ՀԱՅՈՑ ԶԳԼԽԻՉ ԲԱՌԸ
Յարգելի ընթերցող նախորդ յօդուածիս մէջ ձեզի ներկայացուցեր էի «ծոց» բառի գրական աչքառու փունջ մը։ Ան հարուստ էր ջերմ արտայայտութիւններով, ինչպէս «ընտանիքի ծոցը», «մօր ծոցը կաթնաբոյր», «մայրենի լեզուի ծոցը», «հայրենի լեռներու ծոցը»- Այս բառը, փառք մեր աշուղներուն եւ քերթողներուն, աւելի փայլեցաւ սիրային երգ ու բանաստեղծութիւններու մէջ։ Հայկական գրականութիւնը իրօք իր մէջ կը պարունակէ հազարաւոր «ծոցանուէր» ստեղծագործութիւններ։ Անոնք ո՞ւր պահուած են։ Մեր հեղինակներու ծոցատետրերու մէջ անշուշտ։ Արդ ձեզ կը հրաւիրեմ այդ մասունքներու էջերը թերթել ու ժողովուրդի ծոցէն ծնած, մօր կաթնաբոյր ծոցի մէջ մեծցած, իսկ այժմ մայր հողի ծոցի մէջ հանգիստի արժանացած գրիչներու տողիկները վայելել։
Հրապուրիչ է «ծոց» բառը, վիպային, դիւթիչ եւ զգլխիչ։ Որովհետեւ մենք սիրեցինք այդ բառը, պահեցինք մեր ծոցի մէջ, սնուցինք, շոյեցինք գուրգուրանքով։ Իսկ ան որպէս երախտապարտ միավանկ փոխհատուցեց այդ վերաբերմունքը ու ետ դարձաւ որպէս քնարական երկ։
Աշխարհաբոյր գրականութեան մէջ առաջին առաջին անգամ Գրիգոր Նարեկացին է, որ նկատեց անոր գեղեցկութիւնը ու ստեղծեց Ծննդեան տաղը. «Աչքն ծով ի ծոց ծիծաղախիտ / Ծաւալանայր յառաւօտուն»։ Նարեկացիէն յետոյ տաղասացները եւ քնարերգակ բանաստեղծները նկատեցին թէ հասունցած բառ է ան ու բառը... իգականացաւ։
1600-ի վերջերուն Նաղաշ Յովնաթանը, մեր վերջին տաղասացը, հիացաւ եարի սիրունատես պատկերին. «Ծոցիդ շամամներն խիստ է նորահաս, / Վախեմ՝ թէ թառամի, շատ մի կենար պաս»։ Նաղաշի յաջորդը, Սայաթ Նովան, հոգեշնչուած իր վարպետէն՝ երգեց. «Հասիլ է ծուցիդ շամամն՝ օսկէ թաբաղին կարօտ է»։ Յաջորդ դարը ազատագրական պարքարի շունչ ունէր. խաչատուր Աբովեանը «Վէրք Հայաստանի» վէպի մէջ գրական հերոսի խօսքերով նկարագրեց իր հոգեկան վիճակը. «Ձեռս ծոցումս, գլուխս լեռ քարին, / Տխուր լալիս եմ՝ օրս խաւարած»։ Վենետիկի մէջ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը մեր մայրենիին պարգեւեց հայրենիքը նկարագրող պատկերաւոր արտայայտութիւններ. «Մասեաց ծոցը», «Հայաստանի մեծ դայեկին ծոցը յԵրասխ», «Բազմածոց ձորակներ», «Գառնոյ ձորակին ծածուկ ծոցեր», «Միջերկրական ծովուն Հայոց ծոցը»... Վարդապետը վշտահար մայր մը նկարագրելու համար ալ գործածեց «ծոց» բառը. «Մօր մը սրտակտուր ծոցը»։ Ալիշանը աւանդեց նաեւ նարեկաշունչ տողիկ մը. «Ծիածաւալ ծովուն ծուփ ծուփ ծոցեր»։ Գարեգին Սրուանձտեանցը Վանայ Այգեստանի քնարական պատկեր մը հիւսեց անոր հետ. «Հով ճաճանչները կը փայլեցնէ զեփիւռը ծովուն ափանց մօտ եղած նօսր ջրերուն ծոցիկ»։ Իսկ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի եւ Ռուբէն Սեւակի համար ծոցը գեղեցկուհիի մը ջերմ սէրն էր. «Շուշանափայլ բարձր մի փափկիկ / Ըլլայ քու ծոցդ ինձ առ ի քուն», «Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր, / Դուն ծեր արծիւ մը բանտեցիր»։
Հայկական գրականութեան ամէնէն տարփոտ ծոցը Նազենիկինն էր, շիկահեր հարճ մը, որ շատ սիրտեր այրեց։ Դանիէլ Վարուժանը պատմեց անոր զգլխիչ տենդը. «Ա՛լ յոգնած էր ու քրտնած, կ՚ուռէր ծոցն իր լուսեղէն... Թափեցաւ քիչ մը գինին ու ծոցն ի վար սահելով՝ / Գնաց լճակի պէս կարմիր ժողվիլ պորտին մէջ անյայտ»։ Վարուժանի «Հարճը» ունի ծոցերով հարուստ բազմաթիւ այլ պատկերներ, ինչպէս «Տռփածոց Աստղիկ», «Յաւերժանիստ սառին ծոց», «Կոյսերու լոյս ծոց», «Ասպետի մռայլ ծոց», «Անտառի ծոց» եւ «Տօթէն թխացած ծոց»...
