Ինչո՞ւ է հայը խենթ, ըսել կ՚ուզեմ, երազներով լեցուն, կիրքերով կատաղի, յուզումներով անհանգիստ, ոգեւորութեան պահերուն անխոհեմ, բարկութեան ժամանակ անզսպելի, երբ սիրահարուած է խենթուկ չարաճճի, իսկ երբ ըմբոստ է իսկական ծուռ մը սարսափեցնող, իր լեռնաշխարհի համար մոլի սիրահար, եւ իր հողի համար խելաքար հայը… Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ խռովայոյզ հայ ազգը կը սպասէ անվկանդ հերոսի մը, որպէսզի իր հարցերուն գտնէ ելք ու ճար, որոշեցի ձեզի պատմել «խենթ» բառի 4514 տարուայ հերոսական ոդիսականը, որ պատմութիւնն է ափ մը իմաստուն այրերու, որոնք կատարեր են քնարական խենթութիւններ գրելու եւ յիշատակելու արժանի։
«Խենթ» ածականի ստուգաբանութիւնը յստակ չէ։ Բազմաթիւ այրեր փորձեր են տրամաբանականօրէն բացատրել, թէ ի’նչ է անոր արմատը, աւա՜ղ, աշխատանքը մնացեր է ապարդիւն։ (Ինչո՞ւ կը զարմանաք… Ո՞վ կրնայ հասկնալ կամ ախտաճանաչել, թէ ինչո’ւ «խենթ» է ան։) Բայց, յարգելի ընթերցող, յստակ գիտենք, թէ ո’վ էր մեր առասպելական պատմութեան առաջին խենթը… Հայկ Նահապետը։ Ուրիշ ո՞վ կրնար հզօր պետութեան յոխորտացող խրոխտ արքային նշան բռնել, նետ արձակել, թիկունքէն հարուածել, գետին տապալել ու անկախութիւն հռչակել։ Միակողմանի։ Առանց ուրիշի կարծիքը առնելու։ Քաջագործ խենթ մը միայն։
Բառս սիրեց աւելի գործել քան խօսիլ։ Հետեւաբար, մեր մայրենիի մէջ շատ սահմանափակ են «խենթ» բառեր, հազիւ մէկ բայ, երկու գոյական եւ երեք ածական. ահա լիակատար բառացանկը. Խենթանալ, խենթանոց, խենթարան, խենթուկ, խենթուլիկ եւ խենթաւուն։ Յիշեմ նաեւ «կիսախենթ» ածականը, որպէսզի չնեղուի ան։ Աւելի տարօրինակը՝ «խենթ» ածականը հայկական մատենագրութեան մէջ չյայտնուեցաւ մինչեւ այն օր երբ Նարեկացին մեկնաբանեց Ովիտը ու գրեց. «Զխորթս խենթական մտօք բան սրեալ»։
Մեր ազգը, լեզուական ի’նչ հարստութիւն, խենթը եւ անոր արարքները նկարագրելու համար յօրինեց զանազան ծաղրական արտայայտութիւններ, որոնց մէջ պոլսեցիները եւ սեբաստացիները անմրցելի են. «Ասսու խենթը», Սեբաստիա, «Խենթ-Անդրէաս, Խենթերուն խենթը», Պոլիս, «Խենթ Իսրայել», հին ու մին շորեր հագած մարդ, Պոլիս, «Խենթ եմ կ’ըսէ, վանքի հաւերը կ’ուտէ», իրեն խենթ ձեւացնելով շահ եւ օգուտ կը ստանայ, Սեբաստիա, «Խենթ» կուշտ, խելօքի կարօտ», յիմարներով շրջապատուած ենք, խելօքի կարիք ունինք, Սեբաստիա, «Խենթը գնաց հարսնետուն, սա աղէկ է քըզ մեր տուն», անհոգ ու անտարբեր մարդը վայելք գտնելով կը մոռնայ իր տունն ու տեղը, հարազատները, Սեբաստիա, «Խենթ ելլալ», շատ սիրել, գուրգուրել, Պոլիս։
Ուշ-միջնադարուն տաղասաց Աստուածատուրը խենթացաւ երբ իր զաւակը տեսաւ անկենդան. «Էրէկ ես ուրախ էի, / միթէ տէր էի աշխարհիս, / խենթացայ ի մէջ ամէնի, / երբ որ զքեզ այդպէս տեսայ»։ Մարտիրոս Խարբերդցի երէցը, որ նախահայրն է հայկական երգիծական քնարերգութեան՝ ըսաւ. «Յաշխարհս այլ խենթ չկայ քան զիս»։ Ապա, լռութիւն։ Մինչեւ Պարոնեան, ո’չ մէկ տաղ, ո’չ մէկ տող խենթի եւ խենթերու մասին։
