ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Հիւսել

2018, Ապ­րիլ 5-ին Ար­ցա­խի հա­յը երազ­ներ կը հիւ­սէր։ Ապա այդ երա­զը վե­րածո­ւեցաւ... գոր­գի, երբ Վա­տիկա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան դես­պան Մի­քայէլ Մի­նասեան յայ­տա­րարեց, թէ Շու­շիի հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ները գոր­գե­րով ապա­հովե­լու ծրա­գիրի ծի­րէն ներս Ս. Ամե­նափրկիչ Ղա­զան­չե­ցոց եւ Ս. Յով­հաննէս Մկրտիչ (Կա­նաչ Ժամ) եկե­ղեցի­ներուն հա­մար նա­խատե­սուած գոր­գե­րը պատ­րաստ կ՚ըլ­լա­յին մին­չեւ Յու­լիս ամի­սը։ Ան կ՚աւելցնէր նաեւ, թէ իւ­րա­քան­չիւր եկե­ղեց­ւոյ հա­մար կը հիւ­սո­ւէր երեք գորք՝ հայ­կա­կան աւան­դա­կան նախ­շա­զար­դե­րով, ինչպէս նաեւ շէն­քե­րու վրա­յի փո­րագ­րութիւննե­րով եւ զար­դա­քան­դակնե­րով։ Այդ երազ օրե­րը հե­ռաւոր ան­ցեալ մը ըլ­լալ կը թո­ւան։ Իսկ այ­սօր երբ հա­յը կը հիւ­սէ նոր երազ­ներ, որո­շեցի գրել «հիւել» բա­ռի մա­սին, ու ապա­ցու­ցա­նել, թէ հա­յը սի­րեր է նաեւ այդ բա՛ռը հիւ­սել ու ստեղ­ծել գրա­կան գե­ղեցիկ կտոր­ներ։

«Հիւ­սել» բա­յի ծա­գու­մը ան­յայտ է։ Ան Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ լոկ երեք ան­գամ գոր­ծա­ծուած է։ Երեք պարզ հիւսք միայն... Իսկ չոր­րորդը՝ Երգ Եր­գո­ցի մէջ յի­շուած «հիւսք» գո­յականն է. «Հիւսք գլխոյ քո իբ­րեւ զծի­րանի»։ Այ­նուհե­տեւ, ին­չե՞ր չհիւ­սեց հա­յը. մա­զեր թել-թել, զամ­բիւղ մը դեղ­ձան ճիւ­ղե­րով, պսակ մը մար­գարտա­ծաղիկ­նե­րով, լո­թիկ մը նախ­շուն...։ Երբ հա­յու տա­ղան­դա­ւոր ձեռ­քե­րը զբա­ղած էին այդ գոր­ծով, միտքն ալ հիւ­սեց քեր­թո­ւած­ներ քնա­րական, երազ­ներ կա­պոյտ...։ Բայց եղան նաեւ հա­յեր, որոնք հիւ­սե­ցին՝ նեն­գութիւն։ Անի­կա է պատ­ճա­ռը, որ մեր գրա­բարա­խօս հի­ները հար­կադրո­ւած գոր­ծա­ծեցին «Հիւ­սել զնեն­գութիւն» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։

