ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կող

Կը սխա­լիք յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ դուք կար­ծե­ցիք, թէ կո­ղը կրծքա­յին ոս­կոր է, 12 զոյգ, տա­փակ ու կոր, առա­ջին տասն միացած է կրծքոսկրին, իսկ եր­կու ստո­րինը աւե­լի կարճ ըլ­լա­լով ազատ կը վեր­ջա­նան ու անոնց միակ պաշ­տօ­նը կրծքա­վան­դա­կի շար­ժունու­թիւնը ապա­հովել է շնչա­ռու­թեան ժա­մանակ։ Կը սխա­լիք։ Այ­սօր երբ կող­կո­ղալի օրե­րու ակա­նատես կ՚ըլ­լանք ու հա­յոց պե­տակա­նու­թեան երե­րուն շի­նուած­քի կո­ղերը կը ցնցո­ւին նոր փոր­ձութիւննե­րով, որո­շեցի գրել «կող» բա­ռի պատ­մութիւ­նը, որ­պէսզի մեր նա­խապա­շարումնե­րը մէկ կողմ դնե­լով հասկնանք անոր իս­կա­կան ար­ժէ­քը ու տես­նենք, թէ մարդկա­յին մարմնի մէջ բնա­կող այս բա­ռը իր թի­ւէն (24) աւե­լի ըն­թարձակ իմաստ ու­նի՞։

***

Բնիկ հայ­կա­կան բառ է՝ ԿՈՂ։ Գրա­ւոր հա­յերէ­նի մէջ ան առա­ջին ան­գամ լոյս տե­սաւ Աս­տո­ւածա­շունչի էջե­րէն ներս ու ան­մի­ջապէս միաբա­նու­թիւն հաս­տա­տեց Ադա­մի հետ, քան­զի, սկզբնա­մայր եւ նա­խամայր Եւա­յի հա­մար՝ «կո­ղածին», «կո­ղաշէն» եւ «կո­ղաս­տեղծ» բա­ռերը եկան յար­մար. «...Եւ շի­նեաց Տէր Աս­տո­ւած զկողն զոր առ յԱ­դամայ ի կին, եւ ած զնա առ Ադամ» (Գիրք ծննդոց)։ Նոյն օրե­րուն, գրա­բարա­խօս մեր նախ­նի­ները իմաս­տի դար­ձո­ւած­քով՝ «կողք գրեաց» կո­չեցին գիր­քե­րու կազ­մը, իսկ պառ­կի­լը՝ «ի կող լի­նել»։ Յի­շեց­նեմ, թէ այդ ժա­մանակ­նե­րէն ի վեր հա­յը պառ­կե­լու հա­մար կը գոր­ծա­ծէ «ան­կո­ղին»։

***

Հա­յոց լե­զուի վան­դա­կը այնքան լայն էր, որ «կող» բա­ռը ան­կաշկանդ աճե­ցաւ երակ-երակ ու ստա­ցաւ բազ­մա­թիւ այլ իմաստներ։ Այ­սօր «կող» է մար­դու իրա­նի աջ ու ձախ մա­սերը, առար­կա­յի աջն ու ձա­խը, ուղղան­կիւն շէն­քի լայ­նա­կան ճա­կատը, ձմե­րու­կի եւ սե­խի շեր­տի­կը, տա­կառի շրջա­փակը։ Մեր մայ­րե­նիի կո­ղերը թի­ւով 50-ի կը հաս­նին։ «Կող» բա­ռով կազ­մո­ւած բա­ղադ­րեալ բա­ռերը նկա­տի ու­նիմ։ Ահա քա­նի մը ան­բա­ժան զոյգ. հաս­տա­կող-մի­ջակող, կո­ղամայր-կո­ղամարդ, կո­ղաշէն-կո­ղածին, աջա­կող­մեան-ձա­խակող­մեան, զա­ռիկող-լեռ­նա­կող։ Ապա բառս դար­ձաւ դար­ձո­ւածք. «Կո­ղը հաստ», այ­սինքն սաս­տիկ յա­մառ եւ ան­կիրթ։ Իշու կո­ղը ներշնչում եղաւ մէկ այլ դար­ձո­ւած­քի հա­մար, «Էշի կո­ղը բռնել», այ­սինքն յա­մառու­թիւն ընել։ Կը փա­փաքիմ ձե­զի յի­շեց­նել, թէ հա­յու մտա­ծողու­թեան մէջ «իշու կո­ղը» յա­մառու­թիւն է։ Մենք «կող» բա­ռը գոր­ծա­ծեցինք նաեւ մար­դու տե­սակ­նե­րը նկա­րագ­րե­լու հա­մար։ Կո­պիտ մար­դը «չոր կող» է, նեն­գօ­րէն հա­րուա­ծողը՝ «կո­ղէն զար­նող», շատ նի­հարը՝ «կո­ղերը հա­շուող»։ Կո­ղը նաեւ կապ ու­նի ծե­ծի հետ։ Փա՞ստն անոր... Ականջ տո­ւէք հե­տեւեալ դար­ձո­ւածքնե­րուն. «Կո­ղերը հա­շուել»՝ ծե­ծել, «Կո­ղերը ջար­դել»՝ ծե­ծել, «Կո­ղերը աղալ»՝ ծե­ծել, «Կո­ղերը փափ­կացնել»՝ - այո, ճիշդ է ձեր կռա­հու­մը - ծե­ծել։ Իսկ եթէ այս դար­ձուածքնե­րը շատ ծի­ծաղե­լի էին, հա­ւանա­բար ձեր կո­ղերը այժմ ձեր փո­րը կը լեց­նեն, քան­զի «Կո­ղերը փո­րը լեց­նել» կը նշա­նակէ սաս­տիկ խնդալ։