Յարգելի ընթերցող, 19-րդ դարուն, ձեզ կը վստահեցնեմ, Պոլիսը իսկական խենթանոց մը ըլլալու էր, քանզի այնքան առատ են այդ ածականին նուիրուած եւ անոր հետ ստեղծագործուած երկերու թիւը, որ բազմահատոր «Խենթարան» մը պէտք է բոլորը պարփակելու համար։ Նախ Պարոնեանը իմաստասիրեց այս բառով՝ «Սիրոյ վրայ խօսող ծերն ակնոց դնող կոյրէն աւելի խենթ է», ապա Մելքոն Կիւրճեանը. «Խենթերու մէջ ժամանակը հաշիւ չունի»։ Զապէլ Եսայեանը բացատրեց մեզի, թէ իր մանկութեան օրերուն ինչո’ւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ նկուղէն աղաղակներ կը լսուէին անդադար. «Այն ժամանակ իբրեւ յիմարանոց կը ծառայէր Նառլը Գափուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին նկուղը։ Խենթերը կը կապէին շղթայով եւ անոնց դաստակներուն եւ ոտքերուն լալէ կ’անցընէին։ Այդպէս՝ անոնք կը մնային կեղտի եւ կղկղանքի մէջ»։
Պոլիսը սրտագրաւ է յատկապէս իր առջեւ փռուած Իշխանաց կղզիներով։ Այդ պատճառով Մատթէոս Զարիֆեանը, «հի՜ն օրերուն, վա՜րդ օրերուն», Փրինքիփօ կղզիի ամառներէն ու սէրերէն զմայլած՝ գրեց քնարական խենթ տողեր. «Ես հոյակապ ու սիրելի խենթ մ՚եմ եղեր… Ահաւոր խենթ մըն եմ եղած ես… Ինչ խենթ յոյսերով կը լեցուիմ… Մութ, հեշտագին գիշերուան մէջ, մտածումս ծնունդ կու տար ամենախենթ ըղձանքներու»։ Տիկին Քլարա Զոհրապին ուղղած նամակներէն կը հասկնանք, թէ Գրիգոր Զոհրապը սիրավառ խենթ մըն էր. «Սիրական, անուշիկ, չի գտնուած աղուոր կնիկս, դուն կ՚ուզես ինծի խենթ ըսէ, կ՚ուզես խելօք… Գիտե՞ս որ սա վիճակիս մէջ, գործերուս մտմտուքիս մէջ, նեղութեանս, բարկութեանս մէջ քանի մը օրէ ի վեր ամենէն եւ էւել զիս տանջող բանը ի՞նչ է… Քեզ կարօտնալս… Ամէն վայրկեան ինծի անանկ կու գայ որ յանկարծ սենեակիս դուռը պիտի զարնես, ներս պիտի մտնես», Փարիզ, 1908։ Նոյն օրերուն Լեւոն Շանթը մեր գրականութեան պարգեւեց երկու փափուկ խօսք. «Գետակի խենթ ջուրերը… Խենթ օր մը անցուցի»։ Վահան Թէքէեանը, պղատոնական սիրահար, երկար տարիներ նաւարկեց առանց խարսխելու «պզտիկ ու մեծ շատ մը սէրերու», ապա նայեցաւ անցած տարիներուն ու զղջաց. «Ի՜նչ խենթ, խենթ էի - հասած եմ բաց ծով…»։
Այն օրերուն, երբ հայ հրատարակիչը խենթի պէս գիրք կը տպէր, «խենթ» բառն ալ շապիկի մը վրայ յայտնուելու պատիւին արժանացաւ։ Այդ վարդ օրերուն լոյս տեսան՝ «Խենթը ։ Արկածներ վերջին ռուս-թուրքական պատերազմից», Շուշի, 1881, «Խենթը ։ Մի խելօքի յիշատակարանից», Թիֆլիս, 1903, «Խենթ մշեցու խելացի խօսքեր», Պոլիս, 1909, «Խենթերուն բժիշկը ։ Կատակերգութիւն մէկ արար», Պոլիս, 1909։
Իսկ այժմ խոր յարգանքով յիշատակենք հայկական ռազմական եւ գրական կեանքի իսկական խենթը, «Խենթ» անունով յայտնի Սամսոն Տէր-Պօղոսեանը, «Խենթը» վէպի հերոս Վարդանի նախատիպը, ազգային ազատագրական պայքարի ծուռ ու խելայեղ մարտիկը, որ 1877-ի Յունիսին, քրտական տարազով ծպտուած ու «խենթ» ձեւանալով դուրս ելաւ Պայազետի պաշարուած բերդէն, օգնութիւն ապահովեց ու փրկեց բերդը։
