ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Տեղ

Ինչե՜ր չտե­ղացին քա­ղաք­նե­րու, քա­ղաքա­գէտ­նե­րու եւ քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու վրայ… հուր ու ծծումբ, քար ու քննա­դատու­թիւն։ Մութ եր­կինքէն, մեր բա­նաս­տեղծնե­րը վկայ, տե­ղացին նաեւ փամ­փուշտ ու շանթ, կա­պար, կար­կուտ ու մո­խիր… Բայց եղան նաեւ ու­րիշ օրեր՝ բաց եղան եր­կինքի դու­ռե­րը ու մեր դաշ­տե­րու վրայ, սիր­տե­րու մէջ տե­ղացին մար­գա­րիտ, ոս­կի ու վարդ։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, զար­մա­նալով, թէ ինչպէ’ս եռա­տառ միավանկ մը յա­ջողեր է իր մէջ պա­րու­նա­կել մար­դու բո­լոր ու­րա­խու­թիւններն ու փլու­զումնե­րը, որո­շեցի այ­սօր զրու­ցել «տեղ» բա­ռի վրայ ու հասկնալ թէ ե’րբ եւ ինչպէ’ս ան տե­ղաւո­րուեր է մեր մայ­րե­նիի մէջ ու ի’նչ տեղ գտեր է մեր գրա­կան դաշ­տի վրայ։

Ըստ մեր ստու­գա­բան այ­րե­րու, «տեղ» բա­ռը կա­թեր է ասո­րերէն «տա­ղա» բա­ռէն, որ կը նշա­նակէ «ցօղ»։ Նոյնպէս՝ եբ­րա­յերէն «տաղ» բա­ռը կը նշա­նակէ «ցօղ» եւ «անձրեւ»։

«Տեղ» բա­ռի հա­յոց մայ­րե­նի լե­զուի մուտքը եղաւ ար­քա­յական։ Մով­սէս Խո­րենա­ցին «Պատ­մութիւն Հա­յոց» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ նկա­րագ­րեց Ար­տա­շէս ար­քա­յի եւ ալան­նե­րու ար­քա­յադուստր Սա­թենի­կի հարսնի­քը. «Տե՜ղ ոս­կի տե­ղայր ի փե­սայու­թեան Ար­տա­շէսի, / Տե­ղայր մար­գա­րիտ ի հարսնու­թեան Սա­թին­կան»։ Աս­տո­ւածա­շունչի առա­ջին թարգմա­նու­թեան, Ագա­թան­գե­ղոսի եւ Փար­պե­ցիի աշ­խա­տասի­րու­թիւննե­րու մէջ առա­տացաւ անոր գոր­ծա­ծու­թիւնը «Տե­ղաս­ցէ ի վե­րայ մե­ղաւո­րաց որո­գայթ, հուր եւ ծծումբ», «Տե­ղաց հուր եւ ծծումբ յերկնից եւ կո­րոյս զա­մենե­ւին»։ Այս խօս­քե­րու պատ­ճա­ռով բառս մաս կազ­մեց դար­ձո­ւած­քի մը. «Հուր եւ ծծումբ թա­փել»՝ խստա­գոյն պա­տիժ, աղետ հասցնել։ Մեր լե­զուն այ­սօր ու­նի նաեւ քա­նի մը բա­ղադ­րեալ բառ՝ երկնա­տեղաց, կրա­կատե­ղաց, տե­ղատա­րափ։ Ըստ երե­ւոյ­թին «տե­ղատա­րափ» բառն է ամե­նէն ժո­ղովրդա­կանու­թիւն վա­յելո­ղը, քան­զի հա­մեր­գասրահ­նե­րու մէջ տե­ղատա­րափ կ՚ըլ­լայ ծա­փող­ջիւննե­րու, հրա­պարակ­նե­րու վրայ՝ բո­ղոք­նե­րու, սրտի խօս­քե­րու մէջ՝ օրհնու­թիւննե­րու, մա­մու­լի մէջ ալ՝ քննա­դատու­թիւննե­րու… Հայ­կա­կան մա­մու­լի մէջ խօսք կայ նաեւ տղա­ները դաս­տիարա­կելու մա­սին. «Տղուն կրթու­թիւնը ստանձնող ան­ձը անդրա­դառ­նայ որ տղան սուտ կը խօ­սի խստիւ յան­դի­մանու­թիւններ կը տե­ղայ, պա­տիժ­ներ»։

