Թուրքիոյ դատական համակարգի պարզած անարդարութեան երեւոյթները հետզհետէ հասած են աչք ծակող մակարդակի մը։ Նման հաստատումի տեղի տուող վերջին զարգացումը Փընար Կիւլթեքին անուն երիտասարդուհիի վայրագօրէն սպանութեան դատավարութիւնով եկաւ հասարակութեան օրակարգին։
Ոճրագործը կատարած անմարդկային ոճիրին հանդէպ մեղանչելու դոյզն իսկ նշան չէր ցուցաբերած եւ աւելին՝ յայտնած էր թէ խիղճը բոլորովին խաղաղ է։ Տանջելով սպաննել, զոհը ողջ ողջ հրկիզել եւ ապա տակառի մը մէջ տեղաւորելով վրան ցեմենտ լեցնելը բաւականին վայրագութիւն չէր թուացած դատակազմին, որ ցկեանս բանտարկութեան պատիժը վերածեց 24 տարուայ ազատազրկման։
Թուրքիոյ օրէնքներու գործադրման կանոնին համաձայն 24 տարի բանտարկութեան իրաւացի կիրարկումը 14,5 տարի ազատազրկում է, որմէ ետք ոճրագործը իբրեւ թէ պատիժը կրած կերպով դուրս պիտի գայ եւ կրկին պիտի մասնակցի ընկերային կեանքին։ Դատակազմը պատիժի զեղչումը կատարած է պատճառաբանելով թէ զոհը գրգռած է ոճրագործը։
Թուրքիոյ մէջ վերջին 20 տարիներու ընթացքին հետզհետէ հիմք դրած է յետադիմական ու պահպանողական գաղափարախօսութիւն մը, որուն գլխաւոր մղիչ ուժն է այրիշխան մտածելակերպը։
Այրիշխան մտածելակերպը որքան ալ ծանր լուծ մը պարտադրէ կանանց հանդէպ, Թուրքիոյ կնոջ ազատութեան շարժումը կը յաջողի համապատասխան խիզախ դիմադրութիւնը ցուցաբերել։ Այդ դիմադրութիւնը հետզհետէ կը պատրաստէ գործող իշխանութեան անխուսափելի պարտութիւնը։
Նիւթի հետ առնչուած լուրերու հետեւելու պահուն ալ աւելի կը համոզուինք թէ Էրտողանի իշխանութեան կործանումը պիտի կայանայ կիներու ձեռքով։
Պարտինք հաստատել թէ Թուրքիա ժողովրդավարութեան առումով կարեւոր պաշար ունեցող երկիր մըն է։ Անշուշտ որ այսօր դիտելով երկրի ընդհանուր համայնապատկերը, կը դժուարանանք այդ կուտակումը տեսնելու։ Յարատեւ ճնշումները տուած են իրենց արդիւնքը եւ հասարակութիւնը բնականաբար կը խուսափի ոստիականական բռնութենէ։ Բայց յիշենք որ ճիշդ ալ նման ապրումներու մէջ տեղի ունեցաւ «Կէզի» զբօսայգիի այդ մեծ դիմադրութիւնը, որը զսպելու համար անզօր մնաց ոստիկանական այդ հսկայ ուժը։
Այսօր ալ Փընար Կիւիլթեքինի սպանութեան մասին արձակուած այս անընդունելի վճիռէն ետք դարձեալ կիներն են որ մեծ քաղաքներու հրապարակներուն վրայ կը բարձրացնեն իրենց բողոքի ձայնը եւ հաստատակամ կերպով կը յայտարարեն թէ պիտի չհանդուրժեն իրենց պարտադրուած այս լուծին եւ հաշիւ պիտի պահանջեն նման անարդար վճիռներու համար։ Պարտինք տեսնալ թէ բարոյական արժէքները կամ ընտանեկան սրբութիւնը, պատուի հասկացողութիւնը, կիներու սրունքներուն արանքով սահմանող հասկացողութիւնը, որ շատ անգամ հիմք կ՚առնէ կրօնական թելադրանքներէ, մարդակեր է եւ մանաւանդ ալ կինակեր։
Ցաւով նշենք թէ քիչ պակաս կամ քիչ աւելի համեմատութեամբ կրօնական բնոյթով այս վայրագութիւնը համատարած է եւ կիները բոլոր երկիրներու մէջ չէ որ ունին թուրքիացի սեռակիցներու դիմադրութեան կորովը։
pakrates@yahoo.com