ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բացակայ

Զարմանալի բառ է «բացակայ»։ Մեր կեանքի մէջ ան միշտ ներկայ է եւ զգալի։ Երբ աշակերտներս մօտ օրէն պիտի բացակային դասարանէն, հայրենիքի մէջ բազմաթիւ դասարաններ կը վերանուանուին յաւերժօրէն բացակայածի անունով, ու մեր սահմաններու վրայ կը բացակայի մնայուն անդորրութիւնը, որոշեցի բացէ ի բաց խօսիլ այդ ածական-գոյականի մասին ու հասկնալ, թէ մեր մայրենի գրականութեան մէջ ի՛նչ ներկայութիւն ունեցեր է ան։ Թէեւ «բացակայ» բառը կը բացակայի Աստուածաշունչի, միջնադարու երեւելի մատեաններու, աշուղական աշխարհիկ երգերու, 19-րդ դարու քնարական քերթուածներու եւ այլ հանրածանօթ ստեղծագործութիւններու մէջ, բայց եթէ լաւ քրքրենք մեր գրականութեան էջերը կը նկատենք, թէ մերթ ընթ մերթ ան ցցուած կը ներկայանայ քանի մը ընտիր հատորի մէջ։ Այդ յամառ խարխափումի արդիւնքն է ներկայ յօդուածս։ Արդ ձեզ կը հրաւիրեմ «բացակայ» բառի համեստ պատմութիւնը շօշափելու։

***

«Բաց» եւ «կամ» արմատներով շինուած է «բացակայ» բառը, որ կը նշանակէ՝ ոչ-ներկայ, հեռու, գոյութիւն չունեցող, ուրիշ տեղ գտնուող, մահացած, ոչ-առկայ։ Որպէս հազուագիւտ բառ, ան Ոսկեդարեան գրականութենէն բոլորովին բացակայ պիտի մնար եթէ Մովսէս Խորէնացին գրի առած չըլլար հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մեք այնոցիկ օտար, եւ բացակացեալ»։ Միջնադարուն գրի առնուած խրատ մըն ալ կ՚արդարացնէ անոր գոյութիւնը. «Մի՛ բացակայեսցիս բարի առնել կարօտելոց»։ Այնուհետեւ երկար դարեր ան բացակայեցաւ հայկական գրականութենէն։ Միակ վկայութիւնը քառատող մըն է, ուր մեղաւոր ու անբացատրելի ցաւեր կրող բանաստեղծը կը տրտնջէ. «Տարակոյս շրջիմ բացակայ»։

***

19-րդ դարուն, երբ հայ ժողովուդրէն կը բացակայէր լոյսն ու խաղաղութիւնը, խղճամիտ հեղինակներ «բացակայ» բառով փորձեցին բացատրել, թէ ինչ կը պակսի ազգային կեանքէն։ Ի՞նչու ենք միշտ տխուր եւ ի՞նչու ենք միշտ խաւարի մէջ։ Այս ցաւերուն ախտաճանաչում առաջարկեցին բազմաթիւ իմաստուն հեղինակներ։ Ինտրան ըսաւ, թէ մեր կեանքի մէջ ուրախութիւնն է բացակայ. «Յոռետեսութիւնը քաղաքակրթութեան ցաւերու տակ մթագնած, պղտորած լաւատեսութիւն մ՛է ուրկէ բացակայ է բարութեան ուրախութիւնը»։ Նոյն հեղինակը նաեւ դատապարտեց հայկական վարժարաններու վիճակը «Նախակրթութեան սխալները» յօդուածի մէջ. «Լուսաւորուած մտքին ներյատուկ ու խղճային գոհունակութիւնը բացակա՜յ է միշտ»։ Րաֆֆին նկարագրեց հայ կեսուր մօր նկարագիրը. «Հարսի մօրը փոխարինում է սկեսուրը։ Սկեսուրը մայր է դառնում, այն զանազանութեամբ միայն, որ նրա մէջ մայրական գութը բոլորովին բացակայ է գտնւում»։ Զապէլ Եսայեանը երբ Ատանայ գնաց Կիլիկիոյ աղէտը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար, իրեն առիթ ընծայեցին հայ բանտարկեալներ այցելելու։ Տիկին Եսայեանը երկու խօսքով նկարագրեց իր տեսածը. «Նայուածքնին հեռու, մտքերնին բացակայ» (Աւերակներուն մէջ)։ Այդ աղէտէն տարի մը առաջ ազգէն յաւերժօրէն բացակայած էր Հայրիկը։ Սիամանթոյի համար շատ ծանր բացակայութիւն մըն էր անիկա ու բանաստեղծը գրեց. «Խրիմեան Հայրիկ, / Ոտքի կանգնէ՚, Վեհափա՚ռ, ոտքի կանգնէ՛, ո՜վ քաղցրօրէն Հայրիկ, / Զաւկըներուդ մտածումը, նայուածքները եւ հոգին... / Քու բացակայ քայլերուդ եւ ոսկիէ գաւազանիդ հնչիւնին սպասեցին»։ Շահան Շահնուրը նկարագրեց տունը առանց կնոջ. «Սա երկու սենեակնոց յարկաբաժինին մէջ ամէն ինչ կնոջ մը բացակայութիւնը կը պոռայ»։ Յակոբ Օշական նկարագրեց տունը, որմէ կնոջ հետ հեռացեր էր սէրն ալ. «Այդ ամայի սենեակին մէջ, պլպլուն կրակին առջեւ, անոր ձայնը քակուելով կամաց, քակուելով մեղմ, կը դիզուէր մութին վրայ, ոսկի թելի մը պէս, հիւսելու համար հոն ոստայնը բացակայ գորովին»։