Հայ ժողովրդական երգահանը չէր կրնար անտարբեր մնալ ծոցին, - «Քամին տայ ծոցիդ մովին, թամզարա, հա՜յ, թամզարա», - երբ անոր տեսքը կը ներգործէր ամէն սիրահարին, - «Շարմաղ, շարմաղ մազեր զիս, դէ՜ զնգը, զնգը, դէ՛ ջան, մէջ քո ծոցին թաղեր զիս, դէ՜ զնգը, զնգը, դէ՜ ջան», - թէ ուրախութեան եւ թէ տխրութեան պահերուն, - «Ես սարէն կու գայի, դուն դուռը բացիր. ձեռդ ծոցդ տարար, ա՜խ արիր, լացիր», - կամ Այգեստանի մէջ առաւօտուն, - «Իմ եար բախչէն կայնի՝ երկու ձեռն ի ծոց, աշխարհ գիտի, ալամ գիտի, իմն ես տյու»։ Իսկ մէկ այլ երգահան փափաք յայտնեց. «Ծոցիդ կախուած խաչն ըլլայի»։
Դուք կ՚ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ո՛վ էր ծոցի իսկական երկրպագուն. Աշուղ Նահապետ Քուչակը։ Անփորձ աշուղի համար եարի ծոցը «Ադամայ դրախտ» էր, «Լուսաւոր տաճար», «Կարմիր խնձորի պարտէզ»։ Քուչակի վերագրուած ու անոր անունով հրատարակուած հարիւր հայրեններու մէջ քսանհինգ «ծոց» կայ հեւացող։ Արդ ճանապարհորդենք Վանայ լիճ, ամայի ծոցի մը մէջ նստինք ու ականջալուր ըլլանք երիտասարդ Նահապետի ամենավառ գովասանքին.
Ուր որ դու կանգնած լինիս,
չէ պատեհ վառեն մոմեղէն.
Ծոցուդ լոյսըն դուրս ծագէ,
գէմ ելնէ մեռելն ի հողէն։
Աշուղի եարի ծոցը արժանացաւ բազմաթիւ այլ փառաբանութիւններու. «Ծագէ լոյս ի քո ծոցէդ», «Իմ եարն ինձ դէմ դիպաւ՝ ծոցն ի լի կարմիր խնծորով», «Քո ծոցդ է ի ծով նման, ծովն դեղ կ՚ասեն ի ջերման», «Փոքրիկ մտերմիկ լինամ, ու մտնում ի ծոցդ ու լողամ», «Քու ծոցդ առաւօտ նման», «Երնէկ ես անո՜ր կու տամ, որ գիշերն ի ծոցդ է պառկեր», «Ծոցդ լո՜յս կու տայ աստղերուն», «Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար», «Քո ծոցդ Ադամայ դրախտ, մտնէի, խնծո՜ր քաղէի»։ Իսկ օր մը աշուղը համբերութիւնը հատած հարցուց, «Քո ծոցուդ ա՜մ ե՞րբ տիրամամ»։ Չէ՞ որ մահը յանկարծ կրնար Քուչակը զրկել այդ հաճոյքէն.
«Մեռնիս, այլ անդին երթաս,
զայդ ճերմակ ծոցիկը դ ի՞նչ անես,
Զամէնըն որդե՜րն ուտեն, -
դու է՞ր զիս մահրում կու պահես։
Այս խօսքերը ներգործեցին գեղեցկուհիին ու ան փսփսաց. «Գիշե՜րն արի, որ ամէն դժարս դուրանայ. Քեզի գիրկ ու ծոց անեմ. պագ հազար, մինչ որ լուսանայ»։
Ծոցանուէր այդ տաղասացներն ու աշուղները այժմ մայր հողի ծոցի մէջ հանգիստ կ՚ընեն։ Իսկ անոնց ծոցատետրերու դեղնած էջերը կը մնան որպէս ջերմ ու անկեղծ սիրոյ վկաներ։ Կը փափաքիմ նաեւ յիշել պոլսահայ բանաստեղծ, հողի ծոցը վաղաժամ գրկած Կարպիս Ճանճիկեանի «Գովք հողի» բանաստեղծութենէն պատառիկ մը. «էրնէկ մեզի / քու ծոցիդ մէջ պիտի ըլլանք»...
Ի՞նչ փոյթ, թէ հողը ցուրտ է, այնքան ատեն, որ կայ ծոցը վառ, հիւրընկալ, հրապուրող ու հեշտագին շատ անգամ... Ան կաթնաբոյր է ու հմայող, ինչպէս Արաբկիրի ժողովրդական երգիչն է յօրիներ.
«Ամէն ջուրէն ելլալուդ,
քեզ ծոցիկս առնէի,
ամուր, ամուր սեղմէի»։
Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը կը մաղթեմ, որ ձեր սեփական ծոցատետրի մէջ անմահացնէք ծոցանուէր նոր տողիկներ։