ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Նազ

Փարթամ կնոջ պչրան­քը… Պա­րու­հիի քմայ­քը… Նո­րելուկ աղ­ջի­կի ծեք­ծե­քու­մը… Օրիոր­դի­կի մը չկա­մու­թիւնը… Նո­րահար­սի սի­գան­քը… Պար­մա­նու­հիի չեմ ու չում անե­լը… Չէ, յար­գե­լի ըն­թերցող, մարդկա­յին նկա­րագիր­նե­րու նո­ւիրո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սի մը դի­ման­կարներ չեն ասոնք։ Բայց եթէ կ’ու­զէիք հո­գեկան այս բո­լոր վի­ճակ­նե­րը մէկ բա­ռի մէջ ամ­փո­փել՝ կը թե­լադ­րէի, որ դուք օգ­տա­գոր­ծէք «նազ» բա­ռը։ Այ­սօր ձե­զի կը ներ­կա­յաց­նեմ այդ օտա­րակա­նը, քաղցրա­լուր բառ մը, որ նա­զելա­ճեմ ոտ­քով մտաւ հա­յոց աշ­խարհ, հմա­յեց մեր բա­նաս­տեղծներն ու աշուղնե­րը ու գրա­ւեց անոնց սիր­տե­րը, ինչպէս Սա­յաթ Նո­վայի գո­վեր­գած Նա­զանին, որ խա­բով կը գրա­ւէր նա­ւեր։

Իրա­նական փո­խառու­թիւն է «նազ» բա­ռը, ناز‎։ Ան բուն կը նշա­նակէ քմայք եւ հա­ճոյք։ Ըստ երե­ւոյ­թին, ան ցան­կա­լի էր բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րու հա­մար ու դար­ձաւ ամե­նազ­գի բառ. վրա­ցերէն ნაზი (նա­զի), օս­մա­ներէն ناز‎ (նազ), յու­նա­րէն νάζι (նա­զի), ալ­պա­ներէն naz եւ naze, ռու­մա­ներէն nazuri։

Հի­ներու մօտ, ոս­կե­դարեան գրա­բարի մէջ գո­յու­թիւն չու­նի ան։ Իր իմաս­տին հա­մաձայն, ան հա­յոց մայ­րե­նին մտաւ քնքոյշ ու դան­դաղ քայ­լե­րով։ Միջ­նա­դարուն ան սեղ­մո­ւեցաւ մեր գրկին մէջ։ Հեզ էր ու հնա­զանդ։ Որ­պէս բայ ըն­դունե­ցաւ «նա­զիմ» եւ «նա­զաբա­նել» (պար­ծանքով խօ­սիլ) ձե­ւերը։ Ապա ստա­ցաւ ածա­կանի զար­մա­նազան, նուրբ ձե­ւեր՝ յա­ճախ յայտնո­ւելով մեղմ աղջկան փէ­շին տակ։ Իրօք «նազ» բա­ռը իգա­կան պատ­կեր ու­նի հա­յոց լե­զուի մէջ։ Սի­րու­նա­տես են «նազ» ընող մեր բա­ռերը. նա­զագեղ, նա­զաճեմ, նա­զանք, նա­զաքայլ, նա­զելա­գեղ, նա­զելաժ­պիտ, նա­զելաշ­նորհ, սի­գանազ, գե­ղեց­կա­նազ։ Օր մը շքա­ցաւ «նազ» բա­ռը ու մե­զի շնոր­հեց պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւններ։ Ով­քե՞ր եւ ի՞նչ բա­ներ չար­ժա­նացան այդ ածա­կանին։ Ահա հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան էջե­րէն առ­նո­ւած հինգ պատ­կերներ. նա­զելա­շուք դուստր, նա­զելա­շուք օրիորդ, նա­զելա­շուք Մար­մա­րա, նա­զելա­շուք եղե­ւին­ներ, նա­զելա­շուք սի­րու­հու հեւք ու յուշք։ Հա­յը նկա­տեց, թէ «նազ» բա­ռը լաւ կը քա­լէ «ճե­մել» բա­յին հետ՝ յօ­րինե­ցինք գրա­կան նո­րանոր պատ­կերներ. նա­զելա­ճեմ պար, նա­զելա­ճեմ հարս, նա­զելա­ճեմ քա­լուածք, նա­զելա­ճեմ ոտք, նա­զելա­ճեմ սի­րամարգ։