***

Միջ­նա­դարուն հա­յը կը կար­ծէր, թէ զգա­ցումնե­րու, յատ­կա­պէս վիշ­տի կեդ­րո­նը կո­ղերն են։ (Շրջան մը կը կար­ծէինք՝ թէ աղիք­ներն են։ Այդ պատ­ճա­ռով շի­ներ էինք «աղիողորմ» ածա­կանը։ Իսկ նոր ժա­մանակ­նե­րուն երբ որո­շեցինք, թէ սի՛րտն է մարդկա­յին զգա­ցումնե­րու կեդ­րո­նը՝ ստեղ­ծե­ցինք «սրտակ­տոր», «սրտա­բեկ» եւ «սրտաճմլիկ» ածա­կան­նե­րը)։ Այդ օրե­րուն, երբ մէկ կո­ղը եւ անոր հետ շի­նուած «կո­ղացաւ» բա­ռը բա­ւարար չե­կան Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի հո­գեկան ցա­ւերը իր ամ­բողջ դառ­նութեամ­բը նկա­րագ­րե­լու՝ սուրբը զոյգ մը կող՝ կողք կող­քի դրած աղա­չեց Աս­տուծոյ. «Մի լի­ցի ինձ կող­կո­ղիլ, եւ ոչ ողոր­միլ»։ Նա­րեկա­ցին ստեղ­ծեց այլ աղիողորմ եւ սրտաճմլիկ ար­տա­յայ­տութիւններ եւս. «Կող­կո­ղագին ար­տա­սուք», «Ձայն կող­կո­ղանաց սրտիս հե­ծու­թեան», «Կող­կո­ղագին հե­ծու­թեամբ դո­ղամ»։

***

Մէկ կո­ղը միւ­սին նման չէ։ Հե­տեւա­բար, ամէն գա­ւառ ու­նէր իր «կո­ղը»։ Սե­բաս­տիոյ կող­մե­րը ժո­ղովուրդը կ՚ըսէր «գէօղ», Ագու­լի­սի կող­մե­րը «կուխկ», Հա­ճընի կող­մե­րը «գող», իսկ Զէյ­թունի կող­մե­րը՝ «գիւղ»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, մեր հայ­րե­նիքի այդ կող­մե­րը թէեւ հայ բնա­կող­ներ այ­լեւս չկան, բայց անոնց բար­բա­ռը հարկ է յի­շել, քան­զի լե­զուն ան­կո­ղոպ­տե­լի հարստու­թիւն է։