Իսկ մէկ այլ օր, վարդ գարուն պէտք էր որ ըլլար, հայ քերթողը, որոնցմէ մէկն էր Սիամանթօ, տեսաւ վոհմակներ, լսեց աղաղակ, շնչեց ծուխ ու խենթացաւ, ապա աղաղակեց. «Իմ մտածումս պարտուածի սուգէ ու սարսուռէ ու սարսափէ անբուժելիօրէն խենթեցաւ… Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ, տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի… Ուրիշին ցաւը, ուրիշին կոծը զիս խենթութեան կը տանի»։ Պարոյր Սեւակը, նայեցաւ Կոմիտասի սառած դէմքին ու շշնջաց. «Դէ ե՜կ Վարդապե՚տ, / Ու մի՚ խենթանայ»։ Նոյն Սեւակն էր որ ըսեր էր. «Ուխտդ ուխտակա՜ն, ո՜վ սրբազան խենթ… Երբ չի մնում ելք ու ճար, / Խենթերն են գտնում հնար… Ես նայում եմ իմ ձեռքերին, / Այնպէս նայում, / Որ դիտողը ինձ կարող է խենթ համարել»։ Ապա բանաստեղծը հիւսեց ինքնակենսագրական թուացող միտքեր. «Իմ հոգին խելառ, խելագար ու խենթ… Տենչանքներ հազար դարձնում են ինձ խենթ… Պիտի կաշկանդուած իմ հոգին սուրայ, ինչպէս հողմը խենթ փոթորկի ժամին»։
Արեւելքը, ուրիշ մէկ աշխարհ, խենթերու մէկ այլ ներշնչարան է։ Եղիշէ Չարենցը, որ գրական երեկոյի մը ընթացքին կոչուած էր որպէս «Նայիրի երկրի խենթ սիրահարը», խօսեցաւ իր ներաշխարհի մասին. «Երբէք չէր եղել հոգիս այսքան խենթ»։ Իսկ յարգելի ընթերցող, արտօնեցէք որ ես ալ այսօր Վահան Տէրեանը հռչակեմ որպէս Ջաւախքի խենթը։ Ապացո՞յցն այս եզրակացութեան. անոր գրիչէն հոսած խենթ խօսքեր, թէ ի’նչ կեանք ապրեցաւ, ի’նչ բոցեր վառեցան իր հոգիի մէջ. «Խենթ հիացումով արբեցի նրա տանջող գգուանքում… Ես հասկանում եմ քո խենթ աչքերի հրեղէն լեզուն… Ունկնդիր եղայ հողմի խենթ երգին»։ Ապա Տէրեանը որոշեց, թէ ո’վ է ինքը. «Ես մի լուսնահա՚ր, ես մի խենթ լուսնո՛տ»։ Տէրեանի անզուսպ միտքը յղացաւ դեռ խօլական խօսքեր՝ «Քո խենթ մարմնի սարսուռները… Խենթ յուզումի անոյշ խօսքեր… Խենթ հեկեկանքով դռներն եմ թակում», ապա արտադրեց տենդոտ արտայայտութիւններ. «Խենթ բոցեր, խենթ տագնապ, խենթ կարօտ, խենթ մշուշ…»։
Երբ խենթ են օրերը ու չկայ ճար ու ելք, պէտք է ակնկալել խենթ բանաստեղծի մը երանելի գալուստը, ինչպէս Անի Հերունի Սաճեանի քերթողը՝ «…Մի խենթ պոետ՛ ով, արեւից պսակ հիւսել անգամ գիտի», որպէսզի ոգեշնչում եւ ոգեւորութիւն իջնէ մեր աշխարհ։ Այդպիսի «պոետ» էր Պաքուի մէջ հասակ նետած, հայկական գրականութեան արեւելեան պատշքամը հանդիսացող այդ քաղաքի մէջ աշուղ դարձած, ապա հայրենի Զանգեզուրի մէջ երգեր հիւսած Գուսան Աշոտը։ Ան «խենթ» ածականին վերադարձուց սէրը. «Բարձունք ելնող իմ խենթ սիրտը կրակ է, ի՞նչ անեմ, / Մէկ մոլեգնող, մէկ հանգիստ է, մէկ կարօտ է, ի՞նչ անեմ»։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Գուսան Աշոտի սիրուած մէկ գործով, որ խենթ սիրահարի երգն է.
Եար էս գիշեր ձեր տան մօտով
ես անցայ,
Շողքդ տեսայ մեր տան ճամբէն
մոռացայ,
Սէրդ այրեց, քեզ սպասելով
խենթացայ,
Լուսնի նման ամպի տակից դուրս արի,
Որ իմ սրտի սիրոյ հուրը չմարի։