***

Յարգելի ընթերցող, կը յայտարարեմ, թէ «բացակայ» բառը առատօրէն ներկայ է Գրիգոր Զոհրապի գրականութեան մէջ։ Վկանե՞րն անոր։ Իր գրած նամակները։ (Գիտեմ, ամօթ է ուրիշին նամակը ընթերցել։ Սակայն, կասկած չունիմ, թէ պարոն Զոհրապը թոյլտուութիւն պիտի շնորհէր մեզի, գիտակցելով աշխատանքիս զուտ գրական նպատակը)։ Ահա քանի մը պատկեր Զոհրապի առօրեայէն. «Սիրելի փոքրիկս, Ստացայ բացիկներդ եւ այն հաճոյախօսութիւնները, որ գրեր էիր քու խեղճ, բացակայ հայրիկիդ։ Քեզի շատ պաչիկներ կ՚ուղարկեմ», Հերմինէ Զոհրապին, Զմիւռնիա, 1902, «Պարոն Նախագահ, Շատ կը ցաւիմ որ խանգարուած առողջութեանս պատճառով ստիպուած եմ բացակայ մնալու այսօրուան հանդէսին», Պազիլ Խանին, Պոլիս, 1914, «Ազն. Ատենապետ էֆէնտի Ազգ. Երեսփ. Ժողովոյ, Եւրոպա ճամբորդութեան պատճառով երկու ամսոյ չափ Պոլսէն պիտի հեռանամ։ Ուստի կը խնդրեմ որ զիս օրինաւոր բացակայ նկատէք Ազգ. Ժողովոյ նիստերէն։ Ընդունեցէք, Ազնուաշուք Ատենապետ, իմ խորին յարգանացս հաւաստիքը», Պոլիս, 1910, «Ազնիւ բարեկամս, Ահաւասիկ Փարիզ կը գտնուիմ, քեզի հանդիպեցայ. բացակայ էիր։ Անձնուէրդ», Արշակ Չոպանեանին, Փարիզ, 1911։ Իսկ 1908-ի Յեղափոխութեան օրերուն Զոհրապը Զապէլ Եսայեանին կը բացատրէր, թէ ի՛նչ էր մեր ազգի թերութիւնը. «Տիկի՛ն, Թուրքիան ճշմարիտ սահմանադրութեան մը բարիքը վայելելու անակնկալ բաղդը ունի այսօր։ Մամլոյ ազատութիւնը կատարեալ է... Բայց ո՞ւր է մեր ազգը. մեր մտաւորականները, մեր փողի մարդիկ բացակայ են», Զապէլ Եսայեանին, Պոլիս, 1908։

