Ուրբաթ գիշեր պետութեան պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելով վերջապէս տեսանելի դարձաւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները կարգաւորող կանոնագրութիւնը։ Լուրը ռումբի նման պայթեցաւ համայնքային շրջանակներէ ներս, քանի որ ան իբրեւ պարտադրանք կը ներկայացնէր մինչեւ 2022 Դեկտեմբերի աւարտին կայացնել ինը տարիէ ի վեր առկախուած ընտրութիւնները։
Առաջին հերթին լորը դիմաւորուեցաւ ոգեւորութեամբ։ Սակայն յօդուածներու իրաւացի ուսումնասիրութիւնով պարզուեցաւ թէ ընտրութեան նոր կանոնագիրը յաւելեալ սահմանափակումներ կը թելադրէ ներհամայնքային ընկերական կեանքի վրայ։ Ալ աւելի կը շեշտուի Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան վերահսկիչ հանգամանքը։ Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը նոյնիսկ լիազօրութիւններ կը ստանայ ի պահանջել հարկին ցանկացած հայկական հիմնարկի ընտրութիւնները նշանակուած տեղապահով կազմակերպելու համար։
Նոր կանոնագրի պահանջը գոյացած էր քաղաքէ ներս կարգ մը թաղերու բնակչութեան նուազումով։ Ներկայիս կան թաղեր, որոնք ունին շատ նուազ թիւով բնակչութիւն եւ հին կանոնագրով այս երեւոյթը առիթ կը ստեղծէր զանազան շահագործումներու։
Հակառակ որ անցեալին թաղական ընտրութիւնները ամբողջ Իսթանպուլի տարածքին ընդլայնելու արտօնութիւն տրուած էր պահանջող թաղերուն, բացարձակապէս քիչ եղան այդ առիթէն օգտուիլ ուզող հաստատութիւնները։ Իսկ այժմ Իսթանպուլի բոլոր համայնքային հաստատութիւնները բաժանուած են երեք ընտրամասերու եւ այս դրութիւնը հազիւ մասամբ պիտի դիւրացնէ նախապէս գոյացած անելը։
Իսկ գաւառի եկեղեցիներուն համար, որոնք կը համարուին չորրորդ ընտրատարածք, հայ համայնքի բոլոր անհատները պիտի կրնան քուէարկել կամ թեկնածու ներկայանալ։Կանոնագրի բացասական գլխաւոր կէտը այն է թէ ներառեալ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը, համայնքներու պատկանող հիւանդանոցներու համար ընտրութիւնը յետաձգուած է յառաջիկայ տարուայ։ Այս զանցառութիւնը բացատրող պատճառաբանութիւնը երբեք գոհացուցիչ չէ, քանի որ հիւանդանոցները ի սկզբանէ կը վայելեն երկրի Առողջապահական Նախարարութեան հսկողութիւնը։
Այսպէսով բացի Վաքըֆֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութենէ պետական կառոյց մը եւս վերակեցու կը կանգնուի համայնքային հաստատութիւններուն։ Այս պահուն կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է գործող կազմերու դիմաց այլընտրանքային նոր ցանկերու պատրաստութիւնը։