Թերթիս նախորդ թիւին մէջ արձագանգած էինք Տիյարպեքիր 20 լրագրողներու բերման ենթարկուելու մասին լրատուութեան։ Թերթիս տպարան ղրկուած ժամերուն կը շարունակուէր դատախազի հարցաքննութիւնը։ Ապա շուտով պարզուեցաւ թէ դատարան ներկայացող լրագողներէն 16-ը ձերբակալուած են ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ընելու մեղադրանքով։ Թուրք Պատժական Օրէնքին ագուցուած այս մեղադրանքը իրականութեան մէջ կը գործէ կառավարութեան համար անբաղձալի թուացող բոլոր կարծիքները ճնշման տակ պահելու։
Սարսափելին այն է թէ խօսքի ազատութեան դէմ նման ճնշումները երբ կը գործադրուին քրտերէն մամուլի դէմ, Թուրքիոյ հասարակական կազմակերպութիւնները կը մատնուին խոր լռութեան։
Նման երեւոյթ մը պարզուեցաւ, երբ 20 Յունիսին Վանի Պաշքալէ գաւառին մէջ զինեալ ուժեր մեղադրեալ մը բերման ենթարկելու համար սարսափի պահեր ապրեցուցին խաղաղ բնակիչներուն։ Դէպքի պահուն բջջային հեռախօսի տեսախցիկով կատարուած նկարահանումին մէջ կը տեսնուէին բազմաթիւ զինեալներ, որոնք իրենց ինքնաձիգ հրացաններով կը կրակէին օդին։ Ետին կը լսուէր կանանց սարսափի ճիչերը։ Աւելի ետք տեղացիներ դէպքի վայրէն հաւաքած էին աւելի քան 400 պարկուճներ։
Աւելի ետք լսուեցաւ կուսակալութեան դասականացած ստախօսութիւնը։ Կուսակալը կը պնդէ թէ բերման ենթարկուածը ՓՔՔ-ի անդամ ահաբեկիչ մը է եւ անոր մերձաւորներն ալ քարկոծած են ապահովութեան ուժերու ինքնաշարժները։ Կուսակալի յայտարարութիւնը իսկոյն հերքուեցաւ տեղւոյն բնակիչներու կողմէ, որոնք կը պարզէին թէ բերման ենթարկուելու պատճառը միջընտանեկան թշնամութիւն մըն էր, որուն դատավարութիւնը կը շարունակուէր աւելի քան ինը տարիէ ի վեր։
Այս օրերուն Խորհրդարանի քննարկման յանձնուած է կառավարութեան կողմէ պատրաստուած գրաքննութեան օրէնքի նախագիծ մը։ Նախագիծը իբրեւ թէ կը միտի ապատեղեկատուութեան առաջքը առնել, սակայն մասնագէտներու համաձայն կատարուածը յատկապէս ընկերային ցանցերէ ներս լուրերու տարածումը կանխելու համար հնարուած միջոց մըն է, որ կը սպառնայ խօսքի ազատութիւնը ալ աւելի սահմանելու։
Յատկապէս կը նշուի օրինագծի պղտոր արտայայտութիւնները։ Ապատեղեկատուութիւն բառի սահմանումը խիստ անորոշ է։ Ո՞վ եւ ո՞ր եղանակով պիտի ճշդէ լրատուութեան հաւաստիութիւնը։
Այս զարգացումներէ ետք մամուլի ոլորտի հասարակական կազմակերպութիւնները երկրի զանազան քաղաքներէ ներս խիստօրէն կը դատապարտեն օրէնքի նախագիծը, որ մեծ հաւանականութեամբ պիտի վաւերացուի խորհրդարանի կողմէ։