ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

6-7 Սեպտեմբերը երեկ եւ այսօր

Մօտ յի­սուն տա­րի քար լռու­թիւն տի­րած էր 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955 թո­ւի աղէ­տալի դէպ­քե­րու հան­դէպ։ Այդ սար­սա­փի ակա­նատես­նե­րը շշու­կով կը յի­շէին պա­տահած­նե­րը։ Իմ ման­կութեան յու­շե­րուն մէջ դրոշ­մո­ւած են զա­նազան դրո­ւագ­ներ, որոնք լսած եմ ըն­տա­նիքի այ­րե­րէն։ Վայ­րա­գու­թեան դէպ­քե­րու այդ սար­սա­փի պատ­կերնե­րը միշտ ալ կ՚աւար­տէին ծի­ծաղե­լի պա­տումնե­րով։ Օրի­նակի հա­մար կը յի­շուէր Հա­պէշ Սե­պու­հի կեր­պա­րը։ Սե­պուհ Սա­մաթիացի էր։ Դէպ­քի թո­ւակա­նին Ենի­շեհիր թա­ղը ձմե­րու­կի տօ­նավա­ճառ մը կը բա­նեց­նէր։ Լսե­լով կա­տարո­ւած­նե­րը, իս­կոյն կը սլա­նայ դէ­պի Թար­լա­պաշը ու աթո­ռակ մը ճա­րելով կը նստի իր ըն­կե­րոջ՝ «Հեր­մէ­թիկ Վա­րու­ժան»ի փակ խա­նու­թի մուտքին։ Մէջ­քի յա­թաղա­նը եւ իր խիստ հա­յեաց­քը ար­դէն բա­ւարար են մօ­տեցող խու­ժա­նը պահ մը կա­սեց­նե­լու հա­մար։ Ան­բութ կեր­պով մատ­նա­ցոյց կ՛ընէ կող­քի խա­նու­թը, որուն տէ­րը թուրք մըն էր եւ պախ­լա­ւա կը ծա­խէր։ Քա­նի մը վայրկեանը բա­ւարար կ՚ըլ­լայ որ ջար­դո­ւած ապա­կինե­րը թա­փին վա­ճառ­քի պատ­րաստ պախ­լա­ւայի աման­նե­րուն վրայ։ Իսկ Վա­րու­ժա­նի յա­ճախոր­դի յանձնե­լու պատ­րաստ սառ­նա­դարան­նե­րով լե­ցուն խա­նու­թը կը փրկո­ւի ըն­կե­րոջ զո­հողու­թեան ու քա­ջու­թեան շնոր­հիւ։

Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ այս ու նման անեկ­դոտնե­րով յի­շուող դէպ­քե­րու քա­ղաքա­կան վեր­լուծումն ալ խիստ մա­կերե­սային էր։ Կը պատ­մո­ւէր թէ օրուայ վար­չա­պետ Մեն­տե­րես ինչպէս ար­տա­սուեր է տես­նե­լով Փե­րայի վի­ճակը։ «Ան բո­ղոքի սահ­մա­նափակ ցոյց մը թե­լադ­րած էր, բայց վայ­րի ժո­ղովուրդը չա­փը փախ­ցուց»։ Եզ­րա­կացու­թեան նա­խադա­սու­թիւնն ալ ան­փո­փոխ էր՝ «Սո­խին անու­շը չըլ­լար»։

Թէեւ այ­սօր կը խօ­սինք ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին խօս­քի ազա­տու­թեան վե­րաց­ման մա­սին, բայց պար­տինք նշել թէ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ վախ ու սար­սա­փով յի­շուող 6-7 Սեպ­տեմբե­րի պա­տահար­նե­րուն մա­սին ալ այս նոյն կա­ռավա­րու­թեան օրօք սկսած ենք ազա­տօրէն ար­տա­յայ­տո­ւիլ։ Սա­կայն նիւ­թը թուրք ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­նե­րու, պե­տակա­նապաշտ տար­րե­րու հա­մար տա­կաւին բա­ւակա­նին ցա­ւեց­նող է։ Ինչպէս հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը, այս նիւ­թին ալ ար­ծարծո­ւիլը այդ մտայ­նութեան հա­մար թրքու­թիւնը նա­խատել կը նշա­նակէ։

Թե­րեւս իրա­ւացի է այս գերզգայ­նութիւ­նը, քա­նի որ­քան ալ պե­տական մար­միննե­րու կող­մէ ծրագ­րո­ւած ըլ­լան, եր­կու դէպ­քերն ալ վա­յելած են հա­սարա­կու­թեան մեղ­սակցու­թիւնը։ Մար­դիկ մէկ կողմ թո­ղելով ան­հա­տական խղճի թե­լադ­րա­ծը, մեծ ոգե­ւորու­թեամբ դուրս թա­փած են ներ­քուստ սնու­ցած ատե­լու­թիւնը օտար հա­մարո­ւածի հան­դէպ։

Դի­տելով երկրի մօտ ան­ցեալի դէպ­քե­րը, կա­րելի է են­թադրել թէ նման վայ­րա­գու­թեան նե­րու­ժը միշտ կազմ ու պատ­րաստ է Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մէջ։ Պար­զա­պէս թի­րախ­ներն են որ փո­խուած կ՚երե­ւին։ Ան­ցեալի քրիս­տո­նեանե­րուն ուղղեալ ատե­լու­թիւնը այժմ ուղղո­ւած է ալե­ւինե­րու, քիւրտե­րու, սու­րիացի կամ աֆ­ղանստան­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու։

Իսկ եթէ յան­կարծ կայ­ծա­կը հրդե­հի վե­րածո­ւի, ոչ ոք ապա­հով ու անվտանգ կը մնայ։

pakrates@yahoo.com