Ապա բա­ռը ան­ցաւ սուրբի ձեռ­քը։ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին այդ բա­ռով հիւ­սեց նո­րագոյն ար­տա­յայ­տութիւններ։ Ահա փունջ մը. «Հիւ­սեա դառն հե­ծու­թիւն», «Ող­բոցս հիւ­սո­ւած», «Ընդ կուղս բա­րեացն չա­րիս հիւ­սեմ»։ Գա­ւառ­նե­րու մէջ բա­ռը ստա­ցաւ այ­լե­ւայլ հիւ­սո­ւածք. Սե­բաս­տիոյ եւ Կար­նոյ մէջ՝ հու­սէլ, Թիֆ­լի­սի մէջ՝ հու­սիլ, Հա­ճընի մէջ՝ հիս­սէլ, Ալաշ­կերտի եւ Մշոյ մէջ՝ հուսկել, Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ՝ ուսքէլ, Զէյ­թունի եւ Խար­բերդի մէջ՝ հի­սիլ, իսկ Համ­շէ­նի մէջ, ուր բա­յերը «ուշ» մաս­նի­կով կը հիւ­սո­ւին՝ հու­սուշ։ Ապա հիւ­սե­ցինք քա­ռասու­նի չափ բա­ղադ­րեալ բառ։ Այ­նուհե­տեւ հա­յը ու­նե­ցաւ «արո­ւես­տա­հիւս» ճար­տա­րապե­տու­թիւն, «մե­տաք­սա­հիւս» բար­ձիկներ, «հրա­շահիւս» շա­րական­ներ, «ծաղ­կա­հիւս» դրա­սանգներ, «ոս­կե­հիւս» գօ­տիներ, «մար­գարտա­հիւս» մա­նեակ­ներ եւ ծո­պեր...։ Զար­մա­նալի է, որ թախ­ծոտ բա­նաս­տեղծնե­րը, Տէ­րեանը, Զա­րիֆեանը եւ այ­լեր, հա­կառակ իրենց տա­ռապան­քին, հա­կառակ իրենց թախ­ծոտ քեր­թո­ւած­նե­րու առա­տու­թեան, օգ­տա­գոր­ծե­ցին «հիւ­սել» բա­յի լոկ դրա­կան ոգի պա­րու­նա­կող ածա­կան­նե­րը, ինչպէս «նրբա­հիւս, մար­գարտա­հիւս»։ Անոնց երազ­կոտ քերթուած­նե­րու մէջ չկան «ող­բա­հիւս», «դառ­նա­հիւս» եւ «տխրա­հիւս» տո­ղեր։ Իսկ այս շա­րահիւ­սի ամե­նէն Աս­տո­ւածա­յինը «աս­տո­ւածա­հիւ­սէ ածա­կանն է։ Ո՞վ հնա­րեր եւ գոր­ծա­ծեր է զայն։ Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանը։ 1904 թո­ւակա­նին «Հա­յաս­տան յա­ռաջ քան զլի­նելն Հա­յաս­տան» գիր­քի մէջ ան գրի առաւ «աս­տո­ւածա­հիւս վա­րագոյր» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Հե­ղինա­կը «Ի սէրն ար­տադրախ­տիկ» քեր­թո­ւածի մէչ ալ գոր­ծա­ծեց «բե­հեզ աս­տո­ւածա­հիւս» գրա­կան պատ­կե­րը։ Կը տես­նէ՞ք, յար­գե­լի ըն­թերցող, որ­քան «վա­յել­չա­հիւս» է մեր լե­զուն։

Մենք հա­յերս նկա­տեցինք «հիւ­սել» բա­ռի ճկու­նութիւ­նը ու կեր­տե­ցինք փո­խաբե­րու­թիւններ, այ­սինքն պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւններ, ո՛չ իր սո­վորա­կան իմաս­տով՝ մէկ այլ բա­ռի փո­խարէն։ Ուստի, չար դրա­ցին «փոր­ձանք կը հիւ­սէ», հար­սը «երազ կը հիւ­սէ», սի­րահար աշու­ղը «տա­ղեր կը հիւ­սէ»...։ Զգա­ցումնե­րու ի՜նչ բազ­մե­րանգ ու փա­փուկ հիւսքեր...։

«Հիւ­սել» բա­ռով շա­րահիւ­սե­ցինք նաեւ գիր­քի ըն­տիր անուններ, հան­գոյց մը եւս աւելցնե­լով մեր լե­զուի նուրբ հիւսքին. «Հիւ­սո­ւածք հա­յոց մարզպան­նե­րի պատ­մութեան», 1877, «Հիւ­սո­ւածք հա­յոց հին պատ­մագրնե­րի խօս­քե­րից», 1894, «Օտար փունջեր- Ա. Հիւսք Շիլ­լէ­րից», 1904։

