ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Անդրանիկ

Լոյս տե­սան այդ շատ սպա­սուած թի­ւերը։ Հա­յաս­տա­նի վի­ճակագ­րա­կան ծա­ռայու­թիւնը ու­րա­խու­թեամբ յայ­տա­րարեգ, թէ 2021 թո­ւակա­նին հան­րա­պետու­թեան մէջ առա­ւել յա­ճախ ի՛նչ անուններ ստա­ցան նո­րածին­նե­րը։ Անդրա­նիկ տե­ղը գրա­ւեց Դա­ւիթ անու­նը։ Անդրա­նիկ տաս­նեակի մէջ յայտնո­ւեցան, ըստ յա­ճաակա­նու­թեան, Նա­րեկ, Մոն­թէ, Տիգ­րան, Արեգ, Հայկ, Մարկ, Մի­քայէլ, Ալեքս եւ Ար­մէն անուննե­րը։ Իսկ Անդրա­նի՞կը։ Սու­րէ­նի հետ միատեղ գրա­ւեց 38-րդ հո­րիզո­նակա­նը։ Այս վի­ճակագ­րութիւ­նը կը վկա­յէ նաեւ, թէ Անդրա­նիկ անու­նը կը շա­րու­կա­նէ ան­կում ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Յի­շեց­նեմ, թէ 2020ին ան աւե­լի ժո­ղովրդա­կանու­թիւն կը վա­յելէր՝ գրա­ւելով 35րդ հո­րիզո­նակա­նը ու գե­րազան­ցե­լով Ռու­բէննե­րը, Յա­կոբ­նե­րը, Յա­րու­թիւննե­րը, Գրի­գոր­նե­րը եւ Սու­րէննե­րը։ Մտա­հոգիչ չէ՞ այս պատ­կե­րը... Հայ­րե­նիքի մէջ այ­լեւս չեն ծնիր, կամ սա­կաւ կը ծնին Անդրա­նիկ­ներ։ Ուստի, ես ալ որո­շեցի անրդա­դառ­նալ «անդրա­նիկ» բա­ռի պատ­մութեան, ու յայտնա­բերել, թէ հայ­կա­կան պատ­մութեան եւ գրա­կանու­թեան մէջ ի՛նչ քա­ջագոր­ծութիւններ կա­տարած է ան։

«Անդրա­նիկ» բա­ռը հայ­կա­կան գրա­կան աս­պա­րէզի վրայ առա­ջին ան­գամ յայտնո­ւեցաւ 405 թո­ւակա­նին Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ։ Սուրբ Գիր­քի էջե­րուն մէջ կը տո­ղան­ցեն 47 «անդրա­նիկ»ներ, ինչպէս՝ անդրա­նիկ անա­սուն, աղա­խին, ոչ­խար, էշ, եզ, ցուլ, որ­դի, եր­կիր, եւ «անդրա­նիկ ամե­նայն արա­րածոց»։

«Անդրա­նիկ» բա­ռը յա­ռաջա­ցած ըլ­լալ կը կար­ծո­ւի բնիկ «անդր»՝ «առ­ջեւ, դի­մաց» նա­խաձե­ւէն։ Հայ­կա­կան այս բա­ռը կա­րելի է հա­մեմա­տել լա­տինե­րէն anterior՝ «առա­ջին, առաջ­նա­յին» բա­ռի հետ։ Հմուտ գրիչ­նե­րու ձեռ­քին մէջ բառս սկսաւ իր անդրա­նիկ պտուղնե­րը տալ, նկա­տի ու­նիմ անոր հետ շի­նուած բա­ղադ­րեալ բա­ռերը։ Ահա այդ գեր­դաստա­նի խմբան­կա­րը. անդրատնկում, անդրան­կա­գոյն, անդրան­կա­ծին, անդրան­կածնունդ, անդրան­կա­մատոյց, ելն.։ Ու­նինք նաեւ «անդրան­կա­մահ» հա­զուա­գիւտ գո­յակա­նը, որ կը նշա­նակէ անդրա­նիկ ծնունդի՝ առաջ­նե­կի մա­հը։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ ըն­թերցէք Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի Մա­տեան Ող­բերգու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը, եղէք եր­կայնա­միտ, ու դուք ան­պայման կը հան­դի­պիք այս բա­ռի հետ յօ­րինո­ւած եր­կու ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւննե­րու՝ «Անդրա­նիկ նիւ­թոյս այս հո­ղոյ», «Ոչ էր մատ­չե­լի ի նա­խագա­հու­թիւն արու անդրա­նիկ դա­տիչ քննո­ղաց»։ Նա­րեկա­ցիէ դար մը յե­տոյ մէկ այլ սուրբ բա­նաս­տեղծ՝ Ներ­սէս Շնոր­հա­լին գրեց. «Նոյն ինքն անդրա­նիկըն Հօր յա­ռաջ քան զա­րեւ... Եղեւ անդրա­նիկ այ­սօր կու­սա­կան ծննդեամբն... Զի ծնեալն ի քէն է Հօր միածին եւ անդրա­նիկ, փրկիչ աշ­խարհի»։ Վար­դան Այ­գեկցին «Ար­մատ Հա­ւատոյ» գիր­քին մէջ ըսաւ, թէ ո՛վ է Յի­սու­սը. «Որ­դի Աս­տուծոյ եւ մարդ եւ Որ­դի Մար­դոյ եւ Աս­տո­ւած մարդ ըստ Բա­նին Որ­դի անդրա­նիկ Աս­տուծոյ... Մի Որ­դի Հօրն միայ­նոյ եւ Միածին անդրա­նիկ Աս­տո­ւածա­մօրն Տի­րածին Կու­սին»։

