է քա­­նի մը ծան­­րա­­­բարոյ, ծան­­րակշիռ, ծան­­րա­­­խոհուն եւ ծան­­րագլուխ մարդ, որ­­պէսզի այս ծանր վի­­ճակէն դուրս ել­­լենք։ Հա­­յը ազա­­տու­­թեան հա­­մար «ծանր գին» կը վճա­­րէ, «ծանր քայ­­լով» կ’ըն­­թա­­­նան իր խա­­ղաղու­­թեան բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը, ու­­նի «ծանր պատ­­մութիւն», կ’ապ­­րի «ծանր ձմեռ», իր լե­­զուն ծան­­րա­­­ծանր դար­­ձած է «ծանր յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն», «ծանր մեղք» եւ «ծանր հարկ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով։ Հա­­յը գի­­տէ նաեւ այդ բո­­լոր ծանր ապ­­րումնե­­րը վե­­րածել քեր­­թո­­­ւածի։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եթէ պահ մը ծան­­րա­­­նանք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան ժո­­ղոուա­­ծու­­նե­­­րու ստո­­ւար հա­­տոր­­նե­­­րու առ­­ջեւ, կը զար­­մա­­­նանք տես­­նե­­­լով, թէ հա­­յը սեղ­­մո­­­ւելով այնքան ծանր, ինչպէս Գե­­ւորգ Էմի­­նի միտքն է, «ստի­­պուած դար­­ձեր է… ադա­­մանդ»։ Այժմ կ’առա­­ջար­­կեմ գրա­­կան էջե­­րու մէջ նշմա­­րել այդ ադա­­ման­­դի փայ­­լա­­­տակումնե­­րը։

Միջ­­նա­­­դարուն ու­­նե­­­ցեր ենք Ծանր Խօ­­ճա անու­­նով տա­­ղասաց։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին ան ապ­­րած է ծանր կեանք, քան­­զի գրեր է «Մե­­ղաւոր եմ, դուռդ եմ եկեր, մէկ Աս­­տո­­­ւած, դո՚ւ գի­­տես, Զհալս տես, զհալս տես»։ Սա­­յաթ Նո­­վան «ջուխտ աչ­­կի­­­րը լա­­ցից ճա­­քած» գան­­գա­­­տեցաւ. «Մհլամն կրա­­կով սար­­քած, / Ան­­ջի՛գար, դրե­­ցիր իմ ծանր վէր­­քին»։ Ապա ծանր լռու­­թիւն… Մին­­չեւ 20-րդ դար, մին­­չեւ գե­­ղապաշտ քեր­­թողնե­­րու օրե­­րը, գրա­­կան ծան­­րութիւն ու­­նե­­­ցող ո’չ մէկ տող, ո’չ մէկ տաղ «ծանր»բա­­ռով շի­­նուած։

Գե­­ղապաշտնե­­րը գրա­­կան «ծանր»պատ­­կերնե­­րով եր­­գե­­­ցին իրենց նե­­րաշ­­խարհը։ Զա­­պէլ Եսա­­յեանը մեղ­­մա­­­ձայն ըսաւ. «Յան­­կարծ ծանր տխրու­­թիւն մը տի­­րապե­­տեց ինձ»։ Տիգ­­րան Չէօկիւ­­րեանի «Վան­­քը» վէ­­պի գրա­­կան հե­­րոսը դժգո­­հեցաւ իր սքե­­մէն. «Իսկ երբ հագ­­նինք վե­­րար­­կուն, ահա աշ­­խարհի հետ դէմ առ դէմ։ Իմ թշո­­ւառու­­թիւնս այդ օրէն սկսաւ, յամ­­րա­­­քայլ ու ծանր թշո­­ւառու­­թիւն մը, հի­­մա կը զգամ»։ Պա­­տերազ­­մի ծանր շունչը երբ տի­­րեց երկրի վրայ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը սար­­սա­­­փեց­­նող պատ­­կերներ գրի առաւ. «Պա­­տերազմ է հռչա­­կուած։ Թնդա­­նօթի մը պող­­պատ / Ծանր սայ­­լին լծեր են թիապարտներ մեր­­կի­­­րան… Սե­­ւեր հագ­­նիլ եւ ող­­բալ սեւ ար­­ցունքներ… Սա ծանր ծա՚նր վար­­դե­­­րով պսա­­կը, օ՚ն, / Դրէք շուրջը վեհ գլու­­խիս»։ Կոս­­տան Զա­­րեանը, որ 1914-ին հիւր եկած էր Պո­­լիս, ու Վա­­րու­­ժա­­­նի եւ քա­­նի մը այլ գա­­ղափա­­րակից­­նե­­­րու հետ հիմ­­նած էր «Մե­­հեան» գրա­­կան ամ­­սա­­­թեր­­թը, յի­­շելով պա­­տերազ­­մի անջնջե­­լի պատ­­կերնե­­րը, 1930-ին «Տատ­­րա­­­գոմի Հար­­սը» քեր­­թո­­­ւածի մէջ պի­­տի նկա­­րագ­­րէր լեռ­­նե­­­րու սաստկա­­ցած Աս­­տո­­­ւած­­նե­­­րը. «Այն առա­­ւօտ բուք էր դրսում եւ լեռ­­նե­­­րի / Աս­­տո­­­ւած­­նե­­­րը ծան­­րա­­­քայլ / Անցնում էին բար­­կա­­­ցած եւ կա­­տաղի, / Ոռ­­նում էին ու պո­­ռում, այն առա­­ւօտ»։ Իսկ Սիաման­­թօն իմաս­­տա­­­սիրեց. «Օ՜, դէ­­պի Խա­­ւար­­ներն ու Մո­­ռացու­­մը քա­­լէ՚, / Ո՜վ յոգ­­նած ու դան­­դաղ ու ծանր ուխտա­­ւոր»։

