«Ժողովրդավարութեան եւ Ազատութեան Համագումար» խորագրով 5-6 Մարտ թուականներուն Պերլինի մէջ կայացած հանդիպման առաջին օրուայ նիստերուն անդրադարձած էինք թերթիս նախորդ թիւով։ Այս անգամ լուսարձակի տակ կ՚առնենք համագումարի երկրորդ օրուայ նիստը։
Օրուայ միակ նիստը կոչուած էր «Հասարակական ընդդիմութիւն», որ իր կարգին մէջ իւրայատուկ էր 17 մասնակիցներով։ Ատենախօսները կը նեկայացնէին արդարութեան հասնելու համար պայքարող միութիւններ կամ հարթակներ։ Ժողովավար Տոքթ. Նիլ Մութլուէր այս «շատ հարուստ» նիստի ատենախօսները կը նկարագրէր «Ներքին օտար դիմադրողներ» եզրով։
Նիստի առաջին ելոյթը ներկայացուց «Խաղաղութեան Մայրեր» հարթակի անունով Նաֆիյէ Եիղիթ։ Ան առցանց մասնակցած այս ժողովին պատմեց թէ քիւրտ կանայք երկար տարիներ կը պայքարին խաղաղութիւնը կերտելու համար։ «Սպանուած երախայի դին տան սառնարանը պահելու հարկադրուեցանք։ Որդիներնուս դիակի մնացորդացը փոստով ստացանք» ըսելէ ետք եւրոպաբնակ մարդու իրաւունքի պաշտպաններուն զօրակցութեան կոչ կատարելով աւարտեց իր զեկոյցը։
«Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն ոստիկանական բռնութեան զոհ դարձած 15 ամեայ Պերքին Էլվանի հայրը Սամի Էլվան յուսալքուած էր գործող իշխանութիւններէն եւ նշեց թէ իշխանափոխութեան համար ամհրաժեշտ է ընդդիմադիր դաշինքներու կազմութիւնը։
«Քազ» լեռներու բնութեան պաշտպանութեան համար կազմուած հարթակը ներկայացնող Օնուր Քըթ կարեւորեց երկրագունդի վրայ նոյն թթուածինը շնչողներուն միասնութիւնը։ «Իրաւունքի, արդարութեան հասնելու համար պէտք է կառուցել առաջնորդներէ զերծ աշխարհ մը» ըսաւ Քըթ։
«Պողազիչի Զօրակցութեան Խորհորդ»էն Էճեմ Նուր Կիւլեր, Պողազիչի Համալսարանին նշանակուած տեղապահը շրջանային վարչութիւններու ընտրուածներուն փոխարինող տեղապահներու հետեւանքը համարելով նշեց թէ այս անիրաւութիւնը տեսանելի եղած է Պողազիչի Համալսարանի ուսանողներուն դիմադրութեան շնորհիւ։ «Տեղապահները առանձին են, մենք չենք» ըսաւ Կիւլեր։
«Շաբաթնօրեայ Մայրերու Նախաձեռնութեան» ներկայացուցիչ Մասիտէ Օճաք «Մոռնալը յօժարիլ կը նշանակէ, իսկ յիշելը առերեսուիլ, հաշիւ տեսնել ու արդարութեան հետ առնչուած է» ըսաւ։ Օճաք համագումարի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց 9 Մարտ թուականին Ուրֆայի դատարանի մուտքին արդարութիւն պահանջող Շենյաշար ընտանիքի հետ զօրակցելու համար։
«Գերիներու Հետ Զօրակցութեան Հարթակ»ի ներկայացուցիչ Ուղուր Քարաթաշի համաձայն «Թուրքիոյ պատմութիւնը նաեւ բանտերու պատմութիւն է» խօսքերով սկսած զեկոցին շարունակութեան յայտնեց թէ ցկեանս ազատազրկման դատապարտուած 1600 բանտարկեալներէն 600-ը կը տառապին ծանր հիւանդութիւններէ։ «Բանտերէ ներս տիրող խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է դուրսի զօրակցութիւնը» ըսաւ Քարաթաշ։
Հիւսէյին Մաթ, Կանի Քափլան, Մեհմետ Պայրաք տարբեր ալեւի միութիւններու ու դաշնակցութիւններու անունով անջատաբար արտայայտուեցան երկրի կարեւորագոյն կրօնական փոքրամասնութեան ամենաէական խնդիրներու շուրջ։
Նոյնպէս Հաֆըզ Ահմետ Թուրհալլը Քիւրտիստանի Մահմետականներու եւ Ալի Աթալան ալ էզտիներու ենթարկուած խտրականութեան ակնարկելով նշեցին երկրէ ներս տիրող անհանդուրժողութեան մթնոլորտը, որուն պատասխանատուն համարելով գործող իշխանութիւնը։
Արդի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ մարդկային կորուստի առումով մեծագոյն ահաբեկչութիւնը կատարուած էր 10 Հոկտեմբեր 2015-ին, երբ ՏԱԻՇ-ի մահապարտներ Անգարայի կայարանի առջեւ գործած արարքով զոհեցին աւելի քան 100 երիտասարդներ։ Անոնց ծնողաց անունով ներկայացաւ Էրտողան Թեթիք եւ կրկնեց այդ յարձակումը կանխելու միջոցները գործադրելէ խուսափողներու պատժուիլը։
Ֆերհատ Էնճիւ եկած էր «Ռոպոսքիի Ընտանիքներ»ը, իսկ Շելմուն Էլպեր Ռհավի ալ «Եւրոպայի Ասորիներու Միութիւն»ը ներկայացնելու համար։ «Երկրի բնիկ ժողովուրդներէն ասորիներու գոյութիւնը կ՚անտեսուի, հետեւաբար կը պահանջենք մեր գոյութեան եւ իրաւունքներու հաստատումը» ըսաւ Ռհաւի։
«Արեւելքի եւ Հարաւ Արեւելքի Միութիւններու Հարթակ»ի անունով ելոյթ ունեցող Ապտուլհաքիմ Տաշէ ետք, այս նիստի եզրափակիչ զեկոյցը արտասանեց Համտուլլահ Աւրաս, որ կը ներկայացնէր վերջերս կազմուած «Մեռեալի Յարգանք եւ Արդարութիւն» նախաձեռնութիւնը։ Աւրաս ըսաւ թէ «բոլոր թուրք չեղողները բռնութեան կ՚ենթարկուին եւ նոյնիսկ անոնց մեռելները կ՚անարգուին»։ Նիստը աւարտեցաւ ժողովավար Տոք. Նիլ Մութլուէվի վերլուծական նախադասութիւններով։
Կազմակերպիչ յանձնախումբը կիրակնօրեայ այս նիստը գնահատեց հետեւեալ կերպով. «Այս համագումարը ծրագրելու ժամանակ նպատակադրած էինք շատ տարբեր բնագաւառներէ եկողներու հետ միասին ելքի միջոցներ որոնելը։ Համոզուած ենք որ արդիւնքը գոհացուցիչ եղած է։ Անցեալէն բաւականին դասեր քաղած ենք եւ այս միասնութիւնն ալ ոգեւորիչ եղաւ բոլորին համար»։