ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Հիւլէ

Գո­յու­թիւն ու­­նի՞ բառ մը, որ հիւ­­լէի մը չափ աննշան ըլ­­լայ, կամ՝ անոր չափ իսկ ար­­ժէք չու­­նե­­­նայ։ Երբ աշ­­խարհի յա­­ռաջա­­տար նա­­խագահ­­նե­­­րը իրենց մամ­­լոյ ասու­­լիսնե­­րու մէջ «հիւ­­լէ» բա­­ռը վե­­րար­­ծարծել սկսան որ­­պէս սպառ­­նա­­­լիք, ես ալ որո­­շեցի հրա­­պարա­­կաւ խօ­­սիլ այդ ան­­տե­­­սանե­­լի, անե­­րեւոյթ էու­­թեան մա­­սին, որ իր անու­­նով իսկ կը սար­­սա­­­փեց­­նէ մարդ արա­­րածը։ Յօ­դուա­­ծի հե­­ղինակս, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ո՛չ տար­­րա­­­գէտ է, ոչ ալ դի­­ւանա­­գէտ, ուստի լիազօ­­րուած չէ հիւ­­լէ­­­ներու հզօ­­րու­­թեան կամ ապա­­հովու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ հրա­­պարա­­կում կատա­­րելու, սա­­կայն լոկ որ­­պէս հա­­յոց լե­­զուի սի­­րահար ան կը փա­­փաքի հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան խա­­ղաղա­­սէր «հիւ­­լէ»նե­­րու հա­­մադ­­րութիւն մը կա­­տարել ու ձե­­զի ներ­­կա­­­յաց­­նել զա­­նոնք, գէթ ցոյց տա­­լու նպա­­տակով, որ հել­­լե­­­նածին այդ բա­­ռը քնա­­րասէր բնա­­ւորու­­թիւ մըն ալ ու­­նի։

«Հիւ­­լէ»ն իմաս­­տա­­­սիրա­­կան աշ­­խարհ մուտք գոր­­ծեց առա­­ջին ան­­գամ, երբ Արիս­­տո­­­տելը զայն առա­­ջադ­­րեց որ­­պէս տիեզեր­­քի հիմ­­նա­­­դիր տար­­րը, կա­­րելի է ըսել՝ ատաղ­­ձը։ Իմաս­­տա­­­սէրի հիմ­­նա­­­ւորու­­մը գի­­տական չէր, այլ՝ իմաս­­տա­­­սիրա­­կան եւ աս­­տո­­­ւածա­­բանա­­կան։ Հել­­լե­­­նական եզ­­րը ὕλη կամ ύλη է (հիւ­­լի կամ իւ­­լի), որ կը նշա­­նակէ «ատաղձ, գե­­րան, փայտ, նիւթ, նա­­խանիւթ, տարր, ան­­տառ»։ Այլ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ ալ տե­­սանե­­լի է ան. արա­­բերէն՝ հա­­յիւլ, դա­­սական ասո­­րերէն՝ հիւ­­լա, հի­­լա, դա­­սական պարսկե­­րէն՝ հա­­յիւ­­լէ ու լա­­տինե­­րէն՝ հիւ­­լէ։

