ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Եթէ կամքը չէ գոյացած

Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մի­ջեւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու մի­տու­մով մեկ­նարկած հան­դի­պումնե­րուն չոր­րորդ փու­լը կա­յացաւ 1 Յու­լիս Թո­ւակա­նին, Վիեն­նա­յի մէջ։

Ինչպէս կը յի­շենք, այս նպա­տակաւ նշա­նակո­ւած էին երկու բանագնացներ, Թուրքիան ներկայացնող աւագ դեսպան Սերտար Գըլըճ եւ Հայաստանը ներկայացնող Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։ Երկու դիւանագէտներու առաջին հանդիպումը կայացած էր Մոսկուա, Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳ նախարարութեան մէջ, Սերկէյ Լաւրովի հովանաւորութեամբ։

Իմաստալից էր հանդիպման վայրը, քանի այսպէսով երաշխաւորուած կ՚ըլլար Թուրքիոյ բարեկամ եւ Հայաստանի «դաշնակից» Ռոսիոյ հաւանութիւնը, մեկնարկող այս նոր գործընթացի մէջ։

Մոսկուայի առաջին եւ Վիենայի յաջորդող հանդիպումները միշտ աւարտին եկան բանակցող կողմերու նախապէս համաձայնած յայտարարութիւններու հրապարակումով։ Այդ յայտարարութիւնները համարեա ոչինչ կ՚ըսէին բացի հաստատելէ շինիչ երկխօսութեան առանց նախապայմաններու շարունակելու տրամադրութիւնը։

Քաղաքական ներքին բեւեռացման համար շահագործման յարմար առիթ ըլլալով, նիւթը բաւականին լայն կ՚արծարծուէր Հայաստանեան մամուլի եւ լրատու միջավայրերու մէջ։ Հայաստանի մեր պաշտօնակիցները յաճախ կը դիմէին մեզ, լսելու համար նոյն նիւթի մասին Թուրքիոյ մէջ գոյացած կարծիքները։ Մենք կը դժուարանայինք հաւաստիացնելու թէ այս նիւթը առհասարակ տեղ չի գտներ թրքական քաղաքական օրակարգի վրայ։ Կարծես թէ Թուրքիա չ՚ունէր նման խնդիր, որու հետեւանքով աւելի քան 30 տարի երկրի սահմանները փակ ըլլան հարեւան պետութեան մը հետ։

Վերջապէս Ռուբինեան 1 Յուլիսեան հանդիպման նախօրէին արդարօրէն ընդվզում յայտնեց շարունակուող եւ ոչ մէկ տեղ հասնող հերթական հանդիպումներուն ակնարկելով։ «Էական ոչ մէկ յառաջընթաց կայ» կ՚ըսէր Ռուբինեան, կերպով մը այս տեղքայլը վերագրելով թրքական կողմին։

Թերեւս այդ է պատճառը, չորրորդ հանդիպումէն ետք առաջին անգամ տեսանք բանակցութեան պահը ցոլացնող լուսանկար մը եւ բաւականին հարցականներ պարունակող երկու որոշումներ։ Այսպէս ցամաքային սահմանը անցանելի պիտի ըլլայ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ բեռնատար թռիչքներ պիտի կատարուին երկկողմանի կերպով։

Այս յայտարարութիւնը եւս թրքական շրջանակներէ ներս չէ գոյացուցած անհրաժեշտ հարցադրումներ։ Օրինակի համար ցամաքային ո՞ր անցակէտի մասին է խօսքը։ Գիտենք թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ միակ սահմանակէտն է Կարս- Կիւմրի երկաթուղին, որ փակուած էր Թուրքիոյ միակողմանի որոշումով։ Կա՞յ արդեօք ցամաքային մի այլ ճանապարհ, որուն համար մենք տեղեակ չենք։ Եւ եթէ ոչ Հայաստանի կամ Թուրքիոյ քաղաքացին, ո՞վ է որ պիտի անցնի այդ ցամաքային սահմանէն։ Եթէ չէ չեղարկուած Թուրքիոյ Հայաստանի հանդէպ գործադրած առեւտրական շրջափակումը, ինքնաթիռներ ո՞ր ապրանքը պիտի փոխադրեն։

Կ՚երեւի այս է դիւանագիտութիւն կոչուած արհեստի յատկութիւնը։ Ըսել բաներ մը, առանց բան մը ըսելու։

Եթէ նոյնիսկ չկան նախապայմաններ, յայտնի է որ Թուրքիա զուրկ է իր գնահատումով որոշում կայացնելու կամքէն։ Հարկադրուած է Ալիեւի յօժարութիւնը ապահովելու։ Իսկ Ալիեւ, իբրեւ պատերազմի յաղթանակած կողմ, կ՚ուզէ առաւելագոյնը ձեռքբերել իր հակառակորդը ծնկի բերելու համար։

Հայաստան իր կարճատեւ պատմութիւնով ապացուցեց թէ այդքան ալ դիւրին ծնկելու նպատակ չ՚ունի։ Վարձկաններով ու թշնամական դաշինքի ԱԹՍ-ներով ձեռքբերուած կեղծ յաղթանակի հարբածութիւնը փորձանքաբեր կրնայ ըլլալ Ատրպէյճանի համար ալ։

pakrates@yahoo.com