ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յաջողած է նպատակը

Տարուայ օրերու իմաստները վերյիշելու համար կան զանազան միջոցներ։ Կարելի է օգ­տո­ւիլ զա­նազան մա­մու­լի մէջ լոյս տես­նող «պատ­մութեան մէջ այս օրը» խո­րագ­րեալ յու­շե­րէն։ Նոյնպէս կա­րելի է օգ­տո­ւիլ սե­փական մի­ջոց­նե­րով պատ­րաստո­ւած օրագ­րութե­նէ մը՝ ուր նոյնպէս նշո­ւած են յի­շելու ար­ժա­նի զա­նազան երե­ւոյթներ։

Մենք ու­նինք աւե­լի յա­տուկ եղա­նակ մը։ Ու­րիշներ ար­դէն նկա­տած կ՚ըլ­լան յի­շատակ­ման ար­ժա­նի թո­ւական­նե­րը եւ մեզ կը դի­մեն մեկ­նա­բանու­թիւն պա­հան­ջե­լով։

Այս շա­բաթ նոյն օրո­ւան մէջ հիւ­րընկա­լեցինք այս բնոյ­թի եր­կու լրագ­րո­ղական խումբեր։ Անոնք ճամբրուկներ բեռ­նած խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լեցին։ Այդ ճամբրուկնե­րու բեռն էր տե­սախ­ցիկներ, եռո­տանի­ներ, լու­սա­ւորու­թեան եւ ձայ­նագրու­թեան սար­քա­ւորումներ։ Իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տանք իր յատ­կութիւննե­րը ու­նի։ 5 կամ 10 վայրկեան տե­ւողու­թեամբ նկա­րահա­նու­մի մը նա­խապատ­րաստու­թիւնը կրնայ մէկ ժամ եւ նոյ­նիսկ աւե­լի աշ­խա­տու­թիւն պա­հան­ջել։ Իսկ շա­բաթուայ յի­շատակ­ման օրերն էին Խա­ղաղու­թեան Հա­մաշ­խարհա­յին Օրը՝ 1 Սեպ­տեմբեր ու 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955-ի պա­տահար­նե­րը։ Մա­նաւանդ այս երկրոր­դը վեր­ջին տա­րինե­րուն այնքան մեծ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած է որ այ­լեւս հետզհե­տէ անի­մաստ կրկնու­թեան երե­ւոյթ կը ստա­նան «ի՞նչ եղաւ», «ինչպէ՞ս եղաւ»ի նման հար­ցումնե­րը։ Նիւ­թին հետ հա­րեւան­ցի հե­տաքրքրու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը իսկ այ­լեւս իմա­ցան թէ այդ դժբախտ թո­ւակա­նին ին­չեր պա­տահե­ցաւ Պոլ­սոյ մէջ։

Բայց տա­կաւին ար­ժա­նի կեր­պով չէ քննար­կո­ւած թէ այդ կա­տարո­ւածը ի՞նչ հե­տեւանք ու­նե­ցաւ։ Կար­ծես այս պա­հուն ահա այս երկրորդ հար­ցումը շատ աւե­լի էական է։

Ամե­նապարզ բա­ցատ­րութիւ­նով կա­րելի է ըսել թէ 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955 թո­ւակա­նը Պոլ­սոյ թրքաց­ման խորհրդա­նիշն է։ Ճիշդ է որ Օս­մա­նեան կայսրը 1453 թո­ւակա­նին ար­շա­ւեց այս քա­ղաքը զայն վե­րածե­լով իր թա­գաւո­րու­թեան մայ­րա­քաղաք։ Բայց այդքա­նը բա­ւարար չէր որ Բիւ­զանդիոնի մայ­րա­քաղա­քը մէկ օրէն միւ­սը թրքա­ցած ըլ­լար։ Վեր­ջա­պէս քա­ղաքի բնակ­չութիւ­նը յոյ­ներն էին եւ նոյ­նիսկ թա­գաւո­րը փո­խուած ըլ­լայ, անոնք կը շա­րու­նա­կէին գո­յատե­ւել իրենց հայ­րե­նի երկրին մէջ։ Թէեւ Օս­մա­նեան սուլթա­նը քա­ղաքի բնակ­չութեան մէջ որոշ հա­ւասա­րակշռու­թիւն մը ապա­հովե­լու հա­մար բազ­մա­հազար հա­յեր տե­ղադ­րեց Պո­լիս եւ նոյ­նիսկ հիմ­նեց Պատ­րիար­քա­րան մը, քա­ղաքը յա­ջողե­ցաւ մին­չեւ 1955 պա­հել իր յու­նա­կան դի­մագի­ծը։

Կա­ռու­ցո­ւած մեծ մզկիթ­նե­րը, պա­լատ­նե­րը եւ ապա­րանքնե­րը բա­ւարար չե­ղան քա­ղաքի ու­րոյն դի­մագի­ծը փո­խելու հա­մար։ Օս­մա­նեան կայ­սրե­րու հա­մար կա­րեւոր եղա­ծը իրենց տի­րապե­տու­թիւնն էր, այլ ո՛չ թէ քա­ղաքի ոգին։ Այդ մա­սին մտահո­գու­թիւննե­րը աւե­լի յստա­կացան հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին, երբ եր­բեմնի բազ­մազգի եւ բազ­մամշա­կու­թա­յին կայսրու­թիւնը կը վե­րածո­ւէր ազ­գա­յին պե­տու­թեան։ Այն ատեն էր որ խստիւ կ՚ար­գի­լուէր քա­ղաքի պատ­մա­կան անու­նին Կոս­տանդնուպո­լիսին գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Բայց նոյնն էր, քա­ղաքը յա­ջողած էր պա­հել իր պատ­մա­կան դի­մագի­ծը։

Մինչ այդ հա­զիւ մէկ մի­լիոն բնակ­չութիւն ու­նե­ցող քա­ղաքի մէջ հայ, յոյն եւ հրեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը աւե­լի քան 300 հա­զար բնակ­չութիւ­նով լուրջ հա­մեմա­տու­թիւն մը կը կազ­մէին։ Եր­կօ­րեայ վայ­րա­գու­թիւնը ճա­կատագ­րա­կան եղաւ եւ անցնող 60 տա­րինե­րու ըն­թացքին պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րով 16 մի­լիոն քա­ղաքա­ցիներ մէկ­տե­ղող ոս­տա­նի մէջ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու միաս­նա­կան թի­ւը հա­զիւ թէ հաս­նի 100 հա­զարի։

6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րը պե­տական դա­ւադ­րութիւն մըն էին եւ յա­ջողե­ցան իրենց նպա­տակին մէջ։

pakrates@yahoo.com