Մարեցան անոնք... Հակառակ մեր տենչանքին, հակառակ մեզի տրուած կամքին ու կիրքին մարեցան անհամար յոյսեր եւ յոյզեր։ Հայը տեսաւ որ մարեցաւ իր օճախը, ջահը, ու աշխարհային կայծեր կենսուրախ։ Իսկ երբեմն ի՛նքը փորձեց մարել այն ամէնը, որ երջանկութեան աղբիւր էր, կեանքի նպատակ... Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ առկայծող օրերու անորոշութեան մէջ կը մարին մարդկային յոյսեր, հոգիներ քիչ քիչ կը մարին հոս ու հոն, ուզեցի լոյս սփռել «մարիլ» բայի գրական կայծերու վրայ, սոսկ ցոյց տալու համար, թէ չմարեցան անոնք։ Արդ, քրքրենք հին մոխիրը, որ բոց դառնայ ան ու ստանայ նոր կեանք ջերմ ու լուսաւոր։
«Մարիլ» բայը բուն հայկական է։ Գրաբար հայերէնի մէջ ան «մայրիլ» էր, արմատը՝ «մայր», որ կը նշանակէ «խաւար, մթութիւն»։ Ասիկա է պատճառը, որ 1500 տարի առաջ ամէն իրիկուն «արեգակն ի մայրն դառնայր/մտանէր», այսինքն կը խաւարէր։ Գաւառներու մէջ նոր երանգներ ստացաւ այս արտայայտութիւնը։ Մթնշաղին հորիզոնին նայելով հիացիկ, սեբաստացին ըսաւ «մարը մըդնէլ», կարնեցին՝ «մարը մտնիլ», սալմաստցին «մար մնել», արցախցին «մար մըննէլ», զէյթունցին «մայը մօդնուլ», մուսալեռցին «միրիլ»։ (Երբ լոյս տեսնէ այս յօդուածը, յարգելի ընթերցող, պէտք է որ մարի այն յօրինեալ կարծիքը, թէ երբ արեւը «մայր մտնէ» կը վերադառնայ իր «մօր»։)
Գրաբարախօս մեր նախնիները «մարիլ» բայով շինեցին արտայայտութիւններ։ Թէեւ անոնք այժմ մարած ըլլալ կ՚երեւին, սակայն պատկերալից էին ու կ՚արժէ մտաբերել անոնց ստեղծած պատկերը. «Արեւմայր, արեւմարք»- վերջալոյս, «Ի մայր դարձուցանել»- մարել, ճրագը հանգցնել, «Մայր արեւու»- մայրամուտ կամ արեւմուտք։ «Մարիլ» բայը հին օրերուն նաեւ կը նշանակէր նուաղիլ, ուշքը կորսնցնել, ձայնը քաշուիլ, շունչը հատնիլ։ Անոնք, սակայն զարհուրելի չէին Սայաթ Նովայի համար, այնքան ատեն, որ եարի շունչով կատարուած ըլլային. «Յիս վառ շամ (մոմ) իմ՝ քու շնչովըտ կու մարիմ»։
Հայկական Ոսկեդարը վառ էր, ուշ-Միջնադարեան Վերածնունդը կրակոտ- ո՛չ մէկ նշան մարած ըլլալու։ Ուստի, մինչեւ 19-րդ դար, մինչեւ հիւծախտաւոր բանաստեղծներու օրերը պէտք էր սպասել, որ մեր գրականութիւնը ճաճանչէր «մարած» տողիկներով։ Ճշմարտութիւնը այն է, որ Մաշտոցներու, Նարեկացիներու եւ Շնորհալիներու մատենադարանի միակ «մայր»ը Մարիամ Աստուածածինն էր ու մայրամուտի շողերը չէին տրտմեր անոնց մատեաններու մէջ։