***

Կո­ղը, որ յա­ճախ կը կո­ղակ­ցէր ցա­ւի ու վիշ­տի հետ, զար­մա­նալի բան, նոր ժա­մանակ­նե­րուն դար­ձաւ գրա­կան, քնա­րական բառ։ «Կող» բա­ռի հետ ստեղ­ծուած տո­ղիկ­նե­րը սա­կաւա­թիւ են, սա­կայն կը կազ­մեն գե­ղեցիկ կո­ղաշար մը, որուն առա­ջին ան­դա­մը սի­րոյ պատ­ճա­ռով լաւ ծեծ մը կե­րած երի­տասար­դի սի­րային քա­ռեակն է. «Տար­պա մի սի­րու վե­րայ ծե­ծեցին, կո­ղերս երե­ւաց. / Դար­ձան ապրշու­մէ թե­լով կա­պեցին, հետն չե­րեւաց։ / -Առէք զիս յիմ յարն տա­րէք, թէ հա­զար կո­ղերս է լո­սած (մա­շած), / Զե­րեսս երե­սին դնեմ եւ երդնում, թէ տեղ չի ցա­ւաց»։ Ապա եկան հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան դա­սական մե­ծերը ու «կող» բա­ռով ստեղ­ծե­ցին ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ ու գրա­կան պատ­կերներ. «Կող դա­լարազ­գեստ ։ Մե­ծանիստ կող լե­րին ։ Լաս­տա­փայտ պաս­տա­ռալիր կող ամուր», Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շան, «Արիւ­նա­բուխ կող ։ Քու կողդ խրիմ», Պետ­րոս Դու­րեան, «Կո­ղերուս մէջ սրբու­թեան մը պէս քեզ կրէ ։ Ազա­տու­թեան հե­րոս­նե­րը իմ կո­ղերէս նո­րէն ծնին», Սիաման­թօ, «Պի­տի ծա­գի մեծ Ար­շա­լոյսն, ո՜վ Դա­րեր, վար­դա­հեղեղ ու մայ­րա­կան կո­ղերէս», Ար­սէն Եր­կաթ, 1 Մա­յիս 1919, Պո­լիս։ Իսկ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը, որ աղօ­թեր էր, որ «Արե­ւելեան կողմն աշ­խարհի խա­ղաղու­թի՜ւն թող ըլ­լայ», նկա­րագ­րեց իր հայ­րե­նի դաշ­տե­րը՝ «Գե­ղադա­լար կո­ղերն ի վար բլու­րին ծո­վե՜ր կ՚անցնին», ապա, կա­թիլ մը գի­նի սա­հեցուց հար­ճի գաղ­թակղե­ցու­ցիչ մարմնի վրայ. «Իր գողտրիկ բե­րանին եր­կու կող­մէն ընդհո­լով՝ / Թա­փեցաւ քիչ մը գի­նին ու ծոցն ի վար սա­հելով՝ / Գնաց լճա­կի պէս կար­միր ժո­ղուիլ պոր­տին մէջ ան­յայտ»։ Վա­րու­ժա­նը, որ ըմ­պած էր աւե­լի դառ­նութիւն քան գի­նի՝ Յի­սու­սին դար­ձաւ ու ըսաւ. «Թքնո­ւա՛ծ Յի­սուս, / Դուն որ ու­նե­ցար ձաղ­կո­ւած կո­ղեր՝ / Գթա՚ կո­ղերուս... / Տե՛ս, փո­ղոցի շուն մ՛է կողս պատ­ռեր / Շա՜տ եմ հա­լածո­ւեր»։

***

Յար­գե­լի ըն­թերցող, չեմ ու­զեր ձեզ տրտմու­թեան մէջ ձգել։ Դուք վստահ եղէք, թէ մեր պե­տու­թեան կո­ղերն են ամուր, մեր տան պա­տերու կո­ղերն են հաս­տա­տուն, ու ամէն կողմ մեր լե­զուն ու­նի ար­թուն հսկող­ներ։ Այ­սօր ձե­զի հրա­ժեշտ կու տամ Ալի­սիա Կի­րակո­սեանի եր­գի վե­րածո­ւած «Նե­րի՛ր ինձ, ես քեզ ցաւ եմ պատ­ճա­ռել» կող­կո­ղալի քեր­թո­ւածով՝ Ռո­բերտ Ամիր­խա­նեանի մեկ­նա­բանութեամբ։ Ձեր բո­լոր ան­հանգստու­թիւննե­րը այժմ մէկ կողմ դրէք ու վա­յելե­ցէք եր­գի պրկող խօս­քե­րը.

Նե­րիր ինձ,

Ես քեզ ցաւ եմ պատ­ճա­ռել։

Եւ դու չես կա­րող

Հաս­կա­նալ թէ...

Ին­չու մէջ­քիս մէջ

Հա­ճոյքն է ապ­րում,

Եւ օրէնքն ապ­րում

Իմ կո­ղերին մէջ,

Իմ կո­ղերին մէջ...