ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Արձակ Բ

Անցեալ շա­­բաթ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, իրենց ամառ­­նա­­­յին ար­­ձա­­­կուրդէն վե­­րադար­­ձողնե­­րու, հայ­­րե­­­նիքի մէջ դէ­­պի եր­­կինք աղաւ­­նի­­­ներ ար­­ձա­­­կող նո­­րապսակ ամոլ­­նե­­­րու, Վար­­դա­­­վառին հե­­րար­­ձակ աղ­­ջիկնե­­րու վրայ դոյլ-դոյլ պաղ ջուր ար­­ձա­­­կող չա­­րաճ­­ճի ման­­չուկնե­­րու ներշնչու­­նով հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւնը ու­­նե­­­ցեր էի «ար­­ձակ» բա­­ռի ըն­­դարձակ պատ­­մութիւ­­նը այս էջի վրայ ամ­­փո­­­փելու ու անոր գրա­­կան շո­­ղար­­ձա­­­կումնե­­րը ձե­­զի ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։ Տե­­սեր էինք, թէ այս հա­­մեստ բա­­ռը քա­­նի մը ան­­գամ ծլար­­ձա­­­կում ու­­նե­­­ցեր էր։ Ոս­­կե­­­դարուն ան մե­­զի շնոր­­հած էր բազ­­մա­­­թիւ ածա­­կան­­ներ եւ ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, ինչպէս՝ «ար­­ձա­­­կահեր», «ար­­ձակ դաշտ» եւ «ար­­ձակ լե­­զու»։ Միջ­­նա­­­դարուն վա­­նական հայ­­րեր գրեր էին բազ­­մա­­­թիւ աղօթք-բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ ու աղա­­չեր Աս­­տուծոյ, որ­­պէսզի ար­­ձա­­­կուին իրենց մեղ­­քե­­­րը։ Իսկ ժո­­ղովրդա­­կան եւ աշու­­ղա­­­կան եր­­գե­­­րու մէջ՝ երա­­նի ար­­ձակ ըլ­­լար, - հա­­մար­­ձակ ու չա­­րաճ­­ճի երազ - , սի­­րու­­հիի շա­­պիկին առա­­ջին կամ երկրորդ կո­­ճակը։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, վա­­յելենք 19-րդ եւ 20-րդ դա­­րերու «ար­­ձակ»ը ու տես­­նենք, թէ ան ազա­­տօրէն տե­­ղաւո­­րուեր է հայ­­րե­­­նիք ու սէր բու­­րող քեր­­թո­­­ւած­­նե­­­րու մէջ։

1850-ական­­նե­­­րուն, երբ հա­­յու քա­­ղաքա­­կան հո­­րիզո­­նը սահ­­մա­­­նափակ էր, լու­­սարձակ ու յե­­ղափո­­խական բա­­նաս­­տեղծ Մի­­քայէլ Նալ­­բանդեանը դեռ ման­­կութեան օրե­­րուն կ’երա­­զէր իր «բա­­զուկնե­­րը ար­­ձա­­­կել» ազա­­տու­­թեան։ «Ազատն Աս­­տո­­­ւած» քեր­­թո­­­ւածի մէջ բա­­նաս­­տեղծը կը պատ­­մէ այն հրաշ­­քը որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ իր ման­­կութեան տա­­րինե­­րուն. «Թո­­թով լե­­զուիս մինչ կա­­պերը ար­­ձա­­­կուե­­ցան, բա­­ցուե­­ցան… Ազա­­տու­­թի՜ւն դուրս թռաւ / Իմ ման­­կա­­­կան բե­­րանից»։ Մին­­չեւ Նալ­­բանդեանի օրե­­րը ի՞նչ էր հա­­յու, մա­­նաւանդ հայ կնոջ, եւ «ար­­ձակ» բա­­ռի փոխ­­յա­­­րաբե­­րու­­թիւնը։ Այս հար­­ցումին լա­­ւագոյն պա­­տաս­­խա­­­նը վի­­պագիր Րաֆ­­ֆին տո­­ւաւ «Գեղջկու­­հին» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ, ուր հե­­ղինա­­կը կը նկա­­րագ­­րէ գիւ­­ղա­­­ցի կինը, գլխա­­ւորա­­պէս Կով­­կա­­­սի հայ ազ­­գաբնա­­կու­­թիւնը։ Ահա հայ­­կա­­­կան կեն­­ցա­­­ղի վե­­րաբե­­րեալ քա­­նի մը նշում. «Սե­­ռական խտրու­­թիւննե­­րը, սկսեալ ման­­կութիւ­­նից, սո­­վորեց­­նում են փոք­­րիկ աղ­­ջիկնե­­րին տղա­­ների մօտ ար­­ձակ չլի­­նել», «Կա­­նանց մօտ (ու­­սուցչու­­հի) գիւ­­ղա­­­ցի աղ­­ջիկներն աւե­­լի լաւ են սո­­վորում եւ աւե­­լի ազատ են զգում իրանց, մինչդեռ տղա­­մար­­դե­­­րի մօտ սեղ­­մո­­­ւած են եւ ան­­հա­­­մար­­ձակ», «Աղ­­ջի­­­կը կամ միշտ տանն է լի­­նում, կամ եթէ թոյլ են տա­­լիս դուրս գալ, նա առանց հսկո­­ղու­­թեան չէ։ Այսպի­­սի պայ­­մաննե­­րում, հաս­­կա­­­նալի է, որ նա մի­­ջոց չի ու­­նե­­­նայ տղա­­ների հետ ար­­ձակ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ ու­­նե­­­նալ», «Գիւ­­ղե­­­րում կինն այնքան սեղ­­մուած է, որ ոչինչ ծա­­ծուկ չէ մնում։ Կնոջ մի հա­­մար­­ձակ նա­­յուած­­քը, մի բա­­ռը օտար տղա­­մար­­դի հետ, իս­­կոյն բամ­­բա­­­սան­­քի առար­­կայ է դառ­­նում»։ Ահա կը հասկնանք, թէ Նալ­­բանդեանի ժա­­մանակ ինչ նո­­րու­­թիւն (եւ հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւն) էր «ար­­ձակ» բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծել ու երա­­զել ազա­­տու­­թիւնը։ Յա­­ջորդ տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն «ար­­ձակ» բա­­ռը յու­­զա­­­կան երե­­ւոյթ ստա­­ցաւ ու զար­­դա­­­րեց քնա­­րեր­­գակ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը։