Ապա եկաւ գե­ղապաշտ սե­րունդը։ 1900-1915 թո­ւական­ներն էին։ Այդ հին օրե­րուն անոնք իրենց սրտին մէջ վար­դի մը փթթու­մը ու­նէին։ Անոնց աչ­քե­րուն մէջ հիւսք-հիւսք քեր­թո­ւած կը ծո­րէր։ Ահա այդ հին օրե­րուն, ազա­տու­թեան եւ եղ­բայրու­թեան խոս­տումէ մը տա­րուած անոնք հիւ­սե­ցին քնա­րական գո­հար­ներ։ Այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը փա­փաքիմ բա­նալ այդ գո­հարա­տու­փը, ու ար­տա­սու­քով տես­նել, թէ այդ հին օրե­րուն Եսա­յեան­ներ, Սիաման­թօ­ներ, Վա­րու­ժաններ եւ այլ հան­ճարներ ի՛նչ երազ­ներ կը հիւ­սէին... «Ցե­րեկը, մութ ան­տա­ռին մէջ տրտում եր­գեր կը հիւ­սեմ», Մատ­թէոս Զա­րիֆեան, «Ան­մի­ջապէս մտքովս սկսայ վէպ մը հիւ­սել... Պի­տի ու­զէի իրեն հա­մար հիւ­սել ապա­գայի գե­ղեցիկ երազ մը», Զա­պէլ Եսա­յեան, «Կար­միր եր­գերս հիւ­սեմ», Սիաման­թօ, «Պի­տի հիւ­սեմ մա­նեակ մը նուրբ / Շուրջն սպի­տակ պա­րանո­ցիդ», Մի­սաք Մե­ծարենց, «Այ­լեւս կը պատ­րաստո­ւիմ ապ­րո­ւած կեան­քէն միայն գրել եւ հիւ­սել նոր քեր­թո­ւած­ներ», նա­մակ, Դ. Վա­րու­ժան, 16 Փետ., 1910։ Եւ Բրգնիկ­ցին հիւ­սեց. «Դո՛ւն, Խաչ­բուռն այս, զոր իմ ձեռ­քով եմ հիւ­սէր, / Ըն­դունէ՝, Մա՜յր։ / Ես հիւ­սե­ցի զա­նոնք, գի­սակ առ գի­սակ, / Իմ յոյ­սե­րուս, իղ­ձե­րուն հետ հիւ­սե­ցի»։ Ապա բա­նաս­տեղծը դար­ձաւ հա­շիշին ու աղա­չեց. «Ո՛վ ան­մահ մէ­կոն, երա­զի առէջ, / Դու ցնորքն հիւ­սէ ոս­կե­ղէն թե­լով. / Հիւ­սէ խնդու­թիւն մը անրջա­կան»։ «Քոյր իմ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ Խո­րէն արք. Գալ­ֆա­յեանը ըսաւ. «Զփունջ վար­դիցդ յե­ռեալ ի փունջ՝ / Եւ հիւ­սե­ցի յո­լոր մա­նեակ»։ Գա­րեգին Սրո­ւանձտեան­ցը «Շու­շան Շա­ւար­շա­նայ» գիր­քին մէջ խնդրեց, որ հայ կոյ­սեր վառ պա­հեն Վար­դա­նի եւ անոր նա­հատա­կու­թեան յի­շատա­կը. «Իրենց կու­սա­կան ճակ­տին պսակ, իրենց գե­ղեցիկ պա­րանո­ցին մա­նեակ՝ թող փո­խանակ շու­շա­նի՝ Հա­յոց քա­ջաց փշրո­ւած ոս­կորներ հիւ­սեն»։

