ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խաղաղութիւնը արիւն կը պահանջէ

12Սեպտեմ­բե­րի կէս գի­շերին ան­գամ մը եւս ապ­րե­ցանք պա­տերազ­մի սար­սա­փը։ Ատրպէյ­ճան-Հա­յաս­տան սահ­մա­նի տա­րած­քին վրայ զա­նազան քա­ղաք­նե­րու դէմ ատրպէ­ճեան­ցի­ները մեծ տրա­մաչա­փի զէն­քե­րով յար­ձա­կում կա­տարե­ցին։ Գի­տենք թէ այս յար­ձա­կումնե­րը նա­խապէս ման­րա­մաս­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած կ՚ըլ­լան եւ կը մի­տին հա­կառա­կոր­դի հա­մար սար­սափ պատ­ճա­ռելու։ Այս ալ բա­ցառո­ւած չէ, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թիւնը նա­խորդ փոր­ձե­րով ծա­նօթ է այս գոր­ծո­ղու­թեան։ Որ­քան ատեն որ Հա­յաս­տան բո­լորո­վին ար­դար պատ­ճառնե­րով պի­տի մեր­ժէ իրեն պար­տադրո­ւած իբ­րեւ թէ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագի­րը ստո­րագ­րել, Ատրպէյ­ճան պի­տի շա­րու­նա­կէ այս բնոյ­թի յար­ձա­կումնե­րուն։

Միշտ հա­մոզո­ւած եղանք որ պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ տա­րակար­ծութիւննե­րը վե­րաց­նե­լու լա­ւագոյն մի­ջոցը քա­ղաքա­կան բնոյ­թով բա­նակ­ցութիւններն են։ Սա­կայն պէտք չէ մոռ­նալ թէ բա­նակ­ցութեան հա­մար անհրա­ժեշտ է կող­մե­րու երկխօ­սու­թիւնը։

Ներ­կայ դրու­թեան մէջ երկխօ­սու­թեան մա­սին խօ­սիլը այ­­լեւս անի­­մաստ դար­­ձած է, քա­­նի որ Ատրպէյ­­ճան 44 օրեայ պա­­տերազ­­մի յաղ­­թա­­­նակին ըն­­ձե­­­ռած բո­­լորի առիթ­­նե­­­րէն օգ­­տո­­­ւիլ եւ Հա­­յաս­­տա­­­նը պար­­տադրանքնե­­րով ծնկա­­չոք ընել կ՚ու­­զէ։ Ռազ­­մա­­­տենչ իշ­­խա­­­նու­­թեան մը քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը որ­­պէս, բո­­լորո­­վին հասկնա­­լի է Ատրպէյ­­ճա­­­նի վա­­րած ռազ­­մա­­­գարու­­թիւնը։ Իսկ մենք հա­­յերս նման մեր­­ձե­­­ցու­­մի դի­­մաց ու­­նինք միայն մէկ ել­­քի մի­­ջոց՝ որն է զի­­նեալ դի­­մադ­­րութիւ­­նը։

Դար­­ձեալ պատ­­մա­­­կան փոր­­ձե­­­րը բա­­զում ան­­գամներ ապա­­ցու­­ցած են որ, նման պայ­­մաննե­­րու տակ ամե­­նաանի­­մաստն է իբ­­րեւ թէ քա­­ղաքա­­կիրթ եր­­կիրնե­­րու դի­­մելով ահա­­զանգ հնչեց­­նել եւ փաս­­տել ջա­­նալ կա­­տարո­­ւած ոտնձգու­­թիւննե­­րը։