Վա­նայ ծո­վու նա­զելա­շուք հա­յելին դի­տելով Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին ստեղ­ծեց «նազ» պա­րու­նա­կով մեր առա­ջին ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «Նա­զելի պար­կեշտու­թիւն», «Նա­զելի քա­հանա­յու­թիւն», «Նա­զելի նշան», «Բան նա­զելի», «Նո­ւէր նա­զելի», «Աղաւ­նին յա­ւէտ բար­գա­ւաճեալ գե­ղեց­կա­զար­թութեամբն երե­ւելի նա­զելի»։

«Նազ» բա­ռը իր ծանր կե­ցուած­քով բազ­մա­թիւ հո­մանիշ հա­մակիր­ներ հա­ւաքեց իր շուրջ. պատ­կա­ռելի, պան­ծա­լի, պաշ­տե­լի, պար­կեշտ, մե­ծավա­յելուչ, մե­ծար­գոյ, նո­ւիրա­կան ու շքեղ։ Ապա դար­ձաւ դար­ձո­ւածք. «Նազ ծա­խել»- հպար­տա­նալ, մե­ծու­թիւն ցոյց տալ, «Նա­զը քա­շել»- մէ­կու մը նազկտե­լուն համ­բե­րել։ Որ­պէս անոյշ հնչող բառ, դան­դա­ղօրէն դար­ձաւ հա­յու­հի­ներու ցան­կա­լի անձնա­նուն. ԺԳ. դա­րուն՝ Նա­զուտ, ԺԴ. դա­րուն՝ Նազ­մե­լիք, ԺԵ. դա­րուն՝ Նա­զիկ, Նազ­խա­թուն, ԺԶ. դա­րուն՝ Նազ­լու, Նա­զուկ, Նա­զեքար, Նա­զան­դար, իսկ ԺԷ. դա­րուն՝ Նազ­լում, Նազ­լուխան։ Իր գե­ղեց­կութեամբ, ինչպէս նաեւ եր­գե­լու եւ պա­րելու ար­տա­սովոր տա­ղան­դով ալ ան դար­ձաւ Բա­կուր Սիւ­նի իշ­խա­նի հարճ, Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի գրա­կան հե­րոսու­հի՝ Նա­զենի­կը։ Իսկ Հայ­կա­կան Լեռ­նաշխար­հի մէջ զա­նազան բնա­կավայ­րեր ցան­կա­ցան «նազ» ու­նե­նալ իրենց անու­նին մէջ. «Նա­զաջուր», Կար­նոյ մէջ Հա­սան­քա­լա գիւ­ղա­քաղա­քի մօ­տակայ­քը, Արաք­սի ձա­խակող­մեան վտա­կի վրայ գիւղ, «Նա­զելի», Գե­ղամայ լեռ­նաշղթա­յի լեռ­նա­գագաթ, «Նա­զիկ», Բա­ղէշ քա­ղաքի Խլաթ գիւ­ղա­քաղա­քի մէջ գիւ­ղակ, «Նա­զիկ, Նա­զուկ», քաղցրա­համ, հան­դարտ ջու­րով լիճ՝ Վա­նայ լի­ճի հիւ­սիս-արեւմտեան կող­մը։

«Նազ» բա­ռը, չենք գի­տեր, թէ իր ոս­կե­թել տա­րազի շրշիւնն էր պատ­ճա­ռը, թէ՝ դաւ­շեայ հո­ղաթա­փերու քայլքը՝ հան­դարտ բազ­մե­ցաւ մե­տաք­սեայ բար­ձիկնե­րու վրայ ու ներշնչեց սի­րավառ աշուղնե­րու քնա­րը։ 1550 թո­ւական­նե­րուն, Նա­զիկ լի­ճէն ո’չ շատ հե­ռու, Վա­նայ ծո­վու միւս կող­մը, Ար­ճակ լի­ճի ափե­րուն իր եարը գո­վեր­գած աշուղ Նա­հապետ Քու­չա­կը եր­գեց.

Խալ­տե­ցայ, խա­լատ մ՚արի,

Ան գէ­շէն պա­գիկ մ’ու­զե­ցի.

