2022 թ. «Օրօրա» մրցանակի շնորհման արարողութիւնը ու անոր ուղեկցող յատուկ միջոցառումները տեղի կ՚ունենան Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը 14–16 Հոկտեմբեր թուականներուն։ Մէկ վայրի մէջ կը համախմբուին մարդասիրութեան ոլորտի աշխարհի առաջատարները՝ արժանին մատուցելու մերօրեայ հերոսներուն, փառաբանելու մարդկութեան ոգին եւ զօրացնելու մարդկանց օգնութեան ձեռք մեկնողներու յաջորդ սերունդին։
«Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ «Օրօրա» մրցանակը կը ձգտին լուծել մարդասիրական խնդիրները աշխարհի տարբեր անկիւններուն՝ տեղին օգնելով ամենակարիքաւորներուն։ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն, ամէն տարի «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիրին կը շնորհուի 1.000.000 ԱՄՆ տոլար պարգեւ՝ անոր ընձեռելով բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան եւ աջակցելու այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՚օգնեն այլոց։ Բացայայտելով եւ աջակցելով աշխարհի անյայտ հերոսներուն՝ «Օրօրան» զգալի ազդեցութիւն ունեցած է՝ արդէն բարեփոխելով կարիքի մէջ գտնուող աւելի քան 2.7 միլիոն մարդու կեանքը։
Վենետիկի մէջ կայանալիք յատուկ միջոցառումներու ընթացքին տեղի կ՚ունենայ Aurora Dialogues երկու քննարկում։ Առաջինը կը ներկայացնէ 2022 թ. «Օրօրայի» հերոսներ Ջամիլա Աֆղանիի, Մահինուր էլ-Մասրիի եւ Հադի Ջումանի անվեհեր աշխատանքը։ Իսկ երկրորդ միջոցառումը կը քննարկէ երիտասարդ սերունդի կենսական դերը՝ մարդկութեան ապագան որոշող խնդիրներու լուծման գործին մէջ։ Խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու աշխարհահռչակ ակտիվիստները ու մարդասէրները՝ ներառեալ «Օրօրա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամները, ինչպէս նաեւ «Օրօրա» համայնքի ներկայացուցիչները ու նախաձեռնութեան աջակիցները, կը միաւորեն իրենց ջանքերը այնպիսի գաղափարներ բացայայտման գործին մէջ, որոնք կը բերեն շօշափելի, դրական փոփոխութիւններ։
Յատուկ միջոցառումները կը եզրափակուին 2022 թ. «Օրօրա» մրցանակի շնորհման արարողութեամբ, որ տեղի կ՚ունենայ Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար Կղզիի մէջ աշխարհի հայ մշակոյթի ամենանշանաւոր կեդրոններէն մէկուն։ Այս տարի «Օրօրան» կը մեծարէ մերօրեայ երեք հերոսները, որոնք կրթութեան հնարաւորութիւն կու տան կանանց եւ աղջիկներուն Աֆղանստանի մէջ, կ՚ազատեն ռազմագերիներուն Եմենի մէջ եւ կը պաշտպանեն մարդու իրաւունքները Եգիպտոս։ Արարողութեան ընթացքին 2022 թ. «Օրօրայի» հերոսներէն մէկը կը դառնայ 2022 թ. «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիր՝ ըստ իր ցուցաբերած խիզախութեան, նուիրուածութեան եւ ունեցած ազդեցութեան։
Այժմ կարող էք առաջադրել թեկնածուներուն՝ 2023 թ. «Օրօրա» մրցանակի համար։
***
«Օրօրա» համաշխարհային
մարդասիրական մրցանակի
մասին
«Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի առաքելութիւնն է ճանաչման արժանացնել եւ աջակցիլ անոնց, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն սեփական կեանքը, առողջութիւնը կամ ազատութիւնը, որպէսզի փրկեն այն մարդկանց կեանքը, առողջութիւնը կամ ազատութիւնը, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու, մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւններու կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու հետեւանքով։ «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիրը կ՚ընտրուի՝ ըստ ցուցաբերած խիզախութեան, նուիրումի եւ ունեցած ազդեցութեան։
«Օրօրա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի կազմին ընդգրկուած են Նոպելեան դափնեկիրներ Շիրին Էբադին եւ Լեյմա Գբովեն, Իռլանտիայի նախկին նախագահ Մերի Ռոբինսոնը, մարդու իրաւունքներու ակտիվիստ Հինա Ջիլանին, Մեքսիկայի նախկին նախագահ Էռնեստօ Սեդիլյոն, մարդու իրաւունքներու ակտիվիստ եւ The Sentry նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ճոն Փրենդերգասթը, Unilever ընկերութեան նախկին գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ IMAGINE կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ համանախագահ Փոլ Փոլմանը, «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ Ֆրանսայի նախկին արտգործնախարար Պեռնարդ Քուշները, լրագրող, Պուլիցերեան մրցանակի դափնեկիր Դելէ Օլոջեդեն, Նիւ Եորքի Կարնեգի կորպորացիայի նախագահ Վարդան Գրեգորեանը (1934-2021)։ Յանձնաժողովը կը նախագահէ Լոնդոնի կայսերական քոլեջի Կլոպալ առողջապահական նորարարութիւններու ինստիտուտի համաղեկավար Լորդ Արա Դարզին։
Պատուաւոր համանախագահներն են խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու յայտնի ակտիվիստ Պենժամին Ֆերենցը եւ օսկարակիր դերասան, մարդասէր Ճորճ Քլունին։
Մենք կը յարգենք Ընտրող յանձնաժողովի առաջին համանախագահ, Մարդասիրութեան «Էլի Վիզել» հիմնադրամի նախագահ, Նոպելեան դափնեկիր Էլի Վիզելի (1928-2016 թթ.) յիշատակը։