ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Խմել

Ինչե՜ր չխմեց հա­յը... Ափ մը գի­նի տար­փանքի, պուտ մը համ­բոյր շրթնե­րու, շիթ մը ջու­րը ար­ցունքի, կամ բա­ժակը դառ­նութեան... կում կում, խում խում, ումպ ումպ։ Այդ բո­լորը կը պար­տինք «խմել» բա­յին՝ հայ­կեան բա­ռարան­նե­րու հար­բած զա­ւակին։ Փառք մեր աշուղնե­րուն եւ բա­նաս­տեղծնե­րուն, անոնց սրտին ու գրչին, խմե­ցինք նաեւ արե­ւը, հո­վը, հո­ղը...։ Եւ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, որ այդ բա­յի հա­ւատա­րիմ երկրպա­գուն էք եղած, գի­տէք, թէ այդ բո­լորը ըմ­պած ըլ­լա­լու երա­նելի վի­ճակը կը կո­չուի՝ կեանք։ Այ­սօր կ՛առա­ջար­կեմ «խմել» բա­յի մա­սին զրու­ցել, մեր լե­զուի մշտա­հոս աղ­բիւրին մօ­տենալ ու բա­ժակ մը գրա­կանու­թիւն խմել։

Հայ­կա­կան գրա­ւոր լե­զուի ար­շա­լոյ­սին չու­նե­ցանք «խմել» բա­ռը։ Յա­ջորդ դա­րերուն սա­կայն հո­սեցան «գի­նեխում» «գի­նեխ­մեալ», «անխման» եւ «զարթխում» բա­ռերը, որոնք կը նշա­նակէին հար­բան, հար­բած, ար­բե­ցու­թիւն չսի­րող եւ գի­նիէն նոր սթա­փած։

Նոր բառ­բարնե­րու մէջ յայտնո­ւած «խմել» բա­յը ու­նէր բազ­մա­թիւ փո­խաբե­րական իմաստներ. Կե­սարիոյ մէջ՝ թրջած հա­ցը շո­րի մէջ պա­հել՝ կա­կուղցնե­լու հա­մար, Պոլ­սոյ, Վա­նի, Սե­բաս­տիոյ, Բա­լուի մէջ՝ ծխա­խոտ ծխել, Համ­շե­նի մէջ՝ մէ­կուն հո­գեպէս տան­ջել, Թիֆ­լի­սի մէջ՝ կե­նաց բա­ժակ վերցնել, Գան­ձա­կի մէջ՝ խնջոյք, խրախ­ճանք, Ախլքա­լաքի եւ Սիվ­րի­հիսա­րի մէջ՝ հար­բե­ցողու­թիւն։

Ար­դեօ՞ք փառք պէտք է տալ մայր հո­ղի պար­գե­ւած գի­նիին, կամ լեռ­նա­յին ձիւ­նա­ջու­րով թո­րած օղիին, քան­զի բա­ռը շե­ղեցաւ ու ստա­ցաւ նո­րանոր իմաստներ։ Անոնցմէ ամէ­նէն ծի­ծաղե­լին է՝ «Փո­ղը խմել», այ­սինքն դրա­մը խմիչ­քի վրայ ծախ­սել ու մնալ ան­կուտի։

19րդ դա­րուն մեր ազ­գագրա­կան ժո­ղոուա­ծու­նե­րը ճո­խացան, երբ բա­նահա­ւաք այ­րեր գրի առին պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւններ. «Խում խմող» գի­նեմոլ, «Խու­մը գալ», խմե­լու ցան­կութիւն ու­նե­նալ, «Թա­գաւո­րի խում», հարսնի­քին փե­սայի կե­նացը խմել, «Խում առ­նել», գի­նիէն, ջու­րէն ումպ մը առ­նել, համ­տե­սել։

