Մարդկային զարգացումը կէտէ մը մեկնող ու յառաջացող ուղիի վրայ նկարագրելը տրամաբանական է։ Եթէ զարգացում մը կայ, բնականաբար պիտի ենթադրենք թէ յառաջընթաց մըն ալ գոյութիւն ունի։
Սակայն միշտ չէ որ այդ ուղիի տրամաբանութեան հետեւինք։ Երբեմն կը գոյանան այնպիսի երեւոյթներ, ուր կը թուի թէ փոխանակ ընդմիշտ յառաջացող ուղիի մը, դատապարտուած ենք շրջանակի մը։ Նոյնիսկ եկենք համարձակինք անհուն ոլորումներ ունեցող շրջանակի մը մասին խօսելու։
Նախահայրերը պատսպարութեան համար դիմեցին քարայրներու։ Ապահով էր ժայռերու մէջ բնութեան ձեռքով գոյացած այդ խոռոչները։
Շատ երկար տարիներ սնանեցան պատահաբար հանդիպած միրգերով կամ բանջարեղէններով։ Հաւաքարարութեան շրջան կոչուող այդ կենցաղին յաջորդեց որսորդութիւնը։ Նախահայրերու միակ դաստիարակութեան եղանակը բնազդի թելադրած պահանջներն եւ կենդանական աշխարհի վարքի ընդօրինակութիւնն էր։ Շատ աւելի ուշ անդրադարձան հողամշակման կարելիութեան։ Պատահական հաւաքարարի դիրքը վերածուեցաւ մնայուն բնակութիւն հաստատելիք գիւղերու ձեւաչափին։
Իւրաքանչիւր զարգացում իր հետ կը բերէր նաեւ նոր ընկալումներ կամ խոչընդոտներ։ Մարդը մշտակեաց բնակութիւն հաստատելու հանգրուանին մտաբերեց նաեւ սեփականութեան գաղափարը։ Հետզհետէ օրապարիկէն շատ աւելի մեծ քանակութեամբ սննդամթերք կուտակելով սկսաւ խորհիլ այդ ունեցուածքը ուրիշներու հետ փոխանակելու գաղափարին։ Ամէն մէկ զարգացում իր հետ կը բերէր աւելի նորին տիրանալու ձգտումը։
Իսկ այսօր հարցականի տակ դրուած են այդ բոլորը։ Օրինակի համար մարդ էակը անցնելով ճարտարագիտական մեծ ոստում մը շատ երկար տարիներ կարեւորեց ճարտարագիտական արդիւնաբերութիւնը։ Հասարակութեան զարգացնումի չափանիշը ճարտարագիտական ոլորտի մէջ անրձանագրած նուաճումներ էին։ Յիշենք թէ շուրջ 50 տարիներ առաջ երէց սերունդը կը դժգոհէր դիտելով այն անարդարութիւնը թէ ճարտարագիտական առումով զարգացած երկիրներու արտածումը շատ աւելի շահութաբեր էր բաղդատմամբ հողամշակութեամբ զբաղուող հասարակութիւններու արդիւնաբերութեան։ Մենք վակոնի մը տարողութեամբ ցորեն կ՚արտածենք, որուն փոխարէն զարգացած երկիրները փոքրիկ գործիկ մը արտածելով աւելի մեծ գումարներ կը գանձեն։ Այս բոլորէն ետք սակայն եկաւ նոր հանգրուան մը, ուր ժողովուրդին թելադրեցին թէ անիմաստ էր զարգացումի համար յոյսը կապել ճարտարապետական արտադրութեան։
Վերջին քանի մը տասնամեակները այս տեսակի կարծիքներու համար փորձութեան շրջան մը եղաւ։
Եթէ խնդիրը դիտենք Թուրքիոյ օրինակով բաւական ցաւալի է պարզուած պատկերը։ Փոխանակ իր ունեցած ընդարձակ բերրի հողերուն, Թուրքիոյ գիւղատնտեսութիւնը ամբողջովին սնանկացած է։ Աւելի լաւ կենցաղի տիրանալու համար մեծ քաղաքներ խուժած գիւղացիներ մէկ կամ երկու սերունդի տեւողութեամբ արդէն անդրադարձած են իրենց սխալին, բայց սրբագրելու կարողութիւնն ալ ընդհանրապէս կորսնցուցած։
Կարելի է խորհիլ թէ անյաջող հետեւանքը ագահութեան արդիւնքը եղած է։ Ուրեմն սխալած պիտի չըլլանք, եթէ վերյիշենք անհուն ոլորտող օղակի օրինակը եւ ըսենք թէ արդի ընկերութեան մէջ զարգացման գաղտնիքը պահուած է հողին եւ հողարդիւնաբերութեան մէջ։
Իբրեւ թէ ոլորտ հանդիսացող Եւրոպական պետութիւններ ճարտարապետական զարգացումի կողքին անհրաժեշտ ուշադրութիւնը ցուցաբերեցին նաեւ հողագործութեան։ Իսկ Թուրքիա եւ նման երկիրներ զուրկ ըլլալով երկրի զարգացման համար ազգային ռազմավարութիւն կազմակերպելու միտքէն յայտնուեցան անելի դիմաց։
Գիտնականներու համոզումով էգոլոկիապէս մաքուր սնունդը մեծագոյն հարստութիւնն է։
pakrates@yahoo.com