ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ծոց


ՋԵՐՄԱՑՆՈՂ ԵՒ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ԲԱՌ

Հրապու­րիչ է «ծոց» բա­ռը, մա­նաւանդ նո­րածի­նի հա­մար, ուր մայ­րա­կան կա­թը կը բու­րէ։ Սի­րահար աշու­ղի հա­մար վի­պային է ան, զգլխիչ, դիւ­թա­կան, կամ՝ «Խնձո­րի պար­տէզ», «Ադա­մայ դրախտ» եւ «Ճեր­մակ տա­ճար», ինչպէս Նա­հապետ Քու­չա­կը նկա­րագ­րեց հինգ հա­րիւր տա­րի առաջ։ Քա­ռասուն տա­րի կեան­քի ճա­նապարհ բռնած իմաս­տուն քեր­թո­ղի հա­մար «ծոց»ը հայ­րե­նի լեռ­նե­րու կան­չող պատ­կեր է։ Իսկ մա­համերձ թո­քախ­տա­ւոր բա­նաս­տեղծի հա­մար՝ հո­ղի գիրկն է ան՝ վեր­ջին հանգստա­վայր մը խա­ղաղ։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր որ­պէս ուխտա­ւոր, եր­կիւղա­ծու­թեամբ ու խոր ակ­նա­ծան­քով մօ­տենանք հայ գրա­գէտի գրա­սեղա­նին, բա­նանք անոր ծո­ցատետ­րը ու տես­նենք, թէ այդ դեղ­նած, բայց դեռ կեանք բու­րող էջե­րու վրայ ժո­ղովուրդի ծոցէն ծնած ու այժմ մայր հո­ղի ծո­ցի մէջ յա­ւիտե­նական հան­գիստի ար­ժա­նացած հայ գրի­չը«ծո­ցանո­ւէր» ի՛նչ ջերմ տո­ղիկ­ներ յօ­րիներ է։

«Ծոց» բա­ռը ներգրա­ւող, հիւ­րընկալ բառ մը դար­ձաւ հա­յու հա­մար։ Մարդկա­յին մար­մի­նի գիրկ է ան, կուրծք, ծո­վախորշ, գրպան, ներ­քին տա­րածու­թիւն, խորք, լե­րան փոս, ձոր, ծոր­ծոր, ինչպէս նաեւ մթնո­լորտ ու շրջա­նակ, ռա­միկի հա­մար ալ՝ ար­գանդ։ Իմաստնե­րու խոր հարստու­թիւն մը... Ծո­ցի գո­գաւոր ձե՞ւն էր պատ­ճա­ռը։ Չենք գի­տեր

