ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Գլուխ

ՀԱՅՈՑ ԶԳԼԽԻՉ ԲԱՌԸ

Որքա՜ն կը հպար­­տա­­­նայ մայր ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը, երբ տես­­նէ, թէ իր զա­­ւակ­­նե­­­րը՝ հա­­յոց լեզուի հա­­րազատ բա­­ռեր, դա­­րերու ըն­­թացքին հա­­սակ նե­­տած, աճած, կեր­­պա­­­րանա­­փոխո­­ւած ու բարձր պաշ­­տօննե­­րու հա­­սած են։ Ինչպէս «քար­­տուղար»ը, որ պա­­պիրու­­սի թերթ էր նա­­խապէս, ապա դար­­ձաւ ար­­քունի գրա­­գիր, ելեւ­­մուտքի պա­­տաս­­խա­­­նատու ու վեր­­ջա­­­պէս կայ­­սե­­­րական նա­­հան­­գա­­­պետ։ Կան նաեւ բա­­ռեր, որոնք հե­­ռաւոր եր­­կիրնե­­րէ ճամ­­բայ ելան ու քա­­ջարի առեւտրա­­կան­­նե­­­րու օգ­­նութեամբ հա­­սան Հա­­յաս­­տան, ինչպէս «թէյ», «նա­­րինջ», «դար­­չին», «մե­­խակ»… Գա­­լով՝ «գլուխ» բա­­ռին։ Անի­­կա ու­­նի իւ­­րա­­­յատուկ պատ­­մութիւն, որուն ծա­­նօթա­­նալէ առաջ, փոր­­ձենք մօ­­տենալ ստու­­գա­­­բանու­­թեան։

Ստու­­գա­­­բան­­նե­­­րը մին­­չեւ 19րդ դար յա­­ջողած էին բա­­ցայայ­­տել հա­­յոց լե­­զուի գրե­­թէ բո­­լոր բարդ եւ դժո­­ւար ճա­­նաչե­­լի բա­­ռերու ծա­­գումն ու ծնունդը։ Իսկ «գլուխ»ը ձգեր էին իրենց օրա­­կար­­գի վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան։ Չէ՞ որ անի­­կա պարզ էր եւ ան­­մի­­­ջական, ու դիւ­­րին պի­­տի ըլ­­լար անոր լու­­ծումը։ Սա­­կայն, լե­­զուաշ­­խարհը անակնկալ­­նե­­­րով լե­­ցուն է։ Օտար եւ հայ լե­­զուա­­գէտ այ­­րեր գլուխ պայ­­թե­­­ցու­­ցին անոր ծա­­գումնա­­բանու­­թիւնը յայտնա­­բերե­­լու հա­­մար- ապար­­դիւն։ Մին­­չեւ այ­­սօր չկայ հաս­­տատ եզ­­րա­­­կացու­­թիւն։ Կան միայն կար­­ծիքներ։ Հ. Աճա­­ռեանի «Ար­­մա­­­տական Բա­­ռարան»ը վկա­­յակո­­չելով՝ տանք քա­­նի մը օրի­­նակ. «գլուխ» բա­­ռը եկած կրնայ ըլ­­լալ հնդեւ­­րո­­­պական նա­­խալե­­զուի «վել», «վե­­լու» ար­­մատնե­­րէն, որոնք կը նշա­­նակեն «ծած­­կել»։ Կրնայ եկած ըլ­­լալ յոյ­­նե­­­րու «լո­­ֆոս» բա­­ռէն, որուն իմաստն է «բլուր, վիզ»։ Այլ կար­­ծիքներ զայն կը կցեն հին սլա­­ւոնե­­րէն «գլա­­ւա», ռու­­սե­­­րէն «գո­­լովօ», լի­­թուա­­ներէն «գա­­լուա», եւ սու­­մե­­­րական «գալ, գա­­լու, գու­­լու» բա­­ռերուն։ Վեր­­ջիննե­­րը կը նշա­­նակեն «մեծ, բարձր, բարձրա­­նալ, տէր, գլխա­­ւոր»։

