Երզնկայի Իլիջ գաւառի մէջ տեղի ունեցաւ բնապահպանութեան առումով շատ լուրջ պատահար մը, որ կը սպառնայ բաւական լայն տարածքի մը բնակչութեան եւ բնութեան թունաւորման։ Գաղտնիք չէ թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարածքներ կը տրամադրեն ոսկիի հանքերուն, առանց նկատի ունենալով տեղացի ժողովուրդի ընդվզումը։ Այդ տեսակի հանքերէն մէկը կը գործէր Երզնկայի տարածքին մէջ եւ անոր սիյանիւր կուտակուած աւազանը խողովակի մը պայթելուն պատճառաւ թունաւոր ջուր հոսեցուց դէպի Մուրատ գետը։ Այս մասին բնապահպաններ եւ Գանատական «Անակոլտ» ընկերութեան պատասխանատուներ հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն։ Բնապահպաններու համաձայն պայթած խողովակէն մօտաւորապէս 20 թոննա սիյանիւր պարունակող հեղուկ խառնուած է Եփրատ գետին։ Իսկ «Անակոլտ» ընկերութեան վարիչներու համաձայն կոտրուած խողովակէն դուրս ժայթքած է միայն 8 լիթր հեղուկ, որ արդէն ցամքած է քանի մը մեթրանոց հողին վրայ։
Հետաքրքրական է, որ Երզնկայի կուսակալն ալ կը հերքէ բնապահպաններու պնդումները եւ կը հաստատէ ընկերութեան խօսքերը։ Ի դէմ այս բոլորին Շրջապատի, Քաղաքաշինութեան եւ Կլիմայի Փոփոխութեան Նախարարութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է հանքարտադրութեան աշխատութիւնը։ Համապատասխան տարրալուծարանները արժմ կը քննարկեն Մուրատ գետի տարբեր հատուածներէն վերցուած 27 նմոյշները։