19-րդ դարուն, սակայն, հայ քնարերգակի հոգին պայծառապէս խաւարեցաւ ու տրտմութիւնը իր մութ ծալքերով քօղարկեց անոր ժպիտը։ Այդ բանաստեղծներու շարքէն էր Արշակ Չօպանեանը։ Ան նշմարեց, թէ ի՛նչ խեղճ էր հայրենիքի վիճակը ու գրեց. «Մեծցաւ հեղեղն ու զգետնեց քեզ մոլեգին / Ու մարեց բոցդ թափով իր ալիքին»։ Նոյն օրերուն հերոս տղաներ կը զոհուէին արեւը տեսնելու համար։ Դանիէլ Վարուժանը գիտէր, թէ ամէն նահատակ ազատամարտիկի հետ կը մարէր նաեւ հարսի ճրագը. «Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն.- Ա՜խ հարս, ճրագդ մարէ՜…»։
Այլ բանաստեղծներ, որոնք սիրախտաւոր էին, քնարական ու նուաղուն տողիկներ յօրինեցին։ Պետրոս Դուրեանը ըսաւ. «Ո՜հ, այն հուր աչերդ, որ իմ սիրտս վառեցին, վերջապէս պիտի մարին...», «Եւ դուք՝ կրա՛կք սիրոյ, մարիք շուտ եւ դուք, Տեւէք ինչպէս վերջալոյսն այս բոցաշուք»։ Դուրեանի ամենասիրած ժա՞մը... Մայրամուտը, անկասկած. «Հուր հորիզոնն մարեցաւ, / Երկինքն աստղեր փթթեցան, / Համբոյր մ՚առի դարձեալ ես»։ Միսաք Մեծարենցը յօրինեց լուսաւոր տողիկներ. «Թո՛ղ մարին լոյսերն ամէն, / Ու մեռնին յոյզ ու ժխոր... Գիշերուայ վերջին պահերուն լռին / Ձայներն ու լոյսեր յանկարծ կը մարին»։ Մեծարենցի ամենասիրած ժա՞մը... Մայրամուտը, անկասկած... «Բոլոր լոյսերն ալ մարեցան հետզհետէ. / Ես կը սիրեմ այս խաւարը տառապագին»։ Տառապած մէկ այլ բանաստեղծ էր Մատթէոս Զարիֆեանը։ Օր մը ան նստեցաւ լամբին առջեւ ու ըսաւ. «Այս գիշեր բոլոր լոյսերը մարեցի եւ դաշինք կնքեցի իմ յոռեգոյն բնազդներուս հետ»։ Ապա, մեղմիկ պահ մըն էր, գրեց երկու տող, որպէս թոքախտաւորի ինքնակենսագրութիւն. «Աստղեր՝ որ շա՜տ կը հեւան, / Ու կարծես թէ կը մեռնին. / Բայց այնպիսի լո՚յս մ՚ունին, / Որ կը մարին ... բայց միշտ կան»։ Ի՞նչ էր անոր միակ ծարաւը։ Ապաւէն ուս մը կոյսի. «Երբ մարեցաւ - աստղը բարի՝ / Գլուխս իր ուսին դրի»։ Վահան Տերեանի բառերը կարծես հրաժեշտի խօսքեր ըլլային. «Ինձ թաղէք, երբ կարմիր վերջալոյսն է մարում»։ Վահան Թէքէեանը ըսաւ, թէ սիրով պիտի ընդունէր գիւղական խրճիթի մը մէջ «իրիկուն մը մարիլ շրջապատուած վարդերէ»։ Ռուբէն Սեւակը յուսահատ շշնչաց. «Այտերն ի վա՜ր, ուր յաւէտ / Կը տոչորի հետքը վերջին համբոյրին, / Իջի՛ր, արցունք, զովութեանդ մէջ երկնաւէտ. / Թող սէրերու յետին բոցերը մարին»։
Կասկած չկայ, թէ մելամաղձոտ հեղինակները շատ են սիրած «Արեւը մարիլ» դարձուածքը։ Ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունի անոր հետ ցաւոտ պատկերներ գրի առնելու աւանդութիւն։ Ահա քանի մը նմոյշ. «Ո՛չ, ո՛չ, Լանկթիմուր չի կործանեց այն քաղաքները, այլ Լանկթիմուրէն զօրաւոր ոգի մը՝ անմիութիւնը, որ Հայաստանի արեւը մարեց», Պետրոս Դուրեան, «Ո՚վ հեգ եւ վեհդ իմ Հայաստան, մարեցաւ քու արեւդ, ո՛վ Հայք, կորաւ ձեր ապագան», Մաթեւոս Մամուրեան, «Եւ գիտեմ, որտե՜ղ էլ մարի արեւս՝ / Իմ շիրմին կը հասնի նրա մի տերեւ՜ը», Գեւորգ Էմին։
