Յարգելի ընթերցող, 145 տարի առաջ Վանայ մէջ տեղի կ՚ունենային անարդարութիւններ եւ մէկ ազգը կը փորձէր միւսին ստրկացնել։ Խրիմեան Հայրիկը ապշած նկատեց, թէ հզօր պետութիւնները հանդիսատեսի դերի մէջ են չէզոք, այդ օր Հայրիկը խոր խոցով շշնջաց. «Կատակ կ՚առնեն զմեզ», իր խօսքերով՝ «… Աշխարհիս ազատ եւ հզօրացեալ ազգեր կ՚այպանեն ծաղր ու կատակ կ՚առնեն զմեզ… »։ Հայրիկի ակնարկած «կատակ»ը ծիծաղելի չէր, այլ՝ գէշ երազ մը չար։ Ուստի, այսօր որոշեցի «կատակ» բառի կէս լուրջ կէս կատակ պատմութիւնը ձեզի զրուցել, որ դուք տեսնէք, թէ - կատակ չէ գրածս - , «կատակ» բառի պատմութիւնը շատ դառն է, աւելի արցունք կը պարունակէ, քան՝ ծիծաղ։ Այժմ սկսինք լեզուական եւ գրական ճանապարհորդութեան մը ու, ինչպէս Յակոբ Պարոնեան «Կսմիթներ» գիրքին մէջ ըսաւ՝ «Տեսնենք, սա կատակերգութեան վերջը ո՛ւր պիտի երթայ»։
Բնիկ հայկական բառ է «կատակ» գոյականը։ Բուն կը նշանակէ «խօսիլ, ըսել, անուանել, հաշուել»։ Չենք գիտեր, թէ ո՞վ էր հայոց «կատակահայրը», բայց լուրջ իրականութիւն է, թէ Աստուածաշունչի մէջ ան կը նշանակէր ծաղրանք, հեքնանք եւ նշաւակ։ Առակներու գիրքը կը խրատէ չկատակել աղքատներու հետ. «Որ կատակէ զաղքատով՝ բարկացուցանէ զԱրարիչ նորա»։ Նոյնը խօսած էր Խրիմեան Հայրիկը «Վանգոյժ» գիրքի մէջ. «Տէր բարձրեալ եւ ահարկու, դու կը հայիս եւ կը տեսնաս Երկնից պետական աթոռէդ, … զրկանաց դատաստան եւ իրաւունք միշտ քեզ կը թողումք գիտնալով որ անօգնական ազգին՝ միակ ապաւէն եւ զօրութիւն դու ես»։
Հայկական հնագոյն մատենագրութիւնը ունի «կատակ»ներու փոքրիկ բառացանկ մը. կատականք, կատակութիւն, խաղակատակ, խեղկատակութիւն, ծաղրակատակ, կատակագուսան եւ հացկատակ։ Դուք մի՛ նայիք, թէ վերջինը իր մէջ «կատակ» ունի, հացկատակը հաճելի երեւոյթ թէ, այլ՝ զզուելի, - նկատի ունիմ հացի համար շողորթող, ուրիշներու տունը փոր կշտացնող պնակալեզ մարդիկը։
«Կատակ» բառով շինեցինք իմաստուն արտայայտութիւններ. «Կատակը մէկ կողմ». առանց կատակի, լուրջ, «Կատակի դարձնել». խօսքը կամ գործը կատակի վերածել, «Կատակին տալ». կատակի փոխել։ Մեր նախահայրերը ըսին, «ընդ կատակս». կատակով, «Այպն ու կատակ առնել». ծաղրել ու այպանել։ Գուրգեն Մահարին օր մը գրեց. «Չէ, կատակը մի կողմ, ինչո՞ւ մենք պէտք է ունենանք... սիրային, աշխատանքային եւ հազար ու մի տեսակ երգեր, իսկ օրորոցային երգ՝ ոչ»։ Պատմավիպագիր Ծերենցը իմաստասիրեց. «Կատակը մէկը դի՜, ինչչափ ժամանակ դեռ սա կեանքը պիտի տեւէ»։
