Ընկերային կեանքի մէջ ամենավտանգաւոր հանգրուանը կը յայտնուի այն պահուն, երբ կը գերիշխէ բարեփոխումներու անկարելիութեան համոզումը։ Հիասթափութեան, յուսալքութեան պահն է այդ, որ իր հետ կը բերէ նաեւ միասնութեան քայքայումը։
Այս սիւնակի մէջ նախապէս ալ զանազան երեւոյթներու ակնարկելով խօսած ենք երկրէ ներս փոքրամասնութիւններու, տիրող համակարգէն ազդուելու եւ հետզհետէ ընդօրինակելու հակումին մասին։
Թուրքիա մօտ տաս ամիսներ անց կը պատրասուի խորհրդարանի եւ նախագահութեան ընտրութիւններուն։ Իսկ թրքահայ հասարակութիւնը համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւնները պիտի ընտրէ շատ աւելի վաղ, յառաջիկայ 3-4 ամիսներու ընթացքին։
Նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդառաջ համատարած կարծիք կայ հաւանական իշխանափոխութեան մը մասին։ Քանի կը հրապարակուին այս հաւանականութիւնը ընդգծող հարցախոյզներ, զուգահեռաբար կը տարածուի նաեւ հակառակ կարծիքը։ Շատեր կը հաւատան թէ Նախագահ Էրտողան չարտօնէր իր պարտութիւնով աւարտելիք ընտրութեան մը անցկացման։ Ընտրութիւնը կանխելու համար չի վարանիր նոյնիսկ պատերազմ հրահրելէ։ Ալ չենք խօսիր երկրէ ներս քաղաքացիական պատերազմի մը գետին պատրաստելու ծառայող ներքին դաւադրութիւններու մասին։
Այսպէս հաւատացողները իրենց կարծիքը կը հիմնաւորեն կարավառութեան ցարդ գործած յանցագործութիւններով, քանի որ իշխանափոխութեան հետեւանքով բացառուած չէ հաշիւ պահանջելու գործընթացի մը մեկնարկումը։
Եթէ երկրէ ներս Էրտողան եւ իր անմիջական շրջապատը նման հոգերէ կը տառապին, հապա որքանո՞վ տարբեր են իրենց վիճայարոյց որոշումներով համայնքային հաստատութիւններուն վնաս պատճառող որոշ դէմքերու մտավախութիւնները։ Հաւանական իշխանափոխութիւնը փորձանքաբեր կրնայ ըլլալ իւրաքանչիւրին համար։
Պէյօղլուի թաղականութեան առկայ կանոնագրի չեղարկման պահանջով Խորհրդակցական Ատեան դիմելը եւ Օրթագիւղի թաղականութեան ալ շրջանային ընտրութեան համակարգը մերժելով թաղային ընտրութիւն կատարելու համար Վաքըֆներու Տնօրէնութեան դիմումը պէտք է այս ծիրին մէջ գնահատել։
Կատարուած այս կամայական քայլերը խստօրէն կը դատապարտուին նախ Պատրիարքարանի յայտարարութիւններով, ապա համայնքային հաստատութիններու միասնական հարթակի՝ ԷՐՎԱՊ-ի միջոցաւ ու վերջապէս մամուլի սիւնակներուն վրայ։
Անգամ մը եւս իր ամենախայտառակ երեւոյթով կը տեսնենք մերկ իրողութիւնը։ Իբրեւ թէ հարկադրաբար համայնքային պաշտօն զբաղեցնողներ, երբ կը յայտնուի հերթափոխութեան առիթը, ամուր կերպով կը կառչին իրենց աթոռներուն։
Կարելի է այս բոլորը Պարոնեանական զաւեշտի մը ձեւաչափին մէջ դիտել եւ ծիծաղել։ Բայց երբ կը գիտակցինք թէ կեղեքուածը, հետզհետէ թալանուած ու յափշտակուածը ազգին սեփականութիւնն է, կամ ապագայ սերունդներու գոյութեան երաշխիքը, այդ դառն ծիծաղը իր տեղը կը թողու ողբերգութեան։
Ողբամ զքեզ ով հայոց աշխարհ։
pakrates@yahoo.com