Ապա եկան մեր աշուղներն ու բա­նաս­տեղծնե­րը, որոնք մօ­տեցան մայ­րե­նի աղ­բիւրին ու խմե­ցին ան­կէ։ Միջ­նա­դարուն սի­րավառ տա­ղասաց մը գան­գա­տեցաւ զինք չար­չա­րող եարէն. «Այբ-էն մին­չեւ ի քէ-ն գան­կատ ու­նեմ ես / Ջա­նաս զա­րիւնս խմել, բայց կա­րենալ չես»։ Նոյն օրե­րուն գրի առ­նո­ւած քա­ռեակ մը խրա­տեց. «Դուն գի­նին չա­փով խմէ»։

16-րդ դա­րուն Այ­գեստա­նի գի­նին խմած Նա­հապետ Քու­չա­կը կարմրած երե­սով հա­յեցաւ իր եարին ու ըսաւ. «Գու­նովդ ինձ գի­նի պի­տէր, / Խմէի ու ար­բե­նայի»։ Գե­ղեց­կուհիի սի­րով գի­նով­ցած աշու­ղը, զմայ­լե­լով անոր տես­քին շա­րու­նա­կեց եր­գել. «Այդ քո աչե­րուդ խնճերն / շատ մար­դու արիւն է խմեր... Շու­շայ մի գի­նի բե­րեմ, / ան խմիմ քու սի­րուն վրայ...»։ Սի­րահար տղա­ները միշտ չէ, որ սի­րոյ գի­նին խմե­ցին։ Նոյն օրե­րուն մէկ այլ աշուղ տխրա­ձայն հա­ռաչեց. «Զար­տա­սուաց ջուրն խմե­ցի»։ Ապա եկաւ Սա­յաթ Նո­վան, շատ դառ­նութիւն խմած էր, ու իմաս­տա­սիրեց. «Հա­սայ դուռն ճշմար­տութեան, խմե­ցի էս սուրբ գի­նին... Ամէն մարդ չի կա­նայ խմի, իմ ջուրն ու­րիշ ջրէն է»։

Խրի­մեան Հայ­րի­կի «Յի­սու­սի վեր­ջին շա­բաթ եւ Խա­չի ճառ» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ «խմել» բա­յը ստա­ցաւ իւ­րա­յատուկ իմաստ, երբ խա­չուած Քրիս­տո­սը ըսաւ. «Խա­չին բա­ժակը յօ­ժարա­կամ խմե­ցի»։ Գա­րեգին Սրո­ւանձտեան­ցը բա­ռիս տո­ւաւ ազ­գա­յին-բա­րոյա­կան բոյր. «Շա­ւար­շա­նայ հո­ղը համ­բուրել, Տղմու­տին ջու­րը խմել, կե­նաց կեն­դա­նու­թիւն են Հա­յու­թեան / Դու, Տղմուտ... քեզ­մէ ջուր խմո­ղին Վար­դա­նայ հա­մը տաս»։

1908-ին Պոլ­սոյ մէջ քնա­րեր­գակ տղա­ներ սկսան խմել յոյ­սի եւ շող­շո­ղուն ապա­գայի մը երա­զը։ Արե­ւը տե­սած այդ սե­րունդը, ան­գի­տակ, թէ պի­տի խմէր նաեւ դառ­նութիւ­նը, եր­գեց սրտա­բաց։ Ահա այդ օրե­րու ճա­շակէն գրա­կան կա­թիլ­ներ. «Ես ու­զե­ցի միշտ քովն ըլ­լալ, մտիկ ընել թնդիւն սրտին, շնչել, խմել նե­րա հո­գին», Պետ­րոս Դու­րեան, «Լե­ցո՛ւր բա­ժակը՝ խմեմ / Գի­նին անո՜յշ հեշ­տանքին... Գի­նին կա­խա՚րդ հեշ­տանքին»։ Սիաման­թո­յի հա­մար «շնչել, ներշնչել» էր խմե­լը. «Հով խմենք, հո­վու նման ան­հունօ­րէն թե­ւաւոր»։ Ին­չե՜ր չխմե­ցին Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի գրա­կան հե­րոս­նե­րը։ Նախ հարճ Նա­զենի­կը տե­սանք։ Ան կը զղջար, թէ շրթունքն էր մօ­տեցու­ցած ար­գի­լուած գի­նիին։ Գե­ղեց­կուհին փաթ­թո­ւելով Տրդա­տի պա­րանո­ցին՝ ողո­գեց. «Ես յօ­ժար խմե­ցի ձեռ­քէդ գի­նին քու սի­րոյդ»։ Ապա բա­նաս­տեղծը ձայ­նեց «քոյր» գե­ղեց­կուհիին. «Քո՛յր իմ... / Խմենք ալիքն արե­ւին... կայ­ծերն աստղե­րուն... արիւնն ակօ­սին... գաղտնիքն հաս­կե­րուն... գի­նին Տար­փանքին»։