Ալեք­­սանդր Մե­­լիքը 1917 թո­­ւակա­­նին Պօս­­թը­­­նի մէջ լոյս տե­­սած «Խոր­­տա­­­կուած եր­­կինքներ» վէ­­պի մէջ գրի առաւ պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւն մը. «Մե­­հեանի լու­­սարձակ կո­­թող­­ներ»։ Ար­­ձակ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րով Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նացած Սեյ­­րին (Աւե­­տիք Գու­­լո­­­յեան, 1880-1920) «Ծիլ ու ծա­­ղիկ» ժո­­ղովա­­ծուի մէջ նկա­­րագ­­րեց հիաս­­քանչ բնա­­պատ­­կեր մը. «Շու­­տով հող­­մը թե­­ւար­­ձակ կը խո­­յանայ ծա­­ռերի մի­­ջով, դաշ­­տե­­­րի վրայ, կ’ալե­­կոծէ նիր­­հը հո­­ղի»։ Տրա­­պիզոն­­ցի հօր եւ Օր­­տուցի մօր զա­­ւակ Մի­­սաք Քան­­սուզեանը «Ձայն Համ­­շե­­­նական» թեր­­թի մէջ լոյս տե­­սած «Դու արա­­րիչ բրու­­տա­­­գործ» քեր­­թո­­­ւածի մէջ եր­­կխօ­­սու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ Աս­­տուծոյ հետ ու ըսաւ. «Դու արա­­րիչ բրու­­տա­­­գործ / Իսկ ես կա­­ւը ամա­­նի, / Դու ծփա­­ցող ցո­­րենի արտ / Իսկ ես որոմ ծլար­­ձակ»։

