ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Պանանի Հանրապետութիւն չենք» ըսա՞ծ էիք

Առաջին ան­գամ ո՞վ ու ե՞րբ ըսաւ կը դժո­ւարա­նամ յի­շելու։ Հա­ւանա­բար քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ մըն էր, թե­րեւս ալ նա­խագահ Էր­տո­ղան, որ մեծ ինքնավստա­հու­թեամբ կը յայ­տա­րարէր «Թուրքիա Պա­նանի Հան­րա­պետու­թիւն չէ»։

Երկրորդ մը լսե­լու կա­րիքը չկար, այդքա­նը բա­ւարար էր որ գու­շա­կէինք թէ Թուրքիա դիւ­րաւ վե­րածո­ւած է Պա­նանի Հան­րա­պետու­թեան։

20 տա­րուայ փոր­ձա­ռու­թիւնով գի­տենք, Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան վեր­նա­խաւէն հնչած իւ­րա­քան­չիւր պատ­գամ իս­կոյն եւ աւե­լի յա­ճախա­կիօրէն նաեւ աւե­լի բարձրա­ձայն կը կրկնո­ւի աւե­լի ստոր պաշ­տօն զբա­ղեց­նող կու­սակցա­կան­նե­րու բեր­նէն։ Այդպէս եղած էր թէ Ահ­մետ Տա­ւու­թօղլո­ւի եւ թէ Պի­նալի Եըլ­տը­րըմի վար­չա­պետու­թեան շրջա­նին։ Անոնք կ՚իւ­րացնէին Էր­տո­ղանի ար­ձա­կած կար­գա­խօսը եւ կը կրկնէին ամե­նու­րէք։

Ար­դա­րեւ շատ յա­ճախա­կի լսե­ցինք «Թուրքիա Պա­նանի Հան­րա­պետու­թիւն չէ» կամ «Թուրքիա ցե­ղախումբի (քա­պիլէ) պե­տու­թիւն չէ» խօս­քե­րը։

Ժա­մանա­կի ըն­թացքին այս առար­կութեան իւ­րա­քան­չիւր կրկնու­թիւնը ալ աւե­լի կը հաս­տա­տէ թէ Թուրքիա արա­գօրէն կը ձեր­բա­զատո­ւի քա­ղաքա­կիրթ պե­տու­թեան մը յա­տուկ բո­լոր յատ­կա­նիշ­նե­րէն եւ կը վե­րածո­ւի ամե­նանախ­նա­կան վար­չա­կար­գի մը։ Այդ մա­կար­դա­կի վար­չա­կար­գը կը զբա­ղի միայն ու միայն թա­լանի ու աւա­րի, բաշխման գոր­ծով։ Երկրի թա­լանո­ւած հարստու­թեան առիւ­ծի բա­ժինը կը պա­հէ իրեն եւ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն ու մնա­ցածը կը բա­ժանէ նա­խապա­տուու­թիւնը տա­լով իր կողմնա­կից­նե­րուն։

Այս հաս­տա­տումնե­րը կ՚ընենք նկա­տի ու­նե­նալով դա­տական հա­մակար­գի ամ­բողջա­կան վե­րացու­մը։ Անոր կող­քին պե­տու­թիւն հաս­կա­ցողու­թիւնը ար­դա­րաց­նող բո­լոր յատ­կա­նիշ­նե­րը արա­գօրէն սպա­ռած են Թուրքիոյ մէջ։ Չենք կրցած ար­ժա­նի կեր­պով անդրա­դառ­նալ նար­քո­պիզ­նը­սի ոլոր­տին մէջ «պա­րոն» կո­չու­մին ար­ժա­նացած դա­տախա­զի լու­րին։ Նշենք որ այդ դա­տախա­զի բեռ­նա­փոխադ­րութիւնն ալ յանձնո­ւած էր Ապա­հովու­թեան Ծա­ռայու­թեան նար­քո­թիկի բաժ­նի ոս­տի­կան­նե­րուն։

Երբ այսքան սո­վորա­կան դար­ձած է բժիշկնե­րու, բուժքոյ­րե­րու եւ կա­նանց հան­դէպ մար­դասպա­նու­թեան եւ յար­ձակման դէպ­քե­րը, մենք ոս­տի­կան­նե­րը կը տես­նենք միայն իրենց իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելու հա­մար երթ կամ բո­ղոքի ցոյց կազ­մա­կեր­պած բա­նուոր­նե­րը, թո­շակա­ռու­նե­րը կամ գիւ­ղա­ցինե­րը զսպե­լու, անոնց ար­գելք դառ­նա­լու ապօ­րէն պար­տա­կանու­թեան մէջ։

Եթէ բո­ղոքե­լը օրի­նական է, ու­րեմն այդ բո­ղոքը ար­գի­լելը բնա­կանա­բար պի­տի հա­մարո­ւի անօ­րինա­կան։ Սա­կայն ներ­կայ իրո­ղու­թեան մէջ, ինչպէս կ՚ըսէր լու­սա­հոգի մայրս. «Իրաւունքը զօ­րաւո­րին է»։

Ոս­տիակա­նական հա­մազ­գեստը օրէնք ճշդե­լու, ցան­կա­ցածը գոր­ծադրե­լու եւ ցան­կա­ցածը մեր­ժե­լու որո­շիչն է։ Այդ հա­մազ­գեստի տակ գոր­ծադրո­ւած իւ­րա­քան­չիւն արարք ինքնա­բերա­բար օրի­նակա­նու­թիւն կը ստա­նայ։

Շփո­թող­նե­րը կամ վա­րանող­նե­րը նոյն ինքն ոս­տիակա­նու­թեան կող­մէ կ՚ազ­դա­րարո­ւի «Պե­տու­թիւնը ես եմ» ըսե­լով։ Եւ բո­լոր այն պե­տու­թիւննե­րը, ուր օրէնքն ու օրի­նակա­նու­թիւնը կը սահ­մա­նուի հա­մազ­գեստով, պի­տի կո­չուին Պա­նանի Հան­րա­պետու­թիւն։

pakrates@yahoo.com