Մայիս 27, 28 եւ 30-ին էլ. փոստով Հրանդ Տինք հիմնադրամին սպառնալիքներ հնչեցնող Էրսին Պաշքան եւ Հիւսէյին Աթէշ «Անանուն տառերու կամ յատուկ նշաններու շղթայով սպառնալ» մեղադրանքով՝ դատուեցան։
Իսթանպուլի 56-րդ Հիմնական Ատեանի մէջ կայացող դատավարութեան ներկայ էին կողմերու փաստաբանները։ Նիստի ընթացքին բողոքողներու փաստաբանները նշեցին, որ իրենք ընդհանուր առմամբ համաձայն են կարծիքի ազատութեան, սակայն խնդրոյ առարկայ յանցագործութիւնը կատարուած է՝ օգտուելով գոյութիւն ունեցող կամ ենթադրեալ կազմակերպութիւններու վախեցնող ուժէն։ Հոն կը յիշատակուի նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Փաստաբանները պահանջած են ամբաստանյալներուն պատժել «որակաւոր սպառնալիք» յանցանքի համար։ Ի պաշտպանութիւն ամբաստանեալի փաստաբանը պահանջած է արդարացնել անոնց՝ նշելով, որ իր պաշտպանեալները կազմակերպութեան հետ կապ չ՚ունին, եւ խնդրոյ առարկայ որակեալ իրավիճակը չէ առաջացած։ Դատարանը, իր որոշումը հրապարակելով պաշտպանական եւ ընդունուած յայտարարութիւններէն ետք, մեղադրեալ Հիւսէյին Աթէշին դատապարտեց 2,5 տարուայ ազատազրկման՝ «շղթայական սպառնալիքներ» յանցանքի համար, իսկ մեղադրեալ Էրսին Պաշքանին նոյն յանցագործութեան համար դատապարտեց 2 տարուայ ազատազրկման։ Իսթանպուլի Գլխաւոր Դատախազութեան կողմէ նախապատրաստուած մեղադրական եզրակացութեան, իբրեւ բողոքողներ գրանցուած են 9 անձ, որոնք են Հրանդ Տինք Հիմնարկի Վարչական խորհուրդի նախագահը, անդամները եւ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինը։ Մեղադրական եզրակացութեան մէջ կը նշուի թէ Քոնիայի մէջ բերման ենթարկուած եւ Իսթանպուլ ղրկուելով ձերբակալուած Հիւսէյին Աթէշը, երեք անջատ սպառնալիքներ իրականացուցած էր՝ Մայիսի 27-28-ին էլեկտրոնային նամակ ուղարկելով եւ Հրանդ Տինք հիմնադրամի Instagram-ի հաշուին։ Նոյնպէս Մայիսի 23-ին «Անանուն նամակով կամ յատուկ նշաններով սպառնալու» յանցանքի համար պահանջուած էր ազատազրկում՝ 7,5 տարիէն մինչեւ 26 տարի 3 ամիս ժամկէտով։
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ, կ՚ըսուի թէ կասկածեալ Էրսին Պաշքանը, որ իրականացուցած է երկրորդ սպառնալիքի միջադէպը, Մայիսի 30-ին սպառնալից հաղորդագրութիւն ուղարկել Հրանդ Տինք հիմնադրամի էլեկտրոնային հասցէին։ Անոր համար ալ կը պահանջուէր 8 տարի 9 ամիս ազատազրկում։