Կատակասէր ժողովուրդ ենք։ Այժմ ունինք՝ կատակաբան տղաներ, կատակաժպիտ աղջիկներ, կատակամոլ երեխաներ, կատակախառն հեգնանքներ, թեթեւամիտ կատակագիրքեր, հայկական բեմի նշանաւոր կատակերգակ դերասաններ, աշխարհահռչակ կատակերգութիւններ, ինչպէս նաեւ կատակ-երգեր։ Վերջիններու մասին կ’անդրադառնամ յօդուածիս աւարտին։ Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ հոգեւորական, երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետը, իր ճեմարանական աշակերտ Մեսրովբ Մարանջեանի վկայութեամբ, կատարեալ կատակախօս մըն էր. «Պաշտելու չափ կը սիրէինք մեր Հայր Սուրբը… Մանուկներու հետ արտասովոր բարեկամութիւն ունէր։ Չէ՞ որ ինքն ալ մանուկ էր հոգուով, պարզունակ, մաքուր բիւրեղ հոգուով եւ անմիջական… զուարթ, կատակախօս»։
Հայու համար քաղաքական դաշտը նեղ էր քրքջալիր զուարճանալու համար, դպրոցական միջավայրը եկաւ յարմար կատակներ զրուցելու։ Աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւնը յաճախ ծնունդ տուաւ զուարճալի պահերու։ Աշակերտը սիրեց իր դասատուին համար կատակերգեր եւ կատակախառն խօսքեր յօրինել։ Այսօր, չենք զարմանար, եթէ ուսուցիչը իր սրամիտ աշակերտի հետ հետեւեալ զրոյցները ունենայ.
Թուաբանութեան ժամուն.
-Մուրատ, ո՞ւր է տնային աշխատանքդ։
-Ինքնասպան եղաւ։
-Այսի՞նքն…
-Պարոն, գիտէք, ինքը շատ խնդիրներ ունէր, բայց լուծումներ չկային։
Ուշ-միջնադարուն, յարգելի ընթերցող, կատակը լուրջ պատիժ էր։ Ամէն իմաստուն տաղասաց կը սարսափէր այլոց կատակ դառնալէ։ Եղիա Բերկրցին զղջաց, որ օտարներու ծաղրանքին առարկայ դարձած է. «Ես այս չարեացս արժան եղէ, յանօրինաց կատակ եղէ»։ Կարապետ Բաղիշեցի երաժիշտ-բանաստեղծը զգուշացուց, թէ եթէ անտաղանդ է երգիչը, մարդիկ «ծիծաղելով առնեն կատակ»։ Մարտիրոս Ղրիմեցի բանաստեղծը օր մը ծաղրանքի առարկայ դարձաւ երբ իր հիւրերը մնացին սովւած. «Հաւ մի եփել ոչ կարացի, / Այլոց կատակ զիս արարի»։ Յակոբ Պարոնեանը, «կատակ» բառի պատմութեան մէջ առաջին անգամ, անոր տուաւ երանելի ու ծափահարելի վիճակ. «Նաւավարներն երբեմն գիւղիս մէջ անանկ կտակներ կ՚ընեն ազգին, որ կարծես թէ կատակ կ՚ընեն. նաւավարի մը ըրած կտակն մեր ամենէն հարուստներն իսկ չեն ըներ»։ Ապա, լռութիւն՝ մինչեւ Պարոյր Սեւակը։ Ըստ երեւոյթին, իրապաշտ եւ գեղապաշտ մեր հեղինակները կատակ վերցնելու տրամադրութիւն, կամ՝ կատակով զբաղելու ժամանակ չունէին։ «Կատակ» բառը երկար տասնամեակներ մնաց մունջ ու լուռ։
19-րդ դարուն, «կատակ» բառը իր միակ ժպիտը ունեցաւ հայկական գրատպութեան մէջ։ Բազմաթիւ են այն գիրքերը, որոնք ընթերցողներ զուարճացնելու համար հրատարակուեցան։ Այդ գիրքերու առաջինը լոյս տեսաւ Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի մէջ. «Խտրադիմայ դժրողութեան (բառացի՝ Դրուժանութեան մարմնացումը), որ է կատակերգութիւն իմն ի չորս գործս բաժանեալ», 1821, Կալկաթա։ Ծիծաղը փոխանցիկ ըլլալու է, այս գիրքին հետեւեցան այլեր. «Մոլորեալ ճամբորդը կամ վարժապետին կերակուրը ։ Կատակախաղ մէկ արարով», 1890, Պոլիս, «Նաֆթի ֆանտան ։ Կատակ մի արարուածով», 1896, Պաքու, «Կատակերգք Մոլիէրի ։ Հատոր առաջին», 1905, Զմիւռնիա։ 1943 թուականին ալ լոյս տեսաւ Վ. Սարոյեանի աշխարհահռչակ վէպը. «Մարդկային կատակերգութիւն»։