Արիս­­տո­­­տելէն հա­­զար տա­­րի ետք, հա­­յոց Ոս­­կե­­­դարուն, բառս գրա­­ւոր հա­­յերէ­­նի ծի­­րէն ներս սկսաւ պտը­­տիլ, նախ որ­­պէս «հիւ­­ղէ», ապա՝ «հիւ­­լէ»։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին, ելեքտրա­­մագ­­նի­­­սական ու­­ժով է ան միացած մեր լե­­զուին, քան­­զի մին­­չեւ այ­­սօր ալ կ՛ոլոր­­տի գրա­­կան աս­­պա­­­րէզի մէջ։ Ահա անոր հնա­­գոյն մա­­տենագ­­րութեան էջե­­րէն ներս տեղ գտած առա­­ջին եր­­կու շո­­ղար­­ձա­­­կումնե­­րը. «Պա­­րու­­րե­­­լով եզերք ծո­­վուն զհիւ­­ղէն», «Ի չքա­­ւոր բնու­­թիւնն հիւ­­ղեայ»։ Միջ­­նա­­­դարու հայ աս­­տո­­­ւածա­­բան վա­­նական­­նե­­­րը, ինչպէս Վար­­դան Արե­­ւել­­ցին, մեր­­ժե­­­ցին Արիս­­տո­­­տելի «հիւ­­լէական» տե­­սու­­թիւնը ու ըսին. «Աս­­տո­­­ւած արար զաշ­­խարհս՝ ոչ ʼի հիւ­­լէ», այլ բա­­նիւ յո­­չէից գո­­յացոյց»։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցի վա­­նակա­­նը ու­­նէր այլ մտա­­հոգու­­թիւն. ինչպէ՞ս գրի առ­­նել իր բո­­լոր մեղ­­քե­­­րը, երբ տիեզեր­­քի հիւ­­լէ­­­ներու չափ բազ­­մա­­­թիւ են անոնք. «Գրեմ զպար­­տուցս սակ ան­­ձինս մե­­ղաց, քան զհիւղ երկրի»։

Հիւ­­լէ բա­­ռը չե­­ղաւ բազ­­մա­­­ծին։ Այդ մի­­ջու­­կէն աննշան լոկ գո­­յացան եր­­կու ածա­­կան՝ «հիւ­­լէական» եւ «հիւ­­լէան­­ման» ու եր­­կու գո­­յական՝ «հիւ­­լէագէտ» եւ «հիւ­­լէաբան»։ Հիաս­­թա­­­փու­­թիւն մը իս­­կա­­­կան։ Իսկ «հիւ­­լէանալ» բա­­յը, որ կրնար փո­­խաբե­­րական փայ­­լուն պատ­­կերնե­­րու ծնունդ տալ, մնաց ինքն իր մէջ ամ­­փո­­­փուած։ Չու­­նե­­­ցանք սի­­րահար բա­­նաս­­տեղծ մը, որ փոք­­րա­­­նար, հա­­մես­­տա­­­նար, «հիւ­­լէանար» բնու­­թեան հրաշքնե­­րու առ­­ջեւ, կամ իր սի­­րածին ըսէր, թէ յօ­­ժար էր «հիւ­­լէանա­­լու», միայն, թէ ար­­ժա­­­նանար անոր սի­­րուն տես­­քին։

«Հիւ­­լէ» բա­­ռը ներ­­գործեց մեր մայ­­րե­­­նիին։ Ան իր ծի­­րին մէջ յա­­ջողե­­ցաւ առ­­նել քա­­նի մը բառ, որոնք, ինչպէս յի­­շեցի կը սպառ­­նան մարդկու­­թեան։ Հա­­յու միտ­­քը, մա­­մու­­լը եւ մտա­­հոգու­­թիւնը կը պա­­րու­­նա­­­կէ «հիւ­­լէական» զէնք, սպառ­­նա­­­լիք, ահա­­բեկ­­չութիւն եւ մրցակ­­ցութիւն։ Պատ­­ճա՞ռն անոր։ Աշ­­խարհի յա­­ռաջա­­տար առաջ­­նորդնե­­րը, ինչպէս Ր. Քե­­նըտին, որ կէս դար մը առաջ կոչ ուղղեց՝ «ամ­­բողջա­­կան պայ­­քա­­­րի մը ձեռ­­նարկել, ար­­գի­­­լելու հա­­մար հիւ­­լէական զէն­­քե­­­րու ընդհան­­րա­­­ցու­­մը աշ­­խարհի ամէն կողմ», քննա­­դատեց Ֆրան­­սա­­­յի նա­­խագահ Տը Կօ­­լի «հիւ­­լէական ինքնագ­­լուխ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը» եւ ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատու ան­­ձեր անո­­ւանեց այն նա­­խագահ­­նե­­­րը, որոնք «հիւ­­լէական սու­­րը սպառ­­նա­­­լիքի հա­­մար» կը գոր­­ծա­­­ծեն, ու վեր­­ջա­­­պէս աշ­­խարհին քա­­րոզեց «հիւ­­լէական հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւն» ու­­նե­­­նալ։ (Հայ­­րե­­­նիք, 15 Հոկ­­տեմբեր, 1965, Ուրբաթ)

