ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Բաւականին հետաքրքրական ոդիսական մըն էր «Առանց Ֆէսը Քցելու» գիրքի պատրաստութեան փուլը։ Ամէն ինչ սկսած էր լրագրող Էլիֆ Աթալայի հարցումներուն պատասխանելով։ Մեր մանկութեան եւ պատանութեան յուշերը հետզհետէ աւելի հետաքրքրական թուեցան եւ Էլիֆ սկսաւ ձայնագրուած այդ զրոյցները թուղթի անցնելու։ Աւարտին մեր ձեռքին ունեցանք մասամբ կենսագրական բնոյթի յուշապատում մը, որ յառաջացած էր իմ զրուցակիցի հարցումներով։ Գիրքը լոյս տեսնելէն ետք յատկապէս ընկերական մտերիմ շրջանակէ լսեցինք ակնարկութիւններ, որոնց համաձայն բաւականին տեղ չէինք տուած մեր ինքնութիւնը ձեւաւորող միջավայրերու։ Իրաւացի դիտողութիւն մըն էր այդ եւ իսկոյն ձեռնարկեցինք նման բացթողումը սրբագրելու։
Այսօր կը սկսինք նոր յօդուածաշարք մը, ուր կը պարզուին, մեր ինքնութիւնը, աշխարհահայեացքը եւ դիրքորոշումը ձեւաւորող միջավայրերը եւ անձիք։ Պարտիմ նշել թէ իբրեւ աշակերտ բաւականին կարճ եղած է Կեդրոնական Վարժարանի մէջ իմ գոյութիւնը։ Եթէ ընկերական միջավայրի մէջ ինծի վերագրուած ինքնութիւններէն մէկն ալ «կեդրոնականցի» կոչումն է, այդ մէկը առնչուած է դպրոցէ աւելի Կեդրոնական Սանուց Միութեան հետ։
Միութիւն յաճախել սկսայ Սայաթ Նովա երգչախումբի անդամակցելուս հետ նոյն շրջանին։ Պատճառը պարզ էր՝ Սայաթ Նովա Երգչախումբի մէջ մեծ թիւ կը կազմէին բոլոր անոնք, որոնք ուսանող կամ շրջանաւարտ եղած էին Կեդրոնականէն եւ հետեւաբար կը յաճախէին նաեւ Սանուց Միութիւն։
Եթէ երգչախումբի հաւաքատեղին, Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակը հասանելի է միայն կիրակի օրերուն, միութիւն կրնայինք յաճախել շաբաթուայ բոլոր օրերուն, տրուած ըլլալով թէ ան կը գտնուէր քաղաքի կեդրոնական թաղամասը։
Այստեղ նշուածը 1972 կամ 73 տարեթիւերն են։ Այդ շրջանին միութենէ ներս կարծես երկու շերտ գոյութիւն ունէր, երէցներէ, նոյնիսկ տարեցներէ բաղկացող վարչութիւնը եւ մեր ալ մաս կազմած Երիտասարդաց Յանձնախումբը։
Վարչայինները՝ որոնց մէկ մասը արդէն իբրեւ ուսուցիչներ ծանօթ էին նաեւ դպրոցական տարիներէն։ Ջերմ համագործակցութիւնով հանդերձ որոշ հեռաւորութիւն մը կար մեր ու վարչայիններու միջեւ։ Անոնք շաբաթը մէկ անգամ կ՚այցելէին միութիւն եւ կը կատարէին իրենց հերթական ժողովը։ Այդ տարիներուն մեր ունեցած տպաւորութեան համաձայն վարչութիւնը իր պաշտօնավարման շրջանին կը զբաղէր երկու կարեւոր միջոցառումներով։ Անոնցմէ առաջինն էր իւրաքանչիւր տարի Դեկտեմբեր ամսու երկրորդ կիրակի օր նշուած Բաժակի Պահը։ Այդ գաղափարի յղացողներն էին միութեան հիմնադիրներու սերունդէն Արա Վանլըեան եւ ընկերները։