Արե­­ւելա­­հայ գրիչ­­նե­­­րը բնու­­թեան եւ սրտի նրբա­­գոյն վի­­ճակ­­նե­­­րը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար դի­­մեցին «ծանր»բա­­ռի իմաս­­տութեան։ Ակ­­սել Բա­­կունցը նկա­­րագ­­րեց իր հէ­­քիաթա­­յին բնաշ­­խարհը. «Սե­­ւացած ամ­­պե­­­րը ծանր վա­­րագոյ­­րի պէս ծած­­կե­­­ցին եր­­կինքը… Եւ սկսեց անձրե­­ւը, նախ դան­­դաղ, ծանր կա­­թիլ­­նե­­­րով, ապա որ­­պէս վա­­րար հե­­ղեղ»։ Վա­­հան Մի­­րաքեանը իմաս­­տա­­­սիրեց. «Ա՜խ, ան­­սէր կեան­­քը ծանր է գե­­հենից»։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը սի­­րային նա­­մակ գրեց. «Սի­­րե՞լ՝ ես քեզ չեմ սի­­րում, ատե՞լ՝ ես քեզ չեմ ատում, բայց դու իմ հո­­գում կաս՝ որ­­պէս մի ծանր երազ»։ Իսկ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը, բա­­նաս­­տեղծու­­թեան վե­­րածեց իր մա­­հուան լու­­րը.

Իմ մա­­հուան օրը

կ՚իջ­­նի լռու­­թիւն,

Ծանր կը նստի

քա­­ղաքի վրայ։

Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ծանր լու­­րեր կ’իջ­­նեն մեր քա­­ղաք­­նե­­­րու վրայ։ Ահա թէ ինչ խո­­րագիր­­ներ կը ծան­­րացնեն հայ­­րե­­­նի մա­­մու­­լը. «Մեզ սպա­­սում են ծանր, ցա­­ւոտ լու­­ծումներ», «Ջեր­­մուկում ծանր մար­­տեր են», «Վերցրել եմ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն գնալ ծանր որո­­շումնե­­րի», «Կայ ընտրո­­ւած վար­­չա­­­պետ, միւսնե­­րը պէտք է ծանր պա­­հին կանգնեն նրա կող­­քին»։ Լու­­րե­­­րու մէջ յա­­ճախա­­կիօրէն սկսած են յայտնո­­ւիլ «ծանր»ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, ինչպէս՝ «Ծանր զի­­ջումներ», «Վի­­ճակը ծանր կա­­յուն», «Ծանր կա­­ցու­­թիւն»։ Հայ հո­­գեւո­­րականն ալ իր բա­­ժինը կը բե­­րէ վի­­ճակը թե­­թեւցնե­­լու հա­­մար. «Մեր տա­­ռապանքնե­­րը չեն նո­­ւազել, կանգնած ենք ծանր մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րի առ­­ջեւ», Ար­­շակ եպ. Խա­­չատ­­րեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի դի­­ւանա­­պետ, «Այ­­սօր հա­­յի խա­­չի տօնն է, ծանր, բայց միեւ­­նոյն ժա­­մանակ յաղ­­թա­­­նակող խա­­չի տօ­­նը», Բագ­­րատ Սրբա­­զան, Տա­­ւու­­շի թե­­մի առաջ­­նորդ։

Բայց ինչպէս հայ­­կա­­­կան հին առա­­ծը ըսած էր, թանձր մշու­­շին կը հե­­տեւի պայ­­ծառ արեւ։ Այն ժա­­մանակ հա­­յը կ’եր­­գէ իր եր­­գը։ Այժմ այդ օրե­­րու յոյ­­սով կ’առա­­ջար­­կեմ ականջ տալ «Չեմ ու չեմ» սի­­րային կա­­տակեր­­գին։ Ան նազ աղջկայ մը մա­­սին է, որ չէր կրնար պա­­րել մա­­զերուն ծան­­րութե­­նէն, օղե­­րուն ծան­­րութե­­նէն. Խումբ.— Նազ աղ­­ջիկ, նազ աղ­­ջիկ, նազ մի անի, դէ ելի, ելի խա­­ղայ։ Աղ­­ջիկ.— Չեմ ու չեմ, Չեմ կրնայ, կրնայ ես խա­­ղայ, մա­­զերուս, մա­­զերուս ծան­­րութե­­նէն։ Խումբ.— Նազ աղ­­ջիկ, նազ մի անի, դու կրնաս, կրնաս խա­­ղայ. մա­­զերդ, մա­­զերդ դիր պա­­տու­­հան, դու կրնաս, կրնաս խա­­ղայ։ Աղ­­ջիկ.— Չեմ ու չեմ, չեմ կրնայ, կրնայ ես խա­­ղայ, օղե­­րուս, օղե­­րուս ծան­­րութե­­նէն։ Խումբ.— Նազ աղ­­ջիկ, նազ մի անի, դու կրնաս, կրնաս խա­­ղայ. Օղերդ, օղերդ հան, տուր մե­­զի, դու կրնաս, կրնաս խա­ղայ։