«Հիւ­սել» բա­ռին ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան շունչ մըն ալ տո­ւաւ Պետ­րոս Դու­րեանը, երբ գրի առաւ «Տա­րագիր ի Սի­պերիա» ող­բերգու­թիւնը. «Քու գե­րիդ եմ, Մա՛հ, բայց կ՚աղա­չեմ խնա­յէ գէթ այն Հա­յերուն, որոնք Հա­յաս­տա­նի պսակ­ներ հիւ­սել կը խոս­տա­նան»։ Ապա բա­նաս­տեղծը շրթունք դար­ձաւ դառ­նա­ցած հայ­րե­նիքին. «Ո՜հ, մի­թէ ցա­ւերս արթնցնե­լո՞ւ հա­մար եկար, Ժա­մանա՚կ, ատե­նէ մը ի վեր է որ Մա­սեաց մու­սա­յից քնար­նե­րուն թե­լերը խոր­տա­կելով՝ չեմ լսած Հա­յաս­տա­նի վրայ հիւ­սո­ւած ող­բե­րը»։

Իսկ այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձեր թոյլտո­ւու­թեամբ, Վա­հան Տէ­րեանը կը յայ­տա­րարեմ «հիւ­սել» բա­ռի հա­ւատա­րիմ երկրպա­գու։ Անոր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ բա­ռը կը շշնջայ որ­պէս քնքոյշ պատ­կեր, մեղ­միկ կը շո­յէ մեր ականջնե­րը. «Մթնշա­ղի ու­րո­ւագ­ծեր նրբա­հիւս», «Մու­թը հիւ­սում է տրտմու­թեան ժա­նեակ», «Սա­հում է կեան­քը հիւ­սե­լով ժա­նեակ», «Քնքոյշ եր­գե­րից հիւ­սում եմ մա­նեակ», «Դու ես հիւ­սում աստղա­ցան­ցը ոս­կե­թել»...։

Վեր­ջա­պէս հա­յը հիւ­սեց, երբ ձայ­նասփիւ­ռը կը հա­ղոր­դէր եր­գե­րու շա­րան, քաղցր բա­ռերով հիւ­սո­ւած. «Չքնաղ գի­շեր տուր ինձ խօս­քեր, չքնաղ մի երգ հիւ­սե­լու... Եկան, եկան Մո­կաց հարսներ, հա­րալօ, հա­րալօ, ոս­կէ թե­լով հիւ­սո­ւած վար­սեր, հա­րալօ, հա­րալօ... Արե­ւաշող դաշ­տե­րի մէջ մեր դա­լար, եղ­բայրու­թեան երգն ենք հիւ­սել ոս­կե­լար, թող հնչի ու թռչի, լե­զու­նե­րով ազ­գե­րի, բիւր ոս­կե­բառ...»։

Հա­յը կը շա­րու­նա­կէ հիւ­սել։ Փա՞ստը անոր։ 2019ին հայ­կա­կան մա­մու­լի մէջ լոյս տե­սած մէկ այլ լուր. «Հա­յաս­տա­նում հիւ­սել են աշ­խարհի ամե­նաեր­կար աւե­լու­կը»։ Ին­չո՞ւ զար­մա­նալ, երբ բո­լորս հա­ւատա­ցինք, թէ եր­գիչ, եր­գա­հան, յօ­րինող Թա­թա Սի­մոնեանը «Երե­ւանս» յայտնի եր­գի մէջ «քա­ղաք» կրնար հիւ­սել։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր հրա­ժեշտ կու տամ այդ եր­գի խօս­քե­րով, մաղ­թե­լով, որ դուք շա­րու­նա­կէք ջերմ եր­գեր ու երազ­ներ հիւ­սել.

Թէ յու­շե­րից քա­ղաք հիւ­սեմ,

Հիւ­սեմ թե­լով երազ­նե­րից...

Թէ փո­ղոցից, փո­ղոց անցնեմ,

Մտնեմ եր­գով սար­գած այ­գիս,

Կամ էլ մեր տուն, գնամ ու դուրս նա­յեմ,

Քեզ կը տես­նեմ պա­տու­հա­նից։

Երե­ւանս, Երե­ւանս,

Ան­գին քարս, ան­գին քա­րէ վարդս...