ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Գընալը Կղզիի Կազդուրման Կայանը համավարակի պատճառած երկու տարուայ ընդհատումէն ետք 26 Յունիս կիրակի օր կրկին բացաւ իր դռները հայ մանուկներու դիմաց։
Այս տարուայ համար Կազդուրման Կայնի երդիկին տակ նախատեսուած են մարմնամարզական խաղեր, լեզուի եւ գեղարուեստի ուսուցում եւ այլ տեսակի զանազան միջոցառումներ։
Արի Չոլաքի գլխաւորած Կազդուրման Կայանի վարչութիւնը ընկերակցութեամբ ճամբարի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, վարչայիններ Նորա Քումրալ, Այքուն Պուտակ, Առնօ Պենկլիեան եւ իտալերէն դասընթացքներու ուսուցչուհի Միրնա Չոլաքի, այցելեց «Ակօս»ի խմբագրատուն եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց ճամբարի ծրագիրներուն մասին։
Հետզհետէ աւանդականացած Կազդուրման Կայանի այս տարուայ սիրոյ սեղանը պիտի կայանայ 31 Յուլիսին եւ պիտի ձօնուի նախորդ տարի վախճանած Հայր Թաթուլ Անուշեանի յիշատակին։ Պիտի ոգեկոչուին նաեւ ճամբարի բարերարներ Անի Հաւըթերս եւ Անի Համամճըօղլուի յիշատակները։
Այս տարի ճամբարին կը մասնակցին 110 աշակերտներ, որոնցէմ 15-ը եկած են Հրանդ Տինք վարժարանէն։ Վարիչները յոյսով են թէ ճամբարի տեւողութեամբ նախատեսուած միջոցառումները ոգեւորութիւն պիտի գոյացնեն աշակերտներու մօտ։ Այս տարուայ համար նախատեսուած է թատրոնի, երգչախումբի եւ կերամիկայի աշխատանոցներ։ Պիտի ընթանան հայերէնի, անգլերէնի եւ իտալերէնի դասընթացքներ։ Նաեւ կը նախատեսուի գաղտնագրերու ընթերցման ուսուցում։
Թատերական աշխատանոցը կը գլխաւորէ «Յանկարծ» թատերախումբի գեղարուեստական վարիչ Եղիա Աքկիւն։
Ֆուտպոլի մարզումները ստանձնած է «Թաքսիմ», վոլէյպոլ, պասկետպոլ, ճատրակ, թենիս եւ մարմնամարզութեան ճիւղերն ալ «Շիշլի» մարզակումբները։
Գընալը Կղզիի հոգեւոր հովիւ Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանն ալ պիտի դասաւանդէ կրօնք։
Կազդուրման Կայանէ ներս աւանդութիւն դարձած «Բառ Խաղ»ը այս տարի ալ պիտի կայանայ։
Ճամբարի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու յայտնեց թէ բծախնդրութեամբ կը գործադրեն պսակաձեւ ժահրի դէմ կանխամիջոցները։ Անձնակազմը դիմակներով պիտի աշխատի եւ ննջարաններու օդը յաճախ պիտի փոխուի եւ պիտի պահուի անկողիններու միջեւ անհրաժեշտ հեռաւորութիւնը։
Միջոցառումներու եւ ճամբարի ընթացող ծրագիրներուն կարելի է հետեւիլ Կազդուրման Կայանի Դիմատետրի եւ Ինստեկրամի էջերէն։