Այլ բանաստեղծներ «մարիլ» բայը յարմար գտան իմաստասիրելու համար։ Երուխանը խոստովանեցաւ. «Հպարտութեան վերջին կայծը մարեցաւ»։ Տիգրան Չէօկիւրեանը յայտարարեց, թէ հասեր է կեանքի նոր հանգրուան. «Ես բան մը չեմ ուզեր կեանքէն երկար ատենէ ի վեր, նախասիրութիւններս հրաժեշտ առին ինէ, փառքի տենչանքն ալ մարեցի»։ Ինտրան ներաշխարհի հաշուեյարդար կատարեց. «Հոգւոյն մէջ յածող յետամնաց պզտի հրճուանքները կը մարին. ահաւասիկ անձրեւէն մարած են բոլոր հրճուանքները, բոլոր կայծերը»։
1912 թուականին երբ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղը լոյս տեսաւ անհամար վէճեր ծագեցան, թէ արդեօք կարելի՞ էր աշխարհիկ կայծերը մարել։ Ունկնդիր ըլլանք Մարիամ իշխանուհիի եւ Վանահօր երկխօսութեան. ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Վերջ տանք։ Ի՞նչ միտք ունի այդ հին ու մարած մոխիրը խառնելը։ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ – Մարա՞ծ։ ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Այո, այդ անողոք յուշերն ալ միւս բոլոր աշխարհային ցաւերուս հետ սրտէս դուրս քամեցի այն օրը, երբ վրաս առի այս վերարկուն, [...] երբ մարեցան բոլոր աշխարհիկ կայծերը։ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ – Ո՛չ կ՚ըսեմ քեզի, չմարեցան այդ կայծերը... Աշխատեցար որ մարես... Բայց չմարեցիր, չէիր կրնար»։
«Մարիլ» բառը այսօր իր բազմաթիւ իմաստներով կը փայլի հայրենի մամուլի մէջ, ներառեալ՝ «պարտքերը վճարել» եւ «դրոշմաթուղթը կնքել» իմաստները։ Կարդալով թերթերու խորագիրները, կարելի է երկրի ներաշխարհի վերաբերեալ գաղափար մը կազմել։ Ահա քանի մը օրինակ. «Գառնեցիների պայքարը չի մարում. կրկին փակել են ճանապարհը», «Համալիրի վաճառքի շուրջ կրքերը չեն մարում», «Հայաստանում COVID-ի չորրորդ ալիքն է մարում», «Արմաւիան մարում է պարտքերը», «Նամականիշի մարում եւ համերգ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնում»։
Ու վերջապէս եկաւ Զահրատը, փափաքեցաւ մարդկային ցաւերը ամոքել։ Ան երաշխաւորեց, թէ ի՛նքը պիտի ըլլայ նուաղած հոգիներու մխիթարողը. «Աննշմար / Պզտիկ աղօտ ճրագ եմ – / Աշնան թախծոտ երկինքներուն աստղերն հովէն երբ մարին / - Թող մարին - ես կը վառեմ»։
Յարգելի ընթերցող, երգչուհի Լիաննայի տրտում երգով հրաժեշտ տալէ առաջ, կը մաղթեմ, որ ձեր բոլոր երազներն ու յոյզերը մնան անմար.
Սիրոյ ալիքներում խենդ
Սպասեմ ամպերի հովին,
Արի նազով արի, արի...
Գարնան հովի հետ արի
Կանաչ խոտի հետ արի,
Կարօտել եմ, սէրս մի մարի։