ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բիւր

Համեստ բառ է ան. ու­նի իմաս­տի բիւ­րե­ղեայ յստա­կու­թիւն։ Ան աղ­բիւր է քնա­րական բա­զում միտ­քե­րու։ Իսկ այնքան ան­թիւ, ան­հա­մար եւ բազ­մա­հազար են անոր գրա­կան գի­ծերը, որոնք լա­բիւ­րինթոս մը կը կազ­մեն հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան մէջ։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ այ­սօր բիւր ազա­տամար­տիկներ բիւր յար­գանքի կ՚ար­ժա­նանան, երբ հա­յու բիւ­րա­ւոր գլուխներ կը ջա­նան մէկ սիրտ ըլ­լալ եր­կի­րը ցնցող բիւ­րա­լեան հա­րուած­նե­րու դէմ, որո­շեցի գրել «բիւր» բա­ռի ոդի­սակա­նը։ Եւ ի՛նչ հրաշք, այս բա­ռը իր չորս տա­ռերու մէջ յա­ջողեր է պա­րու­նա­կել հա­յոց սէ­րերն ու ծի­ծաղ­նե­րը, ինչպէս նաեւ՝ վէր­քերն ու՝ պարտքե­րը։

***

«Բիւր» բա­ռը բուն կը նշա­նակէ 10 հա­զար (եւ ան­դին)։ Մեր հի­ները երբ հայ­կա­կան տա­ռերով կ՚ար­տա­յայ­տէին թի­ւերը, կը հաս­նէին մին­չեւ Ք=9000, Ջ=900, Ղ=90, Թ=9, ապա կը սպա­ռէր այ­բուբե­նը։ Այն ժա­մանակ, հա­յու սիր­տը ինչպէ՞ս խօ­սէր գի­շերա­յին երկնա­կամա­րը լու­սա­ւորող 10 ան­գամ 10 հա­զար աստղե­րու մա­սին, ինչպէ՞ս ան երա­զէր բնու­թեան 10 ան­գամ 10 հա­զար գե­ղեց­կութիւննե­րը, եւ ինչպէ՞ս հպար­տա­նար թշնա­միի վրայ ար­ձա­կած 10 ան­գամ 10 հա­զար նի­զակ­նե­րու հա­մար... Բիւր բա­ռը եկաւ յար­մար։

***

Բա­ռիս հին ուղղագ­րութիւնն էր «բեւր»։ Քսե­նոփո­նի հա­յերէն թարգմա­նու­թիւնը լի է այդ ձե­ւի գրու­թեամբ. «Բեւր հե­ծեալք», «Աղեղ­նա­ւորք բեւր», «Լաւ հա­մարիմ բեւր ան­գամ ընդ հող մտա­նել, քան այնպէս անարգ երե­ւել»։ Ոս­կե­դարուն ան աճե­ցաւ բիւր ձե­ւերով։ Ագա­թան­գե­ղոսը, Խո­րէնա­ցին, Եզ­նի­կը խիստ շատ գոր­ծա­ծեցին բիւ­րազգի, բիւ­րա­պատիկ, բիւ­րա­ւոր եւ բազ­մա­բիւր ածա­կան­նե­րը։ Փաւստոս Բիւ­զանդը «Պատ­մութիւն Հա­յոց» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ ըսաւ, թէ պար­սիկ զօ­րաւա­րը «քա­ռասուն բիւր» զօրք ու­ղարկեց, որ­պէսզի «գալ առ­նուլ, այ­րել, աւե­րել զեր­կիրն Հա­յաս­տան»։