Իրա­­ւունք ու­­նիք։ Ես ձե­­զի խոս­­տա­­­ցեր էի ցոյց տալ «հիւ­­լէ» բա­­ռի արո­­ւես­­տա­­­սէր երե­­սը։ Այդ մէ­­կը կա­­տարե­­լու հա­­մար հիւ­­լէական ման­­րա­­­դիտակ մը պէտք էր ու­­նե­­­նալ, որ­­պէսզի տե­­սանե­­լի դառ­­նա­­­յին անոր գրա­­կան ցոլ­­քե­­­րը։ Ահա ար­­դիւնքը. 20-րդ դա­­րը, որ յայտնի է որ­­պէս «հիւ­­լէական դար», «հիւ­­լէ» բա­­ռի հա­­մար բեր­­րի եղաւ. նախ հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութեան մէջ փայ­­լե­­­ցաւ որ­­պէս գիր­­քի անուն. «Հիւ­­լէ», 1906, Գա­­հիրէ, «Հիւ­­լէն», 1915, Պո­­լիս։ 1946 թո­ւակա­­նին հիւ­­լէական մրցակ­­ցութեան մաս կազ­­մե­­­ցին Ս. Ղա­­զարի խա­­ղաղա­­սէր վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րը, երբ լոյս ըն­­ծա­­­յեցին, 1905 թո­­ւակա­­նին Կար­­նոյ Կիս­­կիմ գա­­ւառա­­կի Կարմրիք գիւ­­ղի մէջ ծնած, 1919-1924 թո­­ւական­­նե­­­րուն Մու­­րատ-Ռա­­փայե­­լաենի մէջ Մխի­­թարեան­­նե­­­րու սան դար­­ձած տար­­րա­­­բան Սե­­րոբէ Եղի­­կեանի «Հիւ­­լեական ռումբ» մե­­նագ­­րութիւ­­նը։

«Հիւ­­լէ» բա­­ռը հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան մէջ ալ քա­­նի մը հետք ձքեց։ Նախ Սիաման­­թօն հա­­մար­­ձա­­­կեցաւ անոր մօ­­տենալ։ Բա­­նաս­­տեղծի գրի­­չէն խօ­­սեցաւ սուրբ Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցը, որ աղօթ­­քի նստած խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ. «Ես՝ ան­­քանքար քննիչ եւ ան­­բերրի հիւ­­լէ»։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը բա­­ռին տո­­ւաւ ազ­­գա­­­յին դի­­մագիծ, երբ ափ մը կար­­միր հո­­ղի մէջ տե­­սաւ Հայ­­կը. «Կար­­միր Հո­­ղը ։ Իր մէջ կը կայծկլտայ հո­­գի մ’հին՝... Հիւ­­լէ մը կայ Հայ­­կէն»։ 1919 թո­­ւակա­­նին Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը բախ­­տա­­­ւորո­­ւած էր Զո­­ւիցե­­րիա ճամ­­բորդե­­լու։ Լիւ­­ցեռն քա­­ղաքի գե­­ղեց­­կութի՞ւնն էր յան­­գա­­­ւոր, «վար­­պե­­­տը» ար­­տադրեց «հիւ­­լէափայլ» տո­­ղիկ­­ներ. «Մենք հիւ­­լէ էինք մի զգա­­ցու­­մով, մի կամ­­քով, յա­­ւեր­­ժութեան սկզբից ծնո­­ւած միասին, ձուլո­­­ւած մի հո­­գու մէջ... / Մեր հո­­գինե­­րը՝ հիւ­­լէական գո­­յու­­թիւնից մին­­չեւ այ­­սօր եւ մին­­չեւ յա­­ւիտեան»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը նկա­­րագ­­րեց 20-րդ դա­­րը, զայն կո­­չելով «բա­­նական», «խե­­լաքար», «էական» ինչպէս նաեւ՝ «հիւ­­լէական»։ Բա­­նաս­­տեղծու­­թեան անո՞ւնը... Անո­­րոշու­­թիւն։ Հա­­մօ Սա­­հեանի հա­­մար ան­­բե­­­կանե­­լի էր հա­­յու ոգին ու ոչ՛ մէկ ռումբ կրնար անոր սպառ­­նալ. «Դեռ մխա­­լու է վէր­­քը նա­­յիրեան… Ինչ հողմ ու հրդեհ, հրթիռ ու հիւ­­լէ, / Ամուր է հո­­գու բեր­­դը նա­­յիրեան»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, յի­­շեց­­նեմ, թէ Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ «հիւ­­լէէ բա­­ռի ուղղագ­­րութիւ­­նը կրեց հիմ­­նա­­­կան փո­­փոխու­­թիւն։ Սե­­ւակ­­նե­­­րը եւ Սա­­հեան­­նե­­­րը զայն ճանչցան որ­­պէս՝ «հյու­­լե»։