Մեր գրա­կանու­թեան արե­ւելեան վտա­կէն պոետ­ներ խմե­ցին նոյն քաղցրու­թեամբ։ Աւե­տիք Իսա­հակեանը «խմել» բա­յին տո­ւաւ «ծծել, կլա­նել» իմաս­տը. «Խմէի համ­բոյրդ շրթնե­րով տո­չորուն»։ Թա­փառա­կան Տէ­րեանը հայ­րե­նի կա­րօտով շշնչաց. «Ան­տուն ան­ցորդից կը խնդրեմ ես հաց, / Պայ­ծառ աղ­բիւրի ջու­րը կը խմեմ»։ Չա­րեն­ցը, որ ըսեր էր՝ «Եւ սրտի ցա­ւից յու­սա­հատ ես մէ թաս օղի խմե­ցի»՝ իմաս­տա­սիրեց. «Աղէ­քի հետ սե­ղան նստայ, նո­քարի (ծա­ռայ) հետ խմե­ցի՝ / Մար­դու ասած խօս­քե­րի մէջ ար­դար կշիռք չտե­սայ»։ Իսկ ժա­մանա­կակից Յով­հաննէս Գրի­գորեանը խրա­տեց.

Մի տխրիր, երբ

նստած ես սե­ղանի առաջ

եւ մի ար­տա­սուիր,

երբ գի­նի ես խմում։

Խմե­լու սե­ղան առանց եր­գի՞։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այս սե­ղանը թող ամ­բողջա­նայ եր­գով ու տա­ղով։ Խնջոյ­քի եր­գե­րու մէջ խմե­լը պատ­կե­րուած է, որ­պէս սրբա­զան, հնա­ւանդ արա­րողու­թիւն։ Հայ­րե­նի ջու­րը, գի­նին, հիւ­թը եւ օղին խմե­լով հա­յը կը հա­ղոր­դո­ւի իր լեռ­նաշխար­կի բեր­րի դաշ­տե­րու, այ­գի­ներու եւ մրգաս­տաննե­րու հետ։ Հայ եր­գը երախ­տա­գիտու­թեան ձայնն է, զոր կ՚ար­ձա­կէ կո­չունքի եկած ամէն հայ։ Ահա քա­նի մը քաղցր եղա­նակ. «Խմենք ըն­կեր, ոս­կէ թա­սով Հա­յաս­տա­նի կար­միր գի­նին, Ով որ խմի անուշ լի­նի Հա­յաս­տա­նի կար­միր գի­նին... Ալ­վարդ գի­նին քեզ հետ խմեմ, քե­լէ՛, քե­լէ՛, եար... Ալագ­յազ, ու­տեմ ձունդ, խմեմ ջուրդ, ման գամ լան­ջիդ, իջ­նիմ ցած... Ա՛յ պաղ ջրեր, զու­լալ ջրեր, եարս էլ խմե՞ց էդ ջրից... Ես ջուրն եմ խմել ամէն աղ­բիւրիդ, Անոյշ ակունքից, անոյշ Հա­յաս­տան...»։ Իսկ աղօթ­քի մրմունջ, հե­թանո­սական խրախ­ճանքի կանչ ու­նի Բար­սեղ Կա­նաչեանի «Նա­նոր»ը, ուր լսե­ցինք. «Խմենք նռան հատ գի­նի, գու­նը (գոյ­նը) արուն կը մը­նի (նմա­նի)... Սէ­րը սի­րողին վայ­լէ, գի­նին խմո­ղին անոյշ»։ Մին­չեւ մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­մը, խմենք զա­նոնք եւ փառք տանք մայր հո­ղին։