«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայեպ Էրտողանի հետ։
Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, շնորհաւորած են միմեանց Ատհայի եւ Վարդավառի տօներուն առթիւ։
Փաշինեան եւ Էրտողան տեղի ունեցած հեռավար զրոյցին մէջ ակնկալիք յայտնած են, որ Յուլիս 1-ին իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտ կեանքի կը կոչուին։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները վերջին հանդիպման հետեւանքով հասած են պայմանաւորուածութեան երկու հարեւան երկիրներու սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռնափոխադրումներ իրականացնել`օդային ճանապարհով։
Յիշենք որ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը փակ է 1993 թուականէն այս կողմ»։
Այսպէս ներկայացուեցաւ Թուղրքիոյ վերջին 20 տարիներու քաղաքական եւ յատկապէս ալ միջզգային յարաբերութիւններու ուղղութիւն տուող նախագահ Էրտողանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թէկուզ հեռաձայնով առաջին երկխօսութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է երկու երկիրներու միջեւ միջպետական յարաբերութիւններ գոյութիւն չ՚ունին։ Պատճառը Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հայաստանի հանդէպ պատմական մերժողականութիւնն է։
Հայաստան մօտ 70 տարիներ իբրեւ Խորհրդային Միութեան 15 հանրապետութիւններէն մէկը, ուղղակի շփում չէր ունեցած հարեւան երկրի հետ։
Այս պահուն կ՚ապրինք երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող գործընթաց մը։ Ըստ երեւոյթի այդ գործընթացը ետին թողած չորս հանդիպումներէն ետք տակաւին շատ հեռու է էական յառաջընթաց մը ներկայացնելէ։
Վիեննայի 1 Յուլիսեան չորրորդ հանդիպումէն ետք արտասանուած որոշումները նշանակութիւն մը չ՚ունին, քանի որ ցամաքային սահմանը փակ է երկու երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ թոյլ տրուած ապրանքներու օդային փոխադրութիւնը սնամէջ է, քանի որ Թուրքիա ցարդ չէ վերացուցած Հայաստանի հանդէպ տնտեսական շրջափակումը։
Յօդուածի սկիզբին տեղադրուած մէջբերման մէջ կը կարդանք թէ Փաշինեան շնորհաւորած է մահմէտականներու զոհ մատուցման տօնը, իսկ Էրտողան փոխադարձաբար մօտալուտ Վարդավառը։
Զաւեշտալի է այս հեռախօսահանդիպման պոլսահայ որոշ շրջանակներու մէջ պատճառած ոգեւորութիւնը։
Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը եւ իր անձամբ գլխաւորած Հայկական Հիմնարկներու Հարթակը անջատաբար պոլսահայ մամուլին մէջ տուած յայտարարութիւններով ողջունեցին այս զարգացումը։
Նման բնոյթի ելոյթով մը արտայայտուեցաւ նաեւ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազանը։
Կասկած չկայ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ պոլսահայութիւնը ամենամեծ ոգեւորութեամբ պիտի ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը։ Սակայն պարտինք տեսնել թէ տակաւին շատ հեռու ենք այդ հանգրուանէն։
Այս պահուն գոյացած ոգեւորութիւնը հեռու է նաեւ պոլսահայ հասարակութեան զգացումները ցոլացնելէ, երբ ան մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Ալիեւի սպառնալիքներուն եւ Զանգեզուրի միջանցքի մը մասին յամառ պահանջներուն։ Ուրեմն արտայայտուած գոհունակութիւնը կը միտի Թուրքիոյ գործող իշխանութիւնը փայփայելու։
pakrates@yahoo.com