ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բիւր-Բ

Համեստ բառ էր ան. ունէր իմաստի բիւրեղեայ յստա­կու­թիւն, աղ­բիւրն էր քնա­րական միտ­քե­րու։ Իսկ այնքան ան­թիւ, ան­հա­մար եւ բազ­մա­հազար էին անոր գրա­կան գի­ծերը, որոնք լա­բիւ­րինթոս մը կրնա­յին կազ­մել հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան մէջ։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ բիւր ազա­տամար­տիկներ բիւր յար­գանքի կ՚ար­ժա­նանան հայ­րե­նիքի մէջ, երբ հա­յու բիւ­րա­ւոր գլուխներ կը ջա­նան մէկ սիրտ ըլ­լալ եր­կի­րը ցնցող բիւ­րա­լեան հա­րուած­նե­րու դէմ, ան­ցեալ շա­բաթ որո­շեր էի «բիւր» բա­ռի միջ­նա­դարեան ոդի­սակա­նը գրի առ­նել։ Եւ ի՛նչ հրաշք, այդ բա­ռը իր չորս տա­ռերու մէջ, վա­նական բա­նաս­տեղծնե­րու եւ աշ­խարհիկ տա­ղասաց­նե­րու գրչին տակ՝ յա­ջողեր էր պա­րու­նա­կել սէր ու ծի­ծաղ, ինչպէս նաեւ՝ վէրք ու՝ վիշտ։ Իսկ այ­սօր «բիւր» բա­ռը կը ներ­կա­յանայ աւե­լի ժա­մանա­կակից, քնա­րական տա­րազի մէջ։ Արդ ձե­զի կը մա­տու­ցա­նեմ աչ­քա­ռու ծաղ­կա­քաղ մը։

***

«Բիւր» բա­ռը հայ­կա­կան միջ­նա­դարեան մա­տենագ­րութեան մէջ թշնա­միի վրայ մեր ար­ձա­կած նի­զակ­նե­րու եւ նե­տերու թիւն էր։ Ապա ան դար­ձաւ «անար­ժան» ու «անար­հեստ» վա­նական­նե­րու եւ տա­ղասաց­նե­րու գոր­ծած մեղ­քե­րուն թի­ւը։ 19-րդ դա­րու սկիզ­բին Խրի­մեան հայ­րիկներ, Գա­րեգին Սրո­ւանձտեանցներ «բիւր» բա­ռը գոր­ծա­ծեցին հա­յու սիրտն ու մար­մի­նը խո­ցող հա­րուած­նե­րու թի­ւը չա­փելու հա­մար։ Գա­րեգին եպիս­կո­պոսը սա­կայն, մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ Պին­կէօլը քնքոյշ դրախտ էր, նման էր պճնա­զարդ կոյ­սի, քան­զի ու­նէր բիւր աղ­բիւրներ ու բիւր տե­սակ ծա­ղիկ­ներ. «բիւր աղ­բե­րաց եւ հա­զար ականց բո­լորը բիւր տե­սակ բու­սոց եւ ծաղ­կանց փռո­ւած են»։

