Համաշխարհային չափանիշով հետզհետէ աւելի յաճախ կը հանդիպինք բարոյական սկզբունքներու քայքայման երեւոյթներուն։
Մարդ անհատը համարեա ի ծնէ, ընտանեկան յարկի տակ կը ծանօթանայ բարոյագիտութեան։ Առաջին դանստիարակիչներն են ծնողները, որոնք իրենց երախաները կը դաստիարակեն լաւն ու վատը, բարին ու չարը զանազանելու համար։ Ոչ մէկ ծնող այդ դաստիարակութեան ընթացքին կը փառաբանէ չարը կամ վատը։
Դաստիարակութիւնը կը շարունակուի նաեւ դպրոցի նստարաններուն վրայ։ Ծնողներու առաքելութիւնը փոխանցուած է ուսուցիչներուն։
Բոլոր այս ջանքերուն դիմաց մարդ անհատը մերթ տգիտութեան հետեւանքով, յաճախ ալ գիտակցաբար կը հետեւի վատին կամ չարին։
Ներկայիս այս բոլորը կը կատարուին նաեւ հաւաքական բնոյթով։ Կը տեսիեիք զանազան երկիրներէ ներս անմարդկային գաղափարներ յղացողներուն արժանացած համակրանքը։
«Եթէ ընտրուիմ բոլոր օտարները պիտի վտարեմ երկրէն» ըսող քաղաքական գործիչը ապահոված կ՚ըլլայ ընտրողներու կարեւոր մէկ զանգուածի զօրակցութիւնը։
Մարդիկ առանց դոյզն իսկ մտածելու, դիւրաւ կը համոզուին այն կարծիքին թէ երկրէ ներս տիրող գործազրկութեան, աղքատութեան, շուկայի վրայ վաճառուող ամէն ինչի գիներուն անհամեմատ բարձրացման միակ պատճառը դուրսէն եկած գաղթականներն են։
Երբ ընկերութեան մէջ կը գոյանայ նման հասկացողութիւն, կը դիւրանայ նաեւ այլ երկիրներու վրայ յարձակելու տրամադրութիւն մը։ Քիչերն են որ կ՚անդրադառնան այս սխալին եւ փողոց կ՚իջնեն իրենց ընդվզումը յայտարարելու համար։ Այդպիսի օրինակ մը պէտք է համարել Տաղստանի Մայրերու բողոքը, որ ուղղուած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Փութինի վերջերս հրապարակած զինակոչին։ «Մեր որդիները չէք կրնար պատերազմի դաշտ ուղղարկել։ Ոչ մէկը յարձակած է Ռուսիոյ, այլ Ռուսիան է որ կ՚արշաւէ Ուկրաինան»։
Տաղստանի մայրերը իրենց այս ընդվզումով նաեւ դատապարտած եղան պետութիւններու զինեալ յարձակումները։
Որքան յաճախակի են այդ դէպքերը։ Պահ մը փորձենք յիշել թէ Ատրպէյճան վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, քանի քանի անգամներ փորձեց ներթափանցել Հայաստանի պետական սահմաններէն ներս։ Կամ Իսրայէլ քանի քանի անգամներ ռմբակոծեց համաշխարհային դաւադրութեան մը ճիրաններուն տակ քարուքանդ եղած Սուրիա երկիրը։
Այս բոլորին դիմաց քար լռութիւն պահած արեւմտեան կողմ աշխարհի, դիտելով իր գրգռութիւններուն զոհը դարձած Ուկրանիոյ ողբերգութիւնը, մէկ կողմէն կոկորդիլոսի արցունքներ կը հոսեցնեն, մէկ կողմեն ալ արտառոց պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Ռուսաստանի ոչ թէ իշխանութեան այլ հասարակ ժողովուրդին դէմ։ Այդ պատժամիջոցները հասան Եւորպական համալսարաններու մէջ ուսանող աշակերտութեան կրթաթոշակներուն, Տոսթոյեւսքիի գրականութեան կամ Չայքովսքիի երաժշտութեան արգելումին, խնդիրը արդէն ստացաւ ծիծաղելի եւ զաւեշտային բնոյթ։
Թերեւս ամենացաւալին այդ զաւեշտի բեմադրիչներուն աշխարհի քաղաքականութեան ալ ուղղութիւն տալու հաւակնութիւնն է։
pakrates@yahoo.com