Ափ­­սոս որ այս վեր­­ջին յար­­ձա­­­կու­­մէն ետք Հա­­յաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետը իս­­կոյն վեր­­ցուց հե­­ռախօ­­սի ըն­­կա­­­լու­­չը, որ­­պէսզի Ռու­­սիոյ նա­­խագա­­հին տե­­ղեկաց­­նէ կա­­տարո­­ւածը։ Եւ ապա կրկին ան­­գամ վեր­­ցուց ըն­­կա­­­լու­­չը, այս ան­­գամ ալ Ֆրան­­սա­­­յի նա­­խագա­­հին եւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու ԱրտԳործ Նա­­խարա­­րին կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը պատ­­մե­­­լու հա­­մար։ Որ­­քան ալ վի­­ճելի թո­­ւի, պա­­հի թե­­լադ­­րա­­­ծը ընդհա­­կառակն է։ Այ­­սինքն ան­­ջա­­­տել հե­­ռախօ­­սակա­­պը եւ ար­­տերկրէն եկած հե­­ռախօ­­սազան­­գե­­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նել «Վար­­չա­­­պետը ճա­­կատ մեկ­­նած է, ձե­­զի հետ չի կրնար խօ­­սիլ» ըսե­­լու։ Այսպէ­­սով մի գու­­ցէ կան­­խած կ՚ըլ­­լանք իբ­­րեւ թէ քա­­ղաքա­­կիրթ եր­­կիրնե­­րու յար­­գարժան այ­­րե­­­րուն բա­­ցայայտ յար­­ձա­­­կու­­մը եւ նա­­խայար­­ձա­­­կը տես­­նե­­­լով հան­­դերձ կող­­մե­­­րուն զի­­նադուլ առա­­ջար­­կող տխմար ելոյթնե­­րը։ Յի­­շենք որ այդ ան­­բարտա­­ւան ելոյթնե­­րը որ­­քան կը ցա­­ւեց­­նէին մեզ եւ 44 օրեայ պա­­տերազ­­մին մեկ­­նարկած պա­­հէն սկսեալ միաբե­­րան կը կրկնէին նոյն կո­­չը առանց դոյզն իսկ տար­­բե­­­րու­­թիւն դնե­­լու յար­­ձա­­­կողին եւ յար­­ձա­­­կու­­մը դի­­մագ­­րա­­­ւողին մի­­ջեւ։

Այս տո­­ղերը գրե­­լու ժա­­մանակ ան­­շուշտ որ քաջ տե­­ղեակ ենք պա­­տերազ­­մով յոգ­­նած ու մա­­շած ժո­­ղովուրդին հո­­գեբա­­նու­­թե­­­նէն։

Խա­­բուա­­ծու­­թե­­­նէն բխող վա­­րանում մը կայ այդ ձանձրաց­­ման ետին։ Երե­­ւոյթ մը՝ որ թշնա­­մին ալ կը նկա­­տէ եւ ըստ այնմ կը ծրագ­­րէ իր յա­­ռաջըն­­թա­­­ցը։ Ահա­­ւասիկ հոն է որ ար­դիւնա­ւետ պի­տի ըլ­լայ միահա­մուռ զի­նեալ դի­մադ­րութիւ­նը, որ կան­խա­տեսած պի­տի չըլ­լար թշնա­մին։

Խա­ղաղու­թեան երաշ­խի­քը հա­կահա­րուա­ծի սաստկու­թեան հետ հա­մեմա­տուած է։ Որ­քան ատեն որ շա­րու­նա­կենք զի­ջողու­թեան դիրք պա­հել թշնա­մին ալ աւե­լի մեծ եռան­դով պի­տի գայ մեր վրայ։ Յի­շենք որ իրենցհա­շուոյն յաղ­թա­նակով աւար­տած 44 օրեայ պա­տերազմն ալ իր կար­գին Փի­րու­զեան յաղ­թա­նակ մըն է, որ ապա­հովո­ւած էր բազ­մա­հազար պա­տանին­նե­րու կեան­քի փո­խարէն։

Կա­րելի է ըսել թէ խա­ղաղու­թեան ձգտու­մը կը պա­հան­ջէ աւե­լի թէժ կռիւ­ներ։

pakrates@yahoo.com