Ընթերցողներս իրենց ամառնային արձակուրդէն մէկ առ մէկ տուն վերադարձան, հայրենիքի մէջ նորապսակ ամոլներ, - վերադարձողները կը պատմեն, - Սեւանի վանքի մէջ զոյգ-զոյգ սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի բաց երկինք յանուն խաղաղ եւ երջանիկ կեանքի, Վարդավառ է ըսին ու չարաճճի մանչուկներ դոյլ-դոյլ պաղ ջուր արձակեցին հերարձակ աղջիկներու վրայ, ու երբ արդար արեւը կը շարունակէ իր շողերը սանձարձակել Արարատեան դաշտի վրայ, անխնայ, սահմանին միւս կողմը գերեկալուած տասնեակ հայեր դեռ կը սպասեն, որ ազատ արձակուին… Այս բոլորը մտաբերելով, ես ալ համարձակութիւնը ունեցայ «արձակ» բառի ընթարձակ պատմութիւնը ամփոփել այս էջի վրայ, ու ձեզի ներկայացնել անոր գրական շողարձակումները։
«Արիացեղ Արարատում ծիլարձակում թող լինի… Վահագնացած սերունդների առատ ծնունդ թող լինի», ահա, թէ ի’նչ էր գրուած Երեւանեան հրատարակութեան մը մէջ։ Զարմանալի է, չէ,՞ համեստ ու անմեղ թուացող «արձակ» բառը, նոյնքան քնքոյշ «ծիլ» գոյականի հետ միանալով, յետ-պատերազմեան այս անհանդարտ օրերուն ստացեր է հայրենասիրական իմաստ։ «Արձակ» բառը առաջին անգամ չէ, որ կ’ունենար իմաստի անկաշկանդ ներածութիւն։ Անոր առաջին ծլարձակումը տեղի ունեցաւ Ե. դարուն, երբ գրական ու թարգմանական լայնատարած աշխատանք կար Հայկական լեռնաշխարհի մէջ։
«Արձակ» բառը հայկական գրականութեան մէջ առաջին անգամ երեւեցաւ Աստուածաշունչի անդրանիկ թարգմանութեան մէջ։ Սուրբ Գիրքի մէջ կայ 9 «արձակ», 2 «արձակուրդ», ու 1 «արձակաքաղաք», այսինքն քաղաք, որ պարիսպ չունի։ Պէտք է յիշեմ նաեւ թէ «արձակել» բայը, մրցանիշ մը իսկական, 444 անգամ գործածուած է Աստուածաշունչի մէջ։ Սուրբ Գիրքի մէջ ինչեր չեն արձակուած։ Ահա ընտրանի մը. արձակեալ՝ ժողովուրդ, որիդ, կին, մայր, եղբայր, հրեշտակ, լեզու, նոխազ, գազան, աղաւնի, հաւ, ագռաւ, շանթ, բողբոջ, բարունակ, ոստ, արմատ, ինչպէս նաեւ՝ օձ կոտորիչ, հոտ անուշութեան, ու ձայն մեծ։ Գրաբարը, որ պատկերաւոր փոխաբերութիւններու ընթարձակ կարելիութիւն ունէր, մեզի շնորհեց «Արձակ թուղթ» (նամակ), «Լեզու արձակ», «Արձակ դաշտ», «Արձակ ոտիւք եւ ձեռօք», «Ճանապարհ արձակ», «Արձակ բան» (ոչ չափածոյ), «Արձակ օր» (ոչ պաքի օրեր) եւ «Արձակահեր մայրեր» արտայայտութիւնները։
