Ի՞նչ բանի նման է ձեր եարը, լուսամփո՞փ, պարի՞կ, ուրո՞ւ, ինչպէս պատկերացուցին Չարենցը, Մեծարենցը եւ Տէրեանը իրենց բանաստեղծութիւններու մէջ։ Կամ, արդեօ՞ք ձեզի համար հարկաւոր չէր բանաստեղծի ներշնչումը ու դուք արդէն նմանութիւններ յօրինած էք ձեր սիրելին նակարագրելու համար։ Շնորհիւ գեղապաշտ աշուղներու եւ նրբասիրտ բանաստեղծներու մեր հայկական քնարերգութիւնը դարեր շարունակ զարդարուեցաւ անզուգական նմանութիւններով։ Այսօր, պիտի՛ կարդանք Շիրազներ, Էմիններ, Թէքէեաններ, պիտի՛ լսենք Աշոտներ, Շահէններ, եւ Ճիւանիներ... Սակայն, յարգելի ընթերցող, այսօր որոշեցի նաեւ քալել դէպի մեր գրաւոր դաշտի խորութիւնները ու գտնել «նման» բառի եւ անոր հետ ստեղծուած նմանութիւններու արմատը։
Մեր ստուգաբան այրերը հասեր են այն եզրակացութեան, թէ «նման» բառը ունի իրանական ծագում։ Ան բաղկացած է «մանա» արմատէ (տեսք, ձեւ) եւ «նի» մասնիկէ (ենթա-)։ «Նման» բառը յետադրութիւն։ Ան նաեւ կը սիրէ գոյականներու միանալ ու աննման ածականներ շինել։ Եթէ դուք կ՚ուզէք անոր ամենահին ձեւերը կարդալ՝ ընթերցէք Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն Հայոց»ը։ Այդ աշխատաիրութեան մէջ կան «նմանութիւն, նմանակից, աննման, ծովանման, խորանանման եւ խաչանման» ածականները։ Իսկ եթէ այր մարդ մը ձեր կեանքի մէջ հօր մը կերպարը ունի զայն կոչեցէք «հայրանման»։ Այս ածականը կը պարտինք Ղազար Փարպեցիին։ Այժմ հայը կրնայ ըսել «ծովանման» աչքեր, «օձանման» դրացիներ, «լեռնանման» մարտիկներ, «կաթնանման» երկինք, «հրեշտականման» մանուկներ...։ «Նման»ը դարձաւ նաեւ գրաբարեան արտայայտութիւն. «Նման զնմանն սիրէ»։
11րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին գրի առաւ Սուրբ Խաչին նուիրուած տաղ ու ըսաւ. «Հաւիկ մի պայծառ տեսի աննման, / Ի յայն խաչափայտին վերայ, աննըման, / Աննըմանիդ ո՞վ նման. Դո՛ւ նըման։ / Առաւօտեան ցօղոյն նման, աննըման, / Աննըմանիդ ո՞վ նման. Դո՛ւ նըման»։ Աստուածածնի նուիրուած տաղին մէջ Նարեկացին բացատրեց, թէ Տիրամայրը ունէր արեւ աչքեր. «Աչքն ծով ի ծով ծիծաղախիտ ծաւալանայր յառաւօտուն՝ / Երկու փայլակնաձեւ արեգական նման»։
Գաւառներու մէջ, զարմանալի երեւոյթ, մէկ «նման»ը միւսին նման չէր։ Հայոց բարբառներու սիրահար բանահաւաքները մեզի աւանդեցին հետեւեալ ցանկը. Բառը Ագուլիսի մէջ նմուն էր, Գորիսի եւ Արցախի մէջ՝ մնան, Համշէնի մէջ՝ լմօն, Մշոյ մէջ՝ նմանագ, Զէյթունի մէջ՝ նօմօն, Խարբերդի մէջ՝ լման։ Այդ քաղաքներու մէջ «նմանիլ» բայն ալ կը հնչէր իւրայատուկ ձեւով. Զէյթուն՝ ըյմանիլ, Խարբերդ՝ լմանիլ, Սեբաստիա եւ Պոլիս՝ ըլմանիլ, Ալաշկերտ եւ Տիգրանակերտ՝ ըլմընիլ, Համշէն՝ լմօնուշ (ուշ=բայակերտ լծորդութիւն)։