***

Երբ աղեղ­նա­ւոր հե­րոս­նե­րու հայ­կա­կան մա­տեանը փա­կուե­ցաւ, բա­ռը հա­գաւ հե­ծեծող հո­գեւո­րակա­նի եւ սգա­ւոր պան­դուխտի տա­րազ։ 11-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին ծնրա­դիր աղա­չեց Աս­տուծոյ, թէ հե­տեւեալը չպա­տահի իրեն. «Ծաղ­կիմ, եւ ոչ պտղա­բերիմ, Խոս­տա­նամ, եւ ոչ կա­տարեմ, Սա­կաւ վաս­տա­կեմ, եւ բիւրս վատ­նեմ»։ Ապա տա­ղասաց­ներ եկան ու ող­բա­ցին թա­փառա­կան հա­յու ճա­կատագ­րի վրայ. «Կռո՜ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծա­ռայ եմ ձայ­նիդ, Կռո՜ւնկ, մեր աշ­խարհէն խապ­րիկ մի չու­նի՞ս... Աշունն է մօ­տեցեր՝ գնա­լու ես թէպ­տիր, Երամ ես ժո­ղովեր հա­զար­ներ եւ բիւր, Ինձ պա­տաս­խան չի տո­ւիր, ելար գնա­ցիր. Կռու՜նկ, մեր աշ­խարհէն գնա՛, հե­ռացի՛ր»։ Այս տա­ղէն կէս հա­զարա­մեակ յե­տոյ, հա­յու նոյն վիշ­տը եր­գեց Գա­րեգին Սրո­ւանձտեան­ցը։ Ան գրեց «Վասն ղա­րիբու­թեան» տա­ղը ու ըսաւ, թէ հա­յը «զնդան» փա­կուած «սրտա­բեկեալ» ու «մի­ջակո­տոր» հա­ւուկ մըն է։ Սո­խակը եր­գէ՝ չի ու­րա­խանար, շա­քար բե­րեն որ­պէս կե­րակուր՝ չի ու­րա­խանար, նոյ­նիսկ «Եթէ բիւր բիւր ոց ինձ ծա­ռայ բե­րեն, ան­հա­մար հե­ծել ձիաւոր, չու­րա­խանա՜մ»։ Հե­ղինա­կը սա­կայն ան­տարբեր չէր իր բնաշ­խարհի գե­ղեց­կութիւննե­րու հան­դէպ։ Բա­նահա­ւաք եպիս­կո­պոսը բա­ցատ­րեց, թէ Բին­կէօլը քնքոյշ դրախտ է, պճնա­զարդ կոյ­սի նման փա­փուկ ու փափ­կա­սուն է ու անոր նո­ւիրո­ւած վէ­պերը «սի­րոյ, զո­ւար­ճութեան, գե­ղեցի­կի, զար­դի, անու­շութեան, եւ գու­սա­նու­թեան» պատ­մութիւններ են, որով­հե­տեւ «ասոր բիւր աղ­բե­րաց եւ հա­զար ականց բո­լորը բիւր տե­սակ բու­սոց եւ ծաղ­կանց փռո­ւած են»։

***

Միջ­նա­դարու վա­նական փակ մի­ջավայ­րե­րուն կար մէկ այլ տրա­մադ­րութիւն. բիւր վա­նական­ներ, որոնք չու­նէին ապա­գայ Սրո­ւանձտեանցնե­րու ու Հայ­րիկնե­րու ար­ծի­ւի ոգին, սոսկ կ՚աղա­չէին իրենց ան­հա­տական մեղ­քե­րու թո­ղու­թեան հա­մար։ Անոնց բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը կը վեր­ջա­նային այն խոս­տո­վանու­թեամբ, թէ հե­ղինա­կը բիւր մե­ղաւոր, ան­տա­ղանդ ու ան­պի­տան է։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ. «Եղեռ­նա­գործ հող եւ փո­շիս ան­պի­տան / Գոր­ծով թա­փուր, քան­քա­րոյ բիւր պար­տա­կան», Խա­չատուր Խաս­պէկ Կա­ֆացի, «Դու պար­տա­կան բիւր քան­քա­րի, / Ան­գէտ, յի­մար եւ փա­նաքի», Ստե­փանոս Թո­խաթ­ցի, «Քան­քա­րոյ բիւր պար­տա­կան Ազա­րիայ», Ազա­րիա Ջու­ղա­յեցի։ Վեր­ջինս

Խա­չատուր Երէց Խաչգռու­զի աղա­ղակն է. «Լա­լով ասեմ զՏէր մե­ղան, Ապա­գայիցն փրկու­թեան, Խա­չատուր էրէցս է ան­պի­տան. Բիւր քան­քա­րոյ է պար­տա­կան»։ 1500-նե­րուն Նա­հապետ Քու­չա­կը տխրե­ցաւ, թէ իր սի­րածը հե­ռացած է ու ծա­ղիկ­ներն իսկ կու լան. «Եարիկ մի յի­նէն գնաց, բիւր հա­զար ծաղ­կունք զինքն իլաց»։ 1600-նե­րուն Կի­լիկիոյ մէջ, Յա­կոբ Սսե­ցի Երէ­ցը գան­գա­տեցաւ, թէ հա­յոց պատ­րիարքնե­րը ան­խո­հեմ ու ան­միաբան են ու ազ­գին պարտքե­րը դար­ձեր են ան­հա­մար. «Պատ­րիարքներն իրար ան­կան, Վեց բիւր եղեւ պարտքն ի լման, Վէճն ու կռիւն բազ­մա­ցան, Ա՛յ սուրբ աթոռ, հա­յիֆ սէ­նի»։ Նոյն օրե­րուն Դա­ւիթ Սա­լաձոր­ցին Կա­րին քա­ղաքի մօտ այ­լազգ մար­դու կող­մէ մո­լորե­ցուած հա­յու­հի Խա­թու­նին բա­ցատ­րեց, թէ մե­ղաւոր է իր բռնած ճամ­բան ու հա­յու կեանքն է բա­րեպաշտ. «Դար­ձիր, մե­ղայ ասա եւ միտքդ փո­խէ, Նա­լաթ տուր սա­տանին, գլուխն կո­խէ, Այն կեանքն ան­մա­հու­թեան աղ­բիւր կը բխէ, Ծաղ­կունքն հա­րիւր հա­զար բիւր, տի­կին Խա­թուն»։