Հայը ունեցաւ նաեւ անուանի կատակախօս կատակերգակներ։ Մէկը Արցախի Աւետարանոց գիւղի մէջ ծնած, Վարանդայի իշխան Մելիք-Շահնազարի պալատական կատակաբան, զուարճալի զրոյցներու եւ առակներու հեղինակ Պըլը Պուղին էր (պըլը՝ խենթ, Պուղի՝ Պօղոս), իսկ միւսը՝ Գիւմրի քաղաքի շուկայի մէջ ձմեռուկ եւ սեխ վաճառող, առակներու, զուարճախօսութիւններու եւ սրախօսութիւններու հեղինակ, Աւետիք Իսահակեանի դասընկեր, ուրախ-զուարթ բնաւորութեան տէր, սիրուած Պոլոզ Մուկուչը (պոլոզ՝ բարձրահասակ, Մուկուչ՝ Մկրտիչ), որ, իմ լսելովս, կատակելու ժամանակ բնաւ չէր ծիծաղեր, իսկ լսողները ծիծաղէն ուշաթափ կ՚ըլլային։ Ի՞նչ պաշտօն ունէր կատակախօսը հայկական հասարակութեան մէջ։ Բարոյական պատգամ մը բոլորին։ Այս այրերու զուարճախօսութիւններն ժամանցի ու զաւեշտի հետ միասին ունէին խրատական, բարոյախօսական առողջ նպատակ՝ կը պարսաւէին տեղական կենցաղի արատաւոր ու թերի կողմերը։
20-րդ դարուն Պարոյր Սեւակն էր այն սակաւաթիւ բանաստեղծներէն մէկը, որ քերթուած գրեց «կատակ» բառով, անունը՝ «Մէկի կողմից երկու կատակերգ երեք աղջկայ վրայ»։ Բանաստեղծը շիկացած խոստովանեցաւ.
Երեք աղջիկ ինձ են սիրում,
ես՝ երեքին.
Մէկին՝ ի՛մ պէս,
Միւսին՝ ի՛նձ պէս,
Իսկ երրորդին էլ՝
ինձ նմա՛ն։
Հնարամիտ հայը երգն ալ վերածըց կատակի։ Հայկական երգարուեստը հարուստ է կատակ-երգերով։ Այնքան բազմաթիւ են անոնք, որ ունին իւրայատուկ տեսակներ, ինչպէս՝ բարեկենդանի կատակերգեր, սիրահար աղջիկ ու տղայի կատակերգեր, փեսայի ու զոքանչի կատակերգեր, հարսանեկան կատակերգեր, եւ այլն։ «Թագւորի՛ մեր, դու՛րս արի» հարսանեկան կատակերգը, -կատակ չէ-, ունի 18 տարբերակ։ Արցախի ամենէն սիրուած կատակ-երգերն են «Տմբլաչի Խաչան» եւ «Դռ դոփ-դոփ։ Հըւաքուալը վեր ծափ տան, / Ուրանց թափ տան մէ պար կեան, Սրտներենը վեր ասին, / Ըստուր–ընդուր, ըստուր–ընդուր բամբասին»։ Կոմիտասը, որ ինչպէս յիշեցինք յայտնի կատակախօս էր, ի՛նքն ալ գրեց կատակերգ մը՝ «Կոտ ու կէս»։ Շիրակի դաշտավայրի մէջ դեռ կը հնչեն «Թոն կու գայ» եւ «Վանայ Էկանք» կատակ-երկերը։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Ուրֆայի սիրուած զուգերգ-կատակերգով մը, որպէսզի հայը երբէք չմոռնայ ծիծաղը. «Տղայ ։ Արի գնանք, մեր մեծ բաղը / դէ հոյ նար, նար, նար, նար, / համ սէր անինք համ էլ խաղը / դէ հոյ նար, նար, նար, նար։ Աղջիկ ։ Դու էլ գիտես թէ տղայ ես / դէ հոյ նար, նար, նար, նար, / գօտի կապել դեռ չգիտես / դէ հոյ նար, նար, նար, նար»։