Ըստ ստուգաբան այրերու բառս իրանական լեզուէ արձակուելով եկաւ ու ազատօրէն տեղաւորուեցաւ հայոց մայրենիի մէջ, ունեցաւ ծլարձակման լայն դաշտ։ Ան իր երկրորդ փայլուն շրջանը ապրեցաւ Մաշտոցէ 500 տարի յետոյ, Նարեկացիի գրականութեան մէջ։ Ահա «Մատեան Ողբերգութեան» երկի փայլատակող գոհարները. «Թողութիւն պարտուց եւ արձակումն մեղաց կապանաց», «Աւաղական ձայնարձակութիւն», «Ազատք ի հարկէ, արձակք ի լծոյ», «Հան զիս ի բանտէս, արձակեա ի կապանցաս»։ Սուրբ վանականի համար Աստուած «Անճառ մեծութիւն, Արձակիչդ կապելոց» էր, իսկ իր մահուան օրը՝ «Աւուր շնչոյս արձակման»։ Այդ օրերուն այլ մենակեացներ եւս խուցերու մէջ կ’ողբարին իրենց մեղքերու համար։ Ներսէս Անձնապատցին խոստովանեցաւ, թէ շատ են իր յանցանքները. «Իմ մեղքն ծովու նման, ծաւալէր խիստ արձակ եւ լայն»։ Աւետիք Մահտեսի տաղասացը գիտէր, թէ ի’նքն է յանցաւորը իր կեանքի մոլորութեան. «Ես մեղաւոր Աւետիքս, / Կամաւ կազմեցի ճանապարհ / Առ դժոխքն լայն եւ արձակ»։
Ճգնաւոր հայրերն եւ տաղասացները երբ իրենց պարսպապատ անապատներու մէջ կը յօրինէին մահալար գրականութիւն, արձակ դաշտերու մէջ կը հնչէր կենսուրախ, բնութեան եւ գեղեցիկի նուիրուած մէկ այլ գրականութիւն։ 1500-ներուն աշուղ Նահապետ Քուչակը աշխարհիկ շունչով, Վանայ Ծովու ափերուն կը դիտէր իր եարը ու կ’երազէր, որ օրիորդիկը բաց արձակէ իր ծոցիկի կոճակները. «Ով որ ճերմակ ծոց ունի, թող կապոյտ շապիկ հագնի. / Կոճակն այլ արձակ թողու, ով տեսնու` սրտիկն արունի», «Կոճկեկդ այլ արձակ այնես, ու ճերմա´կ ծոցդ ցցընես. / Կու վախեմ` թողուս, ելլես, ու ծոցէդ մահրում մնամ ես»։ Այդ օրերուն պարզ ու անմեղ, ամէն սարի վրայ, ամէն արտի մէջ կը հնչէր սիրավառ զոյգերու ձայնը։ Ահա «Ծաղիկ մ՚է բուսէր» երգը, ուր աղջնակ մը սիրոյ հրաւէր կը խոստանայ իր սիրածին.
Թէ շաբաթէ—շաբաթ`
Քեզ պաքիկ մըն տամ,
Քեզ պաքիկ մըն տամ,
Դուն պաք` թէ կարէս։
***
Թէ ամսէ—ամիս`
Կոճկիկս իմ արձակ,
Կոճկիկս իմ արձակ,
Դուն մուտ` թէ կարէս։
1700 թուականներուն «արձակ» բառը հայկական գրատպութեան մէջ ազատօրէն պտըտիլ սկսաւ։ Բազմաթիւ են այն հրատարակութիւնները, որոնց շապիկի վրայ «արձակ» բառը կայ։ Ահա իր անունով կամ տպագրական վայրով հետաքրքիր քանի մը գիրք. «Արձակագիր», Նոր Ջուղա, 1793, «Հերքումն մոլար դրութեանն Արձակման, Խոստովանութեան եւ Ապաշխարութեան», Զմիւռնիա, 1852, «Արձակ եւ չափաբերական աշխատութիւններ», Ս. Պետերբուրգ, 1855, «Ծաղկաքաղ արձակ եւ չափածոյ բանից ի պէտս վարժարանաց», Տփխիս, 1881, «Շեքսպիրի Համլետ ողբերգութեան համառօտ բովանդակութիւնը արձակի վերածուած», Բագու, 1886, «Հովիկ։ Արձակ բանաստեղծություններ», Ախալցխա, 1906։ Իսկ 1920 թուականին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի մէջ «լոյս» բառի հետ միանալով ան դարձաւ հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ՝ «Լուսարձակ»։