Ապա եկան Ուշ Միջնադարու հայ տաղասացները։ Ինչի՞ նման էր այդ ժամանակաշրջանը։ Բացատրեմ։ Գրական վերածնունդ էր։ Բաց ու պայծառ երկնքի տակ կեանքը եւ բնութեան շնորհները լիովին վայելելու, գեղեցիկը գովերգելու ոգին կը տիրէր մեր լեռնաշխարհի վրայ։ Նարեկացիով սկիզբ առած այս նոր աշխարհահայեացքը տեւեց մինչեւ Նաղաշ Յովնաթանի եւ անոր անմիջական յաջորդը Սայաթ Նովայի օրերը։ Ահա այդ օրերէ մնացած աննման տողիկներ. «Դուն ես աղբուր նման, ջուրն ես պաղ ակին», Քօսայ երէց, «Արեգական նման պայծառ լոյս երեսդ / Էս աչերուն նման ծովեր, մարդ չէ տեսեր ծով ծիրանի», Մարտիրոս Խարասարցի, «Երբ գաս առաւօտուն, լուսոյ նման ես, / Սիրամարգի նման նախշած փետուր ես, / Վարդի նման գունով աթլազ հագեր ես», անանուն, «Զուարթ պայծառ տեսդ նման է լուսնի», Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան, «Յիս քու ղիմաթն չիմ գիդի՝ / Ջաւահիր քարի նման իս», Սայաթ Նովա։ Աստղաբոյլի ամենափայլուն, աստղանման տիտանը անկասկած Նաղաշ Յովնաթանն է։ Ի՞նչ աւանդեց ան մեզի... գրական պատկերներու, քնարական արտայայտութիւններու աննման հարստութիւն։ Ահա անոր պատկանող սիրատենչ խօսքեր. «Նման ես դու կարմիր վարդի... Պատկեր մի տեսի լուսնի նման... Պօյդ նման ոսկէ շամտանի... Երեսդ նման է շամս ու ղամարա»։ Յովնաթանը լիովին ընբոշխնելու համար հարկ է ունկնդրել անոր տաղերը, ինչպէս հետեւեալը.
Լուսնի նման պայծառ երես բոլորած,
Ես մնացի կարօտ՝ համբուրից համար.
Վարսերդ ոսկի թելի նման ոլորած,
Ես մնացի կարօտ՝ ետ տալոյ համար։
Մեծերու թողած գրական ժառանգ աննման՝ ահա, թէ ի՛նչ ունէր իր շտեմարանի մէջ նոր ժամանակներու հայ գեղապաշտը։ Հեշտ էր անոր համար գովերգել հայ լեզուն, հայու սիրտը, հայոց լեռը... Վահան Թէքէեանը հիացիկ քալեց մրգաստանի մը մէջ. «Քեզ, հա՛յ լեզու, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման», Կոմիտասը ներթափանցեց պանդուխտի սրտին. «Սիրտս նման է էն փլած տներ», Շուշանիկ Կուրղինեանը փափաքեցաւ ապրիլ որպէս վշտի տիտան. «Ինձ մի սիրիր ծաղկի նման», Խաչատուր Աբովեանը խօսք ուղղեց օտարախօս հայերուն. «Ա՛խ, լեզո՛ւն, լեզուն որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ՚ըլլայ», Չարենցը ուզեց Սայաթ Նովայի նման ստեղծել, «Աշուղ Սայաթ-Նովի նման՝ ես երգ ու տաղ պիտի ասեմ», նոյն Չարենցն էր, որ օր մը նայեցաւ Արարատին ու աղաղակեց. «Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ»։ Մեր օրերուն, Էմին, Սեւակ, Շիրազ եռեակն էր նման նոր աստղաբոյլի։ Գեւորգ Էմինը բացատրեց, թէ ինչի՞ նման է հայ ազգը. «Կէս ենք, / Երկճեղքուած, / Կիսուած, / Երկու գայգաթ / Մեր խորհրդանիշ սո՜ւրբ լերան նման», Պարոյր Սեւակը նայեցաւ սիրածի աչքերուն եւ խոստովանեցաւ սիրոյ խորհրդաւոր խօսքեր. «Սիրոյ մէջ ամէ՛ն սկիզբը միշտ տարբեր է. / Վերջն է նոյնը։ / Վերջն է նման... Եթէ կեանքում կայ քեզ նման մի թանկութիւն, / Ես ինչպէ՞ս եմ կեանքի նայել էժան աչքով... Դու քո խաղողի նման ես եղել. Մինչ դառնութիւնդ... դարձել է գինի», իսկ Յովհաննէս Շիրազը քարոզեց համամարդկային սէր ու հանդուրժողականութիւն. «Միջօրէի արեւի նման / Փարատես ստուերն ոգուդ չարութեան / Եւ աղաւնանաս քո նմանի դէմ, - / Որ քո նմանի վիշտն էլ ճաշակես»։
Աշուղներ եկան ու անոնք հիւսեցին երգեր։ Նոյն տենչն էր... Կեանքը եւ բնութեան պարգեւները լիովին վայելելու փափաք։ Անոնք գովեցին կինն ու գինին ու Շուշին... Սայաթ Նովան գտաւ իր աննմանը. «Չկայ քիզի նման / Քիզ նման, քիզ նման, / Դուն իս աննման», Միսկին Բուրջին հիացաւ իր եարի մաշկին, «Գոյնդ նման է մարմարի», կաթնանման գեղեցկուհի մը օծեց Խաչատուր Աւետիսեանի աչքերը. «Հարսի նման ճերմակ հագար, / Ծաղկած բալենի... Քեզ տեսնելիս լցւում եմ ես / Անուշ մուրազով»։ Գուսան Աշոտը ազնիւ խօսքեր նուիրեց իր մօր. «Լոյսի նման, յոյսի նման սրբազան, / Կեանքի նման թանկագին է մօր սէրը. / Աշխարհի մէջ ոչինչ չկայ իր նման»։ Աշուղ Ճիւանին հիւսեց ազգային-խոհական երգեր. «Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ՛երթան», «Հայոց հայրիկ ։ Ականակիտ աղբիւրի նման պարզ վճիտ էիր», «Շուշի ։ Երկինքդ պարզ ու մաքուր, վճիտ հայելու նման»։
Փա՛ռք «նման» բառին, որ մեզի պարգեւեց «մեղրանման» լեզու, «վարդանման» դէմք, «ոսկենման» մազ եւ «ծովանման» աչք... Այլ պատկե՞ր ունի ձեր սիրածը։ Հեշտ է «նման» բառով ստեղծել նոր մէկ ածական ու հիանալ անոր տեսոյն։ (Եթէ ունիք աննման նոր ածական, հաճեցէք ուղարկել ինծի) Իսկ այժմ, հրաժեշտ տամ մէկ այլ գեղեցկուհիին՝ աշուղ Շահէնի սիրած եարին նուիրուած երգերով։ Շահէնը նախ տեսաւ իր խռոուած եարը. «Այսօր ես իմ եարին տեսայ, թուխ մազերը օլորած էր, / Շարմաղ դէմքը կարմիր խնձոր, լուսնի նման բոլորած էր», ապա սիրերգեց ու խոստացաւ դառնալ անոր երկրպագուն.
Զեփիւռ կը դառնամ մեղմիկ աննման,
Սարերից կ՛իջնեմ նստեմ քո դռան,
Սիրուցդ վառուած ասպետի նման
Թուրս կը դնեմ քո այգու դռան։
Գարուն կը դառնամ՝ մտնեմ քո այգին,
Բլբուլի նման փարուեմ քո վարդին։
Յաջորդ յօդուածս պիտի նուիրեմ հայ մեծերու իմաստասիրական միտքերուն՝ բոլորն ալ շինուած «նման» ածականով։ Ձեր յաջորդ եօթը օրերը ըլլան աննման։