19-րդ դա­րուն քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղծներ կ՛ու­նե­նային իրենց գե­ղարո­ւես­տա­կան անդրա­նիկ փթթումնե­րը՝ Պոլ­սոյ, Վե­նետի­կի եւ Պա­քուի մէջ լոյս կը տես­նէին անոնց անդրա­նիկ հա­տոր­նե­րը։ Այդ օրե­րուն «անդրա­նիկ» բառն ալ կը բախ­տա­ւորո­ւէր ու կը ստա­նար նո­րանոր նուրբ ար­տա­յայ­տութիւններ՝ «անդրա­նիկ տպա­ւորու­թիւն», «անդրա­նիկ սէր», եւ «անդրա­նիկ պսա­կաւոր­ներ», ինչպէս նո­րաբաց վար­ժա­րան մը կ՚ու­նե­նայ։

Բառս գե­ղապաշտ հե­ղինակ­նե­րու շնոր­հիւ առաւ նոր փայլ։ Անոնք ազ­նո­ւու­թեամբ գրե­ցին. «Այնքան յոյ­սե­րով լի [եմ], լի [եմ] այնքան բա­րեացա­կամ խրա­խու­սանքով եւ գօ­տեպնդող հա­ւանումնե­րով այդ անդրա­նիկ հա­տորի հա­մար... Մնամ աջեր­նիդ համ­բուրե­լով», Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, նա­մակ Սու­քիաս Էփ­րի­կեանին, 1905, Կանտ։ Ապա Վա­րու­ժա­նը ստեղ­ծեց Հար­ճը պոեմի ճա­ճան­չա­ւոր տո­ղիկ­նե­րը. «Արփւոյն ճա­ճանչն անդրա­նիկ սլա­ցաւ ին­կաւ շո­ղար­ծարծ Նա­զենի­կի խու­ցին մէջ. դալ­կա­ցաւ լոյ­սը ճրա­գին»։ Սիաման­թո­յի «Մայ­րը իր զաւ­կին» քեր­թո­ւածի մէջ բա­ռը հնչեց որ­պէս սրբու­թիւն. «Մա­քուր սի­րոյս եւ մար­մի­նիս դո՚ւն, պտո՚ւղն անդրա­նիկ, / Ես էի որ կո­ղերուս մէջ սրբու­թեան մը պէս քեզ կրե­ցի»։ Իսկ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին նո­ւիրո­ւած «Ներ­բո­ղական»ի մէջ Ակնցին բա­ցատ­րեց, թէ ո՛վ է Մաշ­տո­ցի. «Օշա­կանի մէջ ան­մա՜հօ­րէն մա­հացեալ, / Ան­ճա­ռելի եւ անդրա­նիկ դաս­տիարակ»։ Գրի­գոր Զօհ­րա­պը հաս­տա­տեց, թէ Զմիւռնիոյ հա­յերը «լրագ­րութեան մէջ մեր անդրա­նիկ­ներն են, ու­րեմն, Արե­ւելեան Մա­մու­լը, իր կրտսե­րը, ահա մօ­տիկ քա­ռորդ դա­րէ մը ի վեր կը շա­րու­նա­կուի իր ալե­ւորած հիմ­նադրին անվթար հա­ւատ­քո­վը»։ «Անդրա­նիկ» բա­ռի սի­րային եւ խո­հական ամե­նաըն­տիր գոր­ծա­ծու­թիւնը գրի առաւ Նար-Դո­սը, 1901 թո­ւակա­նին, հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան շքեղ դղեակի արե­ւելեան պատշգամ­բի՝ Պա­քու քա­ղաքի մէջ, երբ Կաս­պից ծո­վը դի­տելով երազ­կոտ՝ լոյս կ՛ըն­ծա­յէր «Սպա­նուած աղաւ­նի» վի­պակը. «Անդրա­նիկ սէ­րը կնոջ սրտում անջնջե­լի է, ինչքան էլ որ այդ սի­րոյ առար­կան անա­ռակի մէ­կը լի­նի»։ Յի­շեց­նեմ նաեւ, թէ 19-րդ դա­րու այդ հա­յաբոյր քա­ղաքէ ո՛չ շատ հե­ռու՝ Ջա­ւախ­քի լեռ­նաշղթա­յի վրայ բա­ռը դար­ձեր էր տե­ղանուն՝ «Անդրա­նիկ լեռ­նա­գագա­թը»։