Ան գէշն ալ ի նազ ելաւ,

Չե՛մ ի տար, անունս աւը­րի։

Տա­ղասաց Նա­ղաշ Յով­նա­թանը, Սա­յաթ-Նո­վայի նա­խոր­դը եւ հո­գեշնչող վար­պե­տը, 1700-նե­րուն, սե­ւաչեայ գե­ղեց­կուհի մը դի­տելով եր­գեց. «Նա­զելի ծա­ղիկ, տամ քե­զի բա­րեւ / Ետ բաց երե­սիդ վրայ չար­շաւն (լա­չակը)... Նոր փռո­ւած վար­դի նման ես / Ափ­սոս որ խիստ շատ նազ կ’անես»։ Սա­յաթ- Նո­վան, սի­րաբա­նեցաւ «նազ» բա­ռի հետ. «Մո՛ւտ բաղ­չէն նա­զով, քիզ գո­վիմ սա­զով, եար, իլ­թի­մազով…, Սա­յաթ-Նո­վա, նազ­լու յա­րին գնած նո­քարի նման իս…, Թէ խամ հաք­նիս, թէ զար հաք­նիս, կու շի­նիս ղու­մաշ, նա­զանի / Էն­դու հա­մա քո տես­նողն ասում է. վա՜շ, վա՜շ, նա­զանի…, Արի­վիլք, արիւ­մուտ, հա­րաւ ու հիւ­սիս / Չկայ քի­զի նման չա­փով, նա­զա՚նի»։

Պոլ­սոյ մէջ, Պոս­ֆո­րի ափե­րուն, Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը յօ­րինեց հա­զաճ­կուն գրա­կան պատ­կերներ. «Գնաս նա­զով ճե­մական…, Ճե­մես ճօ­ճաս ՚ի նազ սի­գական…, Նա­զելի վարդն իմ պա­տուա­կան»։ Քէօմիւրճեանէ յի­սուն տա­րի յե­տոյ, ար­քա­յական նոյն քա­ղաքի մէջ Պաղ­տա­սար Դպի­րը յօ­րինեց զար­մա­նալի երգ մը՝ «Զար­թիր, Նա­զելի»։ Առա­ջին հա­յեաց­քէն ունկնդիր­նե­րը կ’ու­նե­նային այն տպա­ւորու­թիւնը, թէ եր­գը նո­ւիրո­ւած է գե­ղեց­կուհիի մը։ Մինչդեռ, այ­լա­բանա­կան այս ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ գո­վեր­գուած նա­զելին Հա­յաս­տան աշ­խարհն էր։ Բա­նաս­տեծ հո­գեւո­րակա­նը, հայ­րե­նիքին դի­մելով որ­պէս նա­զելի սի­րու­հի՝ կ’աղեր­սէ, որ ան արթննայ իր ար­քա­յական քու­նէն եւ ազա­տի օտա­րի լու­ծէն.

Ի ննջմա­նէդ ար­քա­յական

Զար­թի՛ր, նա­զելի՚ իմ, զար­թիր,

Եհաս (հա­սաւ) նշոյլն արե­գական,

Զար­թի՚ր, նա­զելի՚ իմ, զար­թիր։

Պաղ­տա­սար Դպի­րը ու­նէ՛ր նաեւ սի­րային տո­ղիկ­ներ։ Ահա օրի­նակ մը. «Իմ նա­զելի սի­րուն սի­րասուն, մի՚ մոռ­նար զիս, / Իմ աչաց լոյս, սրտի բերկրու­թիւն, մի թո­ղուր զգե­րիս»։

