ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Փոքրամասնութեան համայնքներու պատկանող հիմնարկներու վարչութիւնները ճշդելու համար գործադրուելիք նոր կանոնագիրը 18 Յունիսին պետութեան պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելով գործադրութեան դրուած էր։ Հիմնարկները թէեւ ուրախութեամբ դիմաւորեցին այդ ընթացքը, բայց ներկայացած կանոնագիրը չէ դիմագրաւած հասարակութեան ակնկալութիւնները։
Ընտրատարածքներու բաժանումը եւ հիւանդանոցներու հոգաբարձութեան ընտրութիւններուն 2023-ի տարեվերջին յետաձգումը դժգոհութեան կարեւոր կէտերն են։
Հայ համայնքային վարիչները մտադիր են քննարկումներէ ետք առարկութիւն ներկայացնելու։
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան Ամիտայի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը յայտնէ թէ ներկայացած կանոնագիրը պարտադրանք մըն է, որ պէտք է մերժուի։ Փայլան «Ակօս»ին տուած յայտարարութիւնով նշեց թէ կանոնագիրը պահանջները նկատի ունենալով չէ պատրաստուած եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ անպատեհութիւններ պիտի բերէ։ «Սոյն կանոնագիրը պարտադրանք մըն է եւ անտեսած է փոքրամասնութիւնները պահանջները։ այդ առումով ալ պէտք է մերժուի։ Սակայն ինը տարիէ աւելի է որ առկախուած ընտրութիւնները թէկուզ ներկայ հակաժողովրդավարական պայմաններուն մէջ անցկացնելու առիթը բնականաբար գոհունակութիւն պատճառած է։ Սակայն պէտք է առարկել այս պարտադրանքին դէմ որպէսզի երկրի իշխանափոխութեան երթալու պարագային համայնքներու դժգոհութիւնը արձանագրուած ըլլայ»։
Ընտրութիւնները կարգաւորող նախորդ կանոնագիրը 2013 թուականին աւելի լաւը պատրաստելու պատրուակով չեղեալհամարուած էր։ Կարօ Փայլան կը նշէ թէ փոքրամասնութիւններու հիմնական պահանջը աւելի արդար ընտրութիւններ անցկացնելն էր։ Արդարեւ նախորդ ընտրութիւններու ընթացքին օրինական զանցառութիւններ նկատուած էին։ Այս մասին հարցագիրով մը Թուրքիոյ Խորհրդարանին դիմող Կարօ Փայլանի համաձայն հիւանդանոցներու հոգաբարձութեան ընտրութիւնները յաջորդ տարուան յետաձգելը գայթակղութեան բնոյթ ունի։
«Ցանկացած հիմնարկ այս նոր կանոնագրութիւնով ալ կրնայ ապօրէն ընտրութիւն կատարել։ Ընտրութիւնը բոլորովին յանձնուած է Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Ուրեմն ցանկացած հիմնարկի վարչութիւն Ընդհանուր Տնօրէնութեան հետ համաձայնելով կրնայ իր Ընտրութեան Կարգադիր Յանձնախումբը ճշդել, ընտրացանկերը եւ ընտրութեան տարածքը իրեն ձեռնտու կերպով դասաւորեիլ։ Այս երեւոյթը արգելք է ժողովրդավարական, արդար եւ թափանցիկ ընտրութեան։ Մինչ այդ հիւանդանոցի ընտրութիւններուն տարանջատումը կատարեալ գայթակղութիւն մըն է։ Ի վերջոյ համայնք կոչուածը պատրիարքարանով, եկեղեցիներով, հիւանդանոցներով եւ դպրոցներով ամբողջութիւն մըն է։ Տուեալ համայքնի կարիքները գոհացնելու համար հիմնուած հաստատութիւններէն մէկն ալ հիւանդանոցն է։ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը ամբողջէն տարանջատելը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Մանաւանդ ալ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը ինքզինք համայնքի աշխարհիկ առաջնորդը ըլլալով կը ներկայացնէ։ Հետեւաբար ընտրութենէ զերծ մնացած մէկու մը համայքնի առաջնորդ համարուիլը անընդունելի երեւոյթ մըն է։ Այս բոլորին պատճառաւ պէտք է առարկել այս կանոնագրին։ Անշուշտ որ կարեւոր է ընտրութիւններուն անցկացումը, բայց ապա աւելի լուրջ խնդիրներու հետ դէմ յանդիաման պիտի մնանք։ Վերջապէս Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին երկրի Առողջապահական Նախարարութեան կցուելուն դէմ ամբողջ համայնքը պէտք է բողոք բարձրացնէ։ Ես թէեւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի մէջ հայ երեսփոխան մըն եմ, բայց կը խորհիմ թէ այս տեսակի առարկութիւնները պէտք է ուղղակի համայնքէն բարձրանայ։ Ըստ իս կարելի է, թէ ընտրութիւնները կատարել եւ թէ այս կանոնագրի դէմ իրաւական գետնի վրայ պայքարիլ։ Այս պայքարի առաջնորդը պէտք է նոյն ինքն հիմնարկները ըլլալն, նոյն ինքն հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը։ Մեր աւանդութիւններուն հակասող պատրիարքական ընտրութիւն մը կատարեցինք եւ այժմ նոյն մտահոգութիւններով նոր սխալ մը գործելու, այսինքն պարտադրուածը իւրացնելու վտանգի մը հետ դէմ յանդիման ենք»։
Երեսփոխան Կարօ Փայլան նաեւ նշեց թէ սոյն կանոնագրի պատրաստութեան մէջ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է։ Բոլորովին անիմաստ է այս երեւոյթը, քանի որ ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւնները երկրի անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիր մը չեն համարուիր։ «Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը ենթակայ է Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան։ Սակայն կանոնագրի պատրաստութեան մէջ այդ նախարարութեան ազդեցութիւնը չէ եղած։ Սոյն պարտադրանքը կը հակասէ նաեւ միջազգային համաձանութիւններու» ըսած է Կարօ Փայլան։