«Հիւ­­լէ» բա­­ռը կը շա­­րու­­նա­­­կէ մնալ հայ գրի­­չի ծի­­րին մէջ։ Յա­­կոբ Ճո­­լոլեան-Սի­­րու­­նին իմաս­­տա­­­սիրեց. «Մարդ որ­­քան ալ հա­­մոզուած ըլ­­լայ թէ, այս խորհրդա­­ւոր տիեզեր­­քին մէջ ինք՝ չքա­­նալու դա­­տապար­­տո­­­ւած հիւ­­լէ մըն է, այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ կը մա­­քառի պահ մը աւե­­լի տե­­ւելու», Յա­­կոբ Տիւ­­նեայեանը նկա­­տեց Ինտրա­­յի եւ Այ­­վա­­­զովսքիի մի­­ջեւ կապ մը՝ «Բա­­նաս­­տեղծ եւ ար­­ձա­­­կագիր, փի­­լիսո­­փայ եւ գե­­ղան­­կա­­­րիչ Ինտրա­­յի մէջ կայ հիւ­­լէ մը Յով­­հաննէս Այ­­վա­­­զովսքիէն, ծո­­վու ան­­սահմա­­նու­­թեան սու­­զո­­­ւելու, անոր անձնա­­տուր ըլ­­լա­­­լու ան­­բա­­­ցատ­­րե­­­լի կիրք մը», Թոր­­գոմ Եպիս­­կո­­­պոս Տօ­­նոյեանը յայ­­տա­­­րարեց՝ «Սփիւռքը՝ հսկայ՝ մեծ ու վիթ­­խա­­­րի, բայց՝ հիւ­­լէ մը փոք­­րիկ, աննշմա­­րելի», Երան Գո­­յումճեանը պատ­­գա­­­մեց եր­­կիւղ ու­­նե­­­նալ հո­­ղի հան­­դէպ. «Զգո՚յշ դպիր հա­­յոց հո­­ղին, / Հիւ­­լէ՜-հիւ­­լէ՜ ան մա­­սունք է»։

Մենք հիւ­­լէ­­­ներու տիեզերք մըն ենք, ինչպէս նաեւ հիւ­­լէ մը տիեզեր­­քի մէջ՝ ման­­րա­­­փոշի աննշան... Ինչպէս Հրա­­չեա Թամ­­րա­­­զեանը բա­­ցատ­­րեց, թէ ամէն հիւ­­լէ, որ­­քան ալ պահ մը փայ­­լա­­­տակի ու փոր­­ձէ տե­­ւել «պահ մը աւե­­լի» պի­­տի վե­­րադառ­­նայ իր նա­­խանիւ­­թին։ Մին­­չեւ յա­­ջորդ հան­­դի­­­պում մնա­­ցէք խա­­ղաղ եւ ձեր նա­­խանիւ­­թին հա­­ւատա­­րիմ.

Ու պի­­տի կրկին մենք հիւ­­լէանանք,

Միանանք նրա խոր­­քին ան­­սահման,

Որ այդ ակունքից կրկին էանանք՝

Ա՛յդ է մեզ հա­­մար նա­­խասահ­­մա­­­նուած։