***

«Բացակայ» բառը, բացառիկ եւ անակնկալ երեւոյթ, ներկայ եղաւ նաեւ հայկական գրատպութեան պատմութեան քանի մը էջերուն վրայ։ Ան նախ որպէս վիճակացոյց յայտնուեցաւ Պոլսոյ վարժարաններէն ներս. «Վիճակացոյց աշակերտի ուսման, վարուց, բացակայութեան եւ քննութեան», Կ. Պոլիս, 1905։ Երեսուն տասնամեակ մը յետոյ, Հայաստանի մէջ Ակսել Բակունցը նկատեց, թէ Խաչատուր Աբովեանը 84 տարիէ կը բացակայի։ Այդ առեղծուածային վիճակը բացատրելու համար գրեց գիրք մը. «Խաչատուր Աբովեանի «Անյայտ բացակայումը»։ Արխիւային նոր վաւերագրերի եւ անյայտ նամակների հիման վրայ», Երեւան, 1932։ Իսկ 1999 թուականին դարձեալ մայրաքաղաքի մէջ լոյս տեսած գիրք մը մեզ վստահեցուց, թէ բացակայութիւնը երբեմն ալ դրական վիճակ է. «Տարածաշրջանում արտաքին ուժերի բացակայութիւնը՝ Հայաստանի կայուն զարգացման երաշխիք», Մանուել Սարգսեան։

***

Հայկական մամուլէն ինչպէ՞ս բացակայէր «բացակայ» բառը։ Ան գունագեղ ներկայութիւն ունի հայկական թերթերու մէջ։ Ահա հետաքրքրական, նոյնիսկ ծիծաղաշարժ-ողբերգական խորագիրներու տողանցք մը. «Աւելի քան 20 երեսփոխաններ պիտի բացակային խորհրդարանի նիստէն», «51 քանդակները «կը բացակային» Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի պուրակէն», «Ովքե՞ր են -ամենաշատ բացակայած պատգամաւորները»։ Իսկ կը յիշէ՞ք, 2017-ի Մարտին պոլսահայերը դարձեր էին հայկական մամուլի զարմանալի խորագիր. «Պոլսահայերը, իբրեւ բողոքի նշան, բացակայած են Արամ արք. Աթէշեանի մատուցած պատարագէն»։

***

Երկու տարի առաջ հազարաւոր հայ տղաներ հերոսանալով յաւերժօրէն բացակայեցան իրենց երկրային կեանքէն։ Հայրենի արուեստագէտ Էդիկ Պօղոսեանը այդ տղաները որոնելով ստեղծեց նկարներ ու Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մէջ բացաւ նոր ցուցահանդէս, որուն խորագիրն էր «Բացակայի որոնումով»։ Արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններու մէջ անդրադարձաւ պատերազմի հետեւանքներուն, ու հարց տուաւ, թէ արդեօք զո՛հն էր բացական, թէ՝ պատասխանատուութիւնը։ Իսկ 1998 թուականին գրի առնուած բանաստեղծութեան մը սիրելի տողիկը այդ ուսանող հերոսներու դասարաններու ճակատը դրոշմուեցաւ որպէս հրաժեշտի խօսք. «Ինձ բացակայ չդնէք»։ Համօ Սահեանն էր հեղինակը, որ բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տունը աւարտեց այդ ցնցիչ խօսքով. «Ձեր լռութեան համերգում, ինձ բացակայ չդնէք... / Իմ մեղմութեան պատճառով, ինձ բացակայ չդնէք։ / Դուք, ձեր կամքին հակառակ, ինձ բացակայ չդնէք։ / Անվերջ, անշարժ ձեր երթում, ինձ բացակայ չդնէք»։

Արդ հրաժեշտ տամ Ալիսա Կիրակոսեանի երգի վերածուած մէկ երկով.

Ինձնից այնքան ես բացակայ եղել,

Որ, ներիր, արդէն պէտք չէ

քո սէրը…

Ու ես քեզ այնքան, այնքան եմ յիշել,

Որ մոռացել եմ

ներկայութիւնդ…