Օրուայ բնաբանն էր «Ապրի՛ Կեդրոնականը, Ապրի՛ Կեդրոնականցին»՝ որ կ՚արտասանուէր այդ պահուն ներկայ գտնուող երիցագոյն եւ կրտսերագոյն կեդրոնականցիներու բաժակները իրար խփելով։ Ապա բնաբանը կը կրկնուէր բոլոր ներկաներուն կողմէ։
Վարչայիններու երկրորդ կարեւոր կազմակերպութիւնն էր տարեկան պարահանդէսները, որոնք Բաժակի Պահուն նման կը կատարուէին յայտնի հիւրանոցներու շքեղ սրահներուն մէջ։ Պարահանդէսը նաեւ կը հաւասարակշռէր միութեան տարեկան ելմտացուցակը։
Խոստովանիմ թէ մենք որպէս Երիտասարդաց Յանձնախումբ, երբեք չէինք զգար միութեան ծախսերու հոգը։ Մեր գլխաւոր ծախսը սահմանուած էր միութեան գրադարանը նոր հրատարակութիւններով ճոխացնելով։
Այդ ոչ լուրջ պիւտճէի համար սակարկութիւններ կ՚ունենայինք վարչայիններու հետ։ Այսօր բոլորն ալ երախտիքով յիշած այդ անունները մեր երիտասարդութեան տարիներուն կը դիտէինք իբրեւ պուրժուվա իշխանաւորներ, որոնք կը զլանային գրադարանին պիւտճէ տրամադրելէ։
Այս յօդուածաշարքին մէջ ես պարտք կը համարեմ, եթէ ոչ ամբողջական ճշգրտութեամբ, բայց մեր վրայ ազդեցութիւն գոյացուցած հեղինակաւոր անունները նշելու։ Սոյն տարիներուն միութեան ատենապետն էր բժիշկ Նազարէթ Տիլսիզեան, որ նաեւ մինչեւ մօտ անցեալ կենսագիտութիւն կը դասաւանդէր դպրոցէն ներս։ Նոյնպէս երախտիքով ու յարգանքով կը յիշեմ բժիշկ Գէորգ Գէորգեանը, որ երկար տարիներ անհատական մեծ ներդրումով հրատարակած էր միուեան պաշտօնաթերթը՝ «Հանդէս Մշակոյթի» պարբերականը։ Մանաւանդ ժամանակի գործադրութեան առումով բծախնդրութեամբ յայտնի բժիշկ Հերմոն Արաքսը, երիտասարդութեան հանդէպ համակրանքով լեցուն Տիկին Գեղուհի Կէօքպերքը եւ ամուսինը ատամնաբոյժ Սուրէն Կէօքպերքը։
Այսօր երբ մենք իւրաքանչիւրս հասած ենք իրենց այդ տարիներու տարիքին դիւրաւ կրնամ մեղանչել թէ չէինք կրցած գնահատել անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։
Այս խոստովանութեան համար շատ աւելի կանուխ ուշքի եկած էինք, երբ քանի մը տարիներու ընթացքին այդ սերունդը գրեթէ ամբողջութեամբ հեռացաւ վարչական պաշտօններէ հերթափոխութիւնը յանձնելով յաջորդներուն։
Այդ աւագ սերունդին յաջորդողները համեմատաբար աւելի երիտասարդներ էին, որոնց կրնայինք «Աղբարիկ» կոչումով դիմել։ Հոս եւս կը նկատուէր համադասարանականներու միասնութիւն մը, որուն առաջնորդն էր բժիշկ Արման Չաքըր։
Կարեւոր մէջբերում մը ընելով պարտիմ յիշել սանուց միութեան վաստակաւոր տնտեսը՝ Ալի Սեհերեըլտըզըն։ Իրականութեան մէջ միութեան մէջ անոր գոյութիւնը տնտես կոչումով բնութագրելը խիստ անարդար է։ Ան տեսակ մը տնօրէնի հանգամանք ունէր միութեան առօրեայ ապրումներուն մէջ։ Դիւրահաղորդ էր Ալին, որուն ցուցմունքներէն ամենաշատ օգտուողները կ՚ըլլայինք մենք Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամներս։ Միութենէ ներս կազմակերպչական բոլոր գործերու համար կը թեթեւցնէր, թէ վարչութեան եւ թէ երիտասարդաց բեռը։ Կ՚արժէ յիշել անոր ցուցահանդէսներուն բացման կամ առաջին ներկայացումներու համար քոքթէյլի խմիչք պատրաստելու եղանակը։ Ունէր երկու դոյլեր, որոնց մէջ կը լեցնէր նուազ չափով ալքոլ եւ ապա կ՚ամբողջացնէր զանազան հիւթերով։ Աւարտին կ՚ունենար երկու տեսակ խմիչք մէկը վարդագոյն, իսկ միւսը դեղին, որուն համար տիկնայք բաղադրատոմս կը խնդրէին Ալիէն։ Ալի նաեւ միութեան երդիկին տակ լաւագոյն ճատրակ խաղացողն էր փաստաբան Արա Ղուպէսէրեանի հետ։
Մինչեւ այս պահուն եթէ խօսեցանք միութեան երիցագոյն անդամներու մասին, կ՚արժէ խօսիլ նաեւ մեր սերունդակիցներու կամ մեզմէ քանի մը տարիով աւելի մեծ եղողներու մասին ալ։ Այդ շրջանակէ ներս առաջին առթիւ կ՚ուզեմ անդրադառնալ Արա Ղուպէսէրեանին։ Ան մեզմէ շատերուն վրայ խոր տպաւորութիւն թողած է իր մտաւորականի յատուկ նախասիրութիւններով ու գիտելիքներով։ Օրինակի համար իր միջոցաւ ընկալած ենք դասական երաժշտութիւն լսելու ճաշակը։ Եթէ ոչ ամէն շաբաթ, գէթ երկու շաբաթը անգամ մը կը մէկտեղուէինք Արայի Չիմեն փողոցի վրայ գտնուող բնակարանը։ Երկյարկանի այդ բնակարանի նկուղը Արայի տեսակ մը առանձնատունն էր։ 8-10 երկսեռ երիտասարդներ կը մէկտեղուէինք այդ սենեակին մէջ եւ աժան գինիի ընկերակցութեամբ դասական երաժշտութիւն կը լսէինք։ Արան տարիքով մեզմէ մեծ էր եւ կը թողուր այն տպաւորութիւնը թէ արդէն կեանքի ուղին գծած, փաստաբանական սեփական գրասենեակը բացած մէկն է։ Աւելի ուշ նկատեցինք թէ իրողութիւնը տարբեր էր։ Արայի ներքնաշխարհը բաւականին փոթորկոտ էր։ Բացի երաժշտութեան հանդէպ տածած հետաքրքրութենէն, Արան նկարիչ էր նաեւ եւ արհեստավարժ որսորդ։ Յաճախ հրաւէրներ կը ստանար իր որսորդ բարեկամներէն եւ հրացանը վերցնելով կ՚երթար քանի մը օրեր շարունակելի որսի արշաւներուն։ Գրականութեան հանդէպ ալ ուշադրութիւն ունէր եւ լաւ ընթերցող մըն էր։ Շատ հաճելի էր իր մեկնաբանութիւնները լսել Ճեք Լանտընի հիւսիսային պատմուածքներու եւ մանաւանդ ալ այդտեղ գործադրուած տիալեկտիկայի մասին։ Իր շնորհիւ որդեգրեցինք իւրաքանչիւր շաբաթավերջին յաճախել Իսթանպուլի Պետական Սիմֆոնիկ Նուագախումբի համերգներուն։ Այդ սովորութիւնը համարեա անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ մեր ամուսնութեան առաջին տարիներուն։
Ծնողներու մահով Արա Ղուպէսէրեան լքեց պապենական տունը ու տեղափոխուեցաւ Վոսփորի ափի Քիրեչպուրնու թաղը։ Համարեա նոյն շրջանին թողեց նաեւ փաստաբանական ասպարէզը եւ բոլորովին որդեգրեց ձկնորսութիւնը։ Իր կարճատեւ կեանքի վերջին տարիները անցուց այդ նաւուն վրայ ձկնորսութեամբ։
Ինչպէս վերեւ ալ ըսի Արա Ղուպէսէրեանը խորապէս տպաւորած էր մեզ, բայց առանձինը չէր այդ ուղղութեան մէջ։ Յաջորդով պիտի անդրադառնանք Երիտասարդաց Յանձնախումբի այլ անուններուն ալ։