«Տեղ» բա­ռը պատ­կա­ռելի տեղ գրա­ւեց հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան մէջ։ Սիր­տը եւ աչ­քե­րը թաց բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղծներ հիաս­քանչ տո­ղեր ստեղ­ծե­ցին «տեղ» բա­ռի գրա­կան պատ­կերնե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով։ Անոնց ռահ­վի­րան կա­րելի է հա­մարել վե­րանո­րոգո­ւող հայ դա­սական բա­նաս­տեղծու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ, բա­նաս­տեղծ, եր­գա­հան, երի­տասարդ տա­րիքին Էջ­միած­նի միաբան, ապա Ղրի­մի, Պոլ­սոյ, Ադ­րիանա­պոլ­սոյ եւ Ար­մա­շի նո­ւիրակ, իսկ խոր ծե­րու­թեան մէջ Նի­կոմե­դիոյ թե­մի առաջ­նորդ Պետ­րոս Ղա­փան­ցի հո­գեւո­րակա­նը, որ յայտնի է իր սի­րային այ­լա­բանա­կան տա­ղերով։ Հե­տեւեալ տո­ղիկ­նե­րը իրենց մէջ կը պա­րու­նա­կեն զգա­ցումնե­րու տե­ղատա­րափ մը. «Տե­րեւա­թափ սաս­տիկ հողմն մինչ գայ առ քեզ հա­սանի… / Ցաւքն յա­մենուստ ի վե­րայ իմ տե­ղայ, որ­պէս հո­սանքս / Ի՜մ աննման վա՜րդ, վա՜րդ, / Պար­ծանք գար­նան, վա՜րդ, վա՜րդ. / Տե՜ս, թէ զիա՜րդ կի­զանիմ»։

19-րդ եւ 20-րդ դա­րերուն բազ­մա­թիւ գրիչ­ներ ան­ձի եւ ազ­գի յու­զումնե­րը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու մէջ տե­ղադ­րե­ցին «տեղ» բա­ռը. «Բա­րակ, քնքուշ անձրեւ մըն է որ կը տե­ղայ… Բա­րակ, հան­դարտ անձրեւ մը կը մա­ղուի, կը տե­ղայ անընդհատ», Գե­ղամ Բար­սե­ղեան, «Ճամ­բան եր­կու կող­մի թու­փե­րէն չոր տե­րեւ­նե­րու անձրեւ մը կը տե­ղայ», Ժագ Սա­յապա­լեան (Փայ­լակ), «Եւ ահա յան­կարծ, բա­րերար անձրե­ւը կը սկսի տե­ղատա­րափ թա­փիլ մրկած հո­ղերու հետ մրկած սրտե­րու վրայ», Աւե­տիս Թէր­զի­պաշեան, «Տե­ղացին վիթ­խա­րի ռումբեր։ / Ու ռումբե­րը— ար­նա­կեզ եր­գով / Պայ­թե­ցին ու­ղե­ղում իմ մութ», Եղի­շէ Չա­րենց, «Արե­ւը ոս­կի տե­ղաց Արա­րատի գա­գաթին», Աք­սել Բա­կունց, «Գա­րուն-1992…Գար­նան առա­ջին ամպրո­պի փո­խարէն ար­կեր ու ռումբեր պայ­թե­ցին եւ փամ­փուշտնե­րի յոր­դա­ռատ անձրեւ տե­ղաց», Յով­հաննէս Գրի­գորեան։ Սիաման­թօն Խրի­մեան Հայ­րի­կին նո­ւիրո­ւած քեր­թո­ւածի մէջ նկա­րագ­րեց «կո­տորումնե­րու եւ քան­դումի ար­հաւրա­լից» օրե­րը եւ մեր երազ­նե­րու փլու­զումը. «Խո­րան­նե­րը եւ գմբեթ­ներն իրենց քա­րէ խա­ւարը յա­ւեր­ժա­ցու­ցին, / Եւ լռու­թիւնը եր­կա­թեղէն անձրե­ւի մը նման քու չքնաղ հա­սակիդ վրայ տե­ղաց»։ «Աղօթք» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ակնցին լա­ցաւ մէկ այլ փլու­զումի հա­մար. «Հո­գիիս մէջ այ­րի կա­րապ մը կը տան­ջո­ւի, / Ու հոն նոր թա­ղուած մե­ռել­նե­րուն վրայ / Աչո­ւընե­րէս վար արիւն անձրեւ մը կը տե­ղայ»։ Դա­նիէլ Վար­ժա­նը հայ­րե­նի ցո­րեան­նե­րու մէջ­տեղ կե­ցաւ, նա­յեցաւ դէ­պի եր­կինք ու հիացու­մով դի­տեց գար­նան հրաշ­քը. «Դաշ­տե­րուն վրայ իր տրտմու­թեամբ յա­մառող / Անձրե­ւը չէ՚ ասի­կա։ / Գար­նան ջաղբն է՝ որ ցան­քե­րուն վրայ ան­հուն / Լու­սացնցուղ կը տե­ղայ։ / Աստղերն ան­յայտ, կար­ծես հա­լած արե­ւէն, Տե­ղատա­րափ կը թա­փին… / Եւ կը տե­ղայ ադա­մանդ»։ Ապա ան ստեղ­ծեց բազ­մե­րանգ ու դիւ­թիչ տո­ղեր. «Մա­զերուդ վրայ ոս­կի տե­ղայ», «Հուր աչ­քե­րէդ այդ գե­ղեցիկ / Սէրդ յիս տե­ղայ , ան­գութ աղ­ջիկ», «Մո­խիրի եւ կա­պարի հրե­ղէն անձրեւ կը տե­ղայ», «Հե­ղեղ մը յան­կարծ վար­դե­րու… Վեր­նա­տու­նէն կը տե­ղան», «Շանթ կը տե­ղար արե­գակը եր­կընքեն վար»։ Ապա բա­նաս­տեղծը, որ­պէս երախ­տա­գիտու­թեան ազ­նո­ւագոյն ար­տա­յայ­տութիւն քեր­թո­ւած մը նո­ւիրեց Հա­յաս­տա­նի ռահ­վի­րանե­րուն. «Եր­կինքը հուր կը տե­ղայ, ու եր­կի­րը արե­ւը կը զգայ­ռէ շուրջը այդ նո­րօրի­նակ առա­քեալ­նե­րուն՝ որոնք կ՚եր­թան, անվհատ, կան­չուած ան­ծա­նօթ շե­փորէ մը»։