Այսօր «արձակ» բառով շինուած քառասունի չափ բաղադրեալ բառ ունինք: Բոլորիս ծանօթ է «արձակագիր», «արձակել», «արձակուրդ» բառերը, բայց ես յիշեմ քանի մը ածական, որոնք հազուադէպ են ու ընտիր. հերարձակ, ծամարձակ, գիսարձակ, ժպտարձակ, ջրարձակ, քարարձակ։ Հայը կ’արձակէ նաեւ ճիչ, աղաղակ ու ձայն, գործի ասպարէզի մէջ «համարձակ» է, միջազգային դիւանագիտութեան մէջ՝ «անհամարձակ», կը սիրէ «արձակ բանաստեդղծութիւններ» գրել ու «արձակ թարգմանութիւններ» կատարել, կը պաշտէ «լուսարձակ անձեր» (Ինտրա) ու իր ողբանուագ քերթուածներու մէջ կ’ատէ տեսնել «դահիճներու շողարձակ դաշոյններ» (Սիամանթօ), ու վերջապէս հայը հպարտ է, որ ունի ջութակահարներու, երգիչներու եւ պարարուեստի ծլարձակ նոր տաղանդներ։ Հայը արձակ բառով կ’արտայայտէ իր հայրենիքի ու պատմութեան հանդէպ հիացմունքը։ Այդպէս ըրաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը երբ ջրառատ մեր լեռնաշխարհի գեղատեսիլ «լալկան» ուռիները նկարագրեց իր «Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ. «Երկայն եւ կակուղ գետնակախ ճիւղերովն, եւ իբրեւ մազարձակ գլխակոր եւ սգաւոր՝ գերեզմանաց քով տնկուած, ամենուն յայտնի հովանաւոր եւ գեղեցիկ ծառ մի»։ Զապէլ Եսայեանը խօսեցաւ Անիի մասին. «Անի քաղաքը հերարձակ եւ գեղեցիկ կին մը չէ, այլ որողմելի մարդ մը անճար, անմխիթար», ապա բացատրեց, թէ ինչու է իր գրականութիւնը ինքնուրոյն. «Փոխանակ երթալու այն արահետներէն, որ սկիւտարցի հանճարեղ բանաստեղծը բացեր է կթոտ քայլերով, ես կը գրեմ իմ բանաստեղծութիւնս, արձակ, իմ յատուկ բնութեանս դրդումով»։
19-րդ եւ 20-րդ դարերուն «արձակ» բառը, յարգելի ընթերցող, ապրեցաւ իր ամենափայլուն շրջանը։ Այլեւս «ծլարձակում» չէր ան, այլ հասուն ու բազմատերեւ, պտղատու ճիւղը մեր մայրենի ծառի։ Գալ շաբաթ ձեզի կը ներկայանան Սկիւտարի բանաստեղծը, Վարուժանները, Տէրեանները եւ այլ տաղանդներ ու դուք կը վայելէք անոնց գեղապաշտ գրականութեան ընդարձակ դաշտը։ Այժմ հրաժեշտ տամ Բարսեղ Կանաչեանի «Ախ, տուէք ինձ քաղցր մի քուն» սակաւալուր երգով, որուն խօսքերը գրի առեր է Յովհաննէս Յովհաննիսեանը.
Եւ աչագեղ կոյսն ականջիս
Իւր մեղեդին մեղմ հնչէ
Եւ հերարձակ՝ սիրով վզիս
Փարէ քնքուշ, փաղաքշէ...
Ա՜խ, տուէք ինձ քաղցր մի քուն,
Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, սլանամ։