***

Երբ հարստա­հարու­թիւններ եւ ար­գե­լափա­կումներ բիւր խո­ցեր կը բա­նային հայ ժո­ղովուրդի մարմնի վրայ, «Մար­գա­րիտ ար­քա­յու­թեան երկնից» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ Մկրտիչ Վա­նեցին հայ­րա­կան հո­գածու­թեամբ գրի առաւ վեր­ջա­բան մը ու ըսաւ, թէ երբ հա­յը «աշ­խարհի ծանր ծանր հո­գերով եւ չա­րաչար զբաղ­մունքնե­րով ու­շա­մոռաց» է եղած, փրկու­թիւնը Քրիս­տո­սի վար­դա­պետու­թեան մէջ է ու հա­յու հա­մար անհրա­ժեշտ է «Աւե­տարա­նին կե­նաց բա­նին տա­ռերը եւ մեր երկնա­ւոր Վար­դա­պետին ճշմար­տութեան դա­սերը բիւր ան­գամ խօ­սիլ, բիւր ան­գամ գրել ու կրկնել»։ Ապա Հայ­րի­կը սփո­փանք տո­ւաւ հա­յուն. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղի­ցի, Տէր ետ եւ Տէր էառ։ Հան­դուրժէ հա­րուած­նե­րուդ, թող այդ եւս քո ան­ցեալ բիւ­րա­ւոր զո­հերուդ հետ խառ­նո­ւի»։

***

Յար­գեի ըն­թերցող, մի՛ տրտմիք ան­ցեալի բիւր ցա­ւերը վեր­յի­շելով։ Բիւր բա­ռը ու­նի նաեւ քնա­րական, սի­րային ճա­ճանչներ։ Գե­ղապաշտնե­րը, - Մե­ծարենցներ, Սե­ւակ­ներ, Վա­րու­ժաններ, Զա­րիֆեան­ներ - , բիւր տո­ղիկ­ներ ու­նին գար­նա­նանո­ւէր ու զո­ւար­թուն։ (Այդ ծաղ­կա­քաղը ձե­զի կը մա­տու­ցեմ յա­ջորդ յօ­դուա­ծիս մէջ։)

Մի՛ տրտմիք, քան­զի հա­յը ապ­րեր է ցնծա­լից օրեր, ինչպէս 26 Սեպ­տեմբեր 1893 թո­ւակա­նը, երբ Խրի­մեան Հայ­րի­կը Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոս օծո­ւեցաւ։ Ամիս մը անց, 5 Հոկ­տեմբե­րին Հայ­րի­կի կոն­դա­կով Գե­ւոր­գեան ճե­մարա­նի երաժշտու­թեան ու­սուցիչ նշա­նակո­ւեցաւ Սո­ղոմո­նը, 24ամեայ այն կու­սակրօն սար­կա­ւագը, որ 11 Սեպ­տեմբեր 1894ին Ս. Գա­յանէի վան­քի մէջ Կո­միտաս անու­նով պի­տի ձեռ­նադրո­ւէր աբե­ղայ, երգ մը ձօ­նեց Հայ­րի­կին ու ըսաւ, թէ երկրի չորս ծա­գերու մէջ բիւ­րա­ւոր բե­րան­ներ հրճուալից փա­ռաբա­նու­թիւններ կ՚ար­ձա­կեն, քան­զի, աւե­տի՜ս, Հա­յոց հայ­րա­պետա­կան աթո­ռին բազ­մե­ցաւ ան­զուգա­կան հայր մը. «Ի բիւր բե­րան, ի սփիւռս ծա­գաց / Փառք հրճո­ւանաց համ­բառնան»։

***

Այժմ, բիւր փառք տա­լով բիւ­րա­բեղուն եւ բիւ­րա­գործ հայ­րե­րուն, հրա­ժեշտ կը փա­փաքիմ տալ Բիւնկէօլի բնու­թեան բիւր գե­ղեց­կութիւննե­րուն նո­ւիրո­ւած երգ-բա­նաս­տեղծու­թեամբ.

Մո­լորո­ւել եմ,

ճամ­բա­ներին ծա­նօթ չեմ,

Բիւր լճե­րին,

գետ ու քա­րին ծա­նօթ չեմ.

Ես պան­դուխտ եմ,

էս տե­ղերին ծա­նօթ չեմ,

Քու­րիկ, ասա,

ո՞րն է ճամ­բան Բին­կէօլի։