19-րդ դա­րուն բառս, բա­րեխիղճ հո­գի, գի­շեր էր, չմեր­ժեց հայ բա­նաս­տեղծի աղեր­սը, հիւր եկաւ անոր, լա­լու չափ եր­ջանկա­ցուց զայն, սեղ­մո­ւեցաւ անոր գրկին մէջ, շօ­շափեց երե­սը աննշմար, երակ­նե­րը լե­ցուց քաղցր շունչով։ Այդ գի­շեր յղա­ցան քնքոյշ տո­ղիկ­ներ. «Ճա­ռագայ­թը արե­ւէն փրթած խար­տեաշ մազ նրբին՝ պայ­ծառ կը ծա­գի՝ ծա­ծանե­լով թոյլ նա­զով», Ար­շակ Չօ­պանեան, Փա­րիզ, 1908, «Ո՜վ նա­զելա­ճեմ, դու ձիւն սպի­տակ», Կա­րապետ Ոս­կեան, Պո­լիս, 1911, «Վեր­նա­յարկ պատշգա­մին վրայ շող­շո­ղաց նա­զելա­շուք դէմք մը, լիակա­տար լուսնկա­յին պէս պայ­ծառ», Վ. Մ. Քիւրքճեան, 1924, Նիւ Եորք, «Շի­րազի վար­դի ան­մար նա­զովն է / Շող պատ­կե­րը քո» Ալ­մաստ օպե­րա, «Այնպէս նա­զիկ, այնպէս թե­թեւ, / Այնպէս օրօր քայ­լում ես դու», Վա­հան Տէ­րեան, «Երգս լսիր, քեզ եմ ձօ­նել, / Հա­զար ու մէկ նա­զով աղ­ջիկ», Գու­սան Իգիթ։ Նա­զիկ տո­ղեր յայտնո­ւեցան նաեւ Կիւմրի քա­ղաքի մէջ՝ Աւե­տիք Իսա­հակեանն էր հե­ղինա­կը, որ կը սի­րէր ֆայ­տոն նստած եր­գեր ածել. «Քնքոյշ հո­վիկ, իմ նա­զելուց քաղցր բուրմունք հետդ բե՚ր…, Քոյր իմ նա­զելի, նա­յիր քո դի­մաց վի­րաւոր, աւեր սիրտս եմ բա­ցել…, Նազ մի՚ անիր, նա­զիդ մա­տաղ…, Ան­գին եարիս լոյս երե­սին կա­րօտ եմ, / Նա­զուկ մէջ­քին, ծով-ծա­մերին կա­րօտ եմ»։ Իսկ Կո­միտաս վար­դա­պետը գրա­ռեց եւ յօ­րինեց տո­ղեր, որոնք ու­նէին գեղջկա­կան համ ու հոտ. «Նա­զով կը գաս յու­շիկ, նու­շիկ…, Քյա՚ նա­զերով, քյա՚ խո­րոտիկ, վի՞րն ես տյու…, Նազ կու էնեմ, նազ կու էնեմ, նազ, տղայ, Նազ մի՚ անիր, նազ մի՚ անիր, նազ աղ­ջիկ…, Աղ­ջի՛, անու­շիկ նա­զեր, խելքս տա­րաւ քու մա­զեր…, Աղ­ջի նա­զերով, շէկ-շէկ մա­զերով…, Գե­րեցիր ին­ձի հա­զար նա­զերով…, Նա­զան, դու բա­րով եկար, կա­նաչ սա­րերով եկար»։

Քիչ չեն այն եր­գե­րը, որոնք «նա­զեով են հիւ­սո­ւած. «Նազ մի անի», «Նազ աղ­ջիկ», «Նա­զան իմ եարը», «Անցնում ես նա­զով», «Եար քե­լէ նա­զով»։ Ո՞վ չէ լսած Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի խօս­քե­րը, որոնք ար­ժա­նացած էին եր­գա­հան Խա­չատուր Աւե­տիսեանի քաղցր եղա­նակին. «Նա­զով աղ­ջիկ, / Թուխ մա­զով աղ­ջիկ, / Ծա­ղիկ ես չթա­ռամես, / Մու­րա­զով աղ­ջիկ», կամ Գու­սան Շե­րամի ու­րախ եր­գը, որ ու­նէր գար­նան ժպիտ իր դէմ­քին. «Նա մի նազ ու­նի, / Նազ ու­նի, նազ ու­նի, / Ձեռ­քին սազ ու­նի, / Սազ ու­նի, սազ ու­նի»։ Իսկ ես այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը փա­փաքիմ ձե­զի հրա­ժեշտ տալ «նազ» եր­գե­րու ամե­նէն նա­զելիովը՝ Գու­սան Աշօ­տի «Սա­րի սի­րուն եար» եր­գով, որ մե­խակ­նե­րով լի զամ­բիւղ մը ձեռ­քին՝ ծո­ւարե­ցաւ հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տի գիր­կը, ու կէս դա­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կէ մեր քիմ­քե­րը շո­յել ու մեր երակ­նե­րը սի­րոյ կրա­կով լեց­նել.

Հա­զար նա­զով, եար, հո­վերի հետ եկ,

Ծա­ղիկ փնջե­լով՝ սար­ւո­րի հետ եկ,

Սեւ ձիուս վրայ ձեր գիւղն եմ եկել,

Դուռդ փակ տե­սել, մո­լոր մնա­ցել։

Սա­րի սի­րուն եար, սա­րի մե­խակ բեր,

Ա՜խ, չէ ի՞նչ մե­խակ, սի­րոյ կրակ բեր։