***

Սրո­ւանձտեան­ցի հայ­րե­նանո­ւէր եւ լա­ւատես արո­ւես­տէն ներշնչո­ւած ան­կասկած՝ «բիւր» բա­ռով զար­դա­րուած բիւ­րա­ւոր եր­գեր հիւ­սե­ցին մեր քնա­րական գրիչ­նե­րը։ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանը ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րութեան վե­րահաս­տա­տու­թեան ցնծա­լից օրե­րուն ըսաւ, թէ ան­հե­տացաւ «սեւ փո­թոր­կա­լից» ան­ցեալը ու պայ­ծա­ռօրէն եկաւ «Բիւր եր­ջանկու­թիւն, սահ­մա­նադ­րութիւն, սահ­մա­նադ­րութիւն»։ Բա­նաս­տեղծը օր մը խօսք ար­տա­սանեց հա­մազ­գա­յին նո­րակերտ ժո­ղովա­րանի մը բաց­ման առի­թով ու փառք տո­ւաւ բա­րերա­րին. «Երա­նի՜ ու բիւր երա­նի՜ այն հա­մեստ բա­րերա­րին»։ Պետ­րոս Դու­րեանը մերթ կը տրտմէր ազ­գի վիշ­տե­րով, մերթ կ՚օրօ­րուէր սի­րոյ զգա­ցու­մով։ Ահա փունջ մը անոր քնա­րէն. «Բոյլ բոյլ, բիւր բիւր ոգիք թռան տրտմա­լիք, որ ու­րա­ցողք քեզ բա­ցին բիւր բիւր ՝ սեւ սեւ գե­րեզ­ման», (Վիշտք հա­յուն), «Ես ու­զե­ցի սի­րել զե­փիւռ... Նա չը սի­րեր խո­ցել եր­բէ՛ք... Գի­տէ շո­յել երազ­ներ բիւր», (Սի­րել), «Աշ­նան տժգոյն գի­շեր մըն էր ձմրա­հուպ, Կը ցո­լային եր­կինքն աստղեր բիւր ՝ ասուպ», (Աշ­նան տժգոյն գի­շեր մը), «Որ­քան ու­նիս դու փրփուր՝ Սիրտս այնքան խոց ու­նի բիւր», (Լճակ)։ Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը 1902 թո­ւակա­նին Սե­բաս­տիոյ մէջ տա­ռապե­ցաւ մեր­ժումի ցա­ւէն. «Այն օրէն երբ սեւ բա­ժակն այդ թոյ­նի / Ըմ­պե­ցի ես, սիրտս բիւր բիւր կ՚արիւ­նի»։ Սի­րոյ տո­ղիկ մը մե­զի նո­ւիրեց Լե­ւոն Քի­րիշ­ճեանը. «Ես բիւր ան­գամ համ­բուրե­ցի մատ­ներն Անոր»։ Մատ­թէոս Զա­րիֆեանի սիր­տը պա­րու­րո­ւեցաւ սի­րոյ վեր­յի­շու­մով. «Այս գի­շեր, / Բիւր- բիւր աստղով երկնքին տակ, / Ահա նո­րէն, / Ծունկի եկած, ճա­կատս յանձնած ծա­ռի մը գու­թին, / Իրե՚ն է որ կը մտա­ծեմ... Բիւր ան­գամ չը­սի՞ թէ ալ չեմ սի­րեր... Բիւր ան­գամ / Ծունկի ալ գամ / Չե՜ն ու­նե­նար աչ­քերս ար­ցունք»։ Ռու­բէն Սե­ւակը իմաս­տա­սիրեց եր­ջանկու­թեան մա­սին. «Եր­ջանկու­թիւնն կը ծա­ծանի / Քու ծի­րանի շուրթիդ վրան. / Հաւ­տա­ցողին բիւր երա­նի / Բիւ­րեր ճամ­բուդ վրայ մե­ռան»։ Մէկ այլ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ան նկա­րագ­րեց «Գնով գի­շերը». «...Օդին մէջ գգո­ւանք, / օդին մէջ գաղջ բոյր. / Բի՜ւր, բիւր դի­ցանոյշ կար­ծես շշնջէր»։ Ու վեր­ջա­պէս իր մատ­նե­րը քնա­րի վրայ դրաւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը ու բիւր եր­գեր ձօ­նեց Ոս­կե­մայր դի­ցու­հիին, հաս­կե­րուն ու կա­լերուն։ Ահա Վա­րու­ժա­նի տո­ղիկ­նե­րով կազ­մո­ւած գրա­կան պատ­կերնե­րու բոյլ մը. «Քնա­րիս բիւր լա­րերը թող թնդա՜ն... Գե­ղեց­կութեան դա­շոյ­նին բիւր հա­րուած­ներն հոգ­ւոյս մէջ... Ան­հունը՝ բիւր աչ­քե­րու թար­թա­փով՝ զի՛ս կը կան­չէ»։ Ապա բա­նաս­տեղծը իր սրտի պատ­գա­մը հնչե­ցուց հայ ժո­ղովուրդին «Ռազ­մի շե­փոր» քեր­թո­ւածի մէջ.