«Ար­­ձակ» բա­­ռը իգա­­կան պատ­­կեր ու­­նի հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան մէջ։ Ան յա­­ճախ կը յի­­շուի կոյ­­սի, լալ­­կան կնոջ կամ չա­­րաճ­­ճի աղ­­ջի­­­կի հետ։ Պետ­­րոս Դու­­րեանը նկա­­րագ­­րեց կոյս մը. «Գի­­սաստղի պէս հե­­րար­­ձակ»։ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցի հա­­մար իգա­­կանա­­ցած հովն էր ան. «Պա­­տու­­հանս մատ­­նա­­­հարեց ու ան­­ցաւ, / Հովն հե­­րար­­ձակ աշու­­նին. Չա­­րաճ­­ճի ինչպէս աղ­­ջիկ մը»։ Վա­­րու­­ժա­­­նի հա­­մար սի­­րահար զոյգ մը յի­­շեց­­նող եր­­կու բար­­տի էր ան, որոնք կը բզզա­­յին լուսնա­­կին տակ. «Մրրիկ­­նե­­­րուն մէջ հե­­րար­­ձակ / Գրկո­­ւած, խո՜ր, կը հե­­ծեծեն»։ Իսկ «Հար­­ճը» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ տխուր վեր­­ջա­­­բան դար­­ձաւ ան, երբ «մա­­հար­­ձակ» նետ մը օդը ճեղ­­քե­­­լով հա­­րուա­­ծեց Նա­­զենի­­կին, ապա «… Հար­­ճը յան­­կարծ ար­­ձա­­­կեց ճիչ մը տրտում»։ Տէ­­րեանը մթնշա­­ղի ժա­­մերուն չէր կրնար իրա­­կանու­­թիւնը զա­­նազա­­նել անուրջէն, երբ սե­­ւամազ գե­­ղեց­­կուհիի տե­­սիլ­­քը կ՚այ­­լայլէր իր հո­­գին. «Ար­­դեօք դո՞ւ ես գի­­շերի պէս հե­­րար­­ձակ, / Գի­­շերի պէս խորհրդա­­ւոր, դիւ­­թա­­­կան»։ Իսկ օր մը իրիկ­­նա­­­ժամուն, ինչպէս մու­­թի քնքոյշ թեւ, կար­­ծեց, թէ ու­­րու մը ան­­ցաւ իր քո­­վիկէն. «Մի ու­­րու ան­­ցաւ, մի գու­­նատ աղ­­ջիկ ճեր­­մակ շո­­րերով… / Ար­­ձակ դաշ­­տե­­­րի ամա­­յու­­թեան մէջ նա մեղմ շշնջաց»։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը փա­­փաքե­­ցաւ որ չորս դին ու­­ռի­­­ներով շրջա­­պատո­­ւած ըլ­­լայ. «Ու­­ռի­­­ներն՝ մա­­զերն ար­­ձակ, / Վրաս ընկնին, անոյշ լան»։ Յով­­հաննէս Շի­­րազը նկա­­րագ­­րեց Սե­­ւանայ լի­­ճի տես­­քը. «Մա­­զերն ար­­ձակ ու գե­­ղանի՛ / Նստած հար­­սի կը նմա­­նի»։ Ըստ Վազ­­գէն Շու­­շա­­­նեանի դա­­լար գե­­ղեց­­կութիւ­­նը նման էր գար­­նան ծլար­­ձա­­­կու­­մի. «Դուն աղ­­ջիկ մըն ես, սպի­­տակ հա­­գած ու ծլար­­ձակ, ինչպէս նո­­րածաղկ նշե­­նի մը՝ գար­­նան» («Սի­­րոյ Եւ Ար­­կա­­­ծի Տղա­­քը»)։

«Ար­­ձակ» բա­­ռը հա­­յու ճեր­­մակ ու մա­­քուր երազ­­նե­­­րու ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն է։ Հա­­յը, որ դեռ չու­­նի ար­­ձակ սահ­­մաններ, ոչ ալ ար­­ձակ ճա­­նապարհներ, կը սի­­րէ ար­­ձակ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ գրել, կը փա­­փաքի որ հե­­րար­­ձակ ու­­ռի­­­ներ ող­­բան իր մա­­հուան օրը, կ՚երա­­զէ որ ժպտար­­ձակ կոյս մը իր գլու­­խը դնէ մեղ­­միկ իր հի­­ւանդ կուրծքի վրայ։ Բո­­լոր ալ գե­­ղեցիկ երազ­­ներ են, քնա­­րեր­­գակ տղա­­ներու յօ­­րինած քնքշա­­լար տո­­ղիկ­­ներ։ Սա­­կայն ես այժմ կ՚առա­­ջար­­կեմ որ բո­­լորս պահ մը հրա­­ժեշտ տանք այդ բո­­լորին ու մտա­­բերենք այն հա­­յոր­­դի­­­ները, որոնք հայ­­րե­­­նիքի սահ­­մա­­­նին միւս կող­­մը գե­­րեկա­­լուած՝ կը սպա­­սեն որ այ­­լեւս ազատ ար­­ձա­­­կուին ու տուն վե­­րադառ­­նան։

Այ­­սօր ձե­­զի հրա­­ժեշտ կու տամ «Լաւ Էլի» խումբի երա­­ժիշտ Մհեր Մա­­նու­­կեանի հե­­ղինա­­կած «Արե­­ւին, Արե­­ւին» եր­­գով, որ եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր հայ եր­­գի սի­­րահար­­նե­­­րուն քիմ­­քե­­­րը կ՚օծէ։

Արե­­ւին, արե­­ւին եր­­գե­­­ցիր

Հե­­րար­­ձակ լուսնի գրկում

Լու­­սազգեստ մի երազ ինձ երա­­զեցիր՝

Կաթ­­նարծաթն իմ ճեր­­մակ ու մա­­քուր…