ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ահազանգ

Որքան ալ մա­մու­լի էջե­րը զբա­ղած ըլ­լան մեր վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տութեան նո­ւաճած յա­ջողու­թիւննե­րու լու­րե­րով, ետին կայ շատ աւե­լի լուրջ խնդիր մը, որ դի­մումնա­ւոր կեր­պով կ՚ան­տե­սուի հա­մայնքի հա­մարեա խո­լոր խա­ւերուն կող­մէ։

Նա­խակրթա­րան­նե­րէ շրջա­նաւարտ եղող­նե­րու թի­ւը եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր նո­ւազում կ՚ար­ձա­նագ­րէր։ Այս տա­րի այդ նո­ւազու­մը հա­սաւ շատ աւե­լի մեծ թի­ւի մը։ Այս երե­ւոյ­թի բնա­կան հե­տեւանքն է երկրոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ար­ձա­նագ­րութիւննե­րուն եւս նո­ւազու­մը։ Իբ­րեւ օրի­նակ նշենք Կեդ­րո­նակա­նը, որ նա­խորդ տա­րինե­րուն ին­նե­րոր­դի երեք դա­սարան­նե­րով կը մեկ­նարկէր ուսման տա­րեշրջա­նը, նա­խորդ տա­րի գո­հացած էր եր­կու դա­սարան­նե­րով։ Այս տա­րուայ հա­մար կը նա­խատե­սուի 30 աշա­կերտնե­րով միայն մէկ դա­սարան։

Այս ընդհա­նուր պատ­կե­րին մէջ ի զուր է մե­ղաւոր փնտռել։ Կա­րելի է խօ­սիլ տհաս թա­ղական­նե­րու, իր որ­դեգրած առա­քելու­թեան ան­տե­ղեակ տնօ­րէն­նե­րու կամ ու­սուցիչ­նե­րու, յա­ճախած դպրո­ցին նշա­նակու­թեան ան­տե­ղեակ աշա­կեր­տութեան եւ տա­կաւին զա­նազան հան­գա­մանքնե­րու մա­սին։

Պարզ է թէ հայ­կա­կան վար­ժա­րանի յա­ճախե­լը ծնող­նե­րու հա­մար նա­խընտրու­թե­նէ աւե­լի պար­տադրանք մը դար­ձած է։ Կան ծնող­ներ որոնք մեծ գո­հացում պի­տի ապ­րէին եթէ իրենց ըն­տա­նեկան պիւտճեն նե­րէր այս կամ այն յա­տուկ դպրոց ար­ձա­նագ­րել իրենց զա­ւակ­նե­րը։ Կան նաեւ ծնող­ներ, որոնք դժբախ­տութիւ­նը կ՚ապ­րին իրենց զա­ւակ­նե­րուն օտար վար­ժա­րանի մուտքի քննու­թիւննե­րու ան­յա­ջող ար­դիւնքը տես­նե­լով։ Այս բո­լորին մէջ չնչին փոք­րա­մաս­նութիւն կը կազ­մեն նիւ­թա­կան դժո­ւարու­թիւն չ՚ու­նե­նալով հան­դերձ իրենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան դպրոց ղրկող­նե­րը։ Անոնք բա­ցառու­թիւններ են պար­զա­պէս, որոնց հա­մար «հայ դպրոց» կո­չու­մը շատ աւե­լի տար­բեր նշա­նակու­թիւն ու­նի։

Իս­թանպուլ հին­գը մին­չեւ 12-րդ, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը մին­չեւ 8-րդ դա­սարան ու­սում ջամ­բող 16 դպրոց­նե­րով եզա­կի է բո­վան­դակ սփիւռքա­հայու­թեան մէջ։ Այս յատ­կութիւ­նը ոչ մեր ստեղ­ծա­ծն է, այլ նա­խորդ սե­րունդնե­րէն ժա­ռան­գուած։ Բո­լորս գի­տենք թէ սե­փական աշ­խա­տան­քով ձեռք բե­րուա­ծին հա­մեմատ շատ աւե­լի հեշտ է ժա­ռան­գո­ւածը սպա­ռել։

Այ­սօր հե­տեւե­լով քաղ­քե­նի բար­քե­րու թե­լադ­րած սնո­պու­թեան ար­դէն տա­րինե­րէ ի վեր դիւ­րաւ ծախ­սե­ցինք այդ ժա­ռան­գը։ Նախ հա­մակեր­պե­ցանք կարգ մը ծնող­նե­րու շփա­ցած պա­տուէր­նե­րուն։ Յօ­ժարե­ցանք հայ դպրո­ցի առա­քելու­թեան ան­տե­ղեակ այդ յի­մար զան­գո­ւածը գո­հաց­նե­լու հա­մար զո­հել հա­յերէ­նը։ Այս առու­մով ծան­րօ­րէն մե­ղաւոր են թէ թա­ղակա­նու­թիւննե­րը եւ թէ դպրոց­նե­րու ու­սուցչաց կազ­մե­րը, գլխա­ւորու­թեամբ տնօ­րէն­նե­րուն։ Իր զա­ւակը բո­լոր օտար վար­ժա­րան­նե­րու քննու­թեան մատ­նող եւ ան­յա­ջողու­թեան դէպ­քին ազ­գա­յին վար­ժա­րան ար­ձա­նագ­րե­լու ստի­պուած ծնող­քը այդ ան­պի­տան վա­րիչ­նե­րու եւ ու­սուցիչ­նե­րու պատ­ճա­ռաւ հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ հարցնե­լու թէ ին­ցո՞ւ թո­ւաբա­նու­թիւնը հա­յերէն կը դա­սաւան­դեն։ Ապա շա­րու­նա­կեց իր առար­կութիւ­նը՝ «Հա­մալ­սա­րանի մտից քննու­թեան հար­ցումնե­րը հա­յերէ­նո՞վ պի­տի ստա­նաք»։ Եթէ յի­մարը այդ հա­մար­ձա­կու­թիւնը կը գտնէր պատ­ճա­ռը մեր ան­ճա­րակու­թիւնն է։ Ինք ալ գի­տէ թէ գեր­մա­նական վար­ժա­րանի մէջ թո­ւաբա­նու­թիւնը գեր­մա­ներէ­նով, ֆրան­սա­կան կամ իտա­լական վար­ժա­րանի մէջ ալ տո­ւեալ լե­զու­նե­րով պի­տի դա­սաւան­դո­ւէր այդ նոյն առար­կան։

Նիւ­թը կը պա­հան­ջէ շատ աւե­լի ծա­ւալուն քննար­կում, հե­տեւա­բար յօ­դուա­ծը պի­տի աւար­տենք ոչ վեր­ջա­կէտով՝ այլ կախ­ման կէ­տով…

pakrates@yahoo.com