Ո՚վ ժո­ղովուրդ,

ո՚վ հայ վի­շապ,

ո՚վ Դժոխ,

Ոտ­քի՜, ոտ­քի՜,

ալ սթա­փէ, հա­ւաքո­ւէ,

Շո­ղով միացիր,

եւ խա­ւարէդ ալ լու­ծո­ւէ.

Մինչ բիւր գլուխ՝

մէկ սիրտ եղիր։

***

Նոյն օրե­րուն «բիւր» բա­ռը Պոլ­սոյ մէջ դար­ձաւ պար­բե­րաթերթ՝ «Բիւ­րակն», որուն հիմ­նա­դիրը, խմբա­գիրը եւ ար­տօ­նատէրն էր Ստե­փան Իւ­թիւճեանը։ 1960-70-ական թո­ւական­նե­րուն նոյ­նա­նուն պար­բե­րաթեր­թեր լոյս տե­սան նաեւ Փա­րիզի եւ Պէյ­րութի մէջ։ «Բիւր» բա­ռը նաեւ անուն էր հայ­րե­նի բնա­կավայ­րե­րու, որոնք բիւր կա­րօտով կը յի­շէնք. «Բիւ­րա­կան», Կար­նոյ մար­զի մէջ գիւղ, «Բիւ­րակն» (Պին­կէօլ) Սե­բաս­տիոյ նա­հան­գի Հա­ֆիթ գա­ւառա­կի գիւղ, որ իր մօ­տակայ­քին ու­նէր 1000-ի հաս­նող աղի լճակ­ներ, «Բիւ­րակն», Սե­բաս­տիոյ նա­հան­գի մէջ, Ակն քա­ղաքի մօտ ուխտա­տեղի, «Բիւ­րակն», լեռ­նաշղթայ Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հի մէջ։

***

«Բիւր»բա­ռի բիւր երկրպա­գու­նե­րուն միացան նաեւ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան արե­ւելա­հայ թե­ւի բա­նաս­տեղծներ։ Մի­քայէլ Նալ­բանդեանը ըսաւ, թէ ին­քը չար ու նա­խանձ մար­դոց թի­րախ դար­ձաւ, հա­կառակ անոր, որ ազ­գի մէջ սէր սեր­մա­նել կը փոր­ձէր. «Ամէն մի հա­յի չար վարք ու բար­քեր, / Զար­կե­ցին սրտիս բիւր հա­զար նե­տեր»։ Վա­հան Տէ­րեանը տրտմե­ցաւ, թէ առան­ձին է շա­տերու մէջ. «Բիւր մար­դոց մէջ... Որ­պէս տրտում անա­պատում — Մե­նակու­թի՜ւն, մե­նակու­թի՜ւն»։

***

Յար­գե­լի ըն­թերցող, «բիւր» բա­ռը ան­ցաւ բիւր փոր­ձանքնե­րէ։ Բայց անոնք ան­հե­տացան ու մնաց սէրն ու գե­ղեցի­կը, ինչպէս Գու­սան Շա­հէնի եր­գին ար­ժա­նացած գե­ղեց­կուհին. «Արե­գակը նա­խան­ձում է էդ քու երե­սիդ շո­ղին... Հա­զար էր­նէկ, բիւր հա­զար էր­նէկ քեզ բե­րող ծնո­ղին», ինչպէս նաեւ մեր սի­րելի Պին­կէօլը.

Մո­լորո­ւել եմ,

ճամ­բա­ներին ծա­նօթ չեմ,

Բիւր լճե­րին,

գետ ու քա­րին ծա­նօթ չեմ.

Ես պան­դուխտ եմ,

էս տե­ղերին ծա­նօթ չեմ,

Քու­րիկ, ասա,

ո՞րն է ճամ­բան Պին­կէօլի։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուածս, կը փա­փաքիմ, որ բիւր եր­ջանկու­թեամբ լե­ցուին ձեր սրտերը։