Իսկ Պատրիարք Հայրն ու արարողութեան մասնակից բոլոր սպասաւորները, նոյն երեկոյթեան օդային ճամբով վերադարձան Իսթանպուլ։
Շաբաթ մը առաջ յարգելի ընթերցող, «նազ» յօդուածի մէջ հանդիպեր էինք քնարական երգի մը, որ նուիրուած էր արքայապէս ննջող գեղեցկուհիին։ Այդ աղջնակը Հայաստան աշխարհն էր, մարտական ոյժերէն զրկուած մեր հայրենիքը։ Այդ ստեղծագործութեան հեղինակը, հայկական լուսաւորութեան ռահվիրաներէն Պաղտասար Դպիրը կ՚աղերսէր, որ այդ նազելին արթննայ իր բազմադարեան նինջէն ու ազատի օտարի լուծէն. «Ի ննջմանէդ արքայական, զարթիր, նազելի իմ, զարթիր»։ Այսօր կը պատրաստուինք անկախ Հայաստանի ծննդեան տարեդարձը տօնելու։ Սակայն, անցեալէն դասեր քաղած ըլլալով, թէ հայը պարտաւոր է աննինջ պահապաններ, աննինջ աչքեր եւ աննինջ միտքեր ունենալու, որոշեցի այս գիշեր մնալ արթուն ու զննել «նինջ» բառի պատմութիւնը, ու ձեզի զրուցել անոր գրական հէքիաթները, - եթէ չէք մտածեր անմիջապէս Մորփէոսի գիրկը մտնել։
«Նինջ» բառի ծագումը անյայտ է։ Բազմաթիւ ստուգաբան այրեր անքուն գիշերներ անցուցեր են անոր արմատը որոնելով։ Աւաղ՜, անոնց ջանքերը մինչեւ այսօր կը մնան ապարդիւն։
«Նինջ» բառը ունի բազմաթիւ իմաստներ. քունին նախորդող թմրութիւն, կիսաքուն վիճակ, քուն, անդորրութիւն, խաղաղութիւն, փոխաբերական իմաստով՝ թմրութիւն, իսկ «ննջել» բայը՝ դադրիլ, հանդարտիլ, մեռնիլ, վախճանիլ, Սուրբ Գիրքի մէջ՝ «մտանել առ կին», այլ խօսքով՝ «ննջել ընդ կնոջ»։
Ոսկեդարուն «նինջ» բառը պտղաբեր էր։ Ան խաղաղ ժամանակներ ունեցաւ բաղադրեալ բառեր, ածականներ եւ արտայայտութիւններ յղանալու։ Ուստի, հայկական հին մատենագրութեան խանձարուրին մէջ ծնունդ առին, մեծցան «ննջեմ» եւ «ննջեցուցանել» բայերը, «ննջարան» եւ «ննջասենեակ» գոյականները, ինչպէս նաեւ «ննջեցեալ» գոյականը, որ նաեւ ածական է։ «Նինջ» բառը մեր մայրենիին տուաւ նաեւ երկու ածական «դժուարանինջ» եւ «քաղցրանինջ», մանուկներու պարագային՝ մէկը տաժանելի ու սպառիչ, միւսը՝ սիրունատես։ Վերջինը խիստ հազուագիւտ է։ Սխալ մի՛ հասկնաք, նկատի ունիմ «քաղցրանինջ» ածականի գրական գործածութիւնը։ Պատմիչ Թովմա Արծրունիի աչքը, հազար տարի առաջ, մէկ անգամ հպեր է անոր. «Սենեակս ոսկեզարդս երեկօթիցն քաղցրանինջ քնով»։ Բառս հայոց լեզուին տուաւ նաեւ այն միակ բառը, որ միեւնոյն երեք բաղաձայնով շինուած է. «անննջելի»։
Միջնադարուն, երբ հայը ունէր անննջելի վահաններ, իշխաններ եւ գուսաններ, գրաբարախօս մեր նախնիները կը գործածէին պատկերաւոր արտայայտութիւններ. «Ննջել արտաքոյ» (դուրսը), «Ննջել բացօթեայ, ընդ աստեղօք», «Ննջել աչօք բացօք», «Ննջել ի Տէր», «Պաշտօն ննջեցելոց»՝ այսինքն յուղարկաւորութիւն, թաղման ծէսը։
Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան ժամանակ «ննջել» եւ անոր հետ շինուած բառերը 238 անգամ գործածուեցան։ Ահա Սուրբ Գիրքի մանր ընթերցում մը. «Ես ննջեմ, եւ սիրտ իմ արթուն կայ», «Այժմ հանդարտեալ դադարէի, եւ ննջեցեալ հանգչէի», «Մանուկն ոչ է մեռեալ, այլ ննջէ»։ Առակաց գիրքը կ՚ըսէ. «Մի՛ տար քուն աչաց, եւ մի՚ նինջ արտեւանաց քոց»։ Նոյն տասնամեակներուն Սահակ Պարթեւը գրեց. «Կուսածին մարմնով Քրիստոս… Արթուն բնութեամբ Արարիչն ամենեցուն, այսօր ննջէ ի մէջ մահացելոց»։ Գրիգոր Նարեկացին գիտէր, թէ ի՛նչ զարհուրելի բան է ծուռ ու գէշ աչքով քուն մտնել, ապա՝ արթննալ սարսափով. «Ննջեմ խեթիւ, եւ արհաւրօք զարհուրեալ զարթնում»։ «Մատեան»ի մէջ բանաստեղծը նաեւ ըսաւ. «Յաւազանէ կոչեցայ Արթուն, Եւ ես ի քուն մահու ննջեցի»։ Ապա եկան ուշ-միջնադարու տաղասացներ ու արտայայտուեցան անխաղաղ օրերու եւ վիճակներու մասին։ Յակոբ Թլկուրանցին նկարագրեց ութսունին հասած մարդը. «Շիւարեալ անձամբ, հանգիստ նա չունի, / Ո՚չ ի տւընջեան, ո՛չ ի գիշերի, / Ննջել ո՚չ կարէ, յաչքն քուն չունի»։ Ամիդ քաղաքի եպիսկոպոս, Միջագետքի առաջնորդ Մկրտիչ Նաղաշը, երբ ականատես եղաւ 1449 եւ 1469 թուականներու աւերիչ համաճարակներուն եւ հաւաքական գաղթերուն, հրաժարեցաւ բնութեան եւ սիրոյ տաղերու իր քնարէն, ու յօրինեց ողբեր. «Ողբ համօրէն ննջեցելոց», «Ողբ ի վերայ ննջեցելոց մանկանցն», «Ողբ ի վերայ ննջեցեալ ղարիպի, որ ի օտարութիւն մեռանի»։ Տաղասաց, երգիչ եւ երգահան Յովհաննէս Թլկուրանցին կը սարսափէր մահէն. «Է՜ մահ, զքեզ կու յիշեմ, / Կու դողամ ու կու սարսափեմ»։ Թլկուրանցին այդ տաղը կոչեց «Ողբ ննջեցելոց»։ Այլ տաղասացներ ու հոգեւորականներ «ննջել» բառը օգտագործելով հարստացուցին մեր հոգեւոր գանձարանը։ Ահա քանի մը անուն երգ ու շարական. «Գանձ ննջեցելոց», «Աղաչանք Մարիամու Աստուածածնին ի գիշերի պաշտպան ննջեցելոց», «Տաղ եւ մեղեդի ննջման Աստուածածնի», «Աղօթք վասն ննջման ժամուն»։ Հայը իր ննջեցեալի համար երգեց «Տէր, ողորմեա՛» ու մաղթեց որ Ամենասուրբ երրորդութիւնը տայ՝ «ննջեցելոց արքայութիւն»։
Զարմանալի է. բառս, որ միշտ արթուն էր ու յղացող, միջնադարէն մինչեւ 19-րդ դար մնաց խոր քունի մէջ։ Բայց օր մը, 1870 թուականն էր, Վաղարշապատի մէջ, Արարատ ամսագրի էջերէն ներս Յովհաննէս Մուշեղեանցի ստորագութեամբ լոյս տեսաւ բանաստեղծութիւն մը, որ բոլորին կը յորդորէր արթնութիւն.