Գրա­­ւոր լե­­զուի մէջ «գլուխ»ին ոդի­­սակա­­նը սկսաւ ան­­մի­­­ջապէս Ե. դա­­րուն, Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թեան հետ, որուն բա­­ժանումնե­­րը «գլուխ» են։ Իսկ շնոր­­հիւ մեր ման­­րանկա­­րիչ­­նե­­­րու, Ս. Գիր­­քի ձե­­ռագիր­­նե­­­րը ու­­նե­­­ցան գլուխ-գոր­­ծոց «գլխա­­զար­­դեր»։ Ապա ու­­նե­­­ցանք զգլխիչ բա­­ռապա­­շար. գլխա­­դիր, գլխա­­նի, գլխա­­պարտ, գլխար­­կել, գլխի­­բաց, գա­­հագ­­լուխ, մեր­­կագլուխ, գլխա­­բաց, գլխա­­գին, գլխա­­ծածկ, գլխա­­պատառ, գլխոսկր, գլխարկ… «Գլուխ»ը պատ­­մութեան դառն օրե­­րուն ազ­­նո­­­ւու­­թիւնը ու­­նե­­­ցաւ մե­­զի յի­­շեց­­նե­­­լու հայ ազ­­գի քա­­ղաքա­­կան իմաս­­տութեան թե­­րու­­թիւննե­­րը. ու­­նե­­­ցանք «բազ­­մագլուխ» կա­­ռավա­­րու­­թիւններ, «գլխա­­տուող» իշ­­խաններ, մի­­ջազ­­գա­­­յին վե­­հաժո­­ղով­­ներ» «գլխի­­կոր» վե­­րադար­­ձող պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ… Եւ նոյն օրե­­րուն հա­­յը մնաց այնպէս, ինչպէս Աւե­­տիք Իսա­­հակեանի նկա­­րագ­­րած ու­­ռին էր թե­­քուած գե­­տակի վրայ. «Եւ գլու­­խը կախ՝ նա լաց է լի­­նում»։ Ռ. Պատ­­կա­­­նեանը նա­­յեցաւ լուսնին ու ըսաւ. «Նո­­րա տխրա­­մած դէմ­­քը նա­­յելիս՝ / Յի­­շում եմ թշո­­ւառ վի­­ճակը ազ­­գիս..., ու շա­­րու­­նա­­­կեց, «Մնա­­ցի մե­­նակ՝ հո­­գիս վրդոուած, / Ձեռ­­ներս ծո­­ցիս, գլուխս քարշ արած»։ Նոյն օրե­­րուն Վա­­հան Տէ­­րեանը սէր եւ գուրգու­­րանք դրաւ այդ բա­­րի բա­­ռի վրայ. «Եր­­կար մա­­զերդ կ՚ար­­ձա­­­կես ազատ, / Հի­­ւանդ գլուխդ կը դնես կրծքիս»։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի «հար­­ճը» ապա­­հովու­­թիւն գտաւ աս­­պետ Տրդա­­տի կուրծքին մէջ. «Թա­­ղեց աս­­պե­­­տին ծո­­ցին մէջ գլուխն ոս­­կե­­­հեր... Եւ Տրդա­­տի կուրծքին վրայ գլու­­խը այնքա՚ն սաղ­­մեց՝ / Որ զրա­­հին մէ­­ջէն իսկ կը լսէր տրո­­փը սրտին»։ Իսկ օր մը Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը ֆայ­­տոն նստած եր­­գեց, երբ զուռնան փչեց, քա­­մին ան­­ցաւ. «Եր­­թամ - ու­­րիշ գո­­զալ­­նե­­­րի գիր­­կը դնեմ գլուխս տաք՝ / Քո էդ անոյշ, ազի՜զ տես­­քով հար­­բած ըլիմ մին­­չեւ էգուց»։

Որ­­պէս մար­­դու մար­­մի­­­նի բարձրա­­գոյն ան­­դամ, ուր միտքն է նաեւ՝ «գլուխ» բա­­ռը շու­­տով ստա­­ցաւ փո­­խաբե­­րական իմաստներ՝ սկիզբ, իշ­­խան, պետ, միտք, հիմ­­նա­­­կան, ծայր. վեր­­ջի­­­նը ներշնչում տո­­ւաւ Վա­­հան Թէ­­քէեանին, երբ կը փոր­­ձէր նկա­­րագ­­րել, թէ ո՛ւր է Լու­­սա­­­ւոր­­չի Կան­­թե­­­ղը. «...Վե­­րը, հո՚ն, Արա­­գածի գլխուն վրայ / Ան կը շո­­ղայ առան­­ձին»։ Ապա ու­­նե­­­ցանք ածան­­ցեալ եւ բարդ բա­­ռերու հարստու­­թիւն մը. դա­­րագ­­լուխ, ամ­­սագլուխ, տա­­րեգ­­լուխ, զօ­­րագ­­լուխ, հաս­­տագլուխ, պա­­րագ­­լուխ, քա­­ղաքագ­­լուխ, գլխա­­շուք, գլխա­­պետ, գլխա­­ւոր, գլխա­­ւորել, գլխա­­տուն, գլխա­­տառ, գլխա­­գիր… Աւե­­լին՝ մեր լե­­զուն ու­­նե­­­ցաւ պատ­­կե­­­րալից դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու հսկա­­յական դրա­­մագ­­լուխ մը. գլու­­խը՝ կա­­պել, ու­­ռեցնել, ոլո­­րել, իւ­­ղել, ար­­դուկել, գլու­­խը տաք­­նալ, գլու­­խը քե­­րելու ժա­­մանակ չու­­նե­­­նալ, գլուխ հա­­նել, գլխէ հա­­նել, գլխին խաղ խա­­ղալ, գլխին պա­­հապան, գլխին պայ­­թիլ, գլխին փա­­թաթել, գլու­­խը ողջ ըլ­­լալ, գլուխ գլխի տալ, գլխու պտոյտ տալ…Քա­­նի՞ հատ դար­­ձո­­­ւածք։ Ըստ «Հա­­յոց Լե­­զուի Դար­­ձո­­­ւած­­քա­­­յին Բա­­ռարան»ի՝ 600 հատ։

1002 թո­­ւակա­­նին բա­­ռը ար­­դէն հա­­սեր էր հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան գա­­գաթ­­նա­­­կէտին։ Ս. Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցիի գրի­­չին տակ, «Մա­­տեան Ող­­բերգու­­թեան» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան մէջ անի­­կա կրկնուեցաւ 35 ան­­գամ, ինչպէս հե­­տեւեալ խոս­­տո­վանու­­թեան մէջ. «Եւ արդ, կա­­տարեալ է բան քո խնկեալ, եւ ի գլուխ ելեալ ան­­պա­­­կաս ի ստու­­գութե­­նէ՝ առ իմս մո­­լորու­­թիւն»։ 18-րդ դա­­րուն Սա­­յաթ Նո­­վան շա­­րու­­նա­­­կեց գո­­վեր­­գել «գլուխ»ը. «Լաւ մարթն էն է՛ գլուխն պա­­հէ աշ­­խա­­­րու­­մըս էյ­­թի­­­պարով», «Դուն է՜ն գլխէն իմաս­­տուն իս, խիլքդ յի­­մարին բաբ մի՛ անի»։ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը «Փա­­րուա­­նա» վի­­պեր­­գի մէջ Կով­­կա­­­սի քա­­ջարի աս­­պետնե­­րուն զգու­­շա­­­ցուց «եօթգլխա­­նի դե­­ւերու» դէմ։ Իսկ Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի սրա­­միտ գրի­­չը առիթ տո­­ւաւ, որ «գլուխ» բա­­ռը կուշտ ու կուռ խնդաց­­նէ մեզ. «Ատամ­­նա­­­բոյժն Արե­­ւելեան» թա­­տերա­­խաղի մէջ Տի­­կին Մար­­թա­­­յի եւ Թա­­փառ­­նի­­­կոսի վի­­ճաբա­­նու­­թիւնն է.

ՄԱՐ­­ԹԱ.- Դուն իմ ստա­­կովս մարդ եղար, համ­­բաւ ստա­­ցար, հի­­մա զիս միս մի­­նակ թող­­լով, գլուխդ կ՚առ­­նես թատ­­րոն կ՚եր­­թաս։

ԹԱ­­ՓԱՌ­­ՆԻ­­­ԿՈՍ.- Ու­­րիշ ան­­գա­­­մուն գլուխս քե­­զի կը ձգեմ անանկ կ՚եր­­թամ։

«Գլուխ» բա­­ռը նաեւ դար­­ձաւ տե­­ղանուն. «Գլխու աղք», Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի նա­­հան­­գի մէջ, Մար­­տին քա­­ղաքի մօտ բնա­­կատե­­ղի, «Գլխու բերդ», Բա­­ղէշի նա­­հան­­գի, Մուշ գա­­ւառի Սա­­սու­­նի Մօտ­­կան գա­­ւառա­­կի մէջ բերդ, իսկ մեր հի­­ները Մեծ Հայ­­քի Այ­­րա­­­րատ նա­­հան­­քին տո­­ւին երկրորդ ու պաշ­­տե­­­լի անուն մը. «Գլուխ Երկրին Հա­­յոց» կամ «Գլուխ Հա­­յոց Մե­­ծաց»։

«Գլուխ» բա­­ռը շա­­րու­­նա­­­կեց իր վե­­րել­­քը մին­­չեւ 1989 թո­­ւակա­­նի այն օրը, երբ բա­­նաս­­տեղծ Ռազ­­միկ Դա­­ւոյեան «Քա­­րէ Բարձ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու հա­­ւաքա­­ծոյին հա­­մար որ­­պէս նա­­խաբան գրի առաւ հե­­տեւեալ քա­­ռեակը.

Մի մեծ գլխի ստո­­ւեր,

Մի եր­­կիր է ծած­­կում,

Եթէ դրո­­ւած է նա

Երկրի լոյ­­սի անցքում։

Եւ այդ օր, ան­­նա­­­խըն­­թաց դէպք, մայր ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը իր զա­­ւակին մա­­սին լսեց դժգո­­հու­­թիւն, թէ իր բա­­ռերէն մէ­­կը չա­­փէն աւե­­լի կը մեծ­­նայ ու ժո­­ղովուրդնե­­րու գլխուն փոր­­ձանք կրնայ դառ­­նալ։

Յա­­մենայնդէպս, ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը հպար­­տա­­­նալու պատ­­ճառ ու­­նի. այս հա­­մեստ բա­­ռը, հա­­զիւ մէ­­կու­­կէս վանկ, իր մէջ կու­­տա­­­կած է գլխու պտոյտ տո­­ւող պատ­­մութիւն մը, նե­­րառեալ «Աղ­­բիւրի մօտ կա­­ցել եմ» եր­­գը, ուր սի­­րահար տղան իր եարին հեգ­­նա­­­կանօ­­րէն կ՚առա­­ջար­­կէ իր յօգ­­նած գլու­­խը դնել... դրան քա­­րին. ԱՂ­­ՋԻԿՆԵՐ։ Աղ­­բիւրի մօտ կա­­ցել եմ, եա՜ր, եա՜ր, Իմ սէ­­րը քեզ բա­­ցել եմ, եա՜ր, եա՜ր... ՏՂԱ­­ՆԵՐ։ Աչք ու­­նես եարի վրայ, եա՜ր, եա՜ր, Ման արի սա­­րի վրայ, եա՜ր, եա՜ր, Բե­­զարես՝ գլուխդ դիր, եա՜ր, եա՜ր, Մեր դրան քա­­րի վրայ, եա՜ր, եա՜ր։ Իսկ բախ­­տա­­­ւոր են անոնք, որոնք իրենց յօգ­­նած գլու­­խը դնե­­լու հա­­մար ջերմ ու ապա­­հով տեղ մը ու­­նին. Վա­­հան Տէ­­րեանի հա­­մար մօր ծունկն էր ան.

Ձեռ­­ներդ մա­­շուած ու բա­­րակ։

Նա­­յում եմ, մին­­չեւ որ ան­­զօր

Գլուխս ծնկիդ է թեք­­ւում.

Նո­­րից ես մա­­նուկ եմ այ­­սօր,

Դրախտ է նո­­րից իմ հո­­գում։

Մին­­չեւ յա­­ջորդ հան­­դի­­­պում մեր գլու­­խէն պա­­կաս չըլ­­լայ գլուխ բա­­ռը...