ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յիմարութիւն՝ որ կը կործանէ երկիրը

Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նէ ներս վեր­ջին մար­դա­համա­րը կա­տարուեցաւ 1989 թո­ւակա­նին։ Իս­թանպու­լի մէջ այդ մար­դա­համա­րի տո­ւեալ­նե­րէն տե­ղեակ եղած եմ Սո­վետա­կան հիւ­պա­տոսա­րանի գրա­դարա­նէն վեր­ցո­ւած «Սո­վետա­կան Հա­յաս­տան» ամ­սա­թեր­թի մի­ջոցաւ։

Լրա­տուու­թիւնը կը նշէր թէ Հա­յաս­տա­նի Սո­վետա­կան Սո­ցիալիս­տա­կան Հան­րա­պետու­թեան ընդհա­նուր բնակ­չութիւ­նը հա­սած էր 3.304.700-ի։ Այս թո­ւանի­շը մին­չեւ օրս կը մնայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան բարձրա­գոյն տո­ւեալ ըլ­լա­լով։

«Սո­վետա­կան Հա­յաս­տան» պար­բե­րակա­նը կը նկա­րագ­րէր նաեւ այդ ընդհա­նուր բնակ­չութեան մէջ փոք­րա­մաս­նութիւն կազ­մած ազ­գութիւննե­րու մա­սին տո­ւեալ­ներ։ Կ՚իմա­նայինք թէ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին կը բնա­կէին 200.000 թուրքեր եւ 80.000 քրտեր։ Նշենք թէ այստեղ յի­շուած քիւրտե­րը եզ­դիադա­ւան­ներն են, որոնք աշ­խարհի վրայ ամե­նակազ­մա­կեր­պեալ սփիւռքը գո­յացու­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Նշո­ւած էր նաեւ Հա­յաս­տա­նաբ­նակ ռու­սե­րը 30.000 բնակ­չութիւ­նով եւ շատ աւե­լի նո­ւազ թի­ւերով ալ հրեայ, յոյն, ասորի եւ վրա­ցի հա­մայնքնե­րը։

Ար­ցա­խեան առա­ջին պա­տերազ­մի թո­հու­բո­հի մէջ հայստա­նաբ­նակ թուրքե­րը ամ­բողջո­վին լքե­ցին իրենց պա­պենա­կան եր­կի­րը եւ ապաս­տա­նեցան Ատրպէյ­ճան։ Նոյ­նը այս ան­գամ շատ աւե­լի ող­բերգա­կան պատ­կերնե­րով ապ­րե­ցաւ նաեւ ատրպէյ­ճա­նաբ­նակ հա­յու­թիւնը։ Անոնք ալ Պա­քուի եւ Սումկա­յիթի ջար­դե­րը ապ­րե­լով հար­կադրո­ւեցան լքել իրենց պա­պենա­կան հո­ղերը եւ ապաս­տա­նիլ Հա­յաս­տան։

Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին թուրք փոք­րա­մաս­նութիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Իսկ եզ­դի­ներու բնակ­չութիւ­նը կի­սով չափ նո­ւազե­լով հա­սաւ 40.000 հա­զարի սահ­մաննե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի այժմու ընդդի­մու­թիւնը վեր­ջերս որ­դեգրած է «Առանց թուրքի Հա­յաս­տան» լո­զունգը։ Եթէ երկրի մը մէջ թուրք գո­յու­թիւն չէ մնա­ցած, ի՞նչ կը նշա­նակէ նման կար­գա­խօս։ Եր­կար մտա­ծելու կա­րիք չկայ։ Ազ­գայնա­մոլ մտայ­նութիւ­նը ինք դիւ­րաւ կրնայ ստեղ­ծել վե­րացա­կան թուրքի կեր­պա­րը, որ­պէսզի ու­նե­նայ հա­լածան­քի նոր թի­րախ։ Ընդդի­մու­թեան հա­մար մե­րօրեայ թուրքն է Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան։ Ան­ցեալին նման մե­ղադ­րութեան թի­րախ դար­ձած էին երկրի նա­խորդ նա­խագահ­նե­րը Լե­ւոնլ Տէր Պետ­րո­սեան, Ռո­բերթ Քո­չարեան եւ Սերժ Սարգսեան։ «Քոչ­ւոր է, անոր հա­մար մա­կանու­նը Քո­չարեան է» պնդող յի­մար միտ­քը մին­չեւ օրս դրոշ­մո­ւած է մեր յի­շողու­թեան։

Երբ այս բո­լորը կը դի­տենք Թուրքիոյ մէջ ապ­րող, Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի հայու աչ­քով, ակա­մայ կը տա­րուինք խոր­հե­լու թէ ազ­գայնա­մոլ ստոր­նութիւ­նը գե­րազ­գա­յին յատ­կա­նիշ մըն է եւ այդ աղ­տէ վա­րակո­ւած հայն ու թուրքը նոյն ան­մարդկա­յին մտայ­նութե­նէն կը տա­ռապին։

Թուրքիոյ մէջ ալ քա­ղաքա­կան հա­կամար­տութիւննե­րու կա­րեւոր ամ­բաստա­նու­թիւնն է հայ ըլ­լալ։ Մար­դիկ իրենց հա­կառա­կոր­դը նա­խատե­լու հա­մար կը պնդեն թէ հա­յու ծա­գում ու­նի։ Ցա­ւալի է տես­նել ան­կա­խու­թիւն ձեռքբե­րած Հա­յաս­տա­նի իր առ­ջեւ ծա­ռացած ահա­գին խնդիր­նե­րը մէկ­կողմ դնե­լով նման ճղճի­մու­թեամբ զբա­ղելուն ակա­նատես ըլ­լալ։

Ափ­սոս ու անէծք այս աս­տի­ճանի յի­մարու­թեան բո­լոր հե­ղինակ­նե­րուն։

pakrates@yahoo.com