«Շարունակ նինջ վատ է մահից»։
Չենք գիտէր, թէ բանաստեղծը նկատի ունէր հոգեւոր, թէ՝ քաղաքական արթնութիւնը։ Մատթէոս Զարիֆեանի գրիչին շնորհիւ առաջին անգամ իր կեանքի մէջ «ննջել» բառը դարձաւ քնարական. «Լերան սրինգը։ Ճերմակ թռչուն մը կարծես լուռ կը ննջէ / Կուրծքիս վէրքին վրայ թառած, ու աղուո՚ր / Շունչն իր կ՚ընէ զիս անդորր»։ Սիամանթոյի համար կար միայն մէկ ճշմարիտ աննինջ հայ. «Մեսրո՛պ, հայ դարերուն դիմաց կեցող՝ Դուն աննինջ հսկող»։ Աւետիք Իսահակեանի գրական հերոսն էր աննինջ. «Աբու-Մահարին… թռչում էր աննինջ»։ Վահան Տէրեանը գրեց գեղեցիկ տողիկ երբ հիւծած էր. «Իմ անվերջ ճամբի տանջանքից յոգնած՝ / Ես ննջել էի ոսկեղէն արտում»։ 1914 թուականին Ալէքսանդրապոլ լոյս տեսած «Նոր Ուղի» գրական ժողոուածուի մէջ «Պատանի» գրչանունը որդեգրած հեղինակը ստեղծեց «նինջ» բառով հիւսուած արձակներու ամենէն քնարականը։ «Մոռացումի վայրկեաններից» խորագրեալ այդ պատմութեան մէջ սիրահար զոյգը «վարսաթափ» ուռիներու տակ, ու «տժգոյն լուսնի շողերու ծոցի մէջ» նստած՝ կը փոխանակէ սիրոյ ջերմ խօսքեր եւ հիացմունքի քաղցր երգեր։ Ճիշդ այդ պահուն, «Նիրհօրօր զեփիւռը եթեր թեւերով այդ խօսքերը տանում էր անծայր հեռուներն ու քաղցրանինջ ծառերի տերեւների հետ հիւսում ոսկի հէքիաթներ»։ Թովմա Արծրունի պատմիչէն ի վեր «քաղցրաջինջ» բառը այսքան գեղեցիկ երբեք չէր հնչած։ Վազգէն Շուշանեանը խրատեց. «Մարմինդ կրնայ ննջել, հոգիդ, սակայն, պիտի արթուն մնայ»։ Իսկ նկարիչ եւ բանաստեղծ Արտաշէս Յունանեանը 1994 թուականին Անթիլիասի մէջ լոյս տեսած «Պահպանակ» հատորին մէջ ձայն տուաւ բոլոր «հայրենադաւ», «բազմամեղ» եւ «ինքնահաւան» հայորդիներուն ու ըսաւ. «Սթափուիր իսկոյն շահամոլ մտքիդ ահեղ ցնորքից / Եւ յիշի՛ր, յիշիր սուրբ նախնիներիդ / Մագաղաթագիր էջերը աննինջ»։
Հայկական գրատպութեան պատմութեան մէջ «նինջ» բառը ուեցաւ իր արթնութեան պահերը սակաւաթիւ. «Ժամագիրք ննջեցելոց», Վենետիկ, «Նախ մեռան յետոյ ամուսնացան կամ կենդանի ննջեցեալներ ։ Կատակերգութիւն 2 գործողութեամբ», Թիֆլիս, «Տիկինը կը ննջէ ։ Կատակերգութիւն մէկ արար», Կ. Պոլիս, «Մի ննջէք...», Պէյրութ։ Իսկ այժմ այդ բառը հայկական մամուլի մէջ կ՚երեւայ որպէս ողբանուագ խորագիր. «Կռուեց Արցախում ու յավերժ ննջեց», «Եռաբլուրում ննջեց մեր աչքի լոյսը»։
Հայը հարուստ է մայրական, կաթնաբոյր քնքոյշ երգերով, որոնք կը մեղմացնեն մեր աննինջ ցաւերը, խաղաղութիւն կը պարգեւեն բոլոր կարօտակէզ տանջուածներուն. «Ննջեա՛, որդեակ, քաղցր եւ անոյշ, հանգիր քնով եւ առ քեզ ոյժ, օրօր, օրօր»։ Գուսան Աշոտը սիրեց երազել իր Իշխանասարի «սուրբ» գրկին մէջ պառկած. «Երբ մի պահ ննջում եմ, հովերով թռչում եմ»։
Յարգելի ընթերցող, եթէ ձեր տան նորածինը դեռ աննինջ է, այժմ ձեզի մատուցեմ Փերիոյ Հադան գիւղի մէջ ծնած սիրուած աշուղ Մակարի «Ննջէ՛, բալե՛ս» օրօրոցայինը, յուսալով, թէ այս շնորհալի մեղեդին ձեր տան կը բերէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն.
Իմ տան ճրագ, լուս կանթեղի,
Սիրունատես ու գովելի,
Նոր վարդ, ծաղիկ աս սիրելի։
Լա՜յ-լա՜յ, ասեմ բալիս, լա՜յ-լա՜յ
Ննջէ՛, բալես, հանգիստ լա՜յ-լա՜յ։