Չենք գի­տեր, թէ «ծոց» բա­ռը ճիշդ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մտաւ հա­յոց մայ­րե­նիի գիր­կը ու անոր կե­նարար սնունդը ծծե­լով աճե­ցաւ ու դար­ձաւ ներ­կա­յանա­լի գո­յական։ Անոր հնա­գոյն եր­կու գոր­ծա­ծու­թիւննե­րը կը պար­տինք մեր պատ­մա­հայր Մով­սէս Խօ­րէնա­ցիին. «Ի ծոց տա­պանին», այ­սինքն տա­պանի մէջ, ու «Պարսկա­յին ծոց»։ Երկրոր­դը մին­չեւ այ­սօր ան­փո­փոխ ու գոր­ծա­ծելի կը մնայ- մա­նաւանդ քա­րիւ­ղի պատ­ճա­ռով գո­յացած լա­րուա­ծու­թիւննե­րու ժա­մանակ։ Ապա ստեղ­ծեր ենք Միածին Յի­սու­սը նկա­րագ­րող եր­կու ածա­կան. «ծո­ցածին», 6-րդ դար, եւ «ծո­ցածա­գենի», 10-րդ դար։ Միջ­նա­դարու հայ մա­տենագ­րի հա­մար հա­զուա­գիւտ բա­ռեր էին անոնք եւ մեր հայ­րե­րը ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ ստեղ­ծե­ցին անոնց հետ. «Ան­մարմին ծո­ցածին», շա­րական Աւետ­ման Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի, «Հայ­րա­կան ծո­ցածին ծաղ­կին», «Ծո­ցածա­գենի ծա­գումն», Նա­րեկա­ցի։ 12 դա­րուն Ներ­սէս Լամբրո­նացի հայ­րա­պետը «Վե­րափո­խումն Աս­տո­ւածած­նի» ներ­բո­ղակա­նի մէջ փո­խանակ «ար­գանդ» բա­ռը գոր­ծա­ծելու՝ ազ­նո­ւու­թեամբ եւ վա­յել­չօ­րէն ըսաւ. «Ի սեն­յակ ծո­ցոյ»։ Միջ­նա­դարուն նաեւ գո­յացաւ ծո­վագ­նացնե­րու եւ աշ­խարհա­գիր հե­ղինակ­նե­րու հա­մար խիստ գոր­ծա­ծելի ար­տա­յայ­տութիւ­նը մը. «Ծոց առ­նուլ»։ Ան կը նշա­նակէ ծո­վու գոգ կամ խորշ կազ­մել։ Այ­սօր հա­յոց բա­ռարան­նե­րը հարստա­ցած են «ծոց» բա­ռով շի­նուած տաս­նեակ մը բարդ բա­ռով, ինչպէս՝ ծոուա­ծոց, ծո­ցագրպան, ծո­ցատետր, ծո­ցաբաց, ծոց­ւոր, խո­րածոց եւ տռփա­ծոց, այ­սինքն՝ տռփան­քով լի ծոց, տեն­չա­լի ծոց ու­նե­ցող։ Ո՞վ ար­ժա­նացաւ այս գայ­թակղե­ցու­ցիչ ածա­կանին։ Աստղի­կը։ Յա­ջորդ յօ­դուա­ծիս մէջ պի­տի անդրա­դառ­նամ այդ դի­ցու­հիին, Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նին ու իր Հար­ճին։ Արդ, յի­շէնք ժո­ղովուրդի ծոցէն ծնած քա­նի մը պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւն. «Ծոցն առ­նել», մէ­կու մը հետ պառ­կիլ, իր մէջ առ­նել, «Ծո­ցը բա­նալ», գիր­կը բա­նալ, ըն­դունիլ, «Ծո­ցը դա­տարկ ձգել», անա­մու­սին ձգել։ Հա­յը, երբ իր ծո­ցի մէջ պա­հած ապե­րախտ հիւ­րը կամ օտա­րը խայ­թեց իրեն, հար­կադրո­ւեցաւ մէկ այլ դար­ձո­ւածք ստեղ­ծե­լու՝ «Ծո­ցի մէջ օձ սնու­ցա­նել / տաքցնել / պա­հել»։ Այն էր պատ­ճա­ռը, որ Սե­րօ Խան­զա­դեանը եւ Մու­րա­ցանը ափ­սո­սան­քով գրեն. «Օձ ենք տա­քաց­րել մեր ծո­ցում, օ՜ձ... Ես գի­տեմ, խեղճ մի՚ ձե­ւանայ», «Կը նշա­նակէ ես մի օ՜ձ էի սնու­ցա­նում իմ ծո­ցում, որ վերջ ի վեր­ջոյյ ինձ պի­տի շան­թէր եւ սպա­նէր»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ ու­նիք «Ծո­ցիկեան» մա­կանու­նով ըն­կեր կամ բա­րեկամ, պատ­ճառն այն է, որ «ծոց» բա­ռը դար­ձաւ նաեւ հայ­կա­կան անուն, Ծո­ցիկ, որ յա­ռաջա­ցած է «ծոց» բա­ռի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւէն։ Ըստ մեր լե­զուա­բան հայ­րե­րու ան մէկ ան­գամ յի­շուեր է 1638 թո­ւակա­նին։ Այդ անու­նէն ալ յա­ռաջա­ցած է «Ծո­ցիկեան» մա­կանու­նը։

Գա­ւառ­նե­րու մէջ «ծոց» բա­ռը այլ եւ այլ ձե­ւեր առաւ։ Մե­զի յայտնի «ծոց» տես­քը յա­տուկ էր Մուշ, Ալաշ­կերտ եւ Վան քա­ղաք­նե­րուն։ Հա­ճընի մէջ ան «ձոց» էր, Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ «ձուց», Զէյ­թունի մէջ «ձիւց», Սե­բաս­տիոյ եւ Համ­շէ­նի մէջ «ձէօց»։