Արդ յի­շեմ այ­րեր, որոնք կո­չուե­ցան «Անդրա­նիկ»։ Հայ­կա­կան արա­կան անուն է ան, որ կը նշա­նակէ մեծ, երէց, աւագ։ Կոս­տանդնու­պոլսոյ մէջ աղա­ւաղո­ւած ձե­ւով կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւի Ան­թա­ռանիկ, Ան­թո­ւան կամ Ան­թօ տար­բե­րակ­նե­րը։ 20-րդ դա­րուն «Անդրա­նիկ» անու­նին յա­ճախ ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ «փա­շա», «զօ­րավար», «քաջն», «հայ­դուկա­պետ» յոր­ջորջումնե­րը։

«Անդրա­նիկ» բա­ռը մէկ այլ փայլ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան գրատ­պութեան մէջ։ Ման­րազննին որո­նումնե­րուս որ­պէս ար­դիւնք յայտնա­բերե­ցի, թէ որ­պէս գիր­քի անուն հե­տեւեալն է «անդրա­նիկ» բա­ռի առա­ջին գոր­ծա­ծու­թիւնը. «Մեծն Ներ­սէս կամ Հա­յաս­տա­նի բա­րերա­րը ։ Ող­բերգու­թիւն ի չորս արա­րուածս ։ Ներ­կա­յացեալ յա­ռաջին նո­ւագ ի 16 Յու­նի­սի 1861 ի Վաս­պուրա­կան անդրա­նիկ թատ­րո­նի Զմիւռնոյ», Երու­սա­ղէմ, 1863։ Այ­նուհե­տեւ լոյս տե­սան չորս այլ ըն­տիր հրա­տարա­կու­թիւններ. «Անդրա­նիկ զի­նուոր ։ Լու­սանկար­նե­րով», Կ. Պո­լիս, 1911, «Անդրա­նիկ ։ Ազ­գա­յին ժա­մանա­կակից դիւ­ցազներ­գութիւն», Վառ­նա, 1911, «Հայ­կա­կան վաշ­տը Անդրա­նիկի առաջ­նորդու­թեամբ 1912-1913 թ.թ. Բալ­քա­նեան պա­տերազ­մում», Պա­քու, 1914։

Ահա «անդրա­նիկ» բա­ռի հա­կիրճ պատ­մութիւ­նը, որ պսա­կուած է գրա­կան անդրա­շար­հա­յին պտուղնե­րով։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, պատ­շե­ցէք այս բա­ռը, ինչպէս կը պաշ­տէք ձեր անդրա­նիկ սէ­րը - կամ անդրա­նիկ թոռ­նի­կը - ։ Նաեւ մաղ­թենք, որ բա­զում Անդրա­նիկ­ներ ծնին հայ­րե­նի երկնքի տակ, որ­պէ­սի յա­ջորդ ան­գամ երբ Վի­ճակագ­րա­կան ծա­ռայու­թիւնը հրա­պարա­կէ ծնունդնե­րու թի­ւը ան գո­նէ մտնէ անդրա­նիկ տաս­նեակի մէջ։