Կո­միտաս Վար­դա­պետը, որ­պէս բա­նաս­տեղծ, անդրա­դար­ձաւ «տեղ» բա­ռին ու օր մը յօ­րինեց աշ­նան նո­ւիրո­ւած բա­նաս­տեղծու­թիւն. «Տե­ղաց անձրեւ մաղ տա­լով, / Մար­մանդ-մար­մանդ, / Հոգ­նած տե­րեւ շաղ տա­լով… Ար­ծաթ տե­ղաց՝ / Ճեր­մակ-ճա­կատին, / Գո­գեն անձրեւ գա­լով՝ / Ծիր առավ։ / Ճեր­մակ-ճա­կատին / Սա­րի փա­փագին, / Դա­րի պա­պակին / Շատ մար­գա­րիտ տե­ղաց»։ «Տեղ» բա­ռը տեղ գրա­ւեց նաեւ հե­րոսա­կան եր­գե­րու եւ օրօր­նե­րու մէջ. «Կար­կուտ տե­ղաց Խա­նասո­րայ դաշ­տումը», «Քուն եղի՚ր, բա­լաս, աչ­քերդ խուփ արա՛ / Նաշ­խուն աչ­քե­րուդ քուն թող գայ տե­ղայ»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, ինչպէս քնա­րեր­գակ ամէն բա­նաս­տեղծի մաղ­թանքն էր՝ մեր դաշ­տե­րու վրայ ու սիր­տե­րէն ներս ո՛չ թէ կար­կուտ ու փամ­փուշտ, այլ՝ մար­գա­րիտ­ներ ու վար­դեր թող տե­ղան, «տեղ» բա­ռը առա­տօրէն տե­ղայ մեր գրա­կանու­թեան վրայ՝ առա­տու­թիւն եւ բեր­րիու­թիւն թող ըլ­լայ։ Այ­սօր ձե­զի հրա­ժեշտ կը փա­փաքիմ տալ Գու­սան Ջի­ւանիի՝ «վէր­քե­րուն դեղ ու սպե­ղանի» հայ­րե­նի ջու­րե­րուն նո­ւիրո­ւած մէկ եր­գով, որ­պէսզի կեն­դա­նու­թիւն եւ բերկրու­թիւն տի­րէ ամէ­նուր.

Բիւ­րակնեան սա­րից կը տե­ղայ,

Կո­հակ­նե­րու մէջ հո­գի կայ,

Դրախ­տի մի­ջից դուրս կու գայ,

Ա՜խ, իմ հայ­րե­նիքիս ջու­րը։