Արտառոց հակասութիւնները բնութագրելու համար թուրքերէնը ունի հրաշալի ասացուածք. «Էտ ի՞նչ պահեցողութիւն, էտ ինչ կաղամբի թուրշի»։ Բոլորս գիտենք թէ թթու անունով յայտնի իր բովանդակութեան մէջ պահած աղով ու թթուով, երբեք չի հաշտուիր պահեցողութիւն կոչուած խնայողութեան հետ։ Դիտելով նախ Թուրքիոյ եւ ապա աշխարհի զանազան երկիրներու միջազգային քաղաքականութիւնը՞ յաճախ կը մտաբերենք այս ասացուածքը։
Երկրի ղեկավարներ, պաշտօնական կոչում ունեցող մարդիկ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մէկ օրէն միւսը այսքան մեծ քայլերով կամ խօսքերով կը դրժեն իրենց նախորդ ըսածները։
Առանց հեռու երթալու դիտենք Թուրքիոյ նախագահին այդ տեսակի հակասական ելոյթները։ Երբ խումբ մը կամաւորներ դէպի Պաղէստին մարդասիրական օգնութիւն փութացնելու համար Կապոյտ Մարմարա նաւուն հետ կը նաւարկէին դէպի Միջերկրական, կը վայելէին այդ ժամանակի վարչապետ Էրտողանի քաջալերանքը։ Ապա իսրայէլեան զինուորներ միջամտեցին նաւուն ցամաք ելլելուն եւ միջազգային ջրերու վրայ զինեալ գործողութիւնով սպաննեցին այդ կամաւորներէն ոմանք։ Դէպքը դիւանագիտական ճգնաժամի մը վերածուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պետութիւններու միջեւ։ Որոշ ժամանակ անց, երբ հետզհետէ կարիք գոյացաւ միջպետական յարաբերութիւնները բարելաւելու, նոյն վարչապետը այս անգամ հասարակութեան աչքերուն մէջ նայելով կրցաւ հարց տալ թէ ո՞րու հարցնելով ելած էին այդ ճամբորդութեան։
15 Յուլիս 2016-ին կատարուած անյաջող յեղափոխութեան փորձէն ետք ձերբակալուեցաւ բազմաթիւ ուսանողներ, որոնք կ՚ուսանէին զինուորական վարժարաններու մէջ։ Իրենց ուսուցիչներու եւ հրամանատարներու հրահանգին ընդառաջելով փողոց իջնող այդ պատանիներէն ոմանք դաժանօրէն գլխատուեցան Վոսփորի կամուրջին վրայ։ Իսկ մնացեալները կանխավճռուած դատավարութիւնով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Այդ նոյն տղաքը վեց տարի անց անպարտ հռչակուեցան նոյն դատարաններու վճիռներով։
Սելահատտին Տեմիրթաշ վեց, իսկ Օսման Քաւալա հինգ տարիներ անցուցին ճաղերու ետին։ Հաւանական իշխանափոխութիւնով մը կը կարծուի թէ երկուքն ալ ազատ կ՚արձակուին։ Իսկ ո՞վ կրնայ հատուցել անոնց կեանքէն խլուած տարիները։
Ամբողջ երկիր մը մեծ զարմանքով դիտեցինք Սաուտի Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանի արժանացած պատիւները։ Իշխան մը, որ մինչեւ մօտ անցեալ ամենածանր մեղադրանքներով հալածուած անձն էր։
Վերջերս լուրեր հասան թէ Թուրքիա յօժարած է Շուետի եւ Ֆիլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Իսկոյն կը յիշենք նախագահ Էրտողանի տակաւին քանի մը օրեր առաջ արտասանած խօսքերը. «Չե՛նք արտօներ որ Թուրքիոյ թշնամի ահաբեկիչներուն ապաստան դարձած այս երկիրները ՆԱԹՕ-ի անդամակցին»։ Հետաքրքրական է որ իշխանամէտ մամուլը ինչպէս նախորդ հոհորտանքները, այս ելոյթն ալ դիմաւորեց մեծ ոգեւորութեամբ, նման ետդարձը Թուրքիոյ դիւանագիտական յաջողութիւնը համարելով։
Մէկ բան շատ յստակ է, ոչ մէկ երկրի կառավարութիւն կրնայ լիակատար վստահութիւն ներշնչել, քանի որ բոլորին ոտքերուն տակ օճառի կաղապարներ դիզուած են։
pakrates@yahoo.com