«Ծոց» բա­ռը հայ­կա­կան գրատ­պութեան պատ­մութեան մէջ բա­ցաւ տե­սար­ժան էջեր։ Առա­ջինը 1858 թո­ւակա­նին Փա­րիզի մէջ լոյս տե­սած գիրք մըն է՝ մայր եկե­ղեց­ւոյ ծո­ցը վե­րադար­ձած երեք հայ վար­դա­պետ­նե­րու պատ­մութիւ­նը. «Պատ­մութիւն վե­րադար­ձի երից վար­դա­պետաց ի ծոց Հա­յաս­տա­նեայց Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ»։ Անոր հե­տեւե­ցան աշ­խարհիկ վա­յելքնե­րու նո­ւիրուած բազ­մա­թիւ հա­տոր­ներ. «Ծո­ցի եր­գա­րան», Թիֆ­լիս, 1882, «Ծո­ցի օրա­ցոյց», Թիֆ­լիս, 1889, «Ծո­ցի ռու­սե­րէնից-հա­յերէն բա­ռարան», Ալէք­սանդրա­պօլ, 1895, «Ուղղագ­րա­կան ծո­ցատետր», Թիֆ­լիս, 1933։ Այ­նուհե­տեւ, Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ լոյս տե­սան «Վի­րաբոյ­ժի ծո­ցատետ­րից», «Լրագ­րո­ղի ծո­ցատետ­րից», «Դի­ւանա­գէտի ծո­ցատետ­րից», «Զի­նուո­րի ծո­ցատետ­րից» եւ «Պար­տիզպա­նի ծո­ցատետ­րից» խո­րագ­րեալ գիր­քեր։

«Ծոց» բա­ռը, փառք մեր աշուղնե­րուն եւ քեր­թողնե­րուն, փա­ռաւո­րապէս փայ­լե­ցաւ սի­րային երգ ու բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ։ Ար­դա­րեւ, հայ­կա­կան գրա­կանու­թիւնը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ հա­զարա­ւոր «ծո­ցանո­ւէր» ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ, ինչպէս Յով­հաննէս Յով­հաննի­սեանի «Կ՚ու­զէի ննջել յա­ւէտ քո ծո­ցին...» վի­պային տո­ղը, կամ Կար­նոյ հայ­կա­կան բա­նահիւ­սութեան այն նմոյ­շը, ուր «ծոց» բա­ռը բու­րումնա­ւէտ «պախ­ճայ» (մրգաս­տան) է։ (Այս եր­գը 1903 թո­ւակա­նին Սա­նասա­րեան վար­ժա­րանէն Վ. Գո­յումճեանն է հա­ւաքեր, ու նոյն տա­րի 8 Մար­տին ալ լոյս տե­սեր է «Մա­սիս» թեր­թի մէջ)

Ծո­ցիկըս պախ­ճայ կ՚անեմ

Քեզ մէ­ջը մորճ կու տնկեմ

Ջրեմ ու պայ­ծառ պա­հեմ

Ծաղ­կունա­ցը հաւ­սար ցուցնեմ։

Յար­գե­լի ըն­թերցող յա­ջորդ յօ­դուա­ծիս մէջ ձե­զի պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ «ծոց» բա­ռի գրա­կան աչ­քա­ռու փունջ մը։ Արդ, կը փա­փաքիմ ձե­զի հրա­ժեշտ տալ ժո­ղովրդա­կան մէկ այլ եր­գով։ Մին­չեւ յա­ջորդ տե­սու­թիւն բնու­թեան ջերմ ծո­ցի մէջ շա­րու­նա­կեցէք վա­յելել մայր գրա­կանու­թեան զգլխիչ ու դիւ­թա­կան գոր­ծե­րը.

Զի՞նչ ու զի՞նչ տամ լող­վորչուն,

Զո­մա զո­մա էր,

Զիմ ծո­ցիկ տամ լող